
Վերակենդանացած ենք եւ կը շարունակենք քազինոեախառն ստեղծագործել
Սեդա Գպրանյան-Մելքոնյան
1985 թուականի մարտի առաջին օրերն էին։ Քանի մը սփիւռքահայ ուսանողներու հետ Լիբանանէն կը վերադառնանք մեր դասերուն։ Ձմրան արձակուրդներուն չմեկնած մեր հանրակացարանի ընկերները կը դիմաւորեն մեզ։ Ուշ գիշեր է։ Երթուղային մը կը վարձենք ու բոլորս կը լեցուինք մէջը, մեր հսկայական ճամպրուկներով միասին։ Պայուսակները ծանր են արեւելեան ուտեստներով ու ճինզերով։ Ինքնաշարժին մէջ կը զրուցենք նորութիւններու մասին։ Կը հասնինք Փարաքարի խաչմերուկը։ Մեզ դիմաւորողներէն Յովիկը կ՚ըսէ.
- Հա՛, մոռցայ ըսելու, Համալիրը այրեցաւ։
-Ի՞նչ կ՚ըսես եա՛։ Ինչպէ՞ս։ Ի՞նչ եղաւ։
-Դեռ յստակ չէ ճիշդ ի՞նչ եղած է։ Բայց Կարէն Դեմիրճեանը խօսեցաւ հեռուստացոյցէն։ Յուզիչ ճառ մը ըրաւ մարդը։ Իսկապէս տխուր էր։
Բոլորս լռեցինք։
Համալիրին բացումէն անմիջապէս առաջ, 1983-ին երբ Մոսկուայէն ժամանած պատուիրակութիւնը որոշած էր ծանրամարտի աշխարհի առաջնութիւնը տեղափոխել Մոսկուա, պատրուակելով որ Համալիրին շինարարութիւնը դժուար թէ աւարտի մինչեւ մրցոյթը, ազգովին հիասթափուած ու դժգոհած էինք։ Ամիսներ ետք, հանրակացարանի ուսանողներով վազած էինք սեւ ու ճերմակ հեռատեսիլին դիմաց ու դիտած Եուրի Վարդանեանին ծանրամարտի յաղթանակը։ Հակառակ Հայաստանի մէջ չկայանալուն, դարձեալ մեր մարզիկն էր յաղթողը։ Մեր երկրի պարծանքը։
Համալիրի հրդեհը ազդած էր ամբողջ ժողովուրդին։ Մարդիկ լացած էին լուրը առնելով ու երդուած, որ ազգովին կրնանք վերաշինել։ Այսպէս, յառաջիկայ ամիսներուն մեր դեկան ընկեր Յարութիւնեանը յաճախ այցելեց մեր լսարանները ու դասերէն ազատելով մեզ՝ ղրկեց Համալիրի մաքրման աշխատանքներուն մասնակցելու։ Հազարաւոր ուսանողներ, քաղաքացիներ ըրին իրենց կարելին վերանորոգելու այրած մասը, մաքրեցին սեւցած աթոռներն ու համատարած ծուխի հետքերը։ Համալիրը բոլորիս կը պատկանէր։ Մեր բոլորին հպարտութիւնն էր։ Երբ արժանացաւ խորհրդային պարգեւի՝ դարձեալ բոլորս հպարտացանք մեր տաղանդով։
Հակասական շատ խօսակցութիւններ եղած էին Համալիրի տեղին ընտրութեան եւ անգամ ճարտարապետական ոճին մասին։ Սակայն աւարտելէն ետք բոլորս գոհունակութեամբ դիտած էինք այս նոր ու տարբեր կոթողը։ Կ՚ըսուի, թէ երբ Կարէն Դեմիրճեանին վրդովմունք յայտնած են Մեծ Եղեռնի յուշարձանին՝ Ծիծեռնակաբերդին կողքին մարզահամերգային համալիր կառուցելու համար, ան պատասխանած էր, որ Համալիրի կառուցումով մենք աշխարհին ցոյց պիտի տանք թէ ի հեճուկս մեր ժողովուրդին կրած տառապանքներուն ու չարչարանքներուն, մենք վերակենդանացած ենք եւ կը շարունակենք ստեղծագործել։
Երբ Համալիրի դռները բացուեցան մեր առջեւ, բոլորս հիացանք։ Սենեկակցիս հետ գացինք դահուկասահքի մրցոյթ դիտելու, ապա տարբեր համերգներու։ Չեմ յիշեր ո՞ր տարին էր անզուգական Յարութիւն Թոփիկեանին ղեկավարած Համալսարանի Կոմիտաս երգչախումբին հետ ելոյթ ունեցանք Խորհրդային երկիրներու երգչախմբային փառատօնին։ Կը յիշեմ, երբ Ատրպէյճանի խումբը ելոյթ կ՚ունենար, իմ Անճարցիի ազգայնամոլութիւնս բռնեց։ «Ինչպէ՞ս կը ձգեն, որ այս բեմին վրայ թրքական երգ հնչէ։ Պու՜, պու՜» խղճալի ձայնս անհետացաւ աղմուկին մեջ։ Անդրադարձայ, որ երգչախումբի ընկերներս զարմացած զիս կը դիտեն։ Մենք խաղաղասէր, եղբայրական երկիրներու միութեան մաս կը կազմէինք վերջապէս։
Տարիներ անց, Հայաստանի առաջին նախագահին անկախութեան նուիրուած հիւրասիրութեան մասնակցեցայ Համալիրի շքեղ նախասրահին մէջ, ապա Սփիւռք-Հայաստան առաջին համահայկական համագումարին։ 1990-ականներու վերջերուն նաեւ հրաւիրուեցայ բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը դստեր ամուսնութեան, որ տեղի պիտի ունենար Համալիրի նախասրահին մէջ։ Ներկայ չեղայ այդ հարսանիքին ու Համալիրը ինծի համար մնաց մարզահամերգային իր մակարդակին։
Քանի մը շաբաթ առաջ ճարտարապետ կողակցիս ըսի,
- Համալիրը կը ծախուի 30 միլիոն տոլարով։
- Այդ առնողը ձրի կ՚առնէ նման կառոյց մը,- պատասխանեց գլուխը շարժելով։ Իր եւ ինծի ծանօթ այլ ճարտարապետներու հիացմունքի առարկան եղած էր Համալիրը։
Համալիրը պահելու հսկայական ծախսերու եւ առ այդ ստիպուած ծախելու խղճուկ արդարացումները ամէնաքիչը ազգը յիմարի տեղ դնել կը նշանակէ։ Վստահաբար կարելի է անխարդախ ու վստահելի ձեռքերու յանձնել կառավարումը։ Կամ կառավարական համեստ ծախսեր ընելով գոյացնել անհրաժեշտ գումարը զայն աչքի լոյսի պէս պահելու համար։ Վերջապէս մարզահամերգային Համալիր մը մեր բոլորին պարծանքն է, չէ՞։ Սակայն թող ներուի ինծի, Քազինոյախառն համալիր մը իմ նմաններուն պարծանքը չի կրնար ըլլալ։
Այդքան նզովուող Խորհրդային տարիներուն Համալիրը իր մարզահամերգային մակարդակէն չիջաւ երբեւէ։ Աւելին, եղաւ ազգային առաջնահերթութեան ցանկին վրայ, եղաւ ազգային արժէք։ Իսկ հիմա՞... Մնաց սեփականաշնորհենք Ծիծեռնակաբերդն ու Եռաբլուրն ալ ու վերջանանք։
Մեկնաբանություններ (2)
Մեկնաբանել