Թուրքիոյ հայերու նամակը Գարեգին Բ․-ին
Փետրուարի 23-ին Հայաստան՝ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Համայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․-ի գլխավորութիւնով հանդիպում մը պիտի կատարուի։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի ընտրություններու շուրջ կայանալիք հանդիպումէն առաջ Թուրքիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները Գարեգին Բ․-ին բաց նամակ յղած են։
Նամակին Թուրքիոյ հայերը Գարեգին Բ․-էն կը խնդրեն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի Գլխաւոր Փոխանորդ Արամ Աթէշեանի հրաժարականը պահանջել։
Նամակը ստորև՝
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Սրբազան Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց
Լման ութը տարի թափուր է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական աթոռը: Եկեղեցւոյ ու համայնքի կարգ մը անձեր, իրենց անհատական հաշիւներով յետաձգեցին ընտրութիւնը։ Այս երեւոյթը աւելի քան հինգ հազար ստորագրութիւններ պարունակող նամակով մը յանձնած էինք ձեր ուշադրութեան։ Ափսոս որ Մայր Աթոռէն ցարդ պատասխան մը չենք ստացած։
Անցնող ութը տարիներու ընթացքին բազմաթիւ բացասական դէպքեր պատահեցան։ Ի դէմ մեր աւանդութեան, պետութեան ձեռքով փոխանորդ նշանակուած Արամ Արք. Աթէշեան Սրբազան, ժողովուրդին կամքէն անկախ եւ անպատասխանատու կերպով կը գործէ պատրիարքի իրաւասնութեամբ։ Առաջնորդի յատկութենէն զուրկ Արամ Սրբազան դժբախտաբար 1915 թիւի ցեղասպանութեան զոհերը անտեսած, այդ կսկիծը սրտին խորքերը զգացող եւ իրողութիւնը ընդմիշտ աղաղակողներուն հոգիներուն մէջ խոր վէրքեր թողած է։ Մեր միակ մխիթարութիւնը կը մնայ տեսնել թէ անձնատուր այս կեցուածքով հանդերձ Ապրիլ 24-եան յիշատակումներ կայացած են Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ:
Պատրիարքարանը՝ որ խնդիրներու լուծման վայրն է, ինք դարձած է խնդրայարոյց։ Հոգեւորականները չեն յաջողած ճնշումներուն դիմադրելու եւ դարձած են գործուած սխալներու մեղսակիցը։
Իբր հետեւանք հայ համայնքի կապը տկարացած է իր եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Հովիւէ զուրկ եկեղեցւոյ համայնքը օրըստօրէ կը հալի։ Ի վերջոյ համբերութեան բաժակը յորդած է ու մարդիկ սկսած են պատրիարքարանի դրան առջեւ բողոքի ցոյցեր կատարել։
Վեհափառ Տէր Բազում փորձանքներէ ետք հասած ենք Պատրիարքական ընտրութեան սեմին։ Գիտենք թէ ոմանք այս հանգրուանին ալ պիտի փորձեն ընտրութիւնը խաթարել, բայց մենք վճռակամ ենք: Կը գիտակցինք թէ ընտրեալ Պատրիարքը միայն եկեղեցւոյ առաջնորդը չէ, այլ նաեւ պետութեան դիմաց Թուրքիոյ հայոց ներկայացուցիչը:
Մեր եկեղեցւոյ առկայ տարակարծութեան խնդրին մէջ (հոգ չէ թէ ուշացած) ձեր հայրական միջամտութիւնը գոհունակութեամբ կ՚ողջունենք:
Մենք՝ Թուրքիոյ հայերս որոշած ենք սեփական խնդիրները սեփական կամքով լուծելու։ Յանուն պատրիարքական ընտրութեան արդար ու թափանցիկ կայացման, կը խնդրենք որ թելադրէք Արամ Սրբազանի փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարումը եւ եկեղեցւոյ ու հոգեւորականաց իրենց աւանդական պարտականութիւնները կատարելէ ետք ժողովուրդին կամքը չէզոքութեամբ ընդունին։ Անգամ մը եւս շեշտենք. մենք ոչ թէ եկեղեցական համայնքը գլխաւորող հոգեւորական մը, այլ ամբողջ հայ հասարակութիւնը պետութեան եւ օրէնքներու դիմաց ներկայացնող առաջնորդ մը կ՚ընտրենք։ Մտահոգուելով եւ խնդիրները լուծելու ջանքով խրախուսած էք մեզ։
Որդիական Սիրով՝
Տիգրան Ալթուն, Նազարէթ Պինաթլը, Բժիշկ Աւետիս Տէմիր, Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու, Կարօ Քաբրիէլեան, Դալար Հիսարլը Հորոզօղլու, Լուիզ Ալաչամ, Տոքթ. Ադամ Սարգիս, Նաթալի Պըլտըրճըն, Արփինէ Չիզմէճիեան, Կարպիս Էվեափան, Հրաչեայ Սուրէն, Նուարդ Պաքըրճըօղլու, Էլիզապետ Փէյնիրճի, Սուզան Սուզի, Սարգիս Քիչիկ, Արէն Տատըր եւ այլք։
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել