
Սիսի Գասարճեաններուն տոհմածառը եւ կենսագրական տեղեկութիւններ
Հեղինակ՝ Աշոտ Գասարճեան
Խմբագրական ծանօթագրութիւն
Աշոտ Գասարճեանին (1883-1969) պատրաստած Գասարճեաններու այս տոհմածառը եւ կենսագրական տեղեկութիւնները մեծ մասամբ հիմնուած են մեծ հօր եւ հօրեղբայրներուն տեղեկութիւններուն վրայ։ Ան կը նշէ որ արդէն 1890-ին իր երէց եղբայրներէն Տիգրանը փորձած է գրի առնել ընտանեկան պատմութիւնը եւ այս նպատակով ալ հարցուփորձի ենթարկած է այդ ժամանակներու ընտանիքին տարեց անդամները։ Տիգրան այն ժամանակ կ՚ապրէր Ատանայի մէջ։ Ան իր ծրագիրին մէջ բաւական յառաջ գացած էր եւ ընտանեկան պատմութիւնը տեւաբար կը հարստացնէր դէպքերու եւ դէմքերու դրուագներով։ Բայց 1909-ի Ատանայի հակահայ կոտորածներուն ընթացքին իր տունն ալ կը հրկիզուի եւ բոլոր այս թուղթերը հրոյ ճարակ կ՚ըլլան։ Յետագային, Տիգրան բազմիցս փափաք յայտնած է վերարտադրելու կորուսեալ այս աշխատանքը, բայց Ատանայի ջարդերէն ետք ան կ՚անցնի Պէյրութ, իսկ այնտեղէն ալ վերջնականապէս կը հաստատուի Միացեալ Նանահգներ, ուր երբեք ալ կարելի չըլլար յուշագրական ծրագիրը իրականացնել։ Նշենք որ Աշոտի պատրաստած տոհմածառը գրի առնուած է 1930-ական եւ 1940-ական տարիներուն։
Գասարճեաններու տոհմէն ամէնէն հին նախահայրերէն կը յիշուին երկու եղբայրներ՝ Սէֆէր եւ Մկրտիչ, որոնք ապրած են 1680-էն 1750/70-ական թուականներուն։
Մկրտիչին ճիւղը
[Աշոտ Գասարճեան այս ճիւղին մասին նուազագոյն տեղեկութիւնները կը փոխանցէ, շատ հաւանաբար նկատի ունենալով որ ինք կը պատկանէր Սէֆէրի ճիւղին եւ այս իմաստով ալ աւելի լաւ ծանօթ էր անոր անդամներուն, խմբ.]
Սէֆէրին ճիւղը
Սէֆէրի Զաւակներն են՝ Սարգիս եւ Յակոբ։ Յակոբ անզաւակ կը մեռնի։ Իսկ Սարգիսին զաւակներն են՝ Մինաս/Մնացական, Եղիա, Գէորգ եւ դուստր մը (անունը անյայտ), Գաբրիէլ Եպիսկոպոս (աւազանի անունով Սարգիս)։
Սէֆէրի որդի Սարգիսին զաւակները (Մինաս, Եղիա, Գէորգ, դուստր մը, Գաբրիէլ)
1. Մինաս/Մնացական (Սարգիսի որդի)
Մեռած է Սիս, զինք կը կոչեն նաեւ Մնացական։ Զաւակները՝ Սահակ եւ Փանոս։
Սահակ (Մինասի որդի)
Ծնած է 1840-ին (ամիսը յայտնի չէ), կ՚ամուսնանայ 1861 Փետր. 20-ին սսեցի Թաթիեան Գաբրիէլ աղայի դուստր՝ Մարիամի հետ (12 տարեկան էր, իսկ Սահակ՝ 25 տարեկան)։ Կը պսակուի Ատանա Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ի Տէր Սարգիս քահանայէն, կնքահայրութեամբ ղասապ (մսագործ) Պետրոս աղայի, որուն կինը կը կոչուէր Վառվառ Ճէճէ։ Ասոնց քովը Մարիձա հաշնուկը որդեգիր եղած է։ Իսկ յետագային ալ Սահակին եղբայրը՝ Փանոս, անոնց քով մնացած է եւ իբր զաւակ շատ սիրած են զինքը։ Ի վերջոյ Մարիձան ու Փանոսը իրարու հետ կ՚ամուսնացնեն։ Առաջին կնոջ մահէն ետք, Սահակ կը վերամուսնանայ 1888-ին՝ ատանացի Նուրիձա Այնաճեանի հետ։
Փանոս (Մինասի որդի)
Փանոս. ամուսնացած է կեսարացի Մարիձայ Իզմիրլեանի հետ, մեռած՝ Հալէպ 1915-ին, տարագրութեան մէջ։
շարունակությունը՝ այստեղ։
Մեկնաբանել