HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Թրքական եւ Հայկական Պատումներու Բախումը

ՆԱՐԵԿ ՍԷՖԷՐԵԱՆ,  naregseferian.com

Ներքոյ կը գտնուի հետազօտութեան խմբագ­րուած ամ­փո­փագիր մը։ Ամ­բողջա­կան նիւ­թը (Անգլե­րէնով) HYPERLINK «http։//ipc.sabanciuniv.edu/kind/1reports/» էջին վրայ է։ Հե­­տազօ­­տու­­թիւնը իրա­­կանա­­ցուած է Եւ­­րո­­­պական Միու­­թեան կող­­մէն կազ­­մա­­­կեր­­պուած «Աջակ­­ցութիւն Հա­­յաս­­տան-Թուրքիա Յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու Կար­­գա­­­ւոր­­ման Գոր­­ծընթա­­ցին» ծրա­­գիրին շրջա­­նակ­­նե­­­րուն մէջ՝ Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկին կող­­մէն ստեղ­­ծուած Հա­­յաս­­տան-Թուրքիա Փոր­­ձի Փո­­խանակ­­ման Նա­­խագի­­ծին աջակ­­ցութեամբ։

Թուրքե­­րու եւ հա­­յերու մի­­ջեւ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րուն բնո­­րոշ բա­­նավէ­­ճերը եւ լա­­րուա­­ծու­­թիւննե­­րը յա­­ճախ հա­­մապա­­տաս­­խան չեն գտնուիր մի­­ջազ­­գա­­­յին յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու գի­­տական տե­­սու­­թիւննե­­րուն։ Խնդիր կայ ստոյգ դե­­րակա­­տար­­ներ մատ­­նանշե­­լուն մէջ՝ պե­­տու­­թիւններ, սփիւռքներ, հա­­մայնքա­­յին եւ մի­­ջազ­­գա­­­յին կազ­­մա­­­կեր­­պութիւններ, կրօ­­նական մար­­միններ, ան­­հատներ, աւե­­լի լայն տա­­րածաշրջա­­նային կամ հա­­մաշ­­խարհա­­յին խաղ­­ցողներ եւ մի­­տումներ։ Երկրորդհարց մը խնդրոյ առար­­կա­­­յին մատ­­նանշումն է՝ բա­­րոյա­­կան կամ կրօ­­նական սկզբունքներ, էական նիւ­­թա­­­կան շա­­հեր, իրա­­ւական հար­­ցեր, տնտե­­սական հա­­շուարկներ։ Խնդրին բար­­դութիւ­­նը վեր­­լուծու­­թեան որե­­ւէ մէկ մօ­­տեց­­ման հա­­մար մար­­տահրա­­ւէր է, բայց միա­­ժա­­­մանակ ան հնա­­րաւո­­րու­­թիւն կ՛ըն­­ձե­­­ռէ բազ­­մա­­­կող­­մա­­­նի տե­­սակէ­­տերէ իմաս­­տա­­­լից եզ­­րա­­­կացու­­թիւննե­­րու հաս­­նե­­­լու։

Այս հե­­տազօ­­տու­­թիւնը պա­­տու­­մը (Անգլ. «narrative», Թրք. «anlatı») կը գոր­­ծա­­­ծէ որ­­պէս աղ­­բիւր եւ մօ­­տեցում։ Թուրք-հայ­­կա­­­կան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու պա­­րագա­­յին չկան առ­­կայ ան­­մի­­­ջական ապա­­հովա­­կան խնդիր­­ներ կամ եր­­կու պե­­տու­­թիւննե­­րուն մի­­ջեւ բռնի արարքնե­­րու սպա­­սումներ։ 1915-ի հան­­րա­­­յին յի­­շողու­­թիւնն է Թուրքիոյ մէջ, Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ, եւ աշ­­խարհով մէկ, որ ամե­­նախո­­րը ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը կ՚ու­­նե­­­նայ մի­­ջանձնա­­կան, միջ­­հա­­­մայնքա­­յին, եւ միջ­­պե­­­տական յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու վրայ։ Եթէ տե­­ւական հաշ­­տութիւն պի­­տի ըլ­­լայ, պա­­տու­­մի հար­­թա­­­կէն պի­­տի սկսի։

Այս հե­­տազօ­­տու­­թեան մէջ «պա­­տում» կը սահ­­մա­­­նուի հե­­տեւեալ կերպ. «Հան­­րութեան մէջ պատ­­մա­­­կան իրա­­դար­­ձութիւններ եւ պատ­­ճա­­­ռահե­­տեւան­­քա­­­յին կա­­պեր բա­­ցատ­­րող եւ մեկ­­նա­­­բանող ներ­­կա­­­յիս տե­­սակէ­­տեր եւ գնա­­հատա­­կան­­ներ, որոնք կը բա­­ցատ­­րեն եւ կ՚ար­­դա­­­րաց­­նեն ներ­­կայ իրա­­կանու­­թիւններ՝ միաժա­­­մանակ կեր­­տե­­­լով սպա­­սումներ ապա­­գային հա­­մար»։ Պաշ­­տօ­­­նական աղ­­բիւրներ եւ քա­­ղաքա­­կան, դի­­ւանա­­գիտա­­կան, եւ կա­­ճառա­­կան տասնհինգ դէմ­­քե­­­րու հետ հար­­ցազրոյցներ գոր­­ծա­­­ծուած են թրքա­­կան եւ հայ­­կա­­­կան իշ­­խող պա­­տումնե­­րը հնա­­րաւո­­րինս հա­­մակար­­գուած ձե­­ւով ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու հա­­մար։

Պա­­տումնե­­րուն հա­­մեմա­­տու­­թեան մէկ եզ­­րա­­­կացու­­թիւնը այն է, որ եր­­կուքը ազ­­գայնա­­կանու­­թեան շրջա­­նակ­­նե­­­րու կը պատ­­կա­­­նին եւ իրար մօ­­տիկէն կ՚ար­­տա­­­ցոլեն։ Եր­­կուքին հա­­մար ալ ազ­­գա­­­յին ինքնու­­թիւնը մեծ ար­­ժէք ու­­նի եւ եր­­կուքը կը ջա­­նան կեր­­տել կամ ու­­ժե­­­ղաց­­նել պե­­տակա­­նու­­թիւնը որ­­պէս այդ ինքնու­­թեան բարձրա­­գոյն ար­­տա­­­յայ­­տութիւն։ Եր­­կուքն ալ իրենք իրենց կը նկա­­տեն որ­­պէս զո­­հեր եւ վե­­րապ­­րածներ այդ ամ­­բողջ ըն­­թացքէն ան­­ցած՝ մաս­­նա­­­ւորա­­պէս խա­­բուած ըլ­­լա­­­լով արեւմտեան աշ­­խարհէն։ Պատ­­մութեան բա­­ցատ­­րող այս նման ոսպնեակ­­նե­­­րը կրնան գոր­­ծա­­­ծուիլ որ­­պէս հիմք՝ եր­­կու ժո­­ղովուրդնե­­րուն իրար տե­­սակէ­­տերը աւե­­լի լաւ հասկնա­­լու ջան­­քե­­­րուն մէջ։

Եր­­կու պա­­տումնե­­րը նաեւ շատ չեն խօ­­սիր պալ­­քա­­­նեան եւ կով­­կա­­­սեան մահ­­մե­­­տական­­նե­­­րու փոր­­ձա­­­ռու­­թեան մա­­սին, որոնք հա­­յերու եւ այ­­լոց 1915-ի ճամ­­բով ան­­ցան։ Հան­­րա­­­յին յի­­շողու­­թեան մէջ այդ զո­­հերուն աւե­­լի տեղ տա­­լը եւս կրնայ ձեւ մը ըլ­­լալ, որ­­պէս զի եր­­կու ժո­­ղովուրդնե­­րը իրար կա­­րեկից ըլ­­լան –թէեւ Յու­­նաստա­­նի, Պուլկա­­րիոյ, Սէր­­պիոյ, Ռու­­սիոյ, եւ ու­­րիշնե­­րու հետ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րուն աւ­­րե­­­լու եւ հայ­­կա­­­կան փոր­­ձա­­­ռու­­թեան նօս­­րացնե­­լու հնա­­րաւոր հե­­տեւանքնե­­րը թուրք եւ հայ ազ­­գայնա­­կան­­նե­­­րուն հա­­մար ցան­­կա­­­լի չպի­­տի ըլ­­լա­­­յին։

Թրքա­­կան պա­­տու­­մը կ՚ան­­տե­­­սէ կամ քիչ անդրա­­դարձ կ՚ու­­նե­­­նայ Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան շուրջ հսկա­­յական հե­­տազօ­­տու­­թիւններ եւ նշա­­նակա­­լից իրա­­դար­­ձութիւններ, ինչպէս 1894-1896-ի եւ 1909-ի ջար­­դե­­­րը։ Հայ­­կա­­­կան պա­­տու­­մը կը շրջան­­ցէ Առա­­ջին Աշ­­խարհա­­մար­­տէն առաջ ահա­­բեկ­­չա­­­կան եւ այլ զի­­նուած խումբե­­րը եւ անոր ետ­­ին բռնի արարքներ Կով­­կա­­­սին մէջ, Կի­­լիկիա, եւ ու­­րիշ վայ­­րեր, ինչպէս նաեւ աւե­­լի վեր­­ջերս տե­­ղի ու­­նե­­­ցած բռնու­­թիւննե­­րը 1970-ական­­նե­­­րու եւ 80-ական­­նե­­­րուն։

Եթէ ընդհա­­նուր պա­­տու­­մի հաս­­նին թուրք եւ հայ ժո­­ղովուրդնե­­րը, այս հե­­տազօ­­տու­­թիւնը քա­­նի մը առանցքա­­յին տար­­րեր կ՚առա­­ջար­­կէ. խա­­ղաղ ազ­­գայնա­­կանու­­թիւն, ար­­տա­­­քին՝ մա­­նաւանդ արեւմտեան ու­­ժե­­­րու բա­­ցակա­­յու­­թիւն, «ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն» բա­­ռին շուրջ աւե­­լի պա­­կաս կեդ­­րո­­­նացում, աւե­­լի անդրա­­դարձ Պալ­­քաննե­­րու եւ Կով­­կա­­­սի մահ­­մե­­­դական­­նե­­­րուն եւ օս­­մա­­­նեան ոչ-հայ փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րուն, որոշ ան­­հատնե­­րու եւ դէպ­­քե­­­րու վե­­րագ­­նա­­­հատում, իմաս­­տա­­­լից հան­­րա­­­յին ոգե­­կոչումներ ապա­­գային։ Մէկ հնա­­րաւոր իրա­­վիճակ կրնայ ըլ­­լալ, որ թրքա­­կան եւ հայ­­կա­­­կան կող­­մե­­­րը կը պահ­­պա­­­նեն իրա­­րամերժ պա­­տումներ, բայց միառ­ժա­­­մանակ լայ­­նօ­­­րէն տե­­ղեակ կ՚ըլ­­լան միւ­­սին տե­­սակէ­­տերուն՝ բա­­ւարար չա­­փով, որ առ նուազն գործնա­­կան, բա­­րիդ­­րա­­­ցիական յա­­րաբե­­րու­­թիւններ կա­­րելի ըլ­­լան հիմ­­նուիլ եւ յա­­ռաջ մղուիլ։

Ի վեր­­ջոյ, թրքա­­կան եւ հայ­­կա­­­կան ընդհա­­նուր հան­­րա­­­յին յի­­շողու­­թիւնը պէտք է հա­­մապար­­փակ ըլ­­լայ եւ նրբու­­թիւննե­­րու տեղ տայ։ Սա դժուար պա­­հանջ է, քան զի պա­­րագան ինքնին բարդ է եւ պա­­տումներ առ հա­­սարակ պար­­զունակ կ՚ըլ­­լան։ Թէեւ եր­­կու պա­­տումնե­­րուն մէջ ալ կա­­րելի է նկա­­տել փո­­փոխու­­թիւններ վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն– օրի­­նակ, Թուրքիոյ մէջ «Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն» ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը աւե­­լի քիչ ար­­գի­­­լուած է եւ հայ­­կա­­­կան շեշ­­տադրու­­մը զո­­հողու­­թեան վրայ պա­­կաս է՝ փո­խարի­նուե­լով ար­դա­րու­թեան եւ իրա­ւունքնե­րու հան­դէպ կո­չերու – տա­րածաշրջա­նային քա­ղաքա­կան իրա­դար­ձութիւննե­րը ներ­կա­յիս չեն խրա­խու­սեր հա­մապար­փակ եւ նուրբ հան­րա­յին յի­շողու­թեան կեր­տումը՝ գոր­ծընթաց մը, որ յամենայն դէպս սերունդներ տեւող ջանք պիտի ըլլայ։

Նյութի աղբյուրը՝ Ակօս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter