Զուգահեռ կեանքով ապրողները
Սեդա Գպրանյան-Մելքոնյան
Ապրիլին Հայաստան էի։
Դժուար էր երեւակայել, թէ տուն մեկնելէ բացի ես ի՞նչ կրնայի ընել երկրագունդի կատարին՝ ցեղասպանութեան100-ամեակին։ Այսպէս զուգահեռ կեանքով ապրողը միայն ես չեմ, գիտեմ։ Իմ ուսանողական տարիներու շատ ընկերներ կ՚ապրին այս երկուութեամբ։ Մեր կեանքին մէջ ժամանակահատուած մը, 1980-ական թուականներուն կաթիլ առ կաթիլ մեր մէջ ներառկեց Հայաստանը, պատկանելիութեան զգացումով մը, որ ոչ ոք կրնայ առնել մեզմէ։
Ճամպրուկս պատրաստ, ոտքերս կը մնային ետ։ Մեկնելուս օրը մտիկ կ՚ընէի զիս այցելած թղթակցուհիներուն տուած հարցումներուն։ Այցելութեանս տպաւորութեան մասին կը հարցնէին եւ անշուշտ Մոնթէին մասին. «կը պատմէ՞ք ձեր ծանօթութեան մասին » կը հարցնէ մին։ Ես պատասխանեցի ինծի տրուած հարցումներուն այն ատեն։ Իսկ հիմա Մոնթէն թող պատմէ.
15 յունիս, 1988
«Վերջին լուրերը հոնկէ շատ լաւ են։ Ճիշդ է, խնդիրներ եղան անգամ մը եւս դրացի քաղաքին մէջ բայց գոնէ մեր քաղաքին մէջ լաւ նորութիւններ կան եւ բաւական առողջ եւ հասուն մօտեցում կայ։ Հոն տեղի մեր ժողովուրդին նախաձեռնութիւնները եւ զանգուածային զօրաշարժումը նոր պատմական հանգրուան մը ստեղծած է։ Կ՚ուզեմ ամէնուն ողջունել. Աւելին՝ կ՚ուզեմ ձեւով մը մասնակցիլ կամ ծառայել։ Այնքա՜ն, այնքա՜ն ուրախ եմ, որ դուն կը մասնակցիս։ Պիտի ուզէի ճիշդ կողքդ ըլլալ։ Այսպիսով պիտի շրջապատուէի ամէնասիրած բաներովս՝ քեզմով, զօրաշարժուած աշխոյժ ժողովուրդով եւ հայրենիքով։»
«... Այս տարի ճիշդ քու տարեդարձիդ օրը կարեւոր բաներ պիտի ըլլան հոն տեղ։ Գոնէ հոս անանք լսած ենք։ Հոս ալ պիտի բաներ ընեն։ Շատ-շատ դժբախտ է, որ դրացիներու մօտեցումը այսպէս եղած է։ Վերակառուցումը խնդիրներ լուծելու մօտեցում մըն է եւ ոչ թէ անտեսելու կամ երկարաձգելու։ Ամէնայն դէպս ես վստահութիւն ունիմ մեր հայրենակիցներուն վրայ։ Մինչեւ հիմա իրենք են նախաձեռնութիւն առնողները, եւ չեմ տեսներ ինչպէ՞ս պիտի կենան։ Գիտեմ, որ շատերուն կը ճանչնաս հոն տեղ, մանաւանդ գրողներ։ Արդեօք անձնապէս կը ճանչնա՞ս Սիլվա Կապուտիկեանին։ Ինչքան կարդացած եմ իր գրութիւնները, ինչքան լսած եմ իր մասին, այնքան աւելի սիրած եմ իրեն։ Յստակատես է եւ շատ հայրենասէր։ Իր առաջին հաշիւը միշտ մեր ժողովուրդը եւ միջազգային սկզբունքներու յարգանքը եղած է։ Թերեւս հոս-հոն բաներ եղած են, բայց ան ալ ըսած է եւ ասիկա իսկապէս պարկեշտ, անկեղծ եւ պատասխանատու անձի մը նշան է։ Ափսոս, որ սկսած է ծերանալ։ Շատ պիտի ուզէի խօսիլ հետը։ »
«...Այս տարի քու տարեդարձդ շատ յատուկ է։ Թէ՛ ամբողջ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Սփիւռքի բազմաթիւ համայնքներու մէջ հայրենասիրական ծրագիրներ կան։ Հետաքրքրական պիտի ըլլայ։ Արդէն 25 տարեկան պիտի ըլլաս։ Երբ քեզ ծանօթացայ միայն 15 տարեկան էիր, բայց այնքան լաւ էիր արդէն։ Չեմ մոռնար այն առաջին գիշերի տպաւորութիւնը որ ձգեցիր վրաս։ Դասագիրքերդ ցուցուցիր ինծիս եւ փորձեցիր բացատրել։ Քեզի լսելով ես ալ շատ ըսելիքներ ունէի, բայց հայերէնս տկար էր եւ յետոյ ուրիշ պատճառներու համար ալ նախընտրեցի միայն մտիկ ընել։ Յաճախ այդպէս եմ։ Նոյնիսկ երբ ըսելիք ունիմ կը նախընտրեմ լուր կենալ եւ մտիկ ընել։ Բայց երբ լեցուած եմ եւ կը տեսնեմ որ պէ՛տք է այս կամ այն բան ըսեմ, այն ատեն կ՚ըսեմ եւ երբեմն դժուար է կենալ։ Հայոց Պատմութեան գիրքը ունէիր ձեռքերուդ մէջ, եւ այն գիշերէն միայն մօտ 9 ամիս առաջ ես աւարտաճառս վերջացուցած էի եւ վկայականս առած էի ուրեմն մասնագիտութիւնս դեռ շատ թարմ էր միտքիս մէջ։ Շատ-շատ Հայոց Պատմութեան գիրքեր տեսած էի եւ նկատած էի որ ցած որակի եւ նոյնիսկ տխմար գիրքեր շատ կային։ Աւելին՝ տեսած էի որ շատ մը հայկական դպրոցներու մէջ ցած որակի գիրքեր կը գործածեն։ Շատ կը նեղուէի անկէ եւ կը վախնայի, որ թերեւս քու դպրոցդ ալ այդպէս ըլլար։ Կը մտածէի ես ինծի. «այս աղջիկը ինչքա՜ն սիրով կը սորվի, ինչքա՜ն ոգեւորուած է, եւ ինչքա՜ն խելացի։ Եթէ իրեն ապուշ բաներ կը սորվեցնեն իսկապէս ոճրագործութիւն է...» Բայց բարեբախտաբար կարծեմ թէ մտահոգութիւններս ընդհանրապէս անհիմն էին։ Փաստը այն է որ դուն հրաշալի արդիւնք մըն ես...»
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել