HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մէկ երկու խօսք Սահակ Սրբազանին

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ[email protected]

Սիրելի Սրբազան,

Շատեր թե­րեւս չկա­րենան հասկնալ այն կապն ու մտեր­մութիւ­նը, զոր կը միաց­նէ մեզ՝ քեզ ու զիս, ինչպէս նաեւ ին­ծի նման խումբ մը մար­դի­կը, որոնք այ­սօր թէեւ ցրուած են քա­ղաքիս տար­բեր արուար­ձաննե­րը, հե­ռացած են թե­րեւս եկե­ղեց­ւոյ ան­մի­ջական շրջա­նակէն, սա­կայն վստա­հաբար առանց շշու­կի կը հե­տեւին բո­լոր պա­տահար­նե­րուն, առա­ւել եւս՝ վեր­ջին զար­գա­ցումնե­րուն։ Շուրջ 35 տա­րի առաջ, երբ մեր մա­նուկ քայ­լե­րը մեզ կ՚առաջ­նորդէին Քնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեցին, հոն քեզ է որ կը տես­նէին մեր աչ­քե­րը։ Պար­տէ­զին մէջ տաս­նեակ մա­նուկներ, պա­տանի­ներ քու առաջ­նորդու­թեամբ կը մօ­տենա­յին եկե­ղեցիին, կը ծա­նօթա­նային անոր հա­րազատ ու աւան­դա­կան մի­ջավայ­րին։ Դուն մեզ­մէ աւե­լի բախ­տա­ւոր էիր. տա­րիքիդ բեր­մամբ աւե­լի վաղ մուտք գոր­ծած էիր հոն, շնչած էիր այդ մի­ջավայ­րը, որ ստեղ­ծուած էր Շնորհք Պատ­րիար­քով քիչ մը եւ շատ մըն ալ Մես­րոպ Աբե­ղայով, որ ան­ծա­նօթ վայ­րէ մը դեռ նոր հա­սած Մար­մա­րայի այդ չքնաղ կղզին՝ կը փոր­ձէր նոր շար­ժում մը յա­ռաջ բե­րել։

Հե­տագայ տա­րինե­րը քեզ ու զիս, ու մեզ, այդ շրջա­նակին մէջ գտնուող մա­նուկնե­րը, պա­տանի­ները, երի­տասարդնե­րը, տա­րաւ տար­բեր վայ­րեր, բայց եւ այնպէս, այդ երա­նելի օրե­րու անուշ բոյ­րով օծուած մեր կեան­քե­րը ան­տե­սանե­լի օղակ­նե­րով կա­պուած են իրա­րու։ Այ­լա­պէս ինչպէ՞ս պի­տի կրնա­յինք տաս­նա­մեակ­ներ անց վերստին մենք մեզ գտնել Երե­ւանի կամ Պոլ­սոյ մէջ սե­ղանի մը շուրջ ճա­շելու ժա­մանակ, Գէոր­գեան Ճե­մարա­նի սե­նեակ­նե­րէն ներս եր­բեմն ալ, ինչպէ՞ս պի­տի բա­նայինք մեր սրտե­րը մտեր­մութեամբ ու քաղցրու­թեամբ խօ­սելու ան­ցած օրե­րէն, դժգո­հելու նաեւ ներ­կա­յէն, խոր­հուրդներ տա­լու սա կամ նա հար­ցին շուրջ կամ քննա­դատե­լու Մես­րոպ Սրբա­զանը, որ սկզբնա­պատ­ճառներն էր մեր աճու­մին, սա­կայն նաեւ աղ­բիւրը մեր բար­կութիւննե­րուն՝ հե­տագա­յի իր ըն­թացքով (ո՞վ գի­տէ, իր հի­ւան­դութիւնն էր թե­րեւս մե­ղաւո­րը)։

Եւ, սրբա­զա՛ն, մեր ամէ­նէն երէցն էիր, օրի­նակ էիր մե­զի, առա­ջինն էիր որ քա­հանա­յական ձեռ­նադրու­թիւն ու վե­ղար ստա­ցար (շատ լաւ կը յի­շեմ այդ օրը, խո­րանին վրայ քշո­ցակիր էի), մեր հպար­տութիւնն էիր, մեր՝ որ Քնա­լըի այդ պզտիկ կղզիէն ամ­բողջ Պո­լիսը մեզ­մով լեց­նե­լու ելած էինք։ Քու յա­ջողու­թիւնդ՝ մերն էր, քեզ­մով մենք կը ցնծա­յինք նաեւ...

Ի՞նչ պէտք խօս­քը եր­կա­րելու, երբ պի­տի չփո­խուի իր ուղղու­թիւնը։ Եպիս­կո­պոս ձեռ­նադրու­թեանդ պա­րագա­ները յի­շեց­նե­լու հար­կին տակ կը զգամ ինքզինքս։ 2008-ին, երբ նոր հան­րութեան յայ­տա­րարուած էր Մես­րոպ Սրբա­զանի անո­ղոք հի­ւան­դութեան մա­սին, Գա­րեգին Բ Կա­թողի­կոսը, տե­ղին կար­գադրու­թեամբ մը, թե­րեւս առանց սպա­սելու Պո­լիսէն գա­լիք դի­մու­մի մը, թե­րեւս սպասցնե­լով եր­կու այլ թեկ­նա­ծուի հա­մար եղած դի­մումնե­րը, զուտ կա­թողի­կոսա­կան իշ­խա­նու­թեանը ապա­ւինե­լով քեզ կը ձեռ­նադրէր եպիս­կո­պոս։ «Սա­հակ Եպիս­կո­պոսն ալ թող ըլ­լայ մեր թեկ­նա­ծուն», ըսած էր կա­թողի­կոսը անձնա­կան զրոյ­ցի մը ժա­մանակ։ Չը­սէր իսկ՝ այդ պայ­մաննե­րու տակ կա­տարուած եպիս­կո­պոսա­կան ձեռ­նադրու­թեան այլ իմաստ մը վե­րագ­րել ան­կա­րելի էր։ Եւ, հա­ւատա՛ սրբա­զան, մենք այդ թուակա­նէն սկսեալ մին­չեւ այ­սօր, ար­ժա­նաւոր այլ թեկ­նա­ծու մը չու­նե­ցանք մեր միտ­քե­րուն մէջ, քան քեզ։ Գոր­ծը, որ Մես­րոպ Սրբա­զանով սկսած էր, ո՞վ կրնար աւե­լի ար­դիւնա­ւէտ կեր­պով շա­րու­նա­կել քեզ­մէ բա­ցի։ Ո՞վ կրնար շարժման ան­ցը­նել, խան­դա­վառել, ոգե­ւորել երի­տասարդնե­րը, մա­տաղ սե­րունդը, եթէ ոչ դուն, որ քա­րոզե­լու, պատ­մե­լու, խօ­սելու անօ­րինակ տա­ղան­դովդ ար­դէն իսկ գրա­ւած էիր նոյ­նիսկ քեզ չճանչցող, կամ ճանչցող սա­կայն թե­րահա­ւատու­թեամբ քե­զի մօ­տեցող մար­դոց սիր­տերն ու հո­գինե­րը։

Սի­րելի սրբա­զան,

Նա­մակդ պոռթկում մըն էր։ Կը մատ­նանշես կէ­տեր, որոնք յայտնի էին ար­դէն շա­տերուն, սա­կայն քեզ­մով հաս­տա­տուե­ցան։ Մա­մու­լէն հե­տեւե­ցայ նաեւ ՎԱ­ՏԻՓ-ի ելոյ­թիդ։ Սա­կայն կը կար­ծե՞ս որ բա­ներ մը պի­տի կա­րենան փո­խել։ Ես խիստ կաս­կա­ծող եմ, սի­րելի սրբա­զան։ Մինչ աթո­ռը ապօ­րինա­բար գրա­ւած Աթէ­շեանը զա­նազան­նե­րու անու­նով կնքեալ շքան­շաննե­րով կը գրա­ւէ նաեւ հա­մայնքիս բա­րերար­նե­րը, որոնք ո՛չ մէկ առար­կութիւն կ՚ու­նե­նան, ծպտուն իսկ չեն հա­ներ, կամ նոյն այդ Վա­տիփին մար­դի­կը երբ կը մա­շեց­նեն նա­խագա­հին դու­ռը՝ կը կար­ծե՞ս որ լուրջի պի­տի առ­նուին ըսած­ներդ կամ անոնք պի­տի ու­զե՞ն ար­դեօք ընդդի­մանալ իրենց իսկ մեղ­սակցու­թեամբ ստեղ­ծուած այս վի­ճակին։ Ազ­նիւ ու ան­կեղծ խօս­քերդ ձայն բար­բա­ռոյ յա­նապա­տի պի­տի չմնա՞ն մի­թէ, սի­րելի բա­րեկամ... Երբ այսպէս է կարգն աշ­խարհի՝ օձե­րու պէս խո­րագէտ ու աղաւ­նի­ներու նման միամիտ գոր­ծել հարկ չէ՞։

Շատ լաւ կը յի­շեմ 1990-ի պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան նա­խօրէն։ Մես­րոպ սրբա­զանը տա­կաւին չէր ամ­բողջա­ցու­ցած 35 տա­րեկա­նը ու այդ ժա­մանա­կուան աթէ­շեան­նե­րը հա­զար ու մի խնդիր­ներ կը յա­րու­ցէին։ Քնա­լըի հո­վուա­տու­նը մե­ղուա­բոյն մըն էր։ Մենք՝ պա­տանի­ներս ու երի­տասարդներս թռու­ցիկներ կը բաժ­նէինք Պոլ­սոյ զա­նազան թա­ղերուն մէջ՝ Հի­սարէն մին­չեւ Թոփ­քա­փու, մինչ Մես­րոպ Սրբա­զանը ճա­կատ յար­դա­րած ամէն օր քննար­կումնե­րու մէջ էր։ Իր շուրջին­նե­րը ամե­նազօ­րաւոր­նե­րը չէին, իշ­խաննե­րը չէին թէեւ, սա­կայն որակ մը սկսած էինք կազ­մել օրէ օր։ Մա­մու­լին ցե­խար­ձա­կումներն ալ չէին դադ­րեր։ Եւ օր մըն ալ Ս. Փրկի­չին ատե­նապե­տը՝ հան­գուցեալ Փի­լօ Աթան եկած էր հո­վուա­տուն։ Իր այ­ցե­լու­թիւննե­րը հետզհե­տէ շա­րու­նա­կական դար­ձած էին։ 14 տա­րեկան պա­տանի մըն էի ու ան­շուշտ չեմ գի­տեր թէ ին­չեր խօ­սուած էին, սա­կայն գի­տէի որ Աթա­նին ներ­կա­յու­թիւնը մեծ յաղ­թա­նակ մը նկա­տուած էր։ 1998-ին ալ նոյ­նը չէ՞ր պատ­կե­րը։ Գի­շերա­յին քա­նի՞ ժո­ղով­ներ տե­ղի ու­նե­ցան ար­դեօք պատ­րիար­քա­րանին մէջ, որոնցմէ մէ­կուն ես ալ մաս­նակցած էի։

Կը գան­գա­տիս, սրբա­զա՛ն, թէ քեզ առան­ձին թո­ղած են։ Որո՞նք էին հետդ։ Ճա­կա՞տ մը ստեղ­ծած էիր ար­դեօք, պայ­քար մը կա՞ր, մին­չեւ լոյս խորհրդակ­ցութիւննե՞ր կ՚ըլ­լա­յին բնա­կարա­նիդ մէջ որ յան­կարծ քու կողմդ գրաւուած հո­գեւո­րական­նե­րը, թա­ղական­նե­րը, հե­ղինա­կու­թիւննե­րը, լրագ­րողնե­րը լքե­ցին քեզ։ Կրօ­նական ժո­ղովի ատե­նապետն ըլ­լա­լով հան­դերձ ինչպէ՞ս եղաւ որ չկրցար, սի­րելի՛ սրբա­զան, պա­ռակ­տում մը ստեղ­ծել, քու կողմդ գրա­ւել կամ տար­բեր կար­ծիքներ յա­ռաջաց­նել նոյ­նիսկ այնտեղ։

Ինչպէ՞ս պէտք է մա­քառիլ սթա­թիւ­քո­յին դէմ։ Պա­տաս­խա­նը, կար­ծեմ, կա­րելի է գտնել մեր ու­սուցչին՝ Մես­րոպ Սրբա­զանին կեն­սագրու­թեան մէջ։ Արա­մին դէմ երբ այսքան մեծ ընդդի­մու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նի եւ եթէ այդ ընդդի­մու­թիւնը կա­րելի չէ եղած կազ­մա­կեր­պել ու ուղղել նպա­տակի մը՝ կար­ծեմ մե­ղադ­րե­լին անոնք են, որոնք կրնա­յին ու չկրցան հա­մախմբել այդ ընդդի­մու­թեան կա­րողու­թիւննե­րը։

Եր­թա­լու, կեանքդ աւե­լի իմաս­տա­լից զբա­ղումնե­րու տրա­մադ­րե­լու մա­սին կը խօ­սիս հրա­ժարա­կան-նա­մակիդ մէջ։ Իրա­ւունքդ է, ան­շուշտ։ Բայց որ­պէս եպիս­կո­պոս, որ­պէս եկե­ղեց­ւոյ իշ­խան, որ­պէս հա­մայնքի մը պա­տաս­խա­նատու՝ որ­քա՞ն ճիշդ պի­տի ըլ­լայ նման լքում մը։ Մա­նաւանդ երբ քու մեկ­նումովդ առան­ձին պի­տի մնանք կի­զիչ աթե­շին հետ՝ մեր ձեռ­քե­րը հոն խո­թել փոր­ձե­լով առանց մա­շայի։ Թա­ղական մը չես, որ­պէսզի տեղդ տաս­նեակ­նե­րով մարդ թեկ­նա­ծու ըլ­լայ, այլ ... եպիս­կո­պոս մը, լա՛ւ պատ­րաստուած, ճիշդ այս օրե­րուն հա­մար թե­րեւս պատ­րաստուած մէ­կը...

Հուսկ... Մար­դիկ ժո­ղովուրդի մա­սին ըսածդ սխալ տե­ղեր պի­տի տա­նին, կը տա­նին ալ։ Բայց, սրբա­զա՛ն, դուն ժո­ղովուրդն իսկ չե՞ս։ Սի­նոպ­ցի ըն­տա­նիքի մը զա­ւակ, ծնած Պո­լիս, մայ­րե­նին՝ թրքե­րէնը տղայ մը չէի՞ր, երբ Շնորհք Պատ­րիար­քը կամ Մես­րոպ Աբե­ղան դպաւ քեզ... Հա­յերէ­նով եռա­հատոր վէպ գրե­ցիր դուն, սրբա­զա՛ն, Երու­սա­ղէմի Թարգման­չա­ցին, Մայր Աթո­ռի Գէոր­գեանին տե­սուչ դար­ձար։ Ժո­ղովուրդը եպիս­կո­պոս եղեր եկե­ղեցիով կը զբա­ղի ահա... Ժո­ղովուրդը զայն բարձ ի թո­ղի կը լքէ միայն քո՛ւ լքու­մովդ, հա­ւատա՛...

Սի­րով...

Ակոս

Մեկնաբանություններ (1)

Վալյա
Լավ էդ արամ կոչվածը այդքան զորեղ է,թե մեր եկեղեցականներն են այդքան անթասիբ ու նվաստ?

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter