HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Կողոպուտ անտէրութեան պայմաններու մէջ

Սուրբ Զատկի շնորհաւորութիւններու ընթացքին Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հրապարակուեցաւ նաեւ սոյն տարուայ ելմտական հաշուետուութիւնը։ Մամուլին փոխանցուած ցուցակին համաձայն Պատրիարքարանի ելմտա­կան աղիւ­սա­կը ու­նե­ցած է 48 հա­զար լի­րային հաս­նող բաց մը։ Այսպէս Պատ­րիար­քա­րանը 2017 թուակա­նի ըն­թացքին գան­ձած է 1 մի­լիոն 739 հա­զար եւ ծախ­սած է 1 մի­լիոն 787 հա­զար։ 2016-ի ցու­ցա­կին հետ բաղ­դա­տու­թիւննե­րով ներ­կա­յացուած ցու­ցա­կին մէջ ու­շագրաւ կը դառ­նար «հա­սարա­կու­թեան հետ յա­րաբե­րու­թիւններ» խո­րագ­րի ներ­քեւ ներ­կա­յացուող հայ մա­մու­լի տրուած ծա­նու­ցումնե­րու ցան­կը։ Ըստ այդ ցու­ցա­կի 2016 թուին 32 հա­զար կազ­մող գու­մա­րը, տա­րի մը անց բարձրա­ցած է 135 հա­զար 404 լի­րայի։ Նշենք որ Պատ­րիար­քա­կան տե­ղապահ Գա­րեգին Պէք­ճեան պաշ­տօն ստանձնած օրե­րուն յայ­տա­րարու­թիւնով մը հան­դէս եկած եւ հրա­պարա­կած էր, թէ Պատ­րիար­քա­րանը գու­մար չու­նի ծա­նու­ցումնե­րու հա­մար։ Այդ յայ­տա­րարու­թիւնն ալ մտա­ծել կու տայ թէ սոյն ծա­նու­ցումնե­րը տե­ղի ու­նե­ցած են տա­րուայ առա­ջին կէ­սին։ Ծա­նու­ցումնե­րու այս ու­շագրաւ աճին հա­մար դի­մեցինք Պատ­րիար­քա­րանի պիւտճէի պա­տաս­խա­նատու Պետ­րոս Մար­զուանի, որուն տուած տե­ղեկու­թիւննե­րուն հա­մաձայն նա­խորդ տա­րուայ ըն­թացքին «Ժա­մանակ» թեր­թին փո­խան­ցուած է 100 հա­զար, իսկ «Մար­մա­րա»ին 30 հա­զար լի­րա, իբ­րեւ ծա­նու­ցումնե­րու փո­խար­ժէք։

Մար­զուան չէ կրցած պա­տաս­խա­նել թեր­թե­րու մի­ջեւ այս ան­հա­մապա­տաս­խան տար­բե­րու­թեան եւ մէկ տա­րուայ ըն­թացքին գո­յացած ու­շագրաւ աճի պատ­ճառնե­րուն մա­սին։

Ու­շագրաւ երե­ւոյթ է նաեւ շէն­քի վե­րանո­րոգ­ման հա­մար կա­տարուած ծախ­սե­րուն զգա­լի աճը։ Այստեղ եւս կը տես­նենք եր­կու տա­րինե­րու ըն­թացքին կա­տարուած ընդհա­նուր ծախ­սը, որ կը հաս­նի 290 հա­զար լի­րայի։ Հա­շուա­պահը տա­րեկան պիւտճէի մատ­նուած դժուարու­թիւնը կը բա­ցատ­րէ մկրտու­թիւն, պսակ եւ թա­ղու­մի ծի­սակա­տարու­թիւննե­րու նուազու­մով։ Փո­խան­ցուած տե­ղեկու­թեան հա­մաձայն ան­ցեալ տա­րի կա­տարուած է 116 պսա­կադ­րութիւն եւ ընդհա­նուր առ­մամբ 1,826 կար­գադրու­թիւննե­րէն գան­ձուած է 2 մի­լիոն 585 հա­զար լի­րա։ Այդ գու­մա­րի 585 հա­զարը փո­խան­ցուած է հո­գեւո­րական­նե­րուն։ Իսկ 331 հա­զարն ալ եկե­ղեցի­ներուն եւ գե­րեզ­մա­նատու­նե­րուն։

Արամ արք. Աթէ­շեան պսա­կադ­րութիւննե­րու նուազու­մը բա­ցատ­րեց խառն ամուսնու­թիւննե­րու աճով։

Սուրբ Եր­րորդու­թիւն 
եկե­ղեց­ւոյ խնդի­րը

Սուրբ Զատ­կի առ­թիւ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու շնոր­հա­ւորու­թեան ըն­թացքին օրա­կար­գի եկաւ նաեւ Սուրբ Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեցիէ ներս տե­ղի ու­նե­ցած զեղ­ծա­րարու­թիւննե­րու խնդի­րը։ Այս մա­սին Սուրբ Փրկիչ հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու դժգո­հու­թիւն յայտնեց այս եկե­ղեցիէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած ան­կարգու­թիւննե­րու մա­սին եւ պա­հան­ջեց, որ լու­ծուի թա­ղական խոր­հուրդը եւ այդ պաշ­տօ­նը փո­խան­ցուի ներ­կայ թա­ղական խոր­հուրդնե­րէ կազ­մուած յանձնա­խումբի մը։ Շի­րինօղ­լուի այս առա­ջար­կը պատ­ճառ դար­ձաւ թեր ու դէմ կար­ծիքնե­րու փո­խանակ­ման։ Ոմանք ձայ­նակցե­ցան, իսկ ոմանք ալ որոշ ան­պա­տեհու­թիւններ նկա­տեցին նման եղա­նակի մը գոր­ծադրման մէջ։ Շի­րինօղ­լու պատ­մեց, թէ եկե­ղեց­ւոյ քար­տուղա­րը անօ­րինա­կան եղա­նակ­նե­րով գնած է եկե­ղեցա­պատ­կան կա­լուած մը եւ այդ անօ­րինա­կանու­թեան յայտնա­բերու­մէն ետք թա­ղակա­նու­թիւնը զինք հե­ռացու­ցած է պաշ­տօ­նէն։ Ան­շուշտ որ այս երե­ւոյ­թը բա­ցառու­թիւն մը չի կազ­մեր այդ եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդի աշ­խա­տան­քի ոճին մէջ։ Ար­դա­րեւ նա­խապէս ալ բա­զում ան­գամներ նման զեղ­ծա­րարու­թիւններ օրա­կար­գի եկած եւ ամէն ան­գա­մուն բար­ձի­թող եղած են պա­տաս­խա­նատու­նե­րու ձեռ­քով։

Շի­րինօղ­լու այս ապօ­րէն երե­ւոյթն ալ յի­շեց­նե­լով խոր­հուրդ տուաւ, որ ինք կրնայ այս մա­սին խօ­սիլ Հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հին հետ եւ խնդրել, թէ լու­ծա­րուի գոր­ծող թա­ղական խոր­հուրդը եւ պաշ­տօն յանձնուի թա­ղական­նե­րէ բաղ­կա­ցած յանձնա­խումբի մը։ Շի­րինօղ­լու այս կար­գադրու­թիւնը բա­ցատ­րե­լու ժա­մանակ չխրտչե­ցաւ նաեւ «քայ­յում» բա­ռը օգ­տա­գոր­ծե­լէ։ Տխրահրչակ բառ մը, որ վեր­ջերս կա­ռավա­րու­թիւնը յա­ճախ կ՚օգ­տա­գոր­ծէ ընտրուած քա­ղաքա­պետ­նե­րը կար­գա­լոյծ ընե­լու հա­մար։ Ու­րեմն ինքնին այդ բա­ռը ան­գամ բա­ւակա­նին ան­հանգստու­թիւն պատ­ճա­ռող բնոյթ ու­նի եւ կա­րելի չէ նման եղա­նակի մը ըն­թացքն ալ ցան­կա­ցած ան­բաղձա­լի երե­ւոյ­թը չէ­զոքաց­նե­լու պատ­րուակով։

Միւս կող­մէ Սուրբ Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ պատ­կա­նող Թո­քաթ­լըեան խա­նի անմխի­թար վի­ճակը եւս քննա­դատու­թիւննե­րու առար­կայ է, սա­կայն այստեղ պար­տինք խոս­տո­վանիլ թէ ներ­կայ վար­չութեան այդ առու­մով դի­մելիք ամէն նա­խաձեռ­նութիւն իր կար­գին բամ­բա­սանքնե­րու տե­ղի պի­տի տայ, ուստի աւե­լի լաւ է որ ազ­գա­պատ­կան կա­լուա­ծը մնայ իր ներ­կայ վի­ճակին մէջ, քան խիստ կաս­կա­ծելի ան­ձե­րու ձեռ­քով վար­ձուի կամ եր­կա­րաժամ­կէտ պայ­մա­նագի­րով փո­խան­ցուի շի­նարա­րական ըն­կե­րու­թեան մը։ Ճիշդ է որ կա­լուա­ծը ներ­կայ դրու­թեամբ օր ըստ օրէ կը մա­շի եւ իր այդ վի­ճակով ցաւ կը պատ­ճա­ռէ բո­լորին։ Բայց նա­խընտրե­լի է մին­չեւ առա­ջին ընտրու­թիւններ ապ­րիլ այդ վիշ­տը, բայց եւ այնպէս տէր կանգնիլ ազ­գա­պատ­կան կա­լուա­ծին։

նոյւթի աղբյուրը՝ Ակոս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter