HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մեր սեւ աչքերը փաստերու հայելիին մէջ

Հաստափոր գիրք մըն էր` մաշուկ-պատռուկ սեւ կազմով:

- Օր մը պէտք է տանիմ կազմել տամ,- կը կրկնէր մեծ մայրս, սակայն չէր տաներ օր միսկ գիրքէն բաժնուիլ չուզելով:

Համայնագիտարան մըն էր` ԺԹ դարու վերջաւորութեան կազմուած ու մէկ քանի հրատարակութիւններ ունեցած: Իմ տեսած ու թղթատած առաջին համայնագիտարանն էր:

Ինը կամ տասը տարու էի, երբ մէջը գտայ «Հայերը» վերնագրուած յօդուածը: Ահա անոր պարունակութիւնը բառ առ բառ.

Հայերը. կը բնակին Ռուսիոյ, Պարսկաստանի, Թուրքիոյ, Հնդկաստանի եւ սակաւ թիւով` Հունգարիոյ, Դաղմատիոյ եւ Ափրիկէի մէջ: Մօտ 2 ու կէս միլիոն են: Յստակօրէն կը բաժնուին վաճառական Հայերու, որոնք կը խաղան առ աւելաբար տխուր դեր մը տնտեսական կեանքին մէջ եւ շինական Հայերու, որոնք բարեսիրտ եւ օգտակար մշակներ են: Հայերը իւրայատուկ հայ-գրիգորեան յարանուանութեան պատկանող քրիստոնեաներ են:

Յօդուածին քովիկ պէխաւոր գլուխ մը պատկերուած էր խոժոռ նայուածքով. ոչ վաճառականի կը նմանէր, ոչ ալ մշակի: Սակայն Հայ մըն էր անկասկած` իր քիթը վկայ:

Սակայն անծանօթին ով ըլլալէն աւելի իմ ով ըլլալս սկսած էր հետաքրքրել զիս: Գիտէի, թե երկու փռապաններուն ծոռն եմ: Սակայն փռապանը, մշակն ու վաճառականին ճիշդ մէջտեղն է, ուրեմն օգտակա՞ր արարած մըն եմ, թէ՞ վնասակար:

Շրջապատս այդ մասին կասկած իսկ չէր ձգեր, ամէն առիթով հասկցնելով թէ իր հացը ձրիաբար ուտող օտարական մըն եմ: Եւ ոչ միայն ես, այլեւ Ռուսիա բնակող բոլոր այլազգիները:

- Հին-մին գիրք մը գտեր ես ու կը պնդես թէ ամբողջ Ռուսիան նման ձեւով կը կարծէ,- կ'առ արկէ ինծի Լրջմիտ Բարեկամս, որ թէեւ իմ ծննդավայրս ոտք չէ կոխած, սակայն բնազդով կը հետեւցնէ աւելին քան ուրիշ մէկը կրնայ ամբարել կենսափորձով:

Ինչ գիտնամ, թերեւս իրաւունք ունի: Մենք այլեւս ԻԱ դարու մէջ կ'ապրինք, հարցախոյզերու եւ մանաւանդ «քաղաքական փափկանկատութեան» դարուն մէջ: Եւ ձեռքին տակ ունինք մեր պապերուն անծանօթ Համացանցը...

Եւ եթէ ան մատչելի է ձեզի այս պահուն, առանց յապաղելու բացէք ռուսական փնտռտուքի մեքենաներէն մին. յօրինակ www.yandex.ru  յարմար է անով, որ մատի մէկ շարժումով կրնաք պաստառին վրայ հրաւիրել ռուսական ստեղնաշարը:

Բացուած դեղին պատուհանին մէջ մէկիկ-մէկիկ շարեցէք «արմեաշքա» բառը. եթէ անշուշտ կիւրեղեան այբուբենին ծանօթ էք:

Այնուհետեւ կոխեցէք փնտռտուքի կոճակը: Ներող կ'ըլլաք. չպարզեցի թէ «արմեաշքա՚»ինչ ըսել է: Հարիւրաւոր անգամներ լսած եմ զայն իմ հասցէիս, ուստի երբեմն կը թուի թէ ամէն մէկը գիտէ զայն: «Արմեաշքա» Հայ բառին, այսինքն մեր ցեղանուան արհամարհական, նախատական ձեւն է. ըստ հանգամանաց կրնայ թարգմանուիլ աղտոտ Հայ, վայրենի Հայ, յիմար Հայ, խաբեբայ Հայ:

Մինչ այս բացատրութիւնս կը կարդայիք, պատասխանները եկած կ'ըլլան: Հիմա նայեցէք ձախ անկիւնի կապոյտով գրուած թիւը. 64554: Ըսել է փափկանկատ մեր դարուն այդ բառը գործածուած է վեց հազար անգամ ոչ թէ բերանացի, այլ գրաւոր կերպով, եւ գրաւոր` ոչ թէ ներկի օդամուղ շիշով` միզահոտ պատի մը անկիւնը, այլ համակարգիչի շարուածքով` զետեղուելու համար Համացանցին մէջ:

Իսկ հիմա փորձեցէք մեր հասցէին անարգական արտայայտութիւններ գտնել որեւ է այլ լեզուով. սլովաքերէն, գերմաներէն, հոլանտերէն կամ ֆրանսերէն` առանց մոռնալու թրքերէնը: Իսկոյն կը համոզուիք որ հունձքը չափազանց աղքատիկ է. լուտանքի ախոյեանը կը մնայ ճիշդ այն երկիրը, որու շուրթէն մենք կախած ենք մեր ճակատագիրը:

Լրջմիտ Բարեկամս կը շփէ փոթերով ակօսուած իր ճակատը եւ դառն անձնազոհութեամբ կ'արտասանէ.

- Ռուսը թող արհամարհէ մեզ: Սակայն եթէ բան մը պատահի` կուրծքով պիտի պաշտպանէ մեր սահմանը խուժած ոսոխին դէմ:

Հոս է, որ չեմ կրնար ծածկել յուսախաբութիւնս ու կ'ըսեմ.- Ուրեմն անկեղծ չէի՞նք մինչեւ հիմա... Ուրեմն քաղաքական շա՞հն էր, որ Հայ Պլպուլին երգել կու տար Ռուս Վարդին սէրը: Կը ցաւիմ, բարեկամ, Վարդը պիտի չփոխադարձէ մեր նուիրումը, քանի որ այս կէտին վրայ մենք բարեսիրտ մշակը չենք, այլ մեծ մօրս գիրքին մէջ յիշատակուած նենգամիտ վաճառականը` մեր շահերով ու ակնկալութիւններով...

Ենովք Լազեան

Փարիզ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter