HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

«Ամէնասիրած Բաներս»

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան

Յաճախ կը մտածեմ Մոնթէին անսահման լաւատեսութեան մասին։ Իրեն համար ամէն մէկ գէշ իրավիճակէ ելք մը կար։ Մոնթէին՝ իր ժողովուրդին հանդէպ հաւատքը կը կարօտնամ։ Նուիրումը՝ իր ամէնասիրած բաներուն։ Երբեմն ինծի կը թուի երբ իր նամակները կը բաժնեմ իր այնքան սիրած ժողովուրդին հետ, զինք պահ մը ետ բերած կ՚ըլլամ որպէս զի անգամ մը եւս ողջունէ հայրենիք կառուցելու ճիգերը։ Նաեւ կը յիշեցնեմ ժողովուրդին թէ որքան ան կը հաւատար Հայաստանի պայծառ գալիքին։

15 յունիս, 1988

Վերջին լուրերը հոնկէ շատ լաւ են։ Ճիշդ է, խնդիրներ եղան անգամ մը եւս դրացի քաղաքին մէջ բայց գոնէ մեր քաղաքին մէջ լաւ նորութիւններ կան եւ բաւական առողջ եւ հասուն մօտեցում կայ։ Հոն տեղի մեր ժողովուրդին նախաձեռնութիւնները եւ զանգուածային զօրաշարժումը նոր պատմական հանգրուան մը ստեղծած է։ Կ՚ուզեմ ամէնուն ողջունել. Աւելին՝ կ՚ուզեմ ձեւով մը մասնակցիլ կամ ծառայել։ Այնքա՜ն-այնքա՜ն ուրախ եմ որ դո՛ւն կը մասնակցիս։ Պիտի ուզէի ճիշդ կողքդ ըլլալ։ Այդպիսով պիտի շրջապատուէի ամէնասիրած բաներովս՝ քեզմով, զօրաշարժուած աշխոյժ ժողովուրդով եւ հայրենիքով։

Կը կարօտնամ Մոնթէին՝ ժողովուրդին վրայ ունեցած անհատնում վստահութիւնը, թէ իր հայրենակիցները լաւ գիտեն ինչ է անհրաժեշտ մարդավարի հայրենիք կառուցելու համար։ Իսկ եթէ այդ հայրենիքը ոտնակոխուի, ազգովին ոտքի կ՚ելլեն իրենց խնդիրները լուծելու եւ իրաւունքները պաշտպանելու համար։

18 յունիս, 1988

Այս տարի ճիշդ քու տարեդարձիդ օրը կարեւոր բաներ պիտի ըլլան հոնտեղ։ Գոնէ հոս անանկ լսած ենք։ Հոս ալ պիտի բաներ ընեն։ Շատ-շատ դժբախտ է, որ դրացիներուն մօտեցումը այսպէս եղած է։ Վերակառուցումը խնդիրներ լուծելու մօտեցում մըն է եւ ոչ թէ անտեսելու կամ երկարաձգելու։ Ամէնայնդէպս, ես վստահութիւն ունիմ մեր հայրենակիցներուն վրայ։ Մինչեւ հիմա իրենք են նախաձեռնութիւն առնողները եւ չեմ տեսներ ինչպէ՞ս պիտի կենան։

Մոնթէին հայրենասիրութեան, մարդասիրութեան, անձնազոհութեան, համեստութեան ու նուիրումին մասին շատ խօսուած ու գրուած է։ Սակայն ան ունի սկզբունքներ ու համոզումներ, որոնց առնչութեամբ թէեւ ժամանակ չունեցաւ շատ բան ընելու բայց միշտ կապուած մնաց անոնց, ինչպէս օրինակ բնապահպանութիւնն ու կանանց իրաւունքները։ Յաճախ կիներու դերին վերաբերող նիւթեր պատճառ կ՚ըլլան, որ Մոնթէին ձայնը գայ ականջիս։

19 յունիս, 1988

Դուրսը  աղուոր հանգիստ տեղ մը գտայ. հոն արեւին տակ երկնցայ եւ կարդացի։ Կարդացած գիրքս հետաքրքրական էր, բայց սիրտս այլ տեղ էր։ Աւելին՝ գիրքին նիւթը (ինչպէս ամէ՛ն ի՛նչ այլեւս) ալ աւելի քեզ կը յիշեցնէր։ Գիրքը Սովետական Միութեան տնտեսական տեսութեան ու կառոյցներու, ինչպէս նաեւ վարչական միջոցներու վրայ է։ Աղամբեկեանի գիրքէն առաջ գրուած է, բայց շատ հետաքրքրական եւ մանրամասն է։ Աղամբեկեանի գիրքը հետաքրքրական եւ կարեւոր է։ Կը յուսամ, որ առիթ կ՚ունենաս կարդալու։ Իմ ունեցած օրինակս հոստեղի լեզուով է։ Երբ այս նիւթերուն մասին կը կարդամ միտքս անխուսափելիօրէն քեզի կ՚երթայ։  Կը մտածեմ «հիմա Սեդան հոն է։ Այս ամէն բաները կ՚ապրի։ Իր առօրեայ կեանքով կը զգայ, ուրեմն ինծի ինչե՜ր, ինչե՜ր ունի բացատրելու։ Երանի թէ իր հետ ըլլայի, միասին զգայինք, միասին սորվէինք...» Իսկապէս պիտի ուզէի հետդ հոն գոնէ մէկ տարի ապրիլ։ Նուազագոյնը անչափ ժամանակ պիտի ուզէի որպէս զի դուն ինծի ամէն տեղ պտտցնես, ամէնուն ծանօթացնես եւ որպէս զի սորվէի, սորվէի եւ զգայի։ Կան մարդիկ որ կը կարծեն որ կրնան վիճակ մը հասկնալ հեռուէն։ Ես իրենցմէ չեմ։ Ճիշդ է որ կարդալով եւ ուրիշներուն մտիկ ընելով կրնաս շատ բաներ հասկնալ եւ որոշ գաղափար մը կազմել, բայց չի բաւեր։ Որպէս զի իսկապէս հասկնաս, պէտք է փորձառութիւնը ունենաս, պէտք է մէջէն ապրիս։ Բայց ես հոս եմ... սակայն միւս կէսս՝ դուն , հոն ես։ Դուն հոն ես, ապրած ես եւ պիտի ժամերով բացատրես։ Պիտի խօսի՜ս ու խօսիս՜ եւ ես պիտի աչքերուդ մէջ նայիմ եւ ձայնէդ, բառերէդ, ըսելիքէդ սնունդ ու գիտութիւն պիտի առնեմ։ ...Ու այդպէս պիտի ապրինք, աշխատինք ու լաւ գործեր ընենք։

Մոնթէն իր նամակներուն, ապա մեր միատեղ կեանքին ընթացքին յաճախ շեշտած է կարծիքիս կարեւորութիւնը ո՛չ ատոր համար որ ես իրմէ շատ բան գիտեմ, այլ քանի որ ան կը հաւատար հաւասարութեան։

21 յունիս, 1988

Այսօր ես հոնկէ շատ լուրեր լսեցի։ Շատ-շատ ուրախ եմ։ Չափազանց բախտաւոր ես ճիշդ այս պատմական շրջանին հոն ըլլալու։ Անհամբեր եմ քեզ մտիկ ընելու։ Թերթերուն մէջ երբեմն նկարներ կ՚ըլլան։ Անոնց մէջ եղած ամէն մէկ երեսին կը նայիմ քեզ փնտռելով։ Ափսոս որ թերթերու նկարները ընդհանրապէս լաւ տպուած չեն եւ յստակ բան տեսնել կարելի չէ։ Մինչեւ հիմա քեզ չեմ գտած։ Բայց ուրիշ բան նկատեցի. գոնէ նկարներուն մէջ ժողովուրդի մեծ-մեծամասնութիւնը տղամարդ է։ Հոս-հոն աղջիկ/կին կայ, բայց շատ աւելի քիչ են։ Իսկապէս այդպէ՞ս է։ Մեր ժողովուրդին կէսը իգական է եւ անոնք մեծ դեր ունին խաղալու։ Յոյսով եմ որ աղջիկներ/կիներ աշխոյժ են։ Թէեւ արդէն որոշ բաներ լսած եմ այս նիւթին մասին բայց կը սպասեմ որ դուն գաս եւ ինծի բացատրես։ Իրականութեան մէջ շատ կարեւոր նիւթ է։

Մոնթէն կը հաւատար սեռերու հաւասարութեան։ Կը հաւատար որ հայրենիք կը կառուցուի բոլորին համատեղ ջանքերով։ Չէր հաւատար դրամատիրական տիրոյթին եւ չէր հանդուժէր շահագործումը՝ ըլլայ արարածի թէ երկրի։ Մոնթէին համար ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելը ամէն բանէ վեր է,  հայրենիքի բարօրութեան համար պայքարիլը՝ հայրենասիրութեան միակ տարբերակը։ Մոնթէն կը հաւատայ, որ ոտնակոխուած իրաւունքներու համար ուշ կամ կանուխ ժողովուրդը կը կանգնի ու հաշուեյարդարի կ՚ելլէ։ 

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter