
Խճճուած միտքերու խառնուրդ
ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
պատգամներ ըստ Շիրինօղլուի
Պատրիարքական ընտրութեան հարցը, որ երկար տարիներու անլուծելիութեամբը կաթուածեալ մարմնի մը վերածուած էր գրեթէ, տեղապահի ընտրութեամբ (15 մարտ, դշ.) առիթ գտաւ փոքրիշատէ շնչելու՝ ինչպէս գետը կը հոսի հեշտութեամբ, երկար ժամանակ խցանուած հունէ մը դժուարաւ ընթանալէ ետք։ Վայրը, զոր գրեթէ նուաճած ենք այսօր տեղապահի ընտրութեամբ ու նախաձեռնարկ մարմնի կազմութեամբ, իրաւական հաստատուն գետին մըն է, ուր վաղ թէ ուշ պիտի կայանայ, պէ՛տք է կայանայ, պատրիարքական ընտրութիւնը։ Իրաւական զանցառութիւն մը կամ եկեղեցական կանոններու խախտում մը գոյութիւն չունի այդտեղ, ինչպէս որ կար նախքան տեղապահի ընտրութիւնը, երբ ստեղծուած էր «պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ»ի պարականոն աստիճան մը պատրիարքարանի վարչութեան մէջ, անյայտ ժամանակաւ ու իրաւասութեան պղտոր սահմաններով։
Պատրիարքական ընտրութեան տագնապի երկար տարիներուն թրքահայ հասարակութիւնը փորձեց ու կը փորձէ ինքն իրմով լուծել հարցը. զայն այսօրուան իրաւական գետնին հասցնելու յաջողութիւնն ալ առաւելապէս իր ջանքերով եղած է, հակառակ խանգարիչ այլեւայլ ազդակներու, որոնք շինծու էին շատ անգամ։ Ինչպէս սովորաբար կը պատահի, պետութիւն կոչուող վարչամեքենան, ոգիի մը պէս առեղծուածային ընդհանրապէս, անդէմք ու անկերպարան, երբեմն անհասցէ ու անվայր՝ փոխանակ օգնելու, կարգաւորելու, ճամբայ մը ցոյց տալու, բարդուեցաւ խանգարիչ ազդակներու գումարին վրայ։ Թերեւս սխալ ըլլայ ամբողջապէս անդէմք ու անկերպարան կոչել պետութիւնը, որուն ներկայացուցիչը կը հանդիսանայ Պետրոս Շիրինօղլուն՝ ատենապետը Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին, որ իր հերթին է՛ անհասցէ ու անվայր պետութեան գրասենեակը, ընտրութեան կազմակերպման պաշտօնական պատասխանատուութիւնը կրող կուսակալութենէն ալ յաճախ։ Վստահութեամբ կը գրեմ՝ յենլով Շիրինօղլուի հետեւեալ յայտարարութեան վրայ. “… resmi makamlardan iletilen mesajları cemaatimize aktarmaktayım. Mesajları aktarırken kişisel yönlendirmelerde bulunmaktan imtina etmekteyim. Bana söylenenleri açıkça ve olduğu gibi aktararak, cemaatimizde bir ortak aklın oluşmasına katkı getirmeyi amaçlamaktayım” (… պաշտօնական մարմիններէն յղուած պատգամները կը փոխանցեմ մեր համայնքին։ Պատգամները փոխանցելու ժամանակ կը զգուշանամ անձնական կողմնորոշում ցուցաբերելէ։ Ինծի ըսուածները յստակօրէն փոխանցելով կը նպատակադրեմ հասարակաց միտքի մը ստեղծման», թարգմանութիւնը իմն է), («Ժամանակ», 6 հոկտեմբեր 2017)։
Ուրեմն հիմա փորձենք տեսնել, թէ արդեօք Շիրինօղլու հասա՞ծ է իր նպատակին՝ հասարակաց միտք մը յառաջ բերելու ուղղութեամբ։ Տեղապահի ընտրութենէն, այսինքն 15 մարտէն ի վեր իր կատարած յայտարարութիւններուն գլխաւոր կէտերը հետեւեալներն են։
(Մէջբերումները «Ժամանակ»էն։ Ուղղակի մէջբերումները դրուած են չակերտեալ, իսկ թերթին լրատուութիւնը՝ առանց չակերտի)։
-“… çok üzülerek de olsa, toplumumuzu sarsıntılardan uzak tutacak bir formülün temennisi olarak, Sayın Başepiskopos Karekin Bekçiyan'ı kaymakam görevinden istifaya davet etmekteyim.” («… թէեւ տխրութեամբ, որպէս մեր հանրութիւնը ցնցումներէ հեռու պահելու բանաձեւի մը մաղթանքը, Գարեգին արք. Պեքճեանը տեղապահի պաշտօնը հրաժարելու կը հրաւիրեմ», թարգմանութիւնը՝ իմն է), («Ժամանակ», 3 ապրիլ 2017)
-Պետրոս Շիրինօղլուի խօսքերով, արժեւորելով վերջին մօտաւորապէս երեք ամիսներու զգայացունց իրադարձութիւնները եւ թրքահայ համայնքային կեանքէն ներս յառաջացած փակուղին՝ պատկան մարմինները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն՝ Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հանգամանքը ճանչնալու ուղղութեամբ։ («Ժամանակ», 19 մայիս 2017)
-«Պարոն կուսակալին կողմէ մեզի փոխանցուած պատգամները, ընդհանուր առմամբ, ամբողջ մը կը կազմեն անցեալ շաբաթ Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ Ազգային հիւանդանոցի մէջ մեզի ըսուածներուն հետ։ Այսինքն, պատկան իշխանութիւններուն մօտեցումը զարգացած է՝ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանը որպէս տեղապահ ճանչնալու ուղղութեամբ։ Մեր նկատառման այս փուլին յստակօրէն կը յանձնուի, որ պետութիւնը կ՚աջակցի ո՛չ թէ անձերու, այլ հաստատութիւններու։ Ներկայ վիճակին մէջ մենք կրնանք յուսադրուիլ, թէ նոր պատրիարքի մը ընտրութեան շուտով պիտի կարենանք ձեռնարկել, պատրաստակամութիւն մը զգալի է՝ համապատասխան արտօնութիւններու տրուելուն ուղղութեամբ»։ («Ժամանակ», 24 մայիս 2017)
-“Sayın Cumhurbaşkanımız Recep Tayyib Erdoğan Beyefendinin oluru ve çok değerli devlet büyüklerimizle yaptığımız bu iki aylık görüşme neticesinde Karekin Arkyebisgobos Bekçiyan sırpazan devlet tarafından Türkiye Ermenileri Patrikhanesi Değabahı olarak kabul edilmiştir.” («Հանրապետութեան նախագահ պարոն Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի համաձայնութեամբ եւ գերյարգելի պետական այրերու հետ ունեցած մեր շփումներու արդիւնքին, Գարեգին արք. Պեքճեան պետութեան կողմէ ընդունուած է որպէս Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան տեղապահ», թարգմանութիւնը՝ իմն է), (Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ կայացած համբարձման տօնակատարութեան սիրոյ սեղանի ելոյթէն հատուած մը, 25 մայիս 2017)
-Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ Համբարձման սեղանին ընթացքին հանդէս եկաւ ծաւալուն ելոյթով մը։ Ան ամփոփ անդրադարձաւ պատրիարքական ընտրութեան խնդրին եւ իր խորին երախտագիտութիւնները յայտնեց պատկան իշխանութիւններուն նկատմամբ՝ պետութեան կողմէ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հանգամանքի ճանաչման համար վառուած կանաչ լոյսին բերումով։ («Ժամանակ», 26 մայիս 2017)
-“Toplum olarak, tüm saflaşma ve görüş ayrılıklarımızı bir yana bırakarak, Patrik Kaymakamı Sayın Başepiskopos Karekin Bekçiyan'ın etrafında birleşmeliyiz. Patriklik Makamımız'ın bekası ve istikrarı için bu tartışmasız bir zorunluluktur. Kendileriyle işbirliği sergilemek mevcut koşullarda kaçınılmaz bir ödevdir.” («Որպէս հասարակութիւն, մէկ կողմ թողլով բոլոր կողմնակցութիւններն ու գաղափարական հակասութիւնները, պէտք է միանանք պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեանի շուրջ։ Պատրիարքական աթոռի շարունակականութեան եւ կայունութեան համար անվիճելի ստիպողութիւն մըն է ասիկա։ Իրեն հետ համագործակցիլը անխուսափելի պարտականութիւն մըն է ներկայ պայմաններով», թարգմանութիւնը՝ իմն է) («Ժամանակ», 1 յունիս 2017)
-«Ես բաժնեցի իմ համեստ տեսակէտներս, յաջողութիւն մաղթեցի Նորին Սրբազնութեան ու կրկնեցի, որ իմ ուժերու ներած չափով պիտի աջակցիմ անոր գործունէութեան»։ («Ժամանակ», 11 յուլիս 2017)
-Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր ընդունուեցան Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։ Հանդիպումէն վերջ Շիրինօղլու մեզի յայտնեց, որ ջերմ զրոյց մը ունեցած է երկու սրբազաններուն հետ եւ ուրախութիւն յայտնեց անոնց օրհնութիւնը ստանալու առիթին համար։ Ատենապետ Շիրինօղլու նշեց, որ կարծիքի փոխանակումներ ունեցած են՝ համայնքային ընթացիկ հարցերու շուրջ։ («Ժամանակ», 17 օգոստոս 2017)
-…Պետրոս Շիրինօղլուն ալ այդ բոլորի լոյսին տակ մանրամասնօրէն ներկայացուց իրեն միջոցաւ փոխանցուած պատգամները։ Պատկան իշխանութիւններուն հետ ունեցած յարաբերութիւններուն շնորհիւ՝ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ տեղեակ դարձած է առկայ խնդիրներուն։ Ան ժողովականներուն բացատրեց, որ յաչս պատկան իշխանութիւններուն տակաւին չէ հասունցած պատրիարքական ընտրութեան մը ձեռնարկելու պահը։ («Ժամանակ», 13 սեպտեմբեր 2017)
-“Özellikle Patrik Kaymakamı Sayın Başepiskopos Karekin Bekçiyan'ın sertleşen üslubu seçim sürecinin çıkmaza sürüklendiğinin tartışmasız bir ispatı niteliğindedir. Tükenmişliğin itirafıdır. Meydan okumalarla sorunlar çözülmez, çözülemez. Patrikhanemiz'in mevcut yönetimi ve mevcut Müteşebbis Heyetle cemaat olarak patrik seçimine gidemeyeceğimiz bugün artık aşikardır.” («Մանաւանդ պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեանի խստացող ոճը անվիճելի մէկ փաստն է ընտրական գործընթացի անելի մատնուած ըլլալուն։ Սպառումի խոստովանութիւնն է։ ասպարէզ կարդալը հարցերը չի լուծեր, չի կրնար լուծել։ Ա՛լ ակնյայտ է որ որպէս համայնք պիտի չկարենանք պատրիարքական ընտրութիւն կազմակերպել պատրիարքարանի այժմու ղեկավարութեամբ ու ներկայի նախաձեռնարկ մարմինով», թարգմանութիւնը՝ իմն է) («Ժամանակ», 6 հոկտեմբեր 2017)
-«Միշտ կը կրկնեմ՝ ներկայ վիճակով անկարելի է, որ որպէս համայնք կարենանք նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնը իրականացնել։ Չեմ ուզեր ոեւէ մէկը մեղադրել կամ քաւ լիցի, որ համարձակիմ վիրաւորական արտայայտութիւններ ունենալու, բայց եւ այնպէս, մեր ներկայ Նախաձեռնարկ մարմնով ու տեղապահով երբեք պիտի չկարենանք երթալ ընտրութեան։ Սա է ճշմարտութիւնը։ Կամայ թէ ակամայ գործուած են սխալներ, առնուած են անհեռատես քայլեր»։ («Ժամանակ», 11 հոկտեմբեր 2017)
-Շիրինօղլու յայտնած էր, որ պետութիւնը Պատրիարքարանին կողմէ կատարուած ընթացակարգային թերութիւններ կը տեսնէ, տրամադիր չէ ճանչնալու տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հանգամանքը, նոր պատրիարքի ընտրութեան համար գործընթացը բոլորովին հասունցած չի համարեր, ուստի կ՚ակնկալուի Նախաձեռնարկ մարմնի լուծարումը։ («Ժամանակ», 25 հոկտեմբեր 2017)
-“Bir ruhani olarak kendilerine saygımız sonsuzdur, ama bugün idari bir krizle karşı karşıya bulunuyoruz. Sayın Bekçiyan kaymakam olarak tanınmadığını bildiği halde bu yanlış propaganda yöntemini tercih ediyor. Kendisinin önünde yol bitmiştir. Bunu görmesi ve artık cemaate daha fazla zarar vermeden, süreci tıkamadan, doğal akışı engellemeden çekilmesi gerekiyor.” («Որպէս հոգեւորական մեր յարգանքը անսպառ է իրեն հանդէպ, սակայն այսօր դէմ յանդիման ենք վարչական տագնապի մը հետ։ Պեքճեան գիտէ, թէ ճանաչում չունի որպէս տեղապահ, սակայն կը նախընտրէ քարոզչութեան այս սխալ ճամբան։ Ճանապարհը վերջացած է իր առջեւ։ Պէտք է տեսնէ ասիկա եւ առանց աւելի վնասելու համայնքը, առանց խցանելու գործընթացը, առանց խանգարելու բնական ընթացքը՝ պէտք է հեռանայ», թարգմանութիւնը՝ իմն է) («Ժամանակ», 27 հոկտեմբեր 2017)
(Հարկ է նշել, թէ Շիրինօղլու երբեք չ՚ըսեր (կամ դռնփակ կ՚ըսէ, սակայն հասարակութիւնը չի գիտեր), թէ որո՛նք են «առկայ խնդիրներ»ը, թէ որո՛նք են պետութեան «տեսած» «Պատրիարքարանին կողմէ կատարուած ընթացակարգային թերութիւններ»ը, թէ որո՛նք են «կամայ թէ ակամայ գործուած սխալներ»ը, «առնուած» «անհեռատես քայլեր»ը)։
Շիրինօղլուի այս յայտարարութիւնները, թերեւս նաեւ տեղապահին հետ անձնական հանդիպումներու ժամանակ ուղղակի ըսածները հիմք հանդիսացան, որպէսզի տեղապահ Պեքճեան իրաւացի կերպով հանդէս գար հետեւեալ յայտարարութեամբ. “Gün geliyor, “Devletin sizinle problemi yok,” diyor, gün geliyor, “Devlet Bekçiyan’ın üstünü çizdi,” diyor. Devlet adına konuşan bir murahhas ise, devlet bu kadar sık karar değiştirmeyeceğine göre, Sayın Şirinoğlu bir karar vermeli, devlet kendisine ne demiş, niçin ona söylemiş, bir ulağa, aracıya koca devletin ihtiyacı var mı, bunları düşünmeli, gözden geçirmeli.” («Երբեմն կ՚ըսէ, թէ «պետութիւնը ձեզի հետ հարց մը չունի», երբեմն կ՚ըսէ, թէ «պետութիւնը ջնջած է Պեքճեանի անունը»։ Եթէ յանուն պետութեան արտայայտուող պատգամաւոր մըն է, եւ քանի որ պետութիւնը յաճախ չէ որ տեսակէտ կը փոխէ՝ պարոն Շիրինօղլու պէտք է որոշէ, պետութիւնը իրեն ի՛նչ ըսեր է, ինչո՛ւ իրեն ըսեր է, հսկայ պետութիւնը կարիք ունի՞ սուրհանդակի, միջնորդի մը, պէտք է մտածէ այս մասին, վերատեսութեան ենթարկէ», թարգմանութիւնը՝ իմն է) («Ակօս»ի կայքէջ, 15 հոկտեմբեր 2017)։
նիւթի աղբիւրը՝ Ակօս
Մեկնաբանել