HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Աթէշեան պարտուեցաւ կառավարութիւնը միջամտեց

Իսթանպուլի Կուսակալութիւնը միջամտեց տեղապահի ընտրութեան։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի հոգեւորականները նախապէս ճշդուած օրակարգով 15 Մարտ Չորեքշաբթի ժամը 15.00-ին ժողով գումարեցին պատրիարքի ընտրութիւնը կազմակերպելու պաշտօնով տեղապահ ընտրելու համար։

Ինչպէս ծանօթ է 24 եւ 25 Փետրուարին Ս. Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ եւ Պոլ­սոյ թե­մի երեք եպիս­կո­պոս­նե­րու մաս­նակցու­թեամբ կա­տարուած խորհրդակ­ցա­կան ժո­ղովին հա­մաձայ­նութիւն գո­յացած էր շու­տա­փոյթ կեր­պով տե­ղապահ մը ընտրե­լու շուրջ։ Ընտրու­թեան թուականն ալ ճշդուած էր այդ նոյն ժո­ղովի ըն­թացքին։ Տե­ղապա­հի հա­մար որո­շուած էր երեք եպիս­կո­պոս­նե­րու թեկ­նա­ծու­թիւնը։

Սա­կայն ընտրու­թեան նա­խոր­դող օր «Ակօս»ին տուած յայ­տա­րարու­թիւնով Սա­հակ Եպիս­կո­պոս Մա­շալեան յայտնեց թէ իր թեկ­նա­ծու­թիւնը ետ կ՚առ­նէ ի նպաստ Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Առաջ­նորդ Գա­րեգին Պէք­ճեան Սրբա­զանի։ Կա­յացած օր ու ժա­մուն սկսող ժո­ղովի ար­դիւնքին ժո­ղովա­կան 34 հո­գեւո­րական­նե­րէ 23-ը քուէար­կե­ցին ի նպաստ Գա­րեգին Արք. Պէք­ճեանի։ Իսկ 11 ձայ­ներ ալ զօ­րակ­ցե­ցան Արամ Եպիս­կո­պոսին։ Սա­կայն ընտրութեան աւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ բո­լորո­վին անսպա­սելի զար­գա­ցում մը։

Ընտրու­թեան կա­տարուած դահ­լի­ճէն բա­ւական ջղայ­նոտ կեր­պով դուրս ել­լող Արամ Եպիս­կո­պոս նախ դուրսը սպա­սող­նե­րուն յայտնեց թէ Պէք­ճեան Սրբա­զան ընտրուած է։ Հա­զիւ քա­նի մը վայրկեան անց դուրս ելաւ իր քիչ առաջ մտած սե­նեակէն, ուր ձեռ­քին կը շար­ժէր փաս­տա­թուղթ մը։ Կու­սա­կալու­թեան կնի­քը կրող այդ փաս­տա­թուղթը կը յայտնէ թէ օրի­նական կեր­պով ան­կա­րելի է ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցի մեկ­նարկու­մը։ Կու­սա­կալի Տե­ղակալ Ազիզ Մեր­ճա­նի ստո­րագ­րութիւ­նով գրու­թեան մէջ կ՚ըսուէր հե­տեւեալը՝ «գրա­ւոր եւ տես­լա­կան մա­մու­լի մէջ լոյս տես­նող լրա­տուու­թիւննե­րով յայտնի կը դառ­նայ թէ 15 Մարտ 2017-ին պի­տի կա­յանայ տե­ղապա­հի ընտրու­թիւն։

Այսպէ­սով գործնա­կանա­պէս պի­տի կա­յանայ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան առա­ջին հանգրուանը։ Նա­խապէս 16 Փետ­րուար 2017-ին Պատ­րիար­քա­րանի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ժո­ղովի պա­հուն կա­տարուած ան­ցանկա­լի դէպ­քե­րը նկա­տի առ­նե­լով հա­մայնքա­յին ան­դորրը պա­հելու եւ պա­ռակ­տումնե­րը կան­խե­լու հա­մար կը նշենք որ այժմու պատ­րիար­քա­կան փո­խանոր­դը կը շա­րու­նա­կէ իր պաշ­տօ­նին եւ պատ­րիար­քի ընտրու­թեան հետ առնչուած աւան­դութիւննե­րուն հա­մաձայն այս պայ­մաննե­րուն մէջ ան­կա­րելի է պատ­րիար­քի ընտրու­թեան գոր­ծադրու­թիւնը»։

Այս նոր զար­գա­ցու­մէն ։ետք երեք սրբա­զան­նե­րը եւ հո­գեւո­րակա­նաց դա­սը դար­ձեալ ժո­ղովաս­րահ ան­ցան եւ քննար­կե­ցին այս վեր­ջին զար­գա­ցու­մը։ Ժո­ղովի սրա­հէն պոռչտուքնե­րը կը հաս­նէին դուրս։ Աւե­լի վերջ յայտնի դար­ձաւ որ ըն­թերցուած է Կու­սա­կալու­թե­նէ եկած գրու­թիւնը։ Սա­հակ Եպիս­կո­պոս Մա­շալեան առար­կած է այս մի­ջամ­տութեան դէմ եւ գո­ռացած է ըսե­լով որ «մեր հա­ւատ­քի աշ­խարհին մի­ջամ­տե­լու իրա­ւունք չու­նին։

Ընտրու­թիւնը կա­յացած է եւ Պէք­ճեան Սրբա­զան տե­ղապահ ընտրուած»։ Ապա դառ­նա­լով փո­խանորդ Արամ Սրբա­զանին շա­րու­նա­կեց ըսել՝ «ձե­զի կը վի­ճակի պե­տու­թեան դի­մել եւ ըսել որ ժո­ղովա­կան հայ­րե­րու որո­շու­մը յստակ է եւ Պէք­ճեան Սրբա­զան տե­ղապահ է»։ Դար­ձեալ ըստ լսումնե­րու Աթէ­շեան Սրբա­զան այս դի­տողու­թիւննե­րուն փո­խադար­ձած է ըսե­լով որ՝ «եթէ ժա­մադ­րութիւն տան կ՚եր­թամ»։

Այս ըն­թացքին մէջ է որ ժո­ղովի մաս­նա­կից հո­գեւո­րական­նե­րը հրա­ժեշտ առին Պատ­րիար­քա­րանէն, իսկ երեք սրբա­զան­ներ դար­ձեալ մէկ­տե­ղուե­ցան Արամ Սրբա­զանի սե­նեակին մէջ եւ ան­գամ մը եւս քննար­կե­ցին խնդի­րը։ Այս երկրորդ հան­դի­պու­մէն ետք որե­ւէ յայ­տա­րարու­թիւն մը չի կա­տարուեցաւ եւ եպիս­կո­պոս­նե­րը Պատ­րիար­քա­րանէն ղրկուեցան։ Ել­քին դար­ձեալ տե­ղապահ ընտրուած Գա­րեգին Սրբա­զանն էր որ սպա­սող­նե­րուն բա­ցատ­րութիւններ տուաւ ըսե­լով որ Արամ եւ Սա­հակ Սրբա­զան­նե­րը Կու­սա­կալու­թիւն պի­տի եր­թան ու պի­տի բա­ցատ­րեն տե­ղապա­հի ընտրու­թեան տրա­մաբա­նու­թիւնը։

Նշենք որ այս զար­գա­ցումնե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած նա­խորդ օր 14 Մարտ Երեք­շաբթի կարգ մը թա­ղական խոր­հուրդնե­րու մաս­նակցու­թեամբ ժո­ղով մը գու­մա­րուած էր պատ­րիար­քա­րանի մէջ եւ ըստ լսումնե­րու Արամ Սրբա­զան իրենց յայտնած էր թէ Կա­ռավա­րու­թիւնը պի­տի չար­տօ­նէ յա­ջորդ օրուայ ժո­ղովին։ Սա­կայն ժո­ղովա­կան­նե­րը անդրդուելի մնա­ցած էին իրենց որո­շու­մին մէջ ըսե­լով թէ ան­պայման պի­տի կա­յանայ Կա­թողի­կոսի թե­լադ­րած որո­շու­մը։

Այս զար­գա­ցումնե­րէն ետք զա­նազան­ներ իրենց կար­ծի­քը փո­խան­ցե­ցին ըսե­լով որ կա­րելի չէ ըն­դունիլ այս մի­ջամ­տութիւ­նը։ Պե­տու­թիւնը չի կրնար մի­ջամ­տել եկե­ղեցա­կան կարգ ու կա­նոնին։

Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի Հո­գաբար­ձութեան ատե­նապե­տը Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու դար­ձեալ մե­ղադ­րեց ժո­ղովուրդը ըսե­լով որ ան­համբեր գտնուած են եւ խնդի­րը դժուարա­ցու­ցած։ «Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հի հետ իմ հան­դիպման ժա­մանակ խոր­հուրդ տուած էր որ կա­նոնա­գիր մը պատ­րաստենք ու ապա դի­մենք։ Պե­տու­թիւնը նա­խապա­տուու­թիւններ ու­նի։ Խոս­տա­ցած էր հան­րա­քուէէն ետք ան­ձամբ զբա­ղիլ այս խնդի­րով։ Սա­կայն մենք ան­համբեր գտնուեցանք։ Եղա­ծը շատ եր­կար ժա­մանա­կահա­տուած մը չէր։ Ըն­դա­մէնը երեք ամի­սի մա­սին է խօս­քը։ Ճիշդ չէ թեկ­նա­ծու­նե­րէն մէ­կուն վրայ հա­մաձայ­նիլ եւ միւսնե­րը գոր­ծընթա­ցէն դուրս թո­ղուլ։ Ընտրու­թիւնը պէտք է ար­դար ըլ­լայ։ Ես ոչ Աթէ­շեանի, ոչ ալ Պէք­ճեանի հաշ­ւոյն կը խօ­սիմ։ Այ­սօր Աթէ­շեանը ընտրու­թիւնը կորսնցու­ցած է։ Բայց եթէ այս նոյն ընտրու­թիւնը երեք թեկ­նա­ծու­նե­րով անցնէր ինք էր որ պի­տի շա­հէր։ Եթէ Աթէ­շեան շա­հէր այդ նա­մակը չէր եր­թար։ Պե­տու­թիւնը այս մի­ջամ­տութիւ­նը ընե­լու ժա­մանակ նկա­տի ու­նե­ցած է նաեւ հա­ւանա­կան հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րը»։

Հո­գաբար­ձութեան ատե­նապե­տը անդրա­դար­ձաւ նաեւ վեր­ջերս հիմ­նուած Յո­վակիմ Հիմ­նադրա­մի նիւ­թին։ Ան ամ­բողջո­վին սխալ քայլ մը հա­մարեց այդ հիմ­նադրա­մի հաս­տա­տու­մը։

«Պէյ­քո­զի հո­ղատա­րած­քին հա­մար շատ բարձր գու­մա­րով հա­մաձայ­նութիւն մը կնքուած է։ Նախ հա­մաձայ­նուած է 20 տո­կոսի վրայ եւ ապա այդ 20 տո­կոսը զեղ­չուած է 14 տո­կոսի։ Ես այս մա­սին խօ­սեցայ նա­խագա­հին հետ, որ ինքն ալ հաս­տա­տեց թէ շատ բարձր գու­մար մըն է խոս­տա­ցուա­ծը։ Պէտք է շու­տով լու­ծուի Յո­վակիմ հիմ­նադրա­մը։ Ան մեր աւան­դա­կան հիմ­նարկնե­րու օրի­նակով չէ կազ­մուած։ Պէտք է շու­տա­փոյթ կեր­պով դուրս գալ այդ սխալ կար­գադրու­թե­նէն։ Ապա թէ ոչ հա­մայնքն է որ պի­տի տու­ժէ։ Պատ­րիար­քա­րանը պէտք չէ մի­ջամուխ ըլ­լայ դրա­մական խնդիր­նե­րու» ըսաւ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու։

Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան մօտ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչ Թո­րոս Ալ­քան յատ­կա­պէս դժգո­հու­թիւն յայտնեց Կու­սա­կալու­թեան գրու­թեան մէջ 16 Փետ­րուարի ժո­ղովին ուղղեալ մե­ղադ­րանքնե­րուն հա­մար։ «Հա­յերը այդ ժո­ղովին մաս­նակցե­լով ոչ թէ դժգո­հու­թեան պատ­ճառ եղան, այլ ընդհա­կառա­կը խնդրին լուծման հա­մար կամք ներ­կա­յացու­ցին։ Դժգո­հու­թեան պատ­ճա­ռը նոյ­նինքն պատ­րիար­քի բա­ցակա­յու­թիւնն է, այլ ոչ թէ այդ բա­ցակա­յու­թեան վերջ տա­լու հա­մար կա­տարուած ջան­քե­րը»։

Միւս կող­մէ պոլ­սա­հայ երի­տասար­դութեան քա­ղաքա­կան կամ­քը ցո­լաց­նող Նոր Զար­թօնք շար­ժումն ալ հրա­պարա­կած յայ­տա­րարու­թիւնով մե­ղադ­րեց Կու­սա­կալու­թեան մի­ջամ­տութիւ­նը։ Նոր Զար­թօնք յայ­տա­րարու­թեան աւար­տին խնդրին խա­ղաղօ­րէն լուծման հա­մար ան­յա­պաղ կեր­պով հրա­ժար­ման հրա­ւիրեց Արամ Սրբա­զան Աթէշեանը։

Ակոս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter