HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Տէր Մկրտիչեան հաւաքածոյ - Պեռլին

Այս յօդուածով կը ներկայացուին Պեռլինի Տէր Մկրտիչեան հաւաքածոյէն ընտրուած լուսանկարներ եւ առարկաներ։ Առաջինը լուսանկար մըն է, ուր պատկերուած են Աղաւնի Թենկերեանը, Լեւոն Տէր Մկրտիչեանը, վերջինիս մայրը՝ Էլմաս Քիւրքճեան/Տէր Մկրտիչեանը եւ Աղաւնիին ու Լեւոնին երեք զաւակները՝ Անահիտը, Խուանը եւ Մարիօն։ Լեւոնը եւ Աղաւնին իրարու Փարիզի մէջ հանդիպած էին եւ յետոյ հոն ալ ամուսնացած։ 1929-ի վերջերուն անոնք Փարիզէն մեկնած էին եւ մշտական բնակութիւն հաստատած Պուէնոս Այրէսի մէջ։

Աղաւնիին ընտանիքը Սվազ/Սեբաստիայէն էր։ Աղաւնիին հայրը՝ Մելքոնը, 1915-ի Ցեղասպանութեան զոհ գացած էր։ Մայրը՝ Թագուհի Ակոբեանը, իր չորս զաւակներուն հետ տեղահան եղած էր։ Այս խումբէն միայն Աղաւնին եւ իր Շնորհիկ քոյրը պիտի ողջ մնային դէպի մահ տեղահանութեան երթերէն ետք։

Տէր Մկրտիչեանները Մարաշի մէջ ընդարձակ վարելահողի եւ մեծ հանրախանութի տէր էին։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Լեւոնը կրցեր էր իր գլուխը պահել եւ ճամբորդել շնորհիւ իր առեւտրական եւ լեզուական հմտութիւններուն. ան եօթը լեզու գիտէր։ 1921-էն 1923 ան ապրած էր Պոլսոյ մէջ, սակայն 1923-ի Լոզանի դաշնագրի կնքումէն ետք անդրադարձած էր, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ ինքը ապագայ չունէր եւ անվերադարձ մեկնած էր Փարիզ։

Այս էջին մէջ ի ցոյց դրուած են Աղաւնիին եւ Լեւոնին ընտանիքները՝ երկու հատուածով։ Պէտք է նշել, որ անուններուն լատինատառ գրութիւնը փոխուած է՝ համաձայն սպաներէն տառադարձուած ձեւին։

Յատուկ շնորհակալութեան կ՚ուզեմ յայտնել հօպարներուս՝ Պուէնոս Այրէսի բնակիչ Մարիօ Տէր Մկրտիչեանին, որ ինծի յանձնեց ընտանեկան լուսանկարներով եւ փաստաթուղթերով լեցուն ճամպրուկը, եւ Շիքակօ ապրող Միլթոն (Մկրտիչ) Զառային, որուն անձամբ հանդիպելու բախտը չեմ ունեցած, հակառակ անոր որ 2011-էն ի վեր կապի մէջ ենք իրարու հետ։ Միլթոնը Թենկերեան ընտանիքին մասին բազմաթիւ պատմութիւններ պատմեց ինծի, որոնք հիմա ես ձեզի կը պատմեմ։

Թենկերեան ճիւղը (Սեբաստիա)

Թենկերեան ընտանիքին մասին մեզի յայտնի ամենէն վաղ տուեալները կը վերաբերին սեբաստաբնակ այս զոյգին՝ Յովսէփ Թենկեարեանին (1850-ի կողմերը ծնած) եւ կնոջը՝ Վարդանոյշին (աղջկութեան մականունը՝ անյայտ)։

Ամուսինները երեք զաւակ ունեցած էին.

  • Անդրանիկ որդին՝ Մելքոնը, ծնեալ Սվազ 1867-ին, կախաղան բարձրացուած Սվազի մէջ 1915-ին։
  • Կրտսեր որդին՝ Սամուէլը, ծնեալ 1885-ին Սվազ, եւ Ցեղասպանութենէն առաջ ԱՄՆ գաղթած, մահացած 1945-ին ԱՄՆ։
  • Աւագ դուստրը՝ Շամէլը, ծնեալ 1877-ին Սվազ։ Շամէլը պիտի յաջողէր փախիլ Սվազէն, վերապրիլ Ցեղասպանութենէն, եւ մի քանի տարի Պոլիս անցընելէ ետք պիտի երթար Ֆրանսա իր դստեր՝ Արուսեակին հետ։ Շամէլը պիտի մահանար 1940-ին Փարիզի մէջ։
  • Սէրան/Սէրանոյշ Թընկրեանը ծնած էր 1891-ին Սվազի մէջ։ Անոր հայրը Մելքոնին հօրեղբայրն էր։ Իրենց հօր մահէն ետք, Մելքոնը Սէրանը եւ անոր եղբայր Ժոզէֆը(Յովսէփին յիշատակին այդպէս անուանակոչուած) իր հոգատարութեան տակ առած էր իր ընտանիքին մէջ։ Ահա թէ ինչո՛ւ անոնք «հայրիկ» կ՚ըսէին Մելքոնին։

Մելքոն Թենկերեան

Մելքոնին «քեփաճի» կ՚ըսէին, որ հաւանաբար վերարկու կարող դերձակ կը նշանակէ։ «Թենկերեան»-ը կրնայ թրքերէն «թենճերէ» (կաթսայ կամ տապակ) բառէն ծագած ըլլալ։ Մելքոնը ամուսնացած էր Թագուհի Ակոբեանին հետ։ Ունէին չորս զաւակ. երեք դուստր՝ Աղաւնին (ծնեալ 1903), Շնորհիկը (ծնեալ 1905) եւ Օղատուրը (ծնեալ 1909), ինչպէս նաեւ որդի մը՝ Հայկազը (ծնեալ 1912)։ Մանչուկին անունը Հայկազ էր, բայց մարդ զինք Հայկազ չէր կոչեր։ Մայրը՝ Թագուհին «չէօրէկ» (քաղցր հաց) կը պատրաստէր, եւ Հայկազը խենթ կ՚ըլլար այս խմորեղէնին համար, անընդհատ կ՚ուզէր, բայց լեզուական արատին պատճառով «կիւրէ՛կ, կիւրէկ տո՛ւր» կ՚ըսէր, եւ բոլորը, ներառեալ Մելքոնը, զինքը Կիւրէկ կը կոչէին։

Մելքոնի եղբօրորդի Յովսէփին բանաւոր աւանդածէն մենք գիտենք, որ 1915-ին տարագրեալներու կարաւանները Սվազի վրայով հարաւ կը քշուէին։ Ամեն մարդ տեղեակ էր օսմանեան կառավարութեան հրապարակած ցուցումներէն. բայց դժուար էր հաւատալ, որ իրականութիւնը այդ էր։ Մելքոնը այդ տարուան մարտ ամսուն տեղւոյն ժանտարմներէն (ոստիկաններէն) մէկուն հետ բախում ունեցած էր. 1915-ին Սվազի իշխանութիւնները կախաղան հանած էին զինք։

Շնորհիկը կը յիշէ թէ յուլիսին օսմանցի պաշտօնաւորները եկեր էին իրենց տունը եւ յայտարարեր էին, թէ ընտանիքը պէտք էր պատրաստուէր տեղափոխութեան. յայտարարութեան յաջորդած լացուկոծին ու ողբին ի տես Թագուհին ամուր մնացած էր։ Եկած էր մեկնումի օրը, եւ մայրն ու զաւակները տունէն դուրս բերուած էին եւ տարագիրներու շարքերուն մէջ շպրտուած։ Թագուհին, Աղաւնին եւ Շնորհիկը մարդոց երկար շարքի մը մէջ իրարու հետ դրուած էին/իրարու կապուած դրուած էին։ Տեղահանութեան սկզբնական շրջանին իրենց պզտիկ քոյրիկը՝ Օղատուրը կորսուած էր ամբոխին մէջ. զինք այլեւս պիտի չտեսնէին երբեք։ Իրենց միակ եղբայրը՝ Կիւրէկը, անկէ քիչ ետք պիտի անհետանար, եւ Թագուհիին պիտի չձգէին շարքէն դուրս գալ եւ որդին փնտռել։

Շնորհիկը չի յիշեր որքան քալած էին, ուրկէ անցած էին եւ ուր հասած։ Կը յիշէ որ ճամբան երկար էր։ Կը քնանային հետերնին բերած իրենց հակերուն/խուրջիններուն վրայ։ Կը յիշէ որ շատ-շատ ծարաւ էր միշտ։ Որոշ ժամանակ յետոյ Թագուհին ձեռքէն նետած էր իր ունեցած-չունեցածը եւ գետին նստած։ Մայրը նստած էր քնանալու եւ յետոյ երբեք ոտքի չէր ելած,- կը պատմէր Աղաւնին։ Ոստիկան մը աղջնակներուն ըսած էր որ իրենք շարունակէին քալել, որ մաման քիչ ետք պիտի հասնէր իրենց… մաման չէր եկած, եւ որոշ ժամանակ անց քոյրիկները զիրար ալ կորսնցուցեր էին իրարանցումին մէջ։

Օրեր անց, երբ տարագրեալներուն դադարի պահ մը տրուած էր ագարակի մը տարածքին, այր մը եւ կին մը եկած էին եւ Շնորհիկը տարած քիչ մը հեռու գտնուող տուն մը։ Քիւրտ էին։ Երեք զաւակ ունէին։ Շնորհիկը չէր հասկնար անոնց խօսածը՝ քիւրտերէն կը խօսէին։ Ընտանիքը պիտի փորձէր դաւանափոխ ընել Շնորհիկը, Շնորհիկը երեսանց պիտի ընէր անոնց ուզածը, բայց ներքուստ երբեք պիտի չուրանար իր կրօնը։ Անոր իսլամութիւն ընդունելը «հաստատելու» համար դաջեր էին զինք։ Ամուր բռներ էին զինք, եւ մէկը դաջուածքներ ըրեր էր Շնորհիկին երեսին վրայ։ Գորգի կապոյտ ներկեր գործածեր էին, եւ գամերով ու ցուպերով գծեր էին անոր դէմքին վրայ։ Մօտաւորապէս 30 կէտ՝ դէմքին շուրջը եւ վերին շրթունքին վրայ։ Բերանի երկու կողմերը սլաքներ/նետեր գծեր էին, յետոյ ալ երկու այտերու վրայ լուսնի մահիկը պատկերած։ Յօնքերուն ծայրերուն ալ իսլամական նախշեր գծած էին։ Մէկ հատիկ կէտ ըրած էին քիթին կողքին, եւ աջ դաստակին կապոյտ մելանով գիրեր դաջեր էին։ Աղջնակը այդ պահին ուշագնաց եղեր էր, եւ անկէ ետք եղածը չէր յիշեր։

Որոշ ժամանակ անց (Շնորհիկը չի յիշեր՝ որքան ժամանակ անցած էր), երբ ինքը դաշտերուն մէջ կ'աշխատէր, մի քանի այրեր նկատած էին դէմքին դաջուածքները եւ մօտեցած իրեն. «հա՞յ ես»,- հարցուցած էին։ Շնորհիկը տարած էին որբանոց մը, ուր կային հայերէն խօսող պզտիկներ։

Շնորհիկին քոյրը՝ Աղաւնին, կը պատմէր, թէ ինչպէս զինք տարած էին թուրք ընտանիքի մը քով սպասուհի աշխատելու։ Փորձած էին իսլամացնել զինք, եւ ինքը իր անունին ինչ ըլլայ մոռցած էր, բայց սովորութիւն ունէր իր անունը եւ այլ մանր-մունր բաներ հայերէնով թուղթի պզտիկ կտորներու վրայ գրելու, զանոնք ոլորելու եւ դաշտերը իրարմէ բաժնող պատին քարերուն միջեւ պահելու։ Յայտնի չէ թէ Աղաւնին յետոյ ինչպէս հասած է Հալէպ եւ անկէ ետք ալ Պէյրութի որբանոցներէն մէկուն մէջ հանգրուանած։ Որոշուած էր (գերդաստանին ողջ մնացած աւագներուն կողմէ), որ երկու քոյրերը ապաստան գտնէին ԱՄՆ եւ իրենց Սամուէլ հօրեղբօր հետ ապրէին։

Սամուէլ Թենկերեան

Պզտիկ հասակին Սամուէնը մեկնած էր Սվազէն՝ վիճելէ ետք իր հօր, հօրեղբօր եւ Մելքոն եղբօր հետ, որոնք կը պնդէին ու կը խնդրէին իրմէ, որ չլքէ հայրենի քաղաքը։ Չենք գիտեր Սամուէլը Սվազէն մեկնելով ո՛ւր ուղեւորուած էր. գիտենք սակայն, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն ետք Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող հայերու հաւաքական կոտորածներու լուրը առնելով ան գացած էր Եգիպտոս, զինուորագրուած էր Արեւելեան լէգէոնին (որ հետագային պիտի դառնար Հայկական լէգէոնը)։ Հայկական լէգէոնը ֆրանսական բանակին առընթեր զինուորական միաւորում մըն էր, եւ տեղաբաշխուած էր ընդդէմ օսմանեան բանակի սահմանագիծին եգիպտական ճակատին վրայ։ Սամուէլը կռուած էր Սուրիոյ մէջ, եւ ստացած էր խոհարարի պաշտօն։ Այդ օրերէն ան ընկերացած էր բազմաթիւ հայ բախտակիցներու հետ, ստեղծելով ընկերներու խումբ մը, որոնք պատերազմէն ետք գտած են զիրար եւ ցկեանս ընկերներ մնացած։

Զօրացրուելէ ետք առողջական խնդիրներու բերումով Սամուէլը որոշ ժամանակ ապրած էր Գահիրէի մէջ, ուր հանդիպած էր իր ապագայ տիկնոջը՝ Տիգրանուհիին (ծնեալ 1902)։ Սամուէլը եւ Տիգրանուհին ամուսնացած էին Ֆրանսայի մէջ, ապա հաստատուած ԱՄՆ Նիւ Եորք քաղաքը։

1921-ին կը ծնէր Սամուէլ կրտսերը, որուն խնամքով եւ դաստիարակութեամբ պիտի զբաղէին Տիգրանուհին եւ Շնորհիկը։ Ընտանիքը 1930-ականներուն կը տեղափոխուէր Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեց։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Սամուէլ կրտսերը զօդող աշխատած է «Liberty» շոգենաւերու արտադրութեան մէջ՝ տրուած ըլլալով որ իր զինուորական ծառայութիւնը յետաձգուած էր ընտանիքին դժուար ապրուստին պատճառով։ 1940-ականներուն էր որ ան պիտի զօրակոչուէր բանակ, եւ քիչ անց իր զօրամիաւորումը պիտի բռնէր Եւրոպայի ճամբան՝ մասնակցելու համար հոն ծաւալուող պատերազմական գործողութիւններուն։ Ան մարտական գործողութիւններու ընթացքին 1945-ին պիտի նահատակուէր Պելճիքայի մէջ։ Իր փոքր եղբայրը՝ Թոնին (Անդրանիկ) Մասաչուսեց կ՚ապրէր ընտանիքին հետ մինչեւ Տիգրանուհիին (1942-ին) եւ Սամուէլի (1945-ին) մահերը, որոնցմէ ետք Շնորհիկին ընտանիքին անդամը դարձած էր։ Շնորհիկը ամուսնացած էր Հայկ Զառային (Զառացեան) հետ. Հայկն ալ Ցեղասպանութենէն փրկուած վերապրող մըն էր։ Թոնին պիտի կազմէր իր ընտանիքը եւ իր երկու մանչերուն ու երկու աղջիկներուն հետ ապրէր Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ։ Կը մահանար 1990-ին։

Շամէլ Թենկերեան

Շամէլ Թունկրեան/Թենկերեանը ամուսնացած էր Սերոբ Գամպուրեանին հետ (սպաննուած Սվասի մէջ 1915-ին)։ Ունէին երեք դուստր։ 1912-ին անոնցմէ մէկը՝ Արուսեակը, 17 տարեկանին Սվասի մէջ ամուսնացած էր Գարեգին Անդրէասեանին հետ եւ այս ամուսնութեան շնորհիւ ան վերապրած էր Ցեղասպանութենէն։ Ընտանեկան այս դրուագին մասին տե՛ս մեր Թուայնացուած բաց արխիւի (ԹԲԱ) «Անդրէասեան հաւաքածոյ - Փարիզ, Ֆրանսա»-ն Յուշամատեանի Թուայնացուած բաց արխիւի Անդրէասեան հաւաքածոն։ 1915-ի տեղահանութիւններուն ատեն Շամէլին միւս երկու աղջիկները տարագրութեան ճամբուն քիւրտերու կողմէ առեւանգուած էին։ Անկէ ի վեր իրենցմէ ոչ մէկ տեղեկութիւն ունեցած ենք։

Երկու քոյր ճանապարհներու խաչմերուկներուն

Ինչպէս արդէն նշեցինք, Շնորհիկը եւ Աղաւնին իրենց ընտանիքէն միակ վերապրողներն էին եւ ստիպուած եղած էին ԱՄՆ երթալու իրենց հօրեղբայր Սամուէլին քով։ ԱՄՆ ճանապարհին Աղաւնին կանգ առած էր Փարիզ իր հօրաքոյր Շամէլին եւ անոր դստեր՝ Արուսեակին տունը։

Հոն ան հանդիպած էր Լեւոն Տէր Մկրտիչեանին եւ ամուսնացած անոր հետ։ Զոյգը Արժանթին մեկնած էր 1929-ի վերջերուն։

Իսկ Շնորհիկը Մարսիլիոյ ճամբով ԱՄՆ գացած էր։

Շնորհիկ

Սամուէլը պիտի օգնէր Շնորհիկին ԱՄՆ գալու։ Ան Շնորհիկին նաւով ճամբորդութեան ճանապարհածախսը պիտի ղրկէր, օգնէր որ 1920-ին Էլիս Այլընտ հասնելով անցնէր մաքսատունէն եւ զինքը իր տունը տանէր, ուր Շնորհիկը պիտի դառնար իր խնամառուն։

Շնորհիկը Սամուէլին եւ անոր կնոջ հետ մնացած է մինչեւ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած ուրիշ հայու մը՝ Հայկ Զառացեանին (ծնեալ Սեբաստիա/Սվազ 1899-ին, մահացած Մայամի, Ֆլորիտա 1987-ին) հետ իր ամուսնութիւնը1925-ին։ Շնորհիկը եւ ամուսինը պիտի հաստատուէին Նիւ Ճերզի ու ընտանեօք հոն ապրէին։

շարունակությունը՝ այստեղ 

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter