HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Սփիւռքի գրողին հետ

Ուշ ամրանն էր, Ֆէյսի էջերը ողողուած էին իր նկարներով: Բոլորը միակտուր, սարսուռ կտրած միաբերան, եղածին ահաւորութեան առջեւ տագնապահար եւ մտահոգ կը փութային օգնել ՝ Յովհաննէս Գրիգորեանին:

Վարպետ է Յովհաննէս Գրիգորեանը, անմահութեան  երկաթեայ շէմէն ներս անցած եռամեծ քերթող, պատկերի, ապսիւրտի, զարմացնելու բանաստեղծ է: Ինչքան գիտեմ, ինք իր հետ հաշտ, շրջապատէն ընդունուած – բան մը որ քիչ կը պատահի տաղանդաւորներուն հետ, իր բառով ու խօսքով ապրող ու ստեղծագործող յայտնի անուն է ան: Իր անունը կապուած է հոյլ մը անուններու- ձեռքի մատներուն հաշուարկին  քանակով- որոնք գարուն բերին արեւելահայ այդքան սովետիքում դարձած եւ բորբոս կապած ու հնացած բանաստեղծութեան օրագրութեան: Անոնք գարնան գօտի կապեցին, հզօր ըրին արեւելհայ բանաստեղծութիւնը որն իրենցմով նոր շունչ քաշեց ...

Ուրեմն յայտնի էր որ տեղաշարժ էր  տեղի ունեցածը, ի լուր այն տխրեցնող իրականութեան  որ բանաստեղծը հիւանդ էր, սաստիկ հիւանդ: Տեղաշարժը տեղի էր ունեցած նախ եւ առաջ հոգիներուն մէջ,  ցրուած, այլայլուած հոգիները ի մի էին հաւաքուած բան մը ընելու: Փրկելու համար մեծ բանաստեղծը անողոք հիւանդութիւնէն:

Նկար նկարի վրայ, կոչ ամէն տեղէ, հեռու ու մօտիկ բարեկամներու, գիրի հարազատներուն կողմէ ու երեւոյթը կը դառնար համահայաստանեան: Թերեւս Ռուսաց աշխարհին մէջ ապրողներն ալ կը հասնէին օգնութեան: Անգամ Հայաստանի քաղաքական աւագանին կը փութար փող հաւաքելու կարեւոր գործին:

Բանաստեղծը պիտ մեկնէր Գերմանիա բուժուելու համար: Գումարը կը հաւաքուէր: Հայաստանը կ'ապրէր տեղաշարժ: Ծրագիրը  ի գործ կը դրուէր ու հիմա բանաստեղծը կը բոլորէ բուժման առաջին փուլը: Առողջութիւն ցանկալը հէչ: Քիչ  է ատիկա ըսելը: Վաւերական այս անունը արժանի է բոլորիս ուշադրութեան: Պիտի ապրի Յովհաննէս Գրիգորեանը: Պիտի ապրի ու ստեղծագործէ երկար:

.....

Կիզակէտս հիմա վերադարձն է սփիւռք: Ըսեմ, անհաշիւ ըսեմ, սա այն դէպքերէն է որ հերթական անգամ, Հայաստանը կը զարմացնէ զիս. Ու ինչու ստիպուած պիտի ըլլամ, հոն առկայ  մոխրագոյնը ցուցանիշ ընելու: Ստիպուած եմ, պարտաւոր եմ լոյսին տալ հոն կատարուող բոլոր դրական եղելութիւնները որ յառաջ կը մղուին: Այս պարագային էր որ Հայաստանը զարմացուց զիս. Զգացի նոր հաւաքական գոյ մը, կիրթ, նուիրուած ու հոգատար գոյ մը, որ գոյացաւ ու դաձաւ համընդանուր երեւոյթ: Յովհաննէս Գրիգորեանին հանդէպ ցուցաբերուած այս երանելի ուշադրութիւնը հարցումներու նոր ակօսումներ ըրաւ մէջս:

Հայաստանը կը պատուէ իր գրողը անոր ողջուցը. Սփիւռքը գրողը կը նետէ գերեզմաննոց:

Հայաստանը իր բանաստեղծին կուտայ հաց եւ ջուր, կուտայ գրելու բաւական արեւ որպէսզի ան չմսի ու ազատօրէն ստեղծագործէ:

Սփիւռքը սակայն իր բանաստեղծներուն եւ բանաստեղծ ըլլալու  հաւակնութիւնը ունեցողներուն ձեռքին ոսկորները փշրելու կը միտի, կը խանգարէ անոր մտածելու եւ ձեռնոց նետելու խրոխտութիւնը, կուզէ նոյնիսկ  ծաղրել անոր անունն ու կոչումը ...

Հայաստանը կը յարգէ իր մտաւորականին, եթէ այդ մտաւորականը- ինչքան ալ զարտուղի ու խենթ–ունակ ըլլայ ընդունելու այդ յարգանքի փոքր բաժինը:

Մինչ սփիւռքը իր մտաւորականի կոչումով ապրող «հայրենակիցներուն» կը դարձնէ «ընտանի հաւեր», որպէսզի սորվին Մարտի մէկի կամ Մարտի մէկերուն մասին չխօսիլ, որպէսզի սորվին քննադատելը մոռնալ, որպէսզի սորվեցնէ կախ գլուխով քալել անոր ամայի  ճանապարհներէն,  չըսելու համար որ մերկութիւն կայ հոս: Ոգու սով եթէ կուզէք, բարօր սրահներու ու լոյսերու տակ մտքի չքաւորութիւն: Համընդհանուր ոգու սով, համընդանուր դատարկուած սփիւռք եւ այս ամէնինչին կողքին քանի մը լուսաւոր դէմքեր միայն ,որոնք մէկ օրէն միւսը անյետ պիտի կորչին այս թունոտ սփիւռքէն, այս հոգիի տափաստանէն:

Յովհաննէս Գրիգորեանը կը բուժուի ու պիտի որ բուժուի, մինչ Աբրահամ Ալիքեանն ու Յակոբ Մանուկեանը սառած ձեռքերով պիտի քանի մը տող շարեն սպիտակ թուղթին վրայ:

Անուններ շատ կան, անունները կարեւոր չեն սակայն:

Այս համընդանուր անտարբերութեան առջեւ, այս համընդհանուր տրամին  առջեւ, որուն ծայրէն պիտի քալեմ ես, ուր իբր թէ գիրն ու գիրքն են ի պատուի, գրողը պիտի մեռնի, գրողը մինակ պիտի սատկի, պարզ անոր համար միայն որովհետեւ սփիւռքի երիտասարդութիւնը- ան ալ երջանիկ երիտասարդրութիւն զբաղած է հրեշտակներուն սեռը բնորոշելով:

Հրեշտակներու սեռը այո, մինչ միջնաբերդը  փուլ կուգայ ներսէն ...

......

Մտաւորականը կրնայ մեռնիլ, պարզ է: Սակայն չի լռեր ան: Լռելու չէ:

Այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ սփիւռքի երիտասարդութիւնը պիտի մտածէ նորէն մտածէ այն արժէքներուն մասին որ իր շուրջ են:

Գրողը կրնայ մրսիլ, մրսածութեան ցաւը կ'անցնի, սոված չի սատկիր, բայց ան կրնայ զզուանքով գրել մեր մասին, սփիւռքի մասին, մեր ժամանակներուն մասին, որովհետեւ մեր երակները  այլուր են լարուած: ՈՒ կը ստենք ըսելով որ մենք գրականութիւնը սիրողներ ենք, գրականութեան հաւատացողներ ենք:

Մտածելու տեղիք կայ հոս:

Գրողը գրկելու, գրողը պահպանելու կարիք կայ այլեւս:

Ուր ալ գտնուի ան, եւ ինչ պայմաններու տակ ալ ապրի:

...

Այս առումով Հայաստանը դրական օրինակ հանդիսացաւ. չեմ ուզեր տարբերութեան շերտեր նկարել, չեմ ուզեր տարբերութեան որոգայթներ լարել: Ես մէկութեան կը հաւատամ: Կը հաւատամ նաեւ որ Հայաստանը վարակիչ պիտի դառնայ:

Որպէսզի գիրքին կողքին ապրի նաեւ զայն յօրինողը:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter