HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Իմ տունս որդւոյս քովն է, Շիշլիի Հայոց Գերեզմատունը

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պաթմանի Քոզլուք գաւառին մէջ բանակի պարտադիր ծա­ռայու­թիւնը կա­տարե­լու պա­հուն զի­նըն­կե­րոջ՝ Քը­վանչ Աղաօղ­լուի կրա­կոցով մա­հացած զին­ծա­ռայող Սե­ւակ Պա­լըք­չըի սպան­նութեան դա­տավա­րու­թեան հերթական նիս­տը կա­յացաւ 25 Փետ­րուարին, Տի­յար­պէ­քիրի մէջ։ Փաս­տա­թուղթե­րու պա­կասի պատ­ճա­ռաւ դա­տը յե­տաձ­գուեցաւ 6 Ապ­րիլ թուակա­նին։ Դա­տական նիս­տին մաս­նակցած էին Սե­ւակի հայ­րը Կա­րապետ եւ մայ­րը Անի Պա­լըք­չը։ Վշտա­հար ծնող­նե­րուն հետ խօ­սեցանք թէ դա­տավա­րու­թեան եւ թէ իրենց Հա­յաս­տա­ն տե­ղափո­խուե­լու շուրջ լսումնե­րու մա­սին։

Կա­րապետ Պա­լըք­չը յայտնեց որ նիս­տը շատ կարճ տե­ւած է։ «Ակնթար­թի մէջ աւար­տե­ցաւ նիս­տը կարգ մը փաս­տա­թուղթե­րու բա­ցակա­յու­թեան պատ­ճա­ռաւ։ Դա­տարա­նը այդ փաս­տա­թուղթե­րը մօտ ու­թը ամիս առաջ պա­հան­ջեց պատ­կան մար­միննե­րէն։ Չեմ կրնար իմաստ մը վե­րագ­րել գոր­ծընթա­ցին այսքան դան­դաղ յա­ռաջա­նալուն։ Որ­դիս ցե­ղապաշտ ատե­լու­թիւնով մը սպան­նուեցաւ։ Ար­դա­րու­թիւն կ՚ու­զենք բայց չենք գտներ։ Դա­տաւո­րը նկա­տի չ՚առ­նէր մեր պա­հան­ջարկնե­րը։ Ամ­փաստանեալին, նիս­տե­րուն ներ­կայ գտնուելը պա­հան­ջե­ցինք բայց մեր­ժուեցաւ։ Յայտնի չէ որ այս դա­տէն ինչ կ՚ել­լէ»։

Դա­տարա­նը դա­տերա­բեմի մը կը նմա­նի

Կա­րապետ Պա­լըք­չը հե­տեւեալ կեր­պով կ՚ար­տա­յայ­տէ իր մտա­հոգու­թիւննե­րը եւ մտքին մէջ գո­յացած հար­ցումնե­րը։ «Մտա­հոգ ենք ար­դա­րու­թեան հա­մար։ Կարգ մը շար­քա­յին­նե­րու հայ­ցե­րը նկա­տի չեն առ­նուած։ Դա­տավա­րու­թեան յե­տաձ­գուիլը մե­զի ի նպաստ է, թէ ի վնաս չենք հասկցած։ Սա­կայն կաս­կածներ ու­նիմ այս ու­շա­ցու­մին բեր­մամբ։ Ար­դա­րու­թիւն կ՚ակնկա­լենք բայց շատ ալ յոյս չու­նինք։ Որո­շած ենք աւե­լի բարձր ատեա­նի մը դի­մելու։ Եր­բեք պի­տի չհրա­ժարինք ար­դա­րու­թիւն պա­հան­ջե­լէ»։

Պա­լըք­չը կը յի­շեց­նէ թէ դա­տարա­նը նա­խապէս ոճի­րը «ար­կած» ըլ­լա­լով գնա­հատած եւ մե­ղադրեալին չորս տա­րի հինգ ամիս բան­տարկու­թիւն վճռած էր։ «Ու­շագրաւ է կարգ մը զինուոր­նե­րու հայ­ցե­րուն փո­փոխու­թիւնը։ Զի­նուոր­նե­րէն մէ­կուն սպառ­նա­ցած են եւ այդ զի­նուո­րը եր­կու տա­րի մէկ ամիս բան­տարկու­թեան դա­տապար­տուեցաւ։ Իսկ սպառ­նա­ցող­ներն ալ եր­կու տա­րի եօթը ամիս պա­տիժ ստա­ցան։ Բայց այս պա­տիժ­նե­րը իրենց չէ փո­խան­ցուած։ Կաս­կա­ծելի կէ­տեր են այս բո­լորը։ Բո­լոր ակա­նատես զի­նուոր­նե­րը իրենց երկրորդ յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն մէջ թու­թա­կի նման նոյն բա­նը կրկնե­ցին»։

Մէկ օր իսկ չանցնիր առանց Սե­ւակի

Կա­րապետ Պա­լըք­չը կը պատ­մէ թէ դէպ­քէն մինչեւ այ­սօր ոչ մէկ բան փո­խուած է։ «Մին­չեւ օրս երբ գլուխնիս բար­ձին կը դնենք, Սե­ւակը կը խոր­հինք։ Ցե­րեկ թէ գի­շեր, ինքնա­շարժի մէջ կամ նա­ւու, միշտ ին­ծի հետ է Սե­ւակը, միշտ անոր հետ կը խօ­սիմ։ Գե­րեզ­ման կ՚եր­թամ Սե­ւակին հետ կը խօ­սիմ։ Հո­գեբու­ժէ մը օգ­նութիւն կը ստա­նամ։ Անոր թե­լադ­րանքնե­րով փո­խանակ ամէն շա­բաթի, եր­կու շա­բաթը ան­գամ կ՚այ­ցե­լեմ Սե­ւակին շի­րիմը։ Եթէ հա­մոզուիմ որ իս­կա­պէս ար­կած էր, մի գու­ցէ վիշտս քիչ մը կը նուազի։ Բայց չեն կրցած զիս հա­մոզել»։

Ետեւս ոչ ոք կայ

Պա­լըք­չը ըն­տա­նիքը մէկ կող­մէն ալ մատ­նուած է առանձնու­թեան հո­գեբա­նու­թեան։ «Որոշ տե­ղեր որ կ՚եր­թանք ոմանք –ձե­զի հետ ենք- կ՚ըսեն, բայց քովս ոչ ոք կը տես­նեմ։ Շատ կ՚ու­զէի որ –ձե­զի հետ ենք- ըսող­նե­րը գէթ ան­գամ մը մեր տան զան­գա­կը հնչեց­նէին։ Միւս կող­մէ ճիշդ է՝ որոշ տե­ղեր ալ առան­ձին չենք։ Կարգ մը բա­րեկամ­ներ զօ­րակ­ցութեան հա­մար մին­չեւ Տի­յար­պէ­քիր եկան։ Երախ­տա­պարտ եմ Նոր Զար­թօնք շար­ժումին։ Կա­րօ Փայ­լա­նին, Ժագ­լին Չէ­լիքին եւ սա պա­հուն անուննե­րը չյի­շած բո­լորին շնոր­հա­կալ եմ»։

Եր­կի­րը ամե­նուս կը պատ­կա­նի

Սե­ւակ Պա­լըք­չըի մայ­րը Անի Պա­լըք­չը տե­ղական մա­մու­լի մէջ Հա­յաս­տան գաղ­թած ըլ­լա­լու մա­սին պնդումնե­րը կը հեր­քէ։ «Պա­լըք­չը ըն­տա­նիքը Երե­ւան փո­խադ­րուած է» ըսե­լով պ նդում մը հրա­տարա­կեցին։ Ճիշդ է որ շրջե­լու հա­մար գա­ցած ենք։ Բա­ցի Երե­ւանէ ու­րիշ տե­ղերու հա­րազատ­ներնուս ալ այ­ցե­լած ենք։ Մեր տե­ղը հոս է։ Կա­րապետ Պա­լըք­չը վրայ կը բե­րէ «եր­բեք չենք խոր­հած այստե­ղը լքե­լու մա­սին։ Իմ տեղս հոս է, հողս հոս։ Իմ որ­դիս Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նատու­նը կը հանգչի ու ես ալ իր կող­քը պի­տի ըլ­լամ։ Ինչպէս նման պնդումներ կ՚ընեն չեմ հասկնար։ Թող գան ու մե­զի հարցնեն, մեր տու­նը տե­ղը յայտնի է»։

Սե­ւակը քա­ղաքա­կան հա­կում չու­նէր

Պա­լըք­չը ըն­տա­նիքը ոճի­րէն ետք ինքզինք քա­ղաքա­կանա­ցուած մի­ջավայ­րի մը մէջ գտաւ։ Անի Պա­լըք­չը այս ըն­թացքը հե­տեւեալ կեր­պով կը բա­ցատ­րէ. «Մենք եր­բեք քա­ղաքա­կան գա­ղափար­ներ չենք ու­նե­ցած, Սե­ւակն ալ նոյնպէս։ Գի­տե՞ս թէ ամե­նաշատ ին­չի կը ցա­ւիմ։ 37 տա­րի ու­սուցչա­գոր­ծե­ցի եւ ամէն 23 Ապ­րի­լին տղոց թրքա­կան ազ­գա­յին ոտա­նաւոր­ներ սոր­վե­ցու­ցի։ Հի­մա կ՚ափ­սո­սամ, որով­հե­տեւ Ապ­րի­լի 24-ին որ­դիս սպան­նե­ցին»։

Հի­մա հայ տղա­քը կը խու­սա­փին զի­նուո­րագ­րուելէ

«Մենք եր­բեք խտրա­կանու­թիւն չենք ըրած։ Սե­ւակ չէր գի­տեր թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ի՞նչ է, ին­չեր պա­տահած են մեծ­հօ­րը կամ մեծ­մօ­րը գլխուն։ Ես ալ չէի գի­տեր, այդ պատ­ճա­ռաւ ալ Սե­ւակին բան չէի պատ­մած։ Ու­րեմն բո­լորո­վին անի­մաստ է Սե­ւակին 24 Ապ­րի­լի առ­թիւ ելոյթ ու­նե­նալը եւ այդ ելոյ­թին դէմ ալ զայ­րա­ցող զի­նուո­րի մը զինք սպան­նե­լու վար­կա­ծը։ Սե­ւակ միայն մէկ մտա­ծում ու­նէր, ժամ առաջ ծա­ռայու­թիւնը աւար­տէ, սի­րածին հետ ամուսնա­նայ եւ հօ­րը հետ աշ­խա­տան­քի լծուի։ Մենք այստեղ մեծ­ցած ենք եւ զա­ւակ­նիս ան­վա­րան զի­նուոր ղրկե­ցինք։ Բայց անոնք իմ որ­դիս տախտա­կէ սնտու­կի մէջ վե­րադար­ձուցին» կ՚ըսէ Անի Պա­լըք­չը աւելցնե­լով որ հի­մա հայ երի­տասարդնե­րը կը խրտչին զի­նուո­րագ­րուելէ։

Ա՞յս է հայ­րե­նասի­րու­թիւնը

Մա­հուան գոյ­ժը հա­ղոր­դե­լու հա­մար սպա­յակոյ­տի հրա­մանա­տարու­թե­նէն եկող զի­նուոր­նե­րը հար­ցուցին որ արար­կութիւն մը ու­նի՞նք դա­գաղին վրայ դրօ­շակ ծած­կե­լու հա­մար։ «Մենք այս եր­կի­րը կ՚ապ­րինք, քա­նի որ ծա­ռայու­թեան մի­ջոցին մա­հացաւ ան­շուշտ որ կրնաք ծած­կել, բայց եթէ դա­տարա­նը ար­դա­րու­թիւնը չկարենայ կա­յաց­նել, այդ դրօ­շակը կը վե­րադարձնեմ ձե­զի» ըսած էի։ «Դրօ­շակի նկատ­մամբ իմ զգա­ցած յար­գանքս անոնք չեն զգար» կ՚եզ­րա­կաց­նէ Անի Պա­լըք­չը։

Սե­ւակին մայ­րը կը խոս­տո­վանի թէ հա­զիւ որդւոյն մա­հէն ետք սկսած է հե­տաքրքրուիլ իր նախ­նեաց պատ­մութիւ­նով։ «Ըն­տա­նիքիս ան­ցեալը որո­նելով իմա­ցայ որ թու­րի աւել­ցուկ մըն եմ։ Մեծ հօրս պատ­մութիւ­նը կա­տարեալ ող­բերգու­թիւն մըն է, իսկ մեծ մօրս մի այլ ողբերգու­թիւն։ Մօրս կող­մը ան­գա­րացի է, որոնք եւս ող­բերգա­կան պատ­մութիւն մը ու­նին։ Ձեր մի­ջոցաւ 55 տա­րեկա­նիս սկսայ ինքնու­թեանս գի­տակ­ցիլ։ Հի­մա ամէն ոք կը ճանչնայ զիս։ Ամէն 24 Ապ­րի­լին Սե­ւակի լու­սանկար­նե­րով երթ կը կազ­մա­կեր­պուի։ Մէկ Սե­ւակ ու­նէի հի­մա հա­զար Սե­ւակ կայ։ Ահա ձեր ազ­գա­սիրու­թիւնը։ Եկէք բո­լոր հա­յերը սպան­նե­ցէ՛ք։ Սե­ւակը Երե­ւանի մէջ կը ճանչնան։ Ֆրանսայի մէջ, Իտալիոյ մէջ նոյնպէս։ Մինչդեռ ան հասարակ մէկն էր։ Ի՞նչ ուզեցիք Սեւակէս։ Այդ տարի մեզի աչքի վախ պատճառելու համար մէկը պիտի սպաննուէր, Սեւակին վիճակեցաւ»։

Ակօս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter