HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Կարպիս Ճանճիկեան. Յոբելիան չունեցող բանաստեղծը

75 տարի

Ծառայեց քաղաքին

Փողոցները աւլեց

Մեռաւ առանց յոբելիանի

Կ. Ճանճիկեան 

Առանց Յոբելիանի մեռաւ նաեւ Կարպիս Ճանճիկեանը որ պոլսահայ բանաստեղծութեան նոր էջը դարձնելու եւ յանդգնութեամբ գրելու համար էր  ճամբայ եալած: Չափսոսաց. ոչ ոքի մօտ չլացաւ, դժգոհ չեղաւ իրեն տնօրինուած ճակատագրէն, բաժակը խմեց ցմրուր ու հեռացաւ այս աշխարհէն: Բանաստեղծացաւ ան, իր անունը փորագրելով  մեր ժամանակին մէջ, դառնալով մեր գրականութեան  արժէքաւոր աստղերէն մին: Աստղ որ կարիք չունի բեմական միմոսութիւններու, ոչ տուրք ոչ շքեղ պարգեւներ, ոչ տոմար եւ ոչ մետալ  ամրացուց իր կուրծքին:

Այս բոլորը ոչինչ կը նշանակէին բանաստեղծին համար. Այս բոլորը կուգան սուտ հովերով, կը տրուին սուտ ածականներով, սուտ ու փուճ լոյսերու տակ:Մնայունը այն բանաստեղծութեան ոգին է որմէ սնուեցաւ, եւ որուն դարիւ- դարիւ ճանապարհներուն մէջ, փորձեց գտնել իր ձայնը, փորձեց նկարել իր դէմքը փորձեց տեղադրել իր գոն ...

Կարպիս ճանճիկեան կ'արժէ գրել քու մասին որովհետեւ չեղար պալատական երգիչ կամ ձրիօրէն խաբուող գուսան: Կեղծ արժէքներով նաւարկել փորձող սինլքոր ...

Վսեմական էիր օրէն, այն մեծերուն պէս որ քեզմէն  առաջ ու քու նման քալեցին Պոլսոյ խորտուբորտ ճանապարհներէն ....   

......

Ես գիտէի որ հոն Մեծարենցէն ե Դուրեանէն յետոյ, կար մէկը որ իր ուսերուն բեռցուցած էր նոր բանաստեղծութիւն մը գրելու բեռը: Անոր անունին ծանօթ էի միայն այն ալ իմ  նախկին Պոլսեցի Ուսուցչիս՝ Գ. Միքայէլեանի միջոցաւ: Անոր մասին  պարոնս միշտ ակնածանքով էր խօսած:Տեսակ մը կտրուած ու վիրաւոր սիրտով, իր վաղահաս մահուան պատճառով հաւանաբար: Հոն Պալըքլիի գերեզմանատան մէջ կը հանգչին ոսկորները Կարպիս Ճանճիկեանին , որուն մասին կարդալու եւ աւելի մօտէն  ճանչնալու առիթը ունեցայ վերջերս միայն: 

Պալըքլիի ճանապարհ երկար տեւեց այդ օր, տխուր բայց մեղմ անձրեւ էր սկիզբը ու գերեզմանատուն հասցնող ճանապարհը շատ էր բանաստեղծական: Սկիզբը այնպէս էր պիտի ծաղիկներ առնէինք, դուրս  կանգնած թխադէմ եւ ոսկեայ ատամներով կիներէն, որոնք գոյնզգոյն վարդերով շորեր էին  հագած, ու  որոնց  մասին ըսած էր Նիկոլը, որ քնչուներ են: Ցիկան էին, Ջինկէնէ էին չեմ գիտեր, բայց կը զգայի որ փող աշխատելու համար, ամէն տեսակ աղաջական հայացքներով կը դիմաւորէին եկողները: Այդպէս  դիմաւորեցին նաեւ մեզ:

Նախ Հրանդ Տինքին կ'այցելենք, անձրեւը կը սատկանայ տեսակ մը տրամ բերելով իր հետ: Գերեզմանատունը մեծ է մե՜ծ: Ահագին մեռելներ կան մեր շուրջ, ու բնականաբար այստեղ այս անդորրին ու մունջին մէջ, քաղաքի օրէնքները կը փոխադրոուին այլ հարթութիւն: Հոս մեռելները իսկապէս աւելի են քան ողջերը, այնպէս չէ ինչպէս իմ քաղաքիս մէջ երբ կարծեցեալ ողջերը կը կազմեն մեծ թիւ,հաւասարելով գերեզամանտան մեռելներու ընդհանուր գումարին ու պատկերահամարին:

Ինչ ըսել ուզեցի հիմա. բնականաբար այս խօսքը կը մղուի վայրէ մը , սկիզբէ մը եւ բնաբանէ մը երբ շրջապատս ու շուրջս կուզեմ տեսնել ապրողներ, լիարժէք կեանքով ապրողներ, ու տակաւին չեմ հասկնար որ պատկերին ամբողջութեան համար եւ ի խնդիր, ամէն տեսակի շնչաւոր պիտի որ ըլլայ ....

Հրանտ Տինքի Շիրիմէն քիչիկ մը հեռու կ'երեւի Մեծարենցի Շիրիմը  եւ անոր քով՝ Կարպիս Ճանճիկեանի շիրիմը- ի դէպ Ճանճիկեանի միակ փափաքն է եղած հանգչիլ Մեծարենցի կիփ կողքը-  որուն առջեւ կայ սիւնանման փոքր կոթող մը ու ճիշդ մէջտեղը՝ բանաստեղծին լուսանկարը եւ ծննդեան ու մահուան թուականները՝  

                                                                              Կարպիս Ճանճիկեան

                        1920-1946

 

Ուրիշ ոչ մէկ բառ ոչ մէկ խօսք:

Ճանճիկեան շատախօսութիւնը չի սիրեր, ու լաւ է որ մարդիկ, իր ընկերներն ու բարեկամները գէթ յետ մահու յարգած են այս հանգամանքը:Ան այլ բանաստեղծներու նման երկար բարակ վերատարութիւններ ու գլխագրով սկսող տողեր չէ շարած իր դամբանին վրայ:

Լռութիւն, հզօր լռութիւն որ կը ներծծես ու կ'անցնի ոսկորներէդ ինչպէս անձրեւի իւրաքանչիւր կաթիլ, ու հովը սաստիկ հովը ապտակի պէս կը նետուի երեսին, քանի մը անցորդ կուգան խանգարել այս բանաստեղծական լռութիւնը: Եւ այս լռութիւնը միայն լսելի է Պոլսոյ մէջ, Իսթանպուլի մէջ միայն դարերու լռութիւն ու դարերու տարտ կայ:

Կարպիս Ճանճիկեանի մասին աւելիով իմանալու համար կը թերթատեմ իր ընկերներուն ջանքերուն շնորհիւ լոյսին տրուած՝ «Կարպիս Ճանճիկեանի հետքերով» հատորը, աշախատասիրուած Ռուբէն Մաշոյեանի կողմէ եւ տպագրուած՝  1990-ին իր ընկերներուն կողմէ նպատակ ունենալով գիրքին վաճառքէն գոյացած նիւթական գումարով   բանաստեղծին արժանի դամբարան մը կառուցելու: Ու այդպէս ալ կարողացած են կատարել: Հայ բանաստեղծը- արեւմտահայոց մօտ յատկապէս- պարտաւոր է իմանալ որ միայն մահուընէ յետոյ է որ բանաստեղծ կը թագադրուի,  եւ այնքան մը արժէքաւոր կը դառնայ որ հաւատալդ չի գար .... Վերադառնալով գրքին, կը մէջբերեմ Պոլսահայ գրող ՝ Երուանդ Կոպէլեանի մէկ կարծիքը ՝ Ճանճիկեանի մասին: Երուանդ կոպէլեանի կարծիքիը ճանճիկեանի մասին: Կը մէջբերեմ ՝«Միշտ խոնարհ ու համեստ իր արուեստով հեռու ամէն տեսակ պոռոտախօսութիւններէ իսկական բանաստեղծ մըն էր ժողովուրդին ծոցէն ծնա : ճանճիկեան դուն չուզեցիր որ դամբանական խօսին քու վրայ՛, կարծես գիտնալով թէ դուն չես մեռնիր այլ կը յաւերժանաս մեր սրտերուն մէջ: Այո վկայ անջնջելի յիշատակդ եւ «էրնէկ» քեզի որ մեր կուրծքին տակ ես այսօր ու պիտի մնաս առ յաւէտ :

«Դէպի Լոյս» 4 մարտ 1950

 ....

«...Մեր մէջ բանաստեղծութիւնը սխալ ըմբռնուած է արդէն, գրեթէ ներհակ: Անոնք որ քերթուածի մը մէջ կը փնտռեն աղուոր, գեղեցիկ բառեր, աղուոր, գեղեցիկ տողեր, տաղաչափութիւն, մութ խորհուրդներ եւ դեռ բաներ որոնք կարելի է էջերով ցուցակագրել, անոնք պիտի չսիրեն մեզ բնաւ: Պիտի ծաղրեն մեզ, պիտի խնդան մեր վրայ. Բայց մենք չենք բաղձար որ այդ միամիտ յիմարները օր մը խղճահարութենէ տառապին»:

Այսպէս կը գրէ ան «Մարմարա» օրաթերթին ուղղուած նամակով մը: Իր էութեամբ անխառն, անկեղծ եւ անմիջական Կարպիս Ճանճիկեանը, ըսելիքը վաղուց է փորագրած  գրականութեան տոմարին մէջ:Խնդիր չունի, հաշիւ չունի մաքրելիք, ու կարեւոր է որ իր եղերական կեանքն ու վաղահաս մահը, ռոմանթիկ եւ լալկան բանի մը չի վերածեր ...Ինք բանաստեղծ էր, կեանքը անարդար եղաւ իր հանդէպ,   վրայ հասաւ հիւծախտը ... ինկաւ ... Մահացաւ, անցաւ ...:Բայց  մնաց, տակաւին կ'ապրինք իրմով, այսօր տարիներ ետք քննութեան կ'ենթարկենք իր գործը, կը խօսին իր մասին, անձրեւին այցի կ'երթանք իր շիրիմին ...

Հոյակապ բան է ասիկա. Ու յաղթանակածի աչքերով պէտք է նայիլ այս ամէնինչին ...

Այստեղ զարմանալի ոչինչ կայ որովհետեւ իր սկիզբով, կարճատեւ բայց զեղուն կեանքով, իր գիրով ամենաշատը Կարպիս Ճանճիկեանը իր անունը թաթխեց ոսկեայ թանաքամանին մէջը եւ երփնագրեց այդպէս .... ոսկեայ երանգներով: 

  • ՀԱՑԻՆ ՄԱՍԻՆ  

Հացին մասին կերգէ ան այնքան պարզ ու վաւերական, իր համար տեսադաշտը քաղաքն է: Ճիշդ է որ ցորենի արտերուն տեսարանը կայ իր աչքերուն սակայն ան Պոլսոյ մէջ կը խօսի հացի մասին, իրաւ հացին, իրական լեզուով, վերաբմարձ չէ անոր ոճը, Կարպիս ճանճիկեան կը քալէ, ոտքերը օդին մէջ չեն, այլ գետնին ...

Կը կարդամ այդ քերթուածէն՝

 

Խմորէն կը շինուին

Պագլավաները պէօրէքները

Խմորէն կը շինուիս դուն

Զանոնք կերանք մենք

Տօներուն եւ կիրակիէ կիրակի

Գրպանիիս երբ լեցուն ըլլար դրամով

Քեզ ամէն օր կուտենք

Քիչ թէ շատ

.....

Աւելի վար ՝

Դրամ չունեցած օրերուս գիշերներէն մէկուն մէջ

Չեմ մոռնար ծախելս

Ճերմակեղէններս կօշիկս գիրքերս բոլոր

Անօթութեանդ եւ քու համիդ անհամբեր

է. Կարպիս Ճանճիկեան թերեւս ապրած է կտոր մը հացին կարօտով, յաճախ անօթի փոր կը պատկերէ, յաճախ անօթութեան մասին կը խօսի, սակայն չի մոռնար գովաբանել ՝ ՀԱՑը, որ է կեանքի բարիք. Ու իր համար թշուառութիւնը չի վերածուիր թոյնի ...

Ան կ'արձանագրէ փաստը ու կ'անցնի : 

  • ԱՆԱՒԱՐՏ ԴԺՈԽՔ

Դժոխքը կրակներու մէջ է կ'ըսեն

Մենք կրակը տաքնալու

Կերակուր եփելու

Եւ արդուկելու համար կը դնենք

Կ'ըսեն թէ բոլոր մեղաւորները

                            Դժոխք պիտի երթան

                                           Սուտ է

Դրացի ընկերս սարգիս

Թռուցիկս պատռելէն ի վեր

Բնաւ մեր տունը չեկաւ

Դժոխքը վերն է կ'ըսեն

                           Սուտ է

Երկնքի մէջ բան չկայ

Երբեմն արեւ եւ ամպ

Եւ գիշերներն ալ երբեմն

Լուսին եւ աստղեր կ'երեւնան

 

Սուտ են

Ամէնքն ալ սուտ կը խօսին

Ես մինակ մամայիս խօսքին կը հաւատամ

Մամաս բնաւ սուտ չի խօսիր

Եւ ամէն օր խօսք մը կ'ընէ

ԴԺՈԽՔԸ ՄԵՐ ՏՈՒՆՆ Է ՏՂԱՍ

                                                                             «Դժոխքը մեր տունն է տղաս»

Շատ կարճ քերթուած, ինչեր կ'ըսէ Ճանճիկեան հոս, հազար փակ դռներ կը բանայ ան: Հատորներ  լեցուցած եւ բրածոյացած բանաստեղծները չունին անոր ուժը: Պահ մը պիտի որ կանգ առնես ու մտածես ինչին է որ կ'ակնարկէ ան:

Մայրը, ինք, իր աշխարհը փոքր ու մեծ: Հարեւանները ու պայքարը կեանքին համար, պայքար կեանքին համար, պայքարը անդինին համար ...Եւ իրօք ո՞ւր է այդ դժոխքը որմէ կը սոսկայ բանաստեղծը, երկինքը թէ երկիրը, թէ երկուքն ալ միասին: Պարզ լեզուով ըսուած  խիտ ու սեղմ վիճակ մը կը ստեղծէ Ճանճիկեան: Դժոխքը ո՞ւր է հարց պիտի տամ: Արդեօք իր մէջ կուտակուած վախին, ահին ու սարսափին կուտակումն է որ ուժանակի պէս կը պայթի այս տողերուն մէջ ... Դժոխքը իր տունն է, առնուազն մօրը բնութագրումով կը կատարուի այդ: Առնուազն մօրը բերնէն կ'առնենք այդ խօսքը:Բայց ըսուածը թերաւարտ է: Ըսուածն անաւարտ է տակաւին .... ու այդ իսկ պատճառով թերեւս մենք ալ հարց պիտի տանք ՝ Դժոխքը ո՞ւր է այսօր ....

......

Բանաստեղծութեան թաց գետինն է Պոլիսը որ ալ չի քրտնիր. ու ինչու քրտնի... Կարպիս Ճանճիկեանը անոր խոնաւ հողի ծնունդն էր, վէրքին վրայէն քալող ու վէրքը անտես առնող բանաստեղծ էր: Չլացաւ ան  վէրքին առջեւ, չուզեց ինքզինք տեսնել ջարդուած ժողովուրդի   վերջին մոհիկան բանաստեղծ, որովհետեւ անպայման իր գործը շարունակողներ պիտի գտնուէին – մտածեց այդպէս: Հիմա երբ Սփիւռքի սնոտի սենեակներուն մէջ, ու յանուն խաչի ու խաչելութեան, յանուն ճողոպրած ու փախստական յայտարաուած ժողովուրդի մասնիկներուն,  շատեր կը փորձեն անցնիլ բանաստեղծութեան կարմիր գիծը ու շատեր կը փորձեն բանաստեղծութիւնը դարձնել ցաւի ու ողբի բարի մուրացկան:

 Բայց անօգուտ են ու անզօր . Որով իրաւութիւնէ հոսող բառը միայն կրնայ դիմանալ ամեհի տապալումներուն ...

Ճանճիկեան հաւանաբար գիտեր ասիկա, գիտեր որ լալականութեամբ չես կրնար բանաստեղծութեան համար ՆՈՐ ՊԱՏՈՒՀԱՆ ԲԱՆԱԼ ... չես կրնար մութին  մէջ, համատարած մութին մէջ մոմ  վառել , երբ փնտռածդ աշխարհէն գութի նկանակ մըն է ....

 Ան չգրեց գութին համար, ան չգրեց որ խղճանք իրեն, ան չգրեց որ լանք իր յիշատակին....

Այլ ուզեց որ ձայնը դառնայ  անկասելի ....

Ուզեց որ Անատոլիայէն եկած հովերը փչեն իր ռունգերէն, ուզեց ըսել, որ ես  կրողն եմ իմ ժամանակիս, ուզեց բացատրել որ թէեւ ծանր վէրք ունիմ խորքիս մէջ, սակայն ինչ փոյթ  այս բոլորը երբ ձայնս արնական է ու բառս ճշմարիտ...

Քալեց իր ժամանակին մէջէն եւ  ըսաւ՝  ես եմ նորը...

Ես եմ նորը ՝ հետեւեցէք ինծի ....

Ու այդպէս եղաւ .

Թուրք արդի բանաստեղծութեան  ծանօթները պէտք է խօսին այս մասին,

Պէտք է գրեն այս մասին որպէսզի Կարպիս Ճանճիկեանի ձայնը անպայման անդրանցնի միջոցը, անդրանցնի լռութեան կղզին...

....

Պոլիս խոնաւ հողի տարածք է, Պոլիս հողդ  կը քրտնի..

Քու սալաքարերուդ, քու ղարիպ պլպուլներուդ, անգամ քու մինարենէրուդ, գմբէթներուդ ու  դարաւոր միւռոնաօծ խաչերուդ մէջ կարպիս ճանճիկեաններու աղաղակն է որ որ ես լսեցի ...

Ի՜նչ աղաղակ է ասիկա ...

Որ տակաւին ականջներուս մէջի կարմիր երիզները կը պատէ:

Որ խորունկիս վիհերուն մէջ, բառ առ բառ կը բարձրաձայնէ.....

Կարպիս Ճանճիկեան քու ժամանակդ անպայման, պիտի որ լոյսին տրուի:

Անպայման:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter