HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մուրատ Նազարեանէ ուշագրաւ հրապարակումներ

Մուրատ Նազարեան առաջին անգամ ըլլալով խօսեցաւ եւ բացատրութիւններ տուաւ ոճիրի օրուան մասին։ Ինչպէս ընթերցողները պիտի յիշեն Սամաթիոյ մէջ տա­րեց հայ կի­ներու դէմ իրա­րայա­ջորդ յար­ձա­կու­մներ կա­տարուած էին, որոնցմէ մէ­կը հա­սած էր ոճ­րա­գոր­ծութեան եւ տա­րաբախտ Մա­րիցա Քիւ­չիւք սպա­նուած էր։ Մի­ջոց մը ետք ոս­տի­կանու­թիւնը յայտնա­բերած էր մե­ղադ­րեալ մը՝ Մու­րատ Նա­զարեան, որ շփոթ պա­տաս­խաննե­րով խնդի­րը վե­րածած էր ան­լուծե­լիու­թեան։ Մար­դու իրա­ւունքնե­րու գոր­ծիչ իրա­ւապաշտպան Էրէն Քէս­քին կա­մաւոր կեր­պով ստանձնած էր Մու­րատ Նա­զարեանի պաշտպա­նու­թիւնը, միշտ հա­ւատա­լով որ ան կը շա­հագոր­ծուի ու­րիշ յան­ցա­գոր­ծե­րու կող­մէ։ Նա­զարեան ճիշդ այս մա­սին է որ բա­ցատ­րութիւններ փո­խան­ցեց նախ իր ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րուն ու ապա իրա­ւապաշտպան Քէս­քի­նին։ Նա­զարեանի պատ­մածնե­րու հա­մաձայն իրեն նա­խապէս ծա­նօթ Ա. անուն ան­ձը Նա­զարեանէն կը պա­հան­ջէ իր ըսած ժա­մուն այ­գին գտնուի։ Նա­զարեան այդ ժա­մուն այ­գի կ՚եր­թայ քիչ յե­տոյ ջուր բաժ­նող ինքնա­շարժ մը կը մօ­տենայ այ­գի, որ­մէ երեք մար­դիկ դուրս կու գան։ Անուն ազ­գա­նու­նով կը կան­չեն Նա­զարեանը։ Այս վեր­ջինս եկող­նե­րը ոս­տի­կան կար­ծե­լով կը խրտչի, կը հնա­զան­դի հրա­մանին եւ կը մօ­տենայ իրենց մօտ։ Զինք ինքնա­շարժ կ՚առ­նեն ու ապա դե­ղահա­տ մը կըլ­լել կու տան։ Կ՚ուղղուին դէ­պի Մա­րիցա Քիւ­չիւքի բնա­կած տու­նը եւ իրեն կը հրա­մայեն որ ներս մտնէ։ Իսկ շէն­քի ետե­ւի դռնէն իրենք ներս կը մտնեն ու յար­ձա­կու­մը կը սկսի։ Նա­զարեան կը վախ­նայ ու կը փախ­չի դէպ­քի վայ­րէն։ Նա­զարեան բա­ցի այս պատ­մածնե­րէն փոր­ձեց այդ մարդկանց ար­տա­քին երե­ւոյթը բնու­թագրել։ Մար­դու իրա­ւունքնե­րու միու­թիւնը այս դա­տավա­րու­թեան հետ առնչուած թղթած­րա­րին մէջ կ՚ըսէ թէ ոս­տի­կանու­թիւնը այս դէպքը ծածկել կ՚աշխատի։ Միութիւնը ուշագրաւ կը համարէ այն իրողութիւնը, թէ Սամաթիոյ մէջ զանազան յարձակումներ գործուած ըլլալով հանդերձ, ձերբակալուած է միայն մէկը եւ կը փորձուի բոլոր յարձակումները անոր հետ առնչել։ Միւս կողմէ կ՚ուշանայ տակաւին Դատական Բժշկութենէ սպասուած տեղեկագիրը։

Agos

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter