HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հայկական պատմական բնակավայր մը՝ Ֆըլստան

ՍԷՏԱԴ ՈՒԼՈՒԿԱՆԱ

Վա­նի եւ շրջա­կայ­քի մա­սին հա­յոց պատ­մութեան ուղղեալ ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րը միշտ նիւթ կ՚ու­նե­նան լի­ճի արեւմտեան հա­տուա­ծը, առ­հա­սարակ քա­ղաքի կեդ­րո­նը։ Կ՚ան­տե­սուի լի­ճի արեւմտեան ափը, ուր կան Ար­ճէ­շի, Ատիլ­ճէ­վազի նման պատ­մա­կան բնա­կավայ­րեր։ Իբ­­րեւ տե­­ղացի, ու­­զե­­­ցի հա­­սարա­­կու­­թեան ու­­շադրու­­թեան տրա­­մադ­­րել այդ հա­­տուա­­ծի «Ֆըլստան» աւա­­նը։

Հա­­զիւ եօթ կամ ու­­թը տա­­րեկան էի, երբ այն ատեն 90 տա­­րեկան­­նե­­­րով Իս­­մաիլ Պա­­քըշէ լսած էի սար­­սա­­­փելի դրուագ մը։ «Գառ­­նա­­­րած էի Աք­­չը­­­րա գիւ­­ղը, մարդ մը կար, որ շատ կը ծխէր։ Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան օրե­­րուն գլխա­­տեցին այդ մար­­դը, շնչա­­փողը տե­­սայ որ սեփ­­սեւ էր»։ Իս­­մաիլ այս փոր­­ձա­­­ռու­­թիւնը կը պատ­­մէր փաս­­տե­­­լու հա­­մար թէ ծխե­­լը վնա­­սակար է։ Գլխա­­տուած մար­­դու մը պատ­­կե­­­րը սար­­սափ չէր պատ­­ճա­­­ռած իրեն։

Այս յօ­­դուա­­ծը կը ձօ­­նեմ շնչա­­փողը սեփ­­սեւ մար­­դու յի­­շատա­­կին։

Ֆը­­լէ

Քիւրտեր իրենց հետ ապ­­րող, բայց տար­­բեր կրօ­­նի պատ­­կա­­­նող, տար­­բեր լե­­զուով խօ­­սող­­նե­­­րը ֆը­­լէ կ՚անուանեն, քիչ մըն ալ ար­­հա­­­մար­­հա­­­կան կեր­­պով։ Բա­­ռը առա­­ջին ան­­գամ գոր­­ծա­­­ծուած է 1791-ին ծնած քիւրտ բա­­նաս­­տեղծ Մե­­լէ Մեհ­­մուտէ Պե­­զըտիի կող­­մէ, փո­­խարի­­նելով «րի­­յա» կամ «րէայա» բա­­ցատ­­րութեան որ, Օս­­մա­­­նեան բա­­ռամ­­թերքին մէջ կ՚օգ­­տա­­­գոր­­ծուի քա­­ղաքա­­ցիի իմաս­­տով։ Այսպէս Տու­­հոք, Մեր­­տին, Սղերդ, Շըր­­նա­­­խի մէջ ֆը­­լէն քաղ­­դէացի, ասո­­րի, սու­­րիանի կամ հայ է, Չո­­լեմեր­­կի մէջ նաս­­տո­­­րեան, Ամի­­տայի, Բա­­ղէշի, Տա­­րօնի, Վա­­նի, Կա­­րինի մէջ հայ է։ Ար­­դա­­­րեւ մեր նիւթ առած ֆըլստա­­նի մէջ ալ ֆը­­լէ ըսե­­լով միայն հա­­յերուն կ՚ակ­­նարկեն։

Ֆըլստան

Այս բա­­ցատ­­րութիւ­­նը կը նկա­­րագ­­րէ Վա­­նի Ար­­ճէշ, Ակ­­րիի Փատ­­նոց, Բա­­ղէշի Ատիլ­­ճէ­­­վազ գա­­ւառ­­նե­­­րու եւ Վա­­նայ լճի մի­­ջեւ մնա­­ցած տա­­րած­­քը։ Նախ­­քան 1915 բո­­լորո­­վին հա­­յերու բնա­­կած ֆըլստա­­նի այժմու բնա­­կիչ­­նե­­­րը քիւրտեր են, որոնք հոս հաս­­տա­­­տուած են 1920-ին։ Պա­­հելով հին անուանու­­մը, զի­­րենք կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն «Ֆըլստա­­նի ժո­­ղովուրդ» (Խալ­­քէ Ֆըլստա­­նէ) կո­­չու­­մով։

Հին հետ­­քեր

Տա­­րած­­քի բո­­լոր գիւ­­ղե­­­րուն մէջ եկե­­ղեցի­­ներ կա­­յին, նաեւ քա­­նի մը մեծ վան­­քեր։ Այդ վան­­քե­­­րը եւ եկե­­ղեցի­­ները եկուոր­­նե­­­րու կող­­մէ աւե­­րուած, քա­­րերը այլ շի­­նու­­թիւննե­­րու հա­­մար թա­­լանուած են։ Իմ տե­­սակ­­ցած գիւ­­ղա­­­ցինե­­րէն Էյուպ Պար­­քը­­­շի վկա­­յու­­թիւննե­­րով աւե­­րուած աղօ­­թատե­­ղինե­­րը աւե­­լի ետք քիւրտե­­րու կող­­մէ ալ ուխտա­­վայր հա­­մարուած է։ Նմա­­նապէս գե­­րեզ­­մաննե­­րը, որոնք գիւ­­ղե­­­րու մօ­­տակայ­­քը կը գտնուէին եւ անոնցմէ ոմանք մին­­չեւ 2000-ական տա­­րեթի­­ւերու սկիզ­­բը իրենց գո­­յու­­թիւնը պա­­հած։ Եր­­բեմն քա­­նի մեթր բարձրու­­թեան հաս­­նող խաչ­­քա­­­րերը այ­­սօր աւե­­րուած են եւ վնա­­սուած։

Ֆըլստա­­նի ճար­­տա­­­րապե­­տու­­թիւնը, մշա­­կու­­թա­­­յին եւ տնտե­­սական կեան­­քը հա­­յոց ժա­­մանակ

Հա­­յոց շի­­նու­­թիւննե­­րը պարզ էին եւ գոր­­ծա­­­ծական։ Հիմ­­նա­­­կան շի­­նանիւ­­թը Սի­­փան սա­­րի լա­­ւային մուգ քա­­րերն էին։ Միասենեակա­­նի բնա­­կարան­­նե­­­րը քա­­ռակու­­սի կամ ուղղան­­կիւն քա­­ռան­­կիւն յա­­տակա­­գիծով ու գմբէ­­թաւոր էին։ Պա­­տերու վրայ լու­­սա­­­մուտներ չկա­­յին։ Գմբէ­­թի ծխնե­­լոյզնե­­րը թէ լու­­սա­­­ւորու­­թեան կը ծա­­ռայէին եւ թէ օդա­­փոխու­­թեան։ Կող­­քի պա­­տերու մին­­չեւ կէ­­սը հո­­ղին թա­­ղուած էր եւ դէ­­պի դրան մուտքը կը բարձրա­­նային։ Կո­­նաձեւ գմբ­էթը կը նստէր գե­­րանի վրայ ու Վա­­նայ լճի ափե­­րէն բե­­րուած եղէգ­­նե­­­րով կը ծած­­կուէր տա­­նիքը։ Բո­­լոր տու­­նե­­­րը օժ­­տուած էին թո­­նիրով, որ թէ ջե­­ռուցման կը ծա­­ռայէր եւ թէ եփե­­լու։ Յա­­ճախ նոյն բա­­կի մէջ կը գտնուին մա­­ռանն ու գո­­մը։ Գո­­մի յետ­­նա­­­մասին կար նաեւ թառ կո­­չուած հաւ­­նո­­­ցը, ուր կը պա­­հուէին սա­­գերն ու բա­­դերը։

Վա­­նայ լճի հա­­րեւա­­նու­­թեամբ տա­­րած­­քը ջրա­­ռատ է։ Քա­­նի մը մեթր խո­­րու­­թեան մէջ կա­­րելի է հան­­դի­­­պիլ ստո­­րերկրեայ ջու­­րի ակի մը։ Այս պատ­­ճա­­­ռաւ ալ դաշ­­տը յար­­մար է հո­­ղամ­­շակման։ Բո­­լոր տու­­նե­­­րը ու­­նէին իրենց ջրհոր­­նե­­­րը։ Հա­­յոց շրջա­­նին Ֆըլստան Վա­­նի եւ Բա­­ղէշի հա­­մար ցո­­րենի շտե­­մարան մըն էր։ 1838-ին Ատիլ­­ճէ­­­վազի ճամ­­բուն վրայ Ֆըլստա­­նէն անցնող Անգլիոյ Կա­­րինի հիւ­­պա­­­տոս Ճէյմս Պրէնտ կը նշէ հո­­ղագոր­­ծութեան զար­­գա­­­ցած դրու­­թիւննե­­րը եւ ար­­տադրուած ց­որենի բարձր որա­­կը։ Նման հաս­­տա­­­տումներ ու­­նե­­­ցած է նաեւ զօ­­րավար Մա­­յէվսքի։ Ցորենի եւ գա­­րիի ար­­տե­­­րուն մէջ իբ­­րեւ պա­­րար­­տա­­­ցու­­ցիչ աղբ կ՚օգ­­տա­­­գոր­­ծուէր թրիքն ու թոն­­րի մո­­խիրը։ Ֆըլստան նշա­­նաւոր էր նաեւ մեղ­­րի ար­­տադրու­­թիւնով։ Քրտա­­գէտ Ճե­­լիլէ Ճե­­լիլ հայ­­կա­­­կան աղ­­բիւրնե­­րուն յե­­նելով կը պատ­­մէ Առ­­չի­­­րա եւ Գա­­րա Գէ­­շիշ գիւ­­ղե­­­րու մէջ մեղ­­րի ար­­տադրու­­թիւնը։ Իսկ Էյուպ Պար­­քըշ իր հօր պա­­տումնե­­րէն կը յայտնէ թէ քիւրտե­­րը նիւ­­թին ան­­տե­­­ղեակ ըլ­­լա­­­լով չեն կրցած շա­­րու­­նա­­­կել մե­­ղուա­­բու­­ծութիւ­­նը։ Լի­­ճի ափին ըն­­դարձակ մար­­գա­­­գետին­­նե­­­րու շնոր­­հիւ զար­­գա­­­ցած էր անաս­­նա­­­պահու­­թիւնը։ Զար­­գա­­­ցած էր նաեւ ձկնոր­­սութիւ­­նը։ Միայն Վա­­նայ լճի մէջ աճող «Տա­­րեխ»ը պա­­հածո­­յացուած կամ մխե­­ցուած կեր­­պով կը վա­­ճառուէր հե­­ռաւոր վայ­­րեր։

Ար­­ճե­­­շի խա­­ղողի պատ­­մութիւ­­նը կը հաս­­նի մին­­չեւ Ու­­րարտա­­կան շրջան։ Բաղ­­դատմամբ ծո­­վափի, աւե­­լի քար­­քա­­­րոտ տա­­րածք մը ու­­նե­­­ցող Գան­­ձակ, Բա­­նոն, Ան­­ցաւ, Թի­­լան, Ակսրավ, Թոնտրաս, Մոյ, Գուրգուզ, Ճոտ­­կախ, Տէյր, Ար­­մի­­­ցոկ գիւ­­ղե­­­րու մէջ ար­­տադրուած խա­­ղողէն ըն­­տիր գի­­նիներ կը պատ­­րաստուէին։ Նոյնպէս տա­­րած­­քը լե­­ցուն էր խնձո­­րենի­­ներով ու ծի­­րանի ծա­­ռերով։

Լի­­ճի ափին բնա­­կող­­ներ Վա­­նայ լի­­ճի սո­­տա պա­­րու­­նա­­­կող ջու­­րը շո­­գիաց­­նե­­­լով կը պատ­­րաստէին յա­­տուկ օճառ մը, որուն գլխա­­ւոր գնորդն էին քիւրտե­­րը։

Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան նա­­խօրէին քիւրտե­­րու հետ ամուր տնտե­­սական եւ ըն­­կե­­­րային յա­­րաբե­­րու­­թիւններ մշա­­կող հա­­յերը իրենց մայ­­րե­­­նիին զու­­գա­­­հեռ, լաւ կը տի­­րապե­­տէին քրտե­­րէնի քըր­­մանճ բար­­բա­­­ռին։

Ֆըլստա­­նը պատ­­մութեան ընդմէ­­ջէն

Ինչպէս ամ­­բողջ Վա­­նայ տա­­րած­­քին, Ֆըլստան ալ մին­­չեւ 1071 կ՚իշ­­խէին Վաս­­պուրա­­կանի իշ­­խաննե­­րը։ Այդ թուակա­­նէն ետք կը սկսի Սել­­ջուկեան թուրքե­­րու գրա­­ւու­­մը, որուն կը յա­­ջոր­­դէ Ահ­­լաթշա­­հերու եւ Գա­­րագո­­յունլու­­նե­­­րու իշ­­խա­­­նու­­թիւնը։ Այս վեր­­ջիննե­­րուն տի­­րապե­­տու­­թեան թու­­լա­­­ցու­­մով նախ Պիթ­­լի­­­սի մի­­րը Շեմ­­սէտտին, ապա Չո­­լեմեր­­կի իշ­­խան Իզ­­զետտին Բ. Եւ 1500-ական տա­­րեթի­­ւերուն սկիզբն ալ Սա­­ֆաւեան իշ­­խա­­­նու­­թեան մատ­­նուած Ֆըլստան 1534-ին կը մտնէ Օս­­մա­­­նեան տի­­րապե­­տու­­թեան։ Սա­­կայն Ֆըլստան մին­­չեւ ԺԹ դա­­րու սկիզբնե­­րը չէ են­­թարկուած քրտա­­կան իշ­­խաննե­­րուն։ Բայց մին­­չեւ Ի դա­­րու սկիզբնե­­րուն, միշտ են­­թարկուած է քիւրտե­­րու աւա­­զակու­­թեան եւ թա­­լան­­նե­­­րուն։

Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն

Ար­­ճէշ, Ատիլ­­ճե­­­ւազ եւ Փատ­­նո­­­ցի եռան­­կիւնը Հայ­­տա­­­րան աշի­­րաթի իրա­­րու հետ մրցման մէջ եղող երեք եղ­­բօ­­­րոր­­դի­­­ներու, Քէօր Հիւ­­սէ­­­յին Փա­­շա, Թէ­­մուր Փա­­շա եւ Էմին Փա­­շայի իշ­­խա­­­նու­­թեան են­­թա­­­կայ էր։ Անոնցմէ առա­­ջինը յա­­ջողե­­ցաւ միւսնե­­րուն վրայ իր գե­­րիշ­­խա­­­նու­­թիւնը պար­­տադրել։ Այսպէս Ֆըլստա­­նի հա­­յերը Վա­­նի կու­­սա­­­կալի կող­­քին կը պար­­տա­­­ւորուին Քէօր Հիւ­­սէ­­­յին Փա­­շային ալ հարկ տա­­լու։ Շրջա­­նի հա­­յերը այսպէ­­սով, թէ կը սնան­­կա­­­նան եւ թէ կը տա­­ռապին վայ­­րագ կո­­ղոպուտնե­­րուն դի­­մաց։ Կը յափշտա­­կուին դի­­մադ­­րողնե­­րու ոչ­­խարնե­­րու հո­­տերը, կը հրկի­­զուին ցո­­րենի ար­­տե­­­րը։

Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թե­­­նէ ետք Հայ­­տե­­­րան աշի­­րաթի քիւրտե­­րը, որոնք մաս կազ­­մած էին նաեւ Հա­­միտեան գունդե­­րուն, կը հաս­­տա­­­տուին Ֆըլստա­­նի մէջ։ Հա­­զիւ 15 տա­­րի անց պե­­տու­­թեան կող­­մէ կը կո­­տորուին Ակ­րիի ապստամ­բութեան մի­ջոցին Ար­ճէ­շի պա­շար­ման օգ­նած ըլ­լա­լու պատ­ճա­ռաւ։ Վե­րապ­րածնե­րը կ՚աք­սո­րուին դէ­պի արեւմտեան քա­ղաք­ներ։ Այս բո­լորը անգամ մը եւս յիշել կու տան հայու մը կողմէ քիւրտի մը ուղղեալ «Էմ թաղթէ նէ հըն շիվ ին» (մենք նախաճաշ էինք, դուք ընթրիք կը դառնաք) խօսքը։

Ակօս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter