HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ճորճ Ճերճեանի լուսանկարներու հաւաքածոյ

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Միայն պատառիկներ հասած են մեզի Օսմանեան կայսրութեան հայերու բազմահարուստ ժառանգութենէն։ Այս իմաստով ալ երբ հարցը կը վերաբերի այս անցեալն ու յիշողութիւնը վերականգնելուն, այն ատեն դժբախտաբար հետքերու եւ մասունքներու հետ է մեր գործը։ Ահա թէ ինչու մեզի համար անսահման հրճուանք կը պատճառէ ամէն առիթ որ կրնայ այդ անցեալը քիչ մը աւելի մատչելի դարձնել, անոր վրայ նոր լուսարձակներ բանալ, քօղազերծել անտեսանելին, մօտեցնել ցարդ անհասանելին, բացատրել անծանօթը, մէկ խօսքով արօրը գործի լծել եւ նոր ակօսներ բանալ օսմանեան պատմութիւնն ու առօրեան հասկնալու եւ սերտելու անմշակ եւ ընդարձակ այս դաշտին մէջ։

Ահաւասիկ այսպիսի առիթ մըն է Արաբկիր ծնած Ճորճ/Գէորգ Ճերճեանի (նախապէս Ճիկերճեան) 100-է աւելի ապակեայ լուսանկարներու հաւաքածոյին գիւտը։ Անոնք պատմական հիանալի լուսանկարներ են, նոր հայեացք մըն են գլխաւորաբար Արաբկիրի, բայց նաեւ Էրզրում/Կարինի կեանքին վրայ Օսմանեան տարիներուն։ Անոնց շնորհիւ կը վերածնի մանաւանդ այս վայրերու հայկական կեանքը. ցարդ անպատկեր եկեղեցիներ եւ դրպոցներ տեսք կը ստանան, մեր առջեւ կը պարզուին ընտանեկան, դպրոցական, որբանոցային կեանքի բոլորովին անծանօթ պատկերներ։

Մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Ճորճ Ճերճեանին, որ Յուշամատեանի տրամադրութեան տակ դրաւ իր մեծ հօր պատկանող այս լուսանկարներուն բարձրորակ պատճէնները։

Կարեւոր է այստեղ նշել որ Ճերճեանի հաւաքածոյին մաս կազմող այս լուսանկարներէն շատեր կը մնան առանց բացատրութիւններու։ Ցարդ անծանօթ կը մնան տեղավայրերը, շէնքերուն ու մարդոց ինքնութիւնները, կրնայ պատահիլ նաեւ որ սխալներ ըլլան որոշ պատկերներու մեր կողմէ տրուած բացատրութիւններուն մէջ։ Այս գծով մենք կ՚ապաւինինք մեր այցելուներու օժանդակութեան։ Մեծ հաճոյքով կ՚ընդունինք որեւէ յաւելեալ տեղեկութիւն լուսանկարներուն մասին կամ սրբագրութեան առաջարկ։ Դուք կրնաք գրել մեր հասցէին՝ [email protected]

Լուսանկարում՝ Արաբկիր. Ճերճեան ընտանիքը հաւանաբար իրենց տան շրջափակին մէջ, սուրճ խմելու ընթացքին։ Ձախէն երկրորդը՝ Ճորճ/Գէորգ Ճերճեան

Շարունակությունը՝ այստեղ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter