HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

«Հայերուն տեղը քիւրտերը առած են»

ԹՈՒՂՊԱ ԷՍԷՆ

Պատմաբան եւ լրագրող Վիգէն Չըթըրեան հեղինակած է նոր գիրք մը, որը նիւթ կ՚առնէ հարիւր տարուան համաշխարհային քաղաքականութիւնը, ակադէմական հետազօտութիւնները, Քրտական հարցը, թուրք եւ հայ հասարակութիւնները։ «Բաց Վէրքեր։ Հայեր, Թուրքեր եւ դար մը ցեղասպանութիւն» հատորը կը կեդրոնանայ յետ-ցեղասպանութիւն ժամանակաշրջանին, եւ Հրանդ Տինքի սպանութեան կը վերաբերի որպէս կարեւոր անկիւնադարձ մը։

ԹՈՒՂՊԱ ԷՍԷՆ- Հայկական ցեղաս­պա­նու­թեան մին­չեւ օրս եր­կա­րող ըն­թացքին մա­սին ձեր գրած գիր­քին մէջ, Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան կ՚անդրա­դառ­նաք որ­պէս կա­րեւոր ան­կիւնա­դարձ մը, ին­չո՞ւ։

ՎԻ­ԳԷՆ ՉԸԹԸՐԵԱՆ- Այս գիր­քին մէջ փոր­ձած եմ հասկնալ թէ ին­չու ցեղասպանութեան նիւ­թը Թուրքիոյ մէջ վեր­ջին շրջա­նին աւե­լի լայն հե­տաքրքրու­թեան առար­կայ դար­ձած է։ Ին­չո՞ւ հա­մար մտա­ւորա­կան­ներ եւ այլ մար­դիկ յան­կարծ որո­շեցին, որ այս նիւ­թը կա­րեւոր է։ Որո՞նք էին փո­փոխու­թիւննե­րը որոնք Օս­մա­նեան Հա­յերուն ոչնչա­ցու­մը օրա­կար­գա­յին խնդիր դար­ձուցին։ Ին­չո՞ւ եր­կար ժա­մանակ պէտք կար որ այս բո­լորը պա­տահին։ Որո՞նք էին պայ­մաննե­րը, որ մտա­ւորա­կան­նե­րուն, արուես­տա­գէտ­նե­րուն եւ բա­նաս­տեղծնե­րուն, որոնք վա­ղուց տե­ղեակ էին իրենց երկրին մէջ պա­կասու­թեան մը առ­կա­յու­թեան մա­սին, ստի­պուած էին շա­րու­նա­կել լռել մին­չեւ 2000 թուական­նե­րը։

Այս պատ­ճա­ռով, գիր­քին սկսած եմ, ոչ թէ Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեամբ, այլ անոր յու­ղարկա­ւորու­թեամբ։ Անոր յու­ղարկա­ւորու­թեան, տաս­նեակ հա­զար­նե­րով մար­դիկ, «բո­լորս Հրանդ ենք, բո­լորս հայ ենք» ըսե­լով կը քա­լէին։ Կը կար­ծեմ որ այս մի­ջադէ­պը թրքա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քին հա­մար յե­ղափո­խու­թիւն մըն էր։

Այստեղ հար­ցադրում մը եւս ու­նիմ։ Եթէ հա­սարա­կու­թեան մը մէջ, կամ երկրի մը մէջ, գիւ­ղի մը մէջ, երբ ոճիր մը գոր­ծուի, եւ երբ մար­դիկ կը վա­րուին այնպէս որ կար­ծես, ոճի­րը չէ գոր­ծուած, ի՞նչ կը պա­տահի։ Ոճի­րը կը ոչ­նա­չանա՞յ։ Իսկ ոճ­րա­գոր­ծին եւ զո­հին ի՞նչ կը պա­տահի։ Կը փոր­ձեմ այս ոճի­րին հետ­քե­րը հասկնալ։ Երբ նա­խագի­ծին նոր սկսած էի, կը կար­ծէի թէ աւե­լի շատ հայ հա­մայնքին վրայ պի­տի կեդ­րո­նանամ։ Տա­կաւին չըն­դունուած, եւ տա­րինե­րէ ի վեր, իրենց զոհ դարձուցած այս ոճի­րին մա­սին... Գի­տենք թէ երբ սկսած է հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, բայց չենք գի­տեր թէ երբ աւար­տի հա­սած է։ Քանի որ տա­կաւին ոճի­րը չէ ըն­դունուած։ Սա­կայն յե­տոյ ապ­շած էի, երբ գիտ­ցայ թէ այս իրա­վիճա­կը ընդհա­նուր առ­մամբ Թուրքիոյ վրայ որ­քան մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի։

Թ.Է.- Գիր­քին մէջ կը նշէք Թուրքիոյ հայ հա­մայնքի լռու­թիւնը, եւ թէ ինչպէս այս լռու­թիւնը կը փո­խուի։ Այ­սինքն ոչ միայն թուրքե­րը, այլ նաեւ հայ­երը կը փո­խուին։

Վ.Չ.-Հա­յերու լռու­թիւնը տար­բեր երե­սակ­ներ ու­նի։ Առա­ջինը դա­սական հայ­կա­կան սփիւռքի լռու­թիւնն է մին­չեւ 1965 թուակա­նը, այ­սինքն եղեռ­նի յի­սուն ամեակը։ Այս լռու­թիւնը կու գար ոչ թէ պա­տահած­նե­րուն պատ­ճա­ռով, այլ քա­նի որ ոչ ոք կար լսե­լու պատ­րաստ։ Տե­սակ մը գրաքննու­թիւն կար։

Միւս կող­մէ կար Խորհրդա­յին Միութեան մէ­ջի այլ տե­սակի լռու­թիւնը։ Ստա­լինը ար­գե­լակած էր ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շը։ Ինք եւս որ­պէս ոճ­րա­գործ, պի­տի չու­զեր որ իր կայսրու­թեան մէջ այ­սի­պիսի պա­տահար մը յի­շատա­կուի, հե­տազօ­տու­թեան առար­կայ դառ­նայ։ Քէ­մալա­կան շարժման եւ Խորհրդա­յին Միու­թեան մէջ զօ­րաւոր կա­պեր կա­յին։ Քէմալա­կան շար­ժումը կռուելու հա­մար Անգլիական եւ Ֆրան­սա­կան բա­նակ­նե­րուն դէմ, Խորհրդա­յին Միու­թիւնէն, դրամ, զէնք եւ զի­նամը­թերք կը ստա­նար։

Վեր­ջա­պէս, Թուրքիոյ հայերուն լռութիւնը աւե­լի եր­կա­րաշունչ է։ Իրա­կանու­թեան մէջ, Թուրքիոյ լռու­թիւնը եւս իր տե­սակ­նե­րը ու­նի։ Պոլ­սոյ մէջ ապ­րող հա­յերու լռութիւնը տար­բեր է Պիթ­լիսի, Տիգ­րա­նակեր­տի, Այնթա­պի եւ ընդհան­րա­պէս Անա­տոլիոյ իս­լա­մացուած հա­յերու լռու­թե­նէն։ Այ­սօր մեծ թի­ւով մար­դիկ կան, որոնք իրենց ինքնու­թիւնը բա­ցայայ­տել ու վե­րագ­տնել կ՚ու­զեն։

Թ.Է.- Ըստ ձե­զի, ի՞նչ կը պա­տահի Թուրքիոյ մէջ 2015-ին, ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեակին։

Վ.Չ.- Ըստ իս, այս առու­մով Թուրքիան յա­ռաջա­ցում մը ար­ձա­նագ­րած է։ Սա­կայն երկմտան­քը կը շա­րու­նա­կուի։ Թուրքիան միայն երբ ինք պատ­րաստ ըլ­լայ, պի­տի կա­րենայ ար­դա­րու­թիւնը ապա­հովել։ Միայն երբ իր ներ­կայ քա­ղաքա­ցինե­րուն յար­գանքով մօ­տենայ, այն ատեն պի­տի կա­րենայ ան­ցեալի հա­մակար­գուած կեր­պով ոչնչա­ցուած քա­ղաքա­ցինե­րուն հան­դէպ յար­գանք ու­նե­նալ։ Սա­կայն տա­կաւին այդ հանգրուանին չէ հա­սած Թուրքիան։ Նոյ­նիսկ եթէ այժմ կը հե­ռանայ Քէ­մալա­կան հա­մակար­գէն, տա­կաւին չենք կրնար կողմնո­րոշուիլ թէ դէ­պի ո՞ւր է, որ կ՚ուղղուի։

Միւս կող­մէ Թուրքիան տա­կաւին չէ հա­սած այն հանգրուանին, որ կա­րելի ըլ­լայ նկա­տել թէ եղեռ­նը միայն հա­յերուն չէ, որ պա­տահած է, այլ հա­մընդհա­նուր թրքա­կան հա­սարա­կու­թեան։ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կը քննար­կուի տար­բեր տե­սան­կիւննե­րէ հա­յերու, քիւրտե­րու եւ թուրքե­րու մօտ։ Հա­յերուն հա­մար ճա­նաչու­մի խնդիր մը կայ, հա­րիւր տա­րուան ցա­ւին վերջ մը տա­լու, եւ նոյ­նիսկ եթէ խորհրդան­շա­կան ձե­ւով ըլ­լայ, ար­դա­րու­թեան հաս­տա­տումին։ Ի վեր­ջոյ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը այնքան հսկա­յական բան մըն է, որ ան­կա­րելի է խօ­սիլ ամ­բողջա­կան ար­դա­րու­թեան մա­սին։ Իսկ Թուրքիոյ հա­մար ժո­ղովրդա­վարու­թեան խնդիրն է։ Հա­րիւրհա­զարա­ւոր մար­դոց սպա­նու­թիւնը եւ իրենց հարստա­հարութիւնը ար­դա­րացի դար­ձուցած երկրի մը հա­մար ժո­ղովրդա­վարու­թիւնը ան­կա­րելի է։ Այսպէս երկրի մը մէջ ան­կա­րելի է խօ­սիլ օրէն­քի վե­րակա­ցու­թեան մա­սին։

Թ.Է.- Թուրքիոյ հա­մար ի՞նչ է յա­ջորդ հանգրուանը։

Վ.Չ.- Շա­տեր պի­տի սկսին հասկնալ կա­րեւո­րու­թիւնը հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ինչպէս նաեւ ասո­րինե­րու եւ Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւններուն։ Ասի­կա միայն հա­յերուն, քիւրտե­րուն եւ թուրքե­րուն խնդի­րը չէ ան­շուշտ։ Հա­մայն մարդկու­թեան խնդիրն է։ Այս պա­տահար­նե­րուն պատ­ճա­ռով հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքա­կան մշա­կոյ­թը մեծ հա­րուած ստա­ցած է։ Պէտք է ի մի գալ, յա­ռաջի­կայ տա­սը տա­րինե­րու ըն­թացքին, քննար­կե­լու ան­ցեալի մէջ ապ­րուածը, եւ թէ ինչպէս կա­րելի է ար­գելք ըլ­լալ նման պա­տահար­նե­րու կրկնու­թեան։

Թ.Է.- Մինչ ձեր աշ­խա­տան­քը կը կեդ­րո­նանայ յետ-ցե­ղաս­պա­նու­թիւն հանգրուանին, պատ­մա­կան գոր­ծընթա­ցին ալ կ՚անդրա­դառ­նայ։ Թե­րեւս նաեւ կապ մը կը հաս­տա­տէք ան­ցեալի եւ ներ­կա­յի մի­ջեւ։ Ինչպէ՞ս մօ­տեցած էք այս խնդրին։

Վ.Չ.- Երբ սկսայ աշ­խա­տիլ այս գիր­քին վրայ, կը կար­ծէի որ ոճիր մը պի­տի բնու­թագրեմ, եւ պի­տի կա­րենամ փաս­տել թէ ոճի­րը տա­կաւին կը շա­րու­նա­կուի։ Ծրագ­րած էի կեդ­րո­նանալ Թուրքիոյ մէջ ապ­րող հա­յերու, յոյ­նե­րու եւ ասո­րինե­րու առօ­րեայ տա­ռապան­քին վրայ։ Սա­կայն տե­սայ որ ոճի­րին հե­ղինակ­նե­րը եւս ու­նին իրենց յի­շողու­թիւնը։

Եթէ կ՚ու­զէք ոճի­րի սո­վորու­թիւնը անօ­րինա­կան դարձնել, պէտք է իջ­նել մինչեւ ոճի­րին ար­մատնե­րը։ Այս ոճի­րը գոր­ծադրող կա­ռոյ­ցը, եր­կի­րը, գաղտնի պե­տու­թիւնը պէտք է որ ճանչնան այդ ոճի­րը։ Միայն այդ պա­րագա­յին է որ կա­րելի պի­տի ըլ­լայ եր­կիր մը ստեղ­ծել որ կը կա­ռավա­րուի, ոչ թէ գաղտնի դա­ւադ­րութեան տե­սու­թիւննե­րով, այլ իրա­ւական օրէնսդրու­թեամբ։

Թ.Է.- Հա­յերուն խնդիր­նե­րը Քրտա­կան շարժման լու­ծումի շրջա­նակէն կը դի­տէք։ Այս նիւ­թին գիր­քին մէջ կ՚անդրա­դառ­նաք «Քիւրտե­րը՝ ոճ­րա­գոր­ծէն զոհ» գլու­խին մէջ։ Կը պատ­մէք թէ ինչպէս հա­յերուն ապ­րած վայ­րե­րը այս ըն­թացքին քրտա­ցած են։ Ինչպէ՞ս կը բնու­թագրէք այս վի­ճակը Թուրքիոյ վեր­ջին օրե­րու իրա­վիճա­կը աչ­քի առաջ դնե­լով։

Վ.Չ.- Երկրի մէջ քրտա­կան խնդի­րին ծա­գու­մը ի յայտ եկաւ Հա­րաւ-Արե­ւելեան շրջան­նե­րու հա­յերու եւ ասո­րինե­րու ոչնչա­ցու­մէն ան­մի­ջապէս ետք։ Ինչ որ, փաստ մըն է, թէ խնդիր­նե­րը ու­ժի գոր­ծադրու­թեամբ ան­կա­րելի է լու­ծել։ Քա­նի որ բռնու­թիւնը որոշ ան­ցեալ մը կը ստեղ­ծէ, եւ ճամ­բայ կը բա­նայ նոր բռնու­թիւննե­րու։ Քրտա­կան պատ­մութիւ­նը գերբնա­կան ուղղու­թիւն մը ու­նի։ 1915-ին քիւրտե­րը ոճի­րը գոր­ծողն էին, 1920-ին դար­ձան զո­հը։ Շատ առումնե­րով քիւրտե­րը հա­յերուն տե­ղը առին։ Անոնց այ­սօրուան ժո­ղովրդագ­րա­կան իրա­կանութիւնը կ՚ար­տա­ցոլէ Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան մէջ հա­յերու ժո­ղովրդագ­րութիւնը։ Օրի­նակ հա­սարա­կու­թեան աղ­քատ շեր­տը կը բնա­կի արե­ւելեան կող­մը երկրին, իսկ միւս կէ­սը արեւմտեան քա­ղաք­նե­րուն մէջ։ Այ­սօր քիւրտե­րը կ՚ընեն ինչ որ հայերը 19-րդ դարուն ըրած են՝ երկրէն անջատողական յեղափոխական աշխատանք տանելու փոխարէն, ընտրել օրէնքի վերակացութեան հաստատումի պայքարը։ Հայերը պարտուեցան 1915-ին, քանի որ իրենց բարեփոխութիւններու պահանջին փլուզումով է որ պատասխան տրուեցաւ։ Կը յուսամ որ քիւրտերը նոյն ճակատագիրին չեն ենթարկուիր եւ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման գործընթացի կարեւոր ուժերէն մէկը կը դառնան։

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ՝ ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

Agos

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter