HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հայապահ… պա՛հ… պա՛հ... պա՛հ…

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Բաւական մը ազատ ժամանակ ունէի վերջերս. ուզեցի զայն արժեւորել ազգային, հայանպաստ, օգտաբեր աշխատանքով մը։ Արդէն եթէ աշխատանք մը հայանպաստ կամ ազ­գա­յին չէ, ու­րեմն խիստ կաս­կա­ծի տակ կ՚իյ­նայ անոր օգ­տա­բեր ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը, սա­կայն ասի­կա ու­րիշ նիւթ մըն է հար­կաւ։ Ին­չե­ւէ… Ի՞նչ ըրի։ Մէ­կիկ-մէ­կիկ հա­շուե­ցի բո­լոր այն ան­ձե­րը, որոնք շքան­շան ստա­ցած են հա­յապահ­պա­նու­թեան գոր­ծին ներդրած իրենց աւան­դին հա­մար։ Ար­դիւնքնե­րը ան­հա­ւատա­լի՜ էին… Ու­րեմն, կրնա՞ք երե­ւակա­յել, հա­յապահ­պա­նու­թեան գոր­ծին ներդրած իրենց աւան­դին հա­մար շքան­շա­նատ­րուած ան­ձե­րուն քա­նակը կը գե­րազան­ցէ այն հա­յերուն քա­նակը, որոնք կա­րիք ու­նին պահ­պա­նու­թեան։ Այո՛, ուղղա­կի ապ­շե­ցու­ցիչ է…

Հա­յապահ­պա­նու­թեան գոր­ծը դիւ­րին չկար­ծէք, սի­րելի ըն­թերցող­ներ։ Դուք ձեր տա­քուկ… նե­րողու­թիւն, այս եղա­նակին պէտք է ըսէի՝ օդա­փոխիչ­նե­րով զո­վացած, նոյ­նիսկ պա­ղած ձեր տու­նե­րուն մէջ նստած, ան­շուշտ, չէք զգար, թէ ինչ դժուարու­թիւննե­րու կուրծք կու տան հա­յապահ­պա­նու­թեան գոր­ծին աշ­խա­տաւոր­նե­րը (պէտք է ըսէի՝ նուիրեալ­նե­րը)։ Անոնք այս տա­քուն առ­տուն կա­նուխ կ՚արթննան հար­կաւ, շատ ան­գամ ինքնա­շար­ժով, եր­բեմն, աւե­լի խեղ­ճուկրակ հա­յապահ­պաննե­րը հար­կաւ, որոնք խիստ սա­կաւա­թիւ են, հան­րա­շար­ժով կամ, եթէ ծո­վամերձ քա­ղաքի մը մէջ կը բնա­կին, ինչպէս մենք, հան­րա­նաւով մը կը փու­թան հա­յապահ­պա­նու­թեան իրենց գրա­սենեակը։

Տե­սակ-տե­սակ գոր­ծեր կ՚ընեն անոնք, որո՞ւ ըսես չհան­դի­պեցայ հա­յապահ­պաննե­րու ցու­ցա­կին վրայ. կա­թողի­կոս­նե­րէն բռնէ մին­չեւ ան­վարտի խմբա­գիր­նե­րը, հսկայ որո­վայ­նով ու հաս­տա­վիզ գոր­ծա­րար­նե­րէն մին­չեւ խեղճ գրող­ներն ու բա­նաս­տեղծնե­րը, նա­խորդ ամ­սուան ամ­սա­կանը չստա­ցած ու­սուցիչ­ներ, որոնք շատ ան­գամ իրենք կա­րիք ու­նին հա­յապահ­պա­նու­թեան, նոյ­նիսկ հա­յապաշտպա­նու­թեան… Պա­րոնեանի մե­ծապա­տիւ մու­րացկան­նե­րը շքան­շա­նակիր դար­ձած էին այ­լեւս, կար­ծես…

Զար­մա­նալի կէտ մը նշմա­րեցի. հա­յապահ­պա­նիչ այս անձնա­ւորու­թիւննե­րը, գրե­թէ բո­լորն ալ, միշտ սփիւռքա­հայ են, իսկ շքան­շա­նատ­րո­ղը՝ Հա­յաս­տա­նը։ Հա­յաս­տա­նի նա­խագա­հէն ու կա­թողի­կոսէն սկսեալ մին­չեւ յե­տին գիւ­ղին գիւ­ղա­պետն ու տէր­տէ­րը հա­յապահ­պա­նու­թեան շքանշան կը պար­գե­ւէ սփիւռքի մե­ծապա­տի՜ւ… հա­յապահ­պաննե­րուն։ Հար­կաւ, հա­յապահ­պա­նիչ­նե­րը այնպի­սի գոր­ծեր կ՚ընեն որ ան­կա­րելի է որ աննկա­տելի մնայ նոյ­նիսկ հա­յաս­տանցի գիւ­ղա­պետի մը սուր տե­սողու­թե­նէն։ Սփիւռքա­հայ կա­թողի­կոս­նե­րը լիառատ կ՚օրհնե՜ն, բա­նիբուն ու քաջ կը քա­րոզե՜ն, խմբա­գիր­նե­րը իրենց սուղ սիւ­նակնե­րը կը տրա­մադ­րեն պատ­մա­կան հա­նապա­զօրեայ իրա­դար­ձութիւննե­րուն, գրող­ներն ու բա­նաս­տեղծնե­րը հա­յոց լե­զուն կը պան­ծացնեն իրենց իւ­րա­քան­չիւր տո­ղով, իսկ ու­սուցիչ­նե­րը Պէր­պէ­րեան ու Հինդլիեան էֆեն­տի­ներէն ժա­ռան­գած իրենց ման­կա­վար­ժա­կան մե­թոտ­նե­րով հայ մանկտւոյն հա­յաշունչ ու հա­յադ­րոշմ կրթու­թիւն կը ջամ­բեն։ Կա­րիք կա՞յ պատ­մե­լու ըրած­նե­րը հա­յապահ­պա­նիչ բա­րերար­նե­րուն, որոնք իրենց քսակ­նե­րը լա՜յն կը բա­նան, չեն գո­հանար, իրենց քսակ­նե­րուն հետ իրենց ու­ղեղներն ալ լա՜յն կը բա­նան ու իրենց դրամ­ներն ու գա­ղափար­նե­րը առա­տօրէն կը ծա­ռայեց­նեն հա­յապահ­պա­նու­թեան սուրբ, սրբազ­նա­սո՛ւրբ գոր­ծին։

Եւ հա­յերը կը պահ­պա­նուին… Դուն քեզ պահ­պա­նուած կը զգա՞ս, ո՜վ ըն­թերցող։ Ես իրի­կուննե­րը, երբ գլուխս բար­ձին վրայ հանգչեց­նեմ, հա­յապահ­պա­նուած ըլ­լա­լու երա­նելի ժպի­տով մը հրա­ժեշտ կու տամ ան­ցած օրուան եւ, վստահ եղէք, յա­ջորդ առ­տու նոյն այդ ժպի­տով կ՚արթննամ։ Հա­յապահ­պա­նուած ըլ­լա­լու զգա­ցու­մը կա­տակ չէ… Հե­տեւա­բար հա­յապահ­պա­նիչ ըլ­լա­լէն շատ աւե­լի առա­քինի վի­ճակ մըն է։ Չէ՞ որ մենք ալ մեր այս քա­ղաքին մէջ ու­նինք անոնցմէ մէկ քա­նին։ Երա­նի՜ մե­զի…

Հա­յաս­տա­նի հա­յերը զրկուած են դժբախ­տա­բար հա­յապահ­պաններ ու­նե­նալու առա­քինի այս վի­ճակէն, իրենք չեն գի­տեր, թէ ինչ ըսել է հա­յապահ­պա­նու­թիւն։ Իրա­պէ՛ս, մե՜ղք են… Սա­կայն ատոր ալ ճա­րը կայ։ Զի­րենք ղե­կավա­րող նա­խագահն ու կա­թողի­կոսը կամ նա­խարարն ու գիւ­ղա­պետը այնպէս մը կ՚ընեն որ քա­ղաքա­ցինե­րը ար­տա­գաղ­թեն, եր­թան այլ եր­կիրներ, որ­պէսզի պահ­պա­նուի հա­յապահ­պաննե­րու ու պահ­պա­նու­թեան կա­րիք ու­նե­ցող հա­յոր­դի­ներու հա­մեմա­տու­թիւնը։ Այ­լա­պէս կը մոռ­ցուին ու պատ­մութեան գիր­կը կ՚անցնին շքան­շա­նատ­րումի արա­րողու­թիւննե­րը, առողջ սերնդա­փոխու­թիւն մը չի կա­յանար հա­յապահ­պա­նիչ­նե­րու դա­սակար­գի շար­քե­րէն ներս։ Չէք գի­տեր ան­շուշտ թէ ասի­կա, այ­սինքն՝ առողջ սերնդա­փոխու­թեան մը բա­ցակա­յու­թիւնը, ի՜նչ մեծ փոր­ձանք մըն է… Ու­րեմն՝ «Ար­տա­գաղ­թե­ցո՛ւր որ հա­յապահ­պա­նես»… «Սփիւռքաց­նել՝ յա­նուն հա­յապահ­պա­նու­թեան»… Ահա՛ կար­գա­խօսը… Սքան­չե­լի՜ի՜ է, չէ՞… Յա­մենայնդէպս, միայն Հա­յաս­տա­նը կրնայ գնա­հատել հա­յապահ­պա­նու­թիւնը։ Դուք բնաւ տե­սա՞ծ էք սփիւ­ռքահայ կազ­մա­կեր­պութիւն մը որ շքան­շան տայ հա­յապահ­պա­նու­թեան հա­մար։ Ըլ­լա­լի՞ք բան է։ Օրի­նակ, ի՞նչ կ՚ըլ­լար եթէ սփիւռքա­հայ կազ­մա­կեր­պութիւն մը, ըսենք մեր Պէզ­ճեան Սա­նուց Միու­թիւնը, հա­յապահ­պա­նու­թեան շքան­շան մը տար Հա­յաս­տա­նի նա­խագա­հին կամ կա­թողի­կոսին, որ կրցած են գո­նէ այդքան մը հայ պա­հել Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ըլ­լա­լիք բան չէ ան­շուշտ, քա­նի որ հա­յապահ­պա­նու­թիւնը Սփիւռքին մէջ կ՚ըլ­լայ, Հա­յաս­տա­նի մէջ եղա­ծը ու­րիշ բան է. հա­յալլկո՞ւմ, հա­յահա­լածո՞ւմ, հա­յաչեմ­գի­տերին­չո՞ւմ…

Կայ կէտ մը, որ ան­հասկնա­լի կը մնայ ին­ծի. հա­յապահ­պա­նու­թեան հա­մար կը շքան­շա­նատ­րուին անո՞նք՝ որոնք հա­յապահ­պա­նուած են, թէ անո՞նք՝ որոնք կը հա­յապահ­պա­նեն։ Անոնցմէ ո՞ր մէ­կը պէտք է պա­հել որ ար­ժէք մը ու­նե­նայ։ Ին­ծի եթէ հարցնէք՝ հարկ է պահ­պա­նել այն հա­յը որ կը հա­յապահ­պա­նէ։ Ես որ­պէս հա­յապահ­պա­նուող հայ մը հա­յապահ­պա­նու­թեան ախո­յեան­նե­րուն պի­տի առա­ջար­կեմ իրենք զի­րենք պահ­պա­նելու հա­մար հե­տեւիլ մեծ­մօրս խրատ­նե­րուն, որ շատ լաւ գի­տէր թթու դնել, կամ, ինչպէս մա­քուր հա­յերէ­նով կ՚ըսեն՝ թուրշի պատ­րաստել։

Խո­հագիր հա­յապահ­պա­նու­թեան

Նախ լաւ մը եփել հա­յը։ (Եթէ բա­րերար է՝ կէս ժամ, եթէ խմբա­գիր կամ գրոց-բրոց մէկն է՝ 10 վայրկեանն ալ բաւ է)։

Ետ­քը զա­նոնք դնել ապա­կեայ անօ­թի մը մէջ։ Մէջ­տեղնե­րը հա­յապահ­պա­նուող հա­յիկ­ներ ալ կրնաք ցա­նել։

Լե­մոնով, քա­ցախով փափ­կացնել ու դնել ջու­րը. ու­շա­դիր պէտք է ըլ­լալ որ վրա­յի շքան­շա­նը մէ­կէն վար չիյ­նայ։

Եւ ահա հա­յապահ­պան հայ մը որ կը պահ­պա­նուի դա­րեր շա­րու­նակ։ Ա՛լ կրնաք ապա­հով ըլ­լալ որ ազ­գին ապա­գան երաշ­խա­ւորուած է։ Միայն պէտք է լաւ որո­շել, թէ ինչ տե­սակ հա­յապահ­պան հայ մը կը փա­փաքիք պահ­պա­նել՝ բա­րերար մը որ Պէզ­ճեանի՞ ձե­ւերը ու­նի թէ Ալեք Մա­նու­կեանի, խմբա­գիր մը որ Մա­մու­րեանի՞ն կը հե­տեւի թէ Սվա­ճեանին։ Սխալ ընտրու­թիւնը փոր­ձանքնե­րու դուռ կրնայ բա­նալ։

Հե­ռաձայնս հնչեց, երբ կը պատ­րաստուէի գրու­թիւնս աւար­տել եւ ու­ղարկել թեր­թիս։

-Կ՚ու­զե՞ս որ սիւ­նակներս լայն բա­նամ քու առ­ջեւդ, ըսաւ դի­մացինս։

Ճանչցայ. հա­յապահ­պա­նու­թեան գոր­ծին նուիրուած շքան­շա­նակիր խմբա­գիր մըն էր։

-Չէ, շնոր­հա­կալ եմ, գի­տեմ որ­քան լայն, այնքան ալ սուղ են անոնք։

-Ու­րեմն ձգէ որ զաւ­կիդ մա­սին «Մեր շրջա­նաւարտնե­րը» մը պատ­րաստեմ։

-Ամառ ըլ­լա­լուն գրե­լիք բան չու­նիս երե­ւի... Կար­ծեմ հա­յապահ­պա­նու­թեան շքան­շան մը տուին քե­զի, չե՞ս ու­զեր գրել թէ ինչպէս կը հա­յապահ­պա­նես, որ­պէսզի նոր սե­րունդը օգ­տուի փոր­ձա­ռու­թե­նէդ։

-Հա­յապահ­պա­նու­թիւնը դժուար գործ է, գի­տես… Մա­հուան դու­ռը հա­սած վեր­ջին բա­ժանորդներս պահ­պա­նելու հա­մար մեծ ճիգ կը թա­փեմ։

-Այո՛, այո՛, ամէն օր մե­ռած­նե­րու մա­սին գրած գո­վեստներդ յու­զումով կը կար­դամ։ Հա­յապահ­պա­նումն ալ մին­չեւ տեղ մըն է, ան­շուշտ…

-Հասկցայ, քեզ­մէ խեր չկայ…, ըսաւ ու երե­սիս գո­ցեց հե­ռաձայ­նը։

Երկարեցա՜ւ… Այսքան հայերէն գրել կարենալուս համար վախնամ շքանշան մըն ալ իմ լամբակիս անցընեն Հայաստանի նախագահն ու կաթողիկոսը… «Չեմ ուզեր» ալ չըսուիր որ հիմա…

Ակօս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter