«Օրերը սեւ են, դագաղները ճերմակ»
Մանուէլ Քէշիշեան
Բան չմնաց գրելիք:
Բան չմնաց գրելիք որովհետեւ այսօրուան զոհերուն կորուստը անցեալ շաբաթ սգացած էինք, դեռ ամիսներ առաջ, տարիներ առաջ սգացած էինք մեր նախորդ զոհերուն հետ, վաղուան եւ յաջորդելիք օրերու զոհերուն ալ մահը արդէն շատոնց սգացած ենք... առաջին զոհերուն հետ...
Բայց սուգը կարծես անվերջ է, ու օրերը առաւել գորշ գոյն կը ստանա, ինչպէս մատնանշեց այսօրուայ հրաժեշտին խօսք առնող քահանայ հայրը.- Օրերը սեւ են, դագաղները ճերմակ...
Այո՛ դագաղները ճեփ-ճերմակ են, սպիտակ, ձիւնասպիտակ, ինչպէս որ մեր ժողովուրդի՝ հայ ազգի հաւաքական հոգու սպիտակութիւնը կ'արտացոլէ, որ կազմուած է մեր շուտ ոգեւորուող, շուտ հիասթափուող, վերստին հաւատացող եւ միշտ կրկին ու կրկին ապրիլ տենչացող հայ անհատներու մանկունակ հոգիներու միացումէն:
Այսօր Հալէպահայութիւնը հրաժեշտ տուաւ իր զաւակներէն երեքին: Չեմ հասկնար ինչո՞ւ կ'ըսեմ հրաժեշտ տուաւ... մենք այսօր հողին յանձնեցինք երեք հայի մարմիններ, անոնց հետ նաեւ մենք թաղուեցանք. այս է դառն իրականութիւնը, եւ որքան ալ դառն ըլլայ այս իրականութիւնը իրականութիւն ըլլալէ չի՛ դադրիր...
Եկեղեցիներու զանգակներ... լուռ արարողութիւն եւ թաղման արարողութիւնը կատարող քահանայ հայրերու սառած ձայն՝ Հայր մեր, Ի վերին Երուսաղէմ, Տէր Ողորմեա՛
Քանիերո՞րդ թաղում մէկ շաբթուայ մէջ, եւ քանիերո՞րդ անգամ ըլլալով արարողութեան աւարտին պիտի լսենք մեզմէ երբեք չբաժնուող մօր, քրոջ, կնոջ, նշանածի, զաւակի սուր ճիչ, բառեր չպարունակող աղաղակ, որ զոհուած հարազատէն նախ կը պահանջէ չերթալ, չհեռանալ, հողին չհանձնուիլ եւ ապա կը վերածուի գոռոցի, անզուսպ բողոքի.- Ինչո՞ւ.... ինչո՞ւ... ինչո՞ւ...
Այս բազում ինչուները ուղղուած են նախ մարդասպանին, մարդասպանին զէնք տուող կազմակերպութիւններուն, պետութիւններուն, սակայն նախ եւ առաջ տրուած են նաեւ մեզի, մեր կազմակերպութիւններուն, մեր ղեկավարներուն, մեր՝ հայկական պետութեան:
Արարողութիւնները հասած են իրենց աւարտին, բոլորը շուարած վիճակ մը ունին, Գասպարին ի պատիւ Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ, ի պատիւ Մովսէսին Հայ Կաթողիկէ Ս.Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ մարտընկերները կ'երգեն «Ջան ֆետայի»ն, փամփուշտներ կ'արձակեն օդին մէջ.. կանայք ու աղջիկներ կը հեծկլտան տղամարդիկ կը զսպեն իրենց լացը եւ... չեն կրնար, չեն ալ փորձեր թաքցնել իրենց արցունքը, մարտիկ ընկերոջ կորուստը սգացող մարտիկի արցունքը, անոնց ուսերը դողդղան, վեր կ'ելլեն վար կ'իջնեն եւ կը կծկուին, արցունքները կը հոսին, սակայն այս լացը լալկանութիւն չէ, պոռթկում է, անզօրութեան դէմ պոռթկում, ինչպէ՞ս չկրցան պաշտպանել իրենց ընկերները, իրենց ազգակիցները բոլոր, եւ կու լան տղամարդիկ՝ անյայտի դէմ անզօր տղամարդիկ, որոնք սակայն ուխտած են շարունակել սուրբ գործը: Ուխտ մը, որուն թերահաւատօրէն կը վերաբերին շատեր տալով նոյն հարցումը, ինչո՞ւ հոս կը մնանք, ինչո՞ւ մեզ չեն հեռացներ այս դժոխքէն, մինչ ուրիշներ գաղութին գոյութեան ամրօրէն կառչածներ կը զարմանան թէ ինչո՞ւ յատկապէս այս օրերուն յաճախ կը կրկնուին այս հարցումները երբ կը թուի թէ մօտալուտ է պետական զօրքերուն Հալէպին տիրապետումը եւ վտանգի չեզոքացումը: Հարցականներ որոնք չեն վերաբերիր այս հոգիէն արցունք հոսող տղոց, անոնք ուխտած են ի գին իրենց կեանքին պաշտպանել Հալէպահայութիւնը քանի դեռ գոյութիւն ունի գաղութը, մնացածը իրենց գործը չէ, մնացածի մասին թող խորհին ազգին ղեկավարները, որոնցմէ երկուքը այսօր ներկայ էին Շահան Սրբազան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանն ու Պետրոս Արք. Միրիաթեանը, երկու հայ համայնքապետերը միասին կը նախագահէին իմ ներկայ եղածս թաղման երկու արարողութիւններուն եւ.. կը սգային իրենց հօտերու զաւակներուն կորուստը, թերեւս ամէնէն դժբախտը մեր երկու հսկայ առաջնորդներն էին, չէ՞ որ ժողովուրդը իրենց կը նայի, իրենցմէ ուղղութիւն տուող խօսք մը կը սպասէ, եթէ ոչ փրկութե ան միջոց մը ապա հաւաքական որոշում մը կ'ակնկալէ, պատասխանատուութիւն տանձնելու եւ ղեկավարելու իրաւունք կու տայ:
Անձամբ ես կը հաւատամ որ եթէ մեր առաջնորդները որոշում մը առնեն եւ այդ որոշումը գործադրել պահանջեն մեզմէ մենք կը հնազանդինք իրենց, ես, օրինակ նոյնիսկ եթէ հոս մնալու, գաղութը պահպանելու կողմնակից եմ, հակառակ որոշում առնուելու պարագային անվերապահօրէն կը հնազանդիմ:
Մտորումներս կրնան զիս հեռուները տանիլ, սակայն չեն կրնար մոռգնել որ այսօր Հոկտեմբերի 6 է, այն օրերէն մէկը որոնք սեւ են, սեփ-սեւ, իսկ դագաղները ճերմակ են՝ ճեփ-ճերմակ, սպիտակ են, ձիւնասպիտակ:
Հալէպ, 6 Հոտկեմբեր 2016
Լուսանկարը՝ independent.co.uk-ի։
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել