HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Նոր շրջանի նոր հարցադրումները

15 Մարտին կայացած Տեղապահի ընտրութիւնը կորսնցնելով հանդերձ Կու­սա­կալու­թե­նէ եկած նա­մակը պատ­րուակե­լով «Պատ­րիար­քա­կան փո­խանոր­դ» կո­չու­մէն չհրա­ժարող Արամ Արք. Աթէ­շեան, նա­խորդ շա­բաթ Տե­ղապահ Պէք­ճեան Սրբա­զանը Իս­թանպուլ հրա­ւիրե­լով յօ­ժարե­ցաւ պաշ­տօ­նը թո­ղելու։ Թէեւ իր հրա­պարա­կած նա­մակ­նե­րուն մէջ չէր խօ­սուիր «հրա­ժարու­մի» մը մա­սին, բայց կը գո­յանար այն ըն­կա­լու­մը թէ Աթէ­շեան յետ այ­սու պի­տի թո­ղու իր աթո­ռը։

Իսկ ինչպէ՞ս կա­յացաւ այս զար­գա­ցու­մը։ Ըստ երե­ւոյ­թի երեք գոր­ծօններ դեր ու­նե­ցան։ Առա­ջին՝ հա­սարա­կու­թեան մօտ ծա­ւալե­ցաւ բո­ղոքի ցոյ­ցե­րը։ Երկրորդ՝ պե­տու­թիւնը անդրա­դար­ձաւ թէ գոր­ծընթա­ցը խնդրա­յարոյց դար­ձած է եւ Աթէ­շեանի «Պատ­րիար­քա­կան Ընդհա­նուր Փո­խանորդ»ի պաշ­տօ­նին շա­րու­նա­կելով հա­սարա­կու­թեան մօտ նոր խնդիր­նե­րու, նոր դժգո­հու­թիւննե­րու պատ­ճառ պի­տի դառ­նայ։ Եր­րորդ՝ մին­չեւ մօտ ան­ցեալ Աթէ­շեանին կող­քին կայ­նած կարգ մը հա­մայնքա­յին վա­րիչ­ներ վեր­ջերս կը զլա­նան իրենց զօ­րակ­ցութիւ­նը։

Իրա­կանու­թեան մէջ այս երեք գոր­ծօննե­րը զօ­դուած են իրա­րու։ Ըստ երե­ւոյ­թի կա­րեւո­րագոյն քայ­լը կա­րելի է հա­մարել Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան պա­տուի­րակու­թեան մը եր­կու շա­բաթ­ներ առաջ Օր­թա­գիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ, Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի եւ Գա­րակէօզեան վար­ժա­րանի վար­չութիւննե­րուն տուած այ­ցե­լու­թիւննե­րը։ Մի գու­ցէ Արտ Գործ Նա­խարա­րու­թեան պա­տուի­րակու­թիւնը նկա­տած է հա­սարա­կու­թեան մօտ ծա­ւալող խլրտու­մը եւ «պե­տու­թեան ընտրու­թիւնը ար­գի­լելու» ըն­կա­լու­մը եւ որո­շած է շարժման անցնիլ։ Լսումնե­րու հա­մաձայն պա­տուի­րակու­թիւնը իր շփումնե­րով փոր­ձած է իմա­նալ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան խնդրի շուրջ հա­սարա­կու­թեան դիր­քո­րոշու­մը։ Ան­շուշտ այս հաս­տա­տու­մը կ՝ընենք միշտ մեր մտքին ու­նե­նալով Թուրքիոյ հա­յոց խնդիր­նե­րուն հան­դէպ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան ներգրա­ւուա­ծու­թեան աւան­դա­կան տա­րօրի­նակու­թիւնը։

Տե­ղեակ ենք նաեւ թէ այս գոր­ծընթա­ցին ներ­քա­շուած հա­մայնքա­յին վա­րիչ­ներն ալ քա­ղաքա­կան կամ­քը ձե­ւաւո­րող պե­տական այ­րե­րուն հետ հան­դի­պումներ ու­նե­ցան։ Յայտնի է որ պե­տու­թիւնը կը խու­սա­փի «Աթէ­շեանի կող­քին կայ­նա­ծ» ըն­կա­լու­մի մը պատ­ճառ դառ­նա­լէ։ Հա­ւանա­բար հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու վա­րիչ­նե­րը պե­տու­թեան այս դիր­քո­րոշու­մը նկա­տելով իրենք ալ հրա­ժարե­ցան զօ­րակ­ցե­լէ եւ Աթէ­շեանին ալ փո­խան­ցե­ցին պե­տու­թեան մեր­ձե­ցու­մը։ Այլ կերպ շատ դժուար էր թէ Աթէ­շեան յօ­ժարէր պար­տա­կանու­թիւնը թո­ղելու։ Չէ որ մին­չեւ օրս ան իր ու­ժը կ՛ապա­հովեր «Պե­տու­թիւնը զիս կ՚ու­զէ» ըն­կա­լու­մէն։

Ներ­կայ դրու­թեամբ ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցը սկսած է։ Ան­շուշտ որ ու­րա­խառիթ զար­գա­ցում մըն է այս, բայց կը խոր­հինք թէ ու­րիշ գոր­ծընթաց մը եւս սկսած է։ Սխալ­նե­րով լե­ցուն շրջան մը բո­լորե­լով պե­տու­թիւնը նստած եղաւ պատ­րիար­քի ընտրու­թեան ճիշդ կեդ­րո­նը։ 26 Հոկ­տեմբե­րին պատ­րիար­քա­կան աթո­ռին թա­փուր ըլ­լա­լուն մա­սին կրօ­նական ժո­ղովի որո­շու­մը դի­տումնա­ւոր կամ ան­գի­տակ­ցա­բար պատ­կան մար­միննե­րու տե­ղեկաց­նե­լու թե­րանա­լով գոր­ծընթա­ցը անե­լի մատ­նո­ղը այս հա­սարա­կու­թիւնն է։ Աւե­լի ճիշդ բա­ցատ­րութեամբ այս հա­սարա­կու­թեան վար­չա­յին­նե­րը։ Այն վար­չա­յին­նե­րը՝ որոնք առանց «պե­տու­թեան» ոչ մէկ բան ընե­լու կա­րող են։

Տուեալ պայ­մաննե­րու մէջ առանց քա­ղաքա­կան կամ­քի հետ գոր­ծակցե­լու խնդի­րը լու­ծել ան­կա­րելի դար­ձաւ։ Իրա­կանու­թեան մէջ այս մեր աւան­դա­կան թե­րու­թիւննե­րէն է։ Մեր կարգ մը վար­չա­յին­ներ սո­վորու­թիւն դար­ձուցած են ամէն քայ­լա­փոխին դէ­պի պե­տու­թիւն նա­յելու եւ ապա «պե­տու­թիւնը այսպէս կ՚ու­զէ» ըսե­լով հա­սարա­կու­թիւնը կար­գի բե­րելու սխալ հաս­կա­ցողու­թիւնը։ Դժբախ­տա­բար այս վեր­ջին գոր­ծընթացն ալ նոյն ձա­խողու­թիւնով ըն­թա­ցաւ։ Յու­սանք թէ այս կա­ցու­թիւնը յետ այ­սու աւան­դութեան մը չի վե­րածուիր։ Նաեւ յու­սանք թէ պե­տու­թիւնն ալ իր կար­գին նման գոր­ծե­լակեր­պի մը ցան­կա­ցողը չի դառ­նար։

Գա­լով ապա­գային, գրա­կանու­թեան մէջ կայ «Քինկ Մէյ­քըր» կո­չուած հաս­կա­ցողու­թիւն մը, որ ծա­գած է Անգլիայէն։ Իմաս­տի ստու­գա­բանու­թիւնը պի­տի պար­զէ «գահ բարձրա­ցողը ճշդող անձ»։ Մեր հա­մայնքին մէջ ալ կայ նման յա­ւակ­նութեան դի­մող ան­ձեր։ Նոր շրջա­նի ամե­նակա­րեւոր խնդի­րը ճիշդ ալ այս «Քինկ Մէյ­քըր»ի երե­ւոյ­թը պի­տի շա­րու­նա­կուի՞, թէ ոչ։ Կա­րեւոր հար­ցում մըն է այս, քա­նի որ անցնող շրջա­նին այս թե­րակա­տարութեան առ­կա­յու­թիւնը փոր­ձե­ցինք։ Նոյ­նիսկ քիչ մը կան­խա­կար­ծեալ ձե­ւով կրնանք են­թադրել թէ «Քինկ Մէյ­քըր»նե­րը ար­դէն հա­շիւ­ներ ըրած են նո­րըն­տիր պատ­րիար­քի մը մա­սին։ Թե­րեւս յանդգնած են պե­տութեան հետ այս մա­սին սա­կար­կութիւննե­րու մէջ մտնել։ Ու­րեմն նոր շրջա­նի կա­րեւոր հար­ցադրումնե­րէն մէ­կը այս է։ Միւս կող­մէն կը խօ­սուի պատ­րիար­քի ընտրու­թեան վե­րաբե­րեալ նոր կա­նոնագ­րութեան մը մա­սին։ Պատ­րիար­քա­կան փո­խանոր­դի կո­չու­մը բնու­թագրե­լու կամ պատ­րիար­քի պաշ­տօ­նէու­թեան տա­րած­քը յստա­կաց­նե­լու ուղղեալ զա­նազան նիւ­թե­րու շուրջ կար­ծի­քի փո­խանա­կումներ կը կա­տարուին։ Ան­շուշտ այս նիւ­թե­րը մեծ լրջու­թեամբ քննար­կուելու ար­ժա­նի են։ Միւս կող­մէ Թուրքիոյ Հա­յոց Եկե­ղեց­ւոյ իր որո­շումնե­րը կա­յաց­նե­լու պա­հուն ան­կա­խու­թիւնը ապա­հովե­լը դար­ձեալ խիստ կա­րեւոր է։ Բազ­մա­թիւ հար­ցումներ կան, որոնք պա­տաս­խան կը սպասեն։ Որոշ է որ նոր շրջանը այդ խնդիրներու բազմակողմանի քննարկումներու շրջանը պիտի ըլլայ նաեւ։ Յուսանք թէ այդ քննարկումը կը կատարենք ներքին թերութիւններէն ձերբազատուած կերպով։

«ԱԿՕՍ»ի ոսպնեակէն

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter