HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Նոր ծուխի ստեղծում Նիսի մէջ

Առաջին քայլը` Սուրբ ծննդեան պատարագ կաթողիկէ եկեղեցիոց մէջ

Հինգշաբթի՝ Յունուար 5-ին, Նիսի հոգեւոր հովիւ՝ Հայր Գրիգոր Խաչատրեանի անունով, զանազան միջոցներով, հեռաձայն, հեռաձայնագիր (sms), կը հաղորդուէր, որ Յունուար 6ի Ս. Ծննդեան առաւօտեան պատարագը տեղի պիտի ունենայ Նիսի կաթողիկէ Ս. Պետրոս տ՚Արէն եկեղեցւոյ մէջ՝ – 62 rue de France – առաւօտեան ժամը 10ին։ Իսկ Յունուար 5ի Ճրագալոյցի արարողութիւնը պահպանուած է Նիսի Ս.Աստուածածին Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։ Փաստօրէն, Նիսի Առաքելական նոր Ծուխը գործնականապէս ստեղծուած կը համարուի եւ գործի կը լծուի՝ նշելով իր առաջին հանրային արարողութիւնը՝ Ս. Ծննդեան տօնը։

Միւս կողմանէ «նախկին» վարչութիւնն ալ նոյնպէս յայտարարած է, որ Ծննդեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 6ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հաւաքոյթ մըն ալ նախատեսուած է Պարսամեան Վարժարանի սրահին մէջ՝ Նիսի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ։ Տակաւին յայտնի չէ, թէ այս երկրորդ պատարագը ո՞ր եկեղեցականը պիտի մատուցէ։ 

ԴատականՎարչարար Կ. Ուէրթասի նամակը 

Դատական վարչարար Կզավիէ Ուէրթաս, Նիսի կրօնական ընկերակցութեան վարչական գործերու ժամանակաւոր յանձնակատար, տեղւոյն ծուխի անդամներուն Դեկտեմբեր 26 թուակիր նամակ մը կը յղէ, ուր կը յայտնէ թէ Փետրուար 6, ժամը՝ 14ին ծխական խորհուրդի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ, առաւել՝ 2009 տարեշրջանի նիւթական եւ բարոյական հաշուետւութիւն։ 

Նամակին մէջ ան կը յիշեցնէ որ,

- ընտրութեան կրնան մասնակցիլ բոլոր անոնք որոնք արդէն վեց ամիսէ ի վեր անդամագրուած են ծխական ընկերակցութեան։ 

Այս կէտը նախկին վարչութեան ուղղուած ամենէն սուր քննադատութիւններէն մէկն էր, որով կ՚ըսուէր, թէ ան արգելք կը հանդիսանայ նոր անդամագրութիւններու։ Հետաքրքրական է տեսնել, թէ քանի՞ նոր անդամներ ընդունուած են։

− վարչութեան անդամ դառնալու համար մինչեւ Յունուար 20 պէտք է թեկնածութեան դիմում կատարել։

− քուէարկութեան եղանակը «ցանկային» է, թեկնածուները պէտք է 7էն 11 անձերէ կազմուած «ցանկ» մը, այսինքն՝ խմբակ մը կազմեն, առաւել՝ երեք փոխանորդներ, ընտրութիւններուն կարենալ մասնակցելու համար, հակառակ պարագային, նախկին վարչութիւնը կը շարունակէ տնօրինել, մինչեւ նոր ընտրութիւններու կազմակերպումը։

Այս վերջին կէտը Նիսի ծխական ընկերակցութեան կանոնադրութեան ամենէն անժողովրդավար տրամադրութիւնն է, որ կը քաջալերէ խմբակային «քլան»ի տրամաբանութիւնը։ Այս տրամադրութեան արդիւնք էր նաեւ Նիսի մէջ «Պոլսահայ» եւ «Հայաստանցի» ճակատներու գոյացումը։ 

Թեմին դեղամիջոցները

Թեմը համաձայնագիր մը առաջարկած է Նիսի ծխական խորհուրդին, որուն վարչութեան երկու երրորդը արդէն հրաժարած է, իսկ վարչարարական գործերը կը կատարէ դատական վարչարար Կզավիէ Ուէրթաս։ Համաձայնագիրը կը նախատեսէ ժամանակաւոր ծխական խորհուրդի մը ընտրութիւնը, որուն մաս պիտի չկազմեն նախկին անդամները, հաւանաբար նկատի առնելով անոնց մինչ այժմ ծխական գործերը մատակարելու անկարողութիւնը եւ եկեղեցական իշխանութեան բացարձակ ընդդիմութիւնը։ Ժամանակաւոր խորհուրդին պաշտօնը պիտի ըլլայ՝ ծխական անդամներուն ցանկը յստակացնել, կանոնադրական բարեփոխումներ կատարել, արտակարգ ժողով գումարել եւ նոր կանոնադրութեան հիմներու վրայ նոր ընտրութիւններու ձեռնարկել։ 

«Նախկին» Վարչութեան Բնականոն ծխական կեանքի վերադարձի առաջարկը 

Արամ Քարթուն՝ Նիսի Ծխական խորհուրդի անդամ, Թեմական խորհուրդի նախագահ՝ Փաթրիս Ճօլօլեանին յղած նամակին մէջ, վերնագրուած՝ «Բնականոն ծխական կեանքի վերադարձի պայմանաձեւերը» (modalités), կը նշէ եօթը պայմաններ ու տրամադրութիւններ, որոնցմէ ամենէն յատկանշականներն են վերջին երեքը, ուր կ՚ըսուի թէ նոր վարչութեան ընտրութիւններէն ետք պէտք է նոր հոգեւոր հովիւ մը գտնուի՝ թեմի համաձայնութեամբ, նոր անդամագրութիւններ կատարուին եւ վերջապէս, կանոնադրական փոփոխութիւններ կատարուին՝ ծխական խորհուրդի քուէարկութեան եղանակը փոխելու, համապատասխանեցնելու համար թեմականին։Եւ մեծագոյն նորութիւնը՝ Պարսամեան վարժարանի հողամասին կը վերաբերի, որուն կալուածատէրն է եկեղեցին, որմէ 99 տարուան փոխատւութեան պայմանագիրի մը մշակումը կը նախատեսուի (bail emphytéotique)։

Ներկայ տագնապալի պարագաներուն մէջ, կալուածային փոխատւութիւն  առաջարկելը յոյժ կասկածելի գործարքի  տպաւորութիւն կը ձգէ, դպրոցը եկեղեցիէն բոլորովին անջատելու տրամադրութիւն մը, առանց դպրոցական յստակ ծրագիր մը ներկայացուած ըլլալու։

Ամեն պարագայի, վերոնշեալ կէտերը արդէն թեմական խորհուրդի կողմէ պահանջուած էին նախքան նոր ընտրութիւններու կայացումը, որպէսզի անոնք ընդունելի ըլլային թեմին կողմէ։ Այս հարցերուն լուծումին «նախկին» վարչութեան կողմէ յետաձգուիլը  հիմնական պատճառն է՝ թեմական առաջնորդութեան կողմէ ընտրութիւններուն արդիւնքի ստոյգ մերժումին, եւ նոր ծուխ մը ստեղծելու որոշումի կայացումին։  

Նիսի ծուխին Ծննդեան «Նոր» էջը 

Նոր էջ մը կը բացուի Նիսի չարչարեալ եկեղեցական կեանքին մէջ՝ իբր արդիւնք Յունուար 4ին Թեմին կողմէ հրապարակուած Առաջնորդական Բաց նամակին, ուր կը հաղորդուէր Նիսի Կրօնական ընկերակցութեան «նախկին» վարչութեան հետ բանակցութիւններու առկախումը եւ նոր ծուխ մը ստեղծելու որոշումը, Նիսի եկեղեցւոյ ժամանակաւոր յանձնակատար՝ դատական վարչարար Կզավիէ Ուէրթասի կողմէ, առանց թեմի համաձայնութեան, Փետրուար 6ին նոր ընտրութիւններ կատարելու նպատակով հրաւէր ղրկուելէն ետք։ Բաց նամակին մէջ մասնաւորապէս նշուած է, թէ եկեղեցական իշխանութիւններուն կողմէ, ոչ մէկ պարագայի այդ ընտրութիւններուն արդիւնքը պիտի ընդունուի։

Նիսի համար ալ Ժընեւի եկեղեցական հակամարտութեան լուծումը որդեգրուեցաւ։ Միակ տարբերութիւնը՝ հաստատութիւնները նոյնն ըլլալով հանդերձ, դերակատարները տարբեր են։ Ժընեւի մէջ ծուխը կը հակառակէր ուղղակի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Զուիցերիոյ մէջ թեմ հաստատելու որոշումին։ Իսկ Նիսի պարագային, ծուխը՝ թեմական կառոյցը ընդունելով հանդերձ, կ՚ընդդիմանար իր կանոնագրութիւնը համաձայնեցնելու թեմականին ընդհանուր տրամադրութիւններուն, յատկապէս՝ եկեղեցականի պաշտօնի եւ ընտրութեան եղանակին։ 

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմ

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ  ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ

Տեղեկացանք, որ դատական վարչարար՝ Պարոն Կզավիէ Ուէրթաս, որպէս Նիս−Գոթ տ՚Ազիւրի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծուխի առժամեայ յանձնակատար, պիտի նախաձեռնէ այդ ծուխի կրօնական համայնքի Ծխական Խորհուրդի ընտրութիւններուն կազմակերպման՝ 2012 Փետրուար 6ին, Երկուշաբթի, ժամը 14ին, Ուէսթմինիսթեր պանդոկին մէջ։ 

Կը փափաքինք, առ ի տեղեկութիւն, ձեր ուշադրութեան յանձնել այս ընտրութիւններուն առընչուող քանի մը տուեալներ։ 

Պարոն Փաթրիս Ճօլօլեան, Թեմական Խորհուրդի նախագահ ընտրուելէն՝  շուրջ տարիէ մը ի վեր, մշտապէս Նիսի տագնապը համարած է սոսկ Նիսի ծուխին վերաբերող՝ տեղական ցաւալի միջադէպ մը, որ պէտք է հարթուի խաղաղ կերպով։ 

Ոմանք փափաքեցան զայն ներկայացնել որպէս ազգային, նոյնիսկ՝ միջազգային տագնապ մը, փորձելով արատաւորել մեր Սուրբ Եկեղեցին եւ անոր նուիրապետական կարգը՝ ներառեալ մինչեւ անոր գահակալը։

Այս առընչութեամբ, 2011 Յուլիսին, ան, Ֆրանսահայ թեմի փաստաբանին հետ, մշակած էր ուղեգիծ ծրագիր մը՝ տագնապէն դուրս գալու նպատակով։

Պ. Ճօլօլեան, 2011 Օգոստոսին՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին իր այցի ժամանակ, ներկայացուց զայն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին, որ հաւանութիւն տուաւ անոր բովանդակութեան։

Թեմական Խորհուրդը այնուհետեւ միաձայն ընդունեցաւ այդ ծրագիրը։

Այնուհետեւ, Թեմական Պատուիրակներու Ժողովը 2011 Հոկտեմբեր 1ին Արնուվիլի Հրանդ Տինք սրահին մէջ տեղի ունեցած տարեկան իր նիստի ընթացքին միաձայն հաստատեց այդ ուղեգիծ−ծրագիրը։

2011 Դեկտեմբեր 2ին, Պ. Ճօլօլեան, Ծխական Խորհուրդի փոխ−գանձապահ Տոքթ. Գէորգ Աբգարեանի ներկայութեամբ, անպաշտօն կերպով իր մօտ հրաւիրած է Նիսի ծուխի հինգ անդամները, որպէսզի արծարծէ այդ ուղեգիծ−ծրագիրը եւ նախապատրաստէ յաջորդ պաշտօնական ժողովի կազմակերպումը։

Այս հանդիպման ընթացքին, Նիսի կողմը ներկայացնող զրուցակիցները յայտնած են, որ Նիսի մէջ ժողով պիտի գումարեն, որուն որոշումները պիտի հաղորդուին Թեմական Խորհուրդի նախագահին։

2011 Դեկտեմբեր 7ին, ելեկտրոնային նամակ մը կ՚ուղարկուի ՊՊ. Ճօլօլեանին եւ Աբգարեանին։ Ան, փոխանակ լուծումի անկեղծ միտում ունեցող կառուցողական մօտեցման, կը սահմանափակուէր հապճեպ ընտրութիւններ կազմակերպելու անհրաժեշտութեան հաստատումով։ Նամակին մէջ նշուած միւս կէտերն ալ ոչ մէկ բարի կամք կը դրսեւորեն՝ տագնապը պայմանաւորուած ձեւով լուծելու համար։ Դեռ աւելին՝ հակառակը։

«Ծուխի՝ բնականոն աշխատանքներուն վերադարձի պայմանները», ինչպէս իրենք կը կոչեն, միայն առաւել կը խորացնեն Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Նիսի ծուխի վարչական խորհուրդին նախկին պատասխանատուներուն միջեւ առկայ տարաձայնութիւններուն վիհը։

Այս առաջարկները, իրականութեան մէջ, միայն կը քննադատեն եւ կը ծաղրեն եկեղեցական նուիրապետութեան որոշումները եւ դրոյթները՝ զանոնք խեղաթիւրելով եւ փոխարէնը՝ գովաբանելով իրենց պառակտիչ վարքը։

Հոն, առաջարկներուն հեղինակները կը նախատեսեն, զորօրինակ՝ ընտրութիւններէն ետք գտնել հոգեւորական մը՝ կարծէք ծուխը չ՚օգտուէր Հայր Գրիգորի ծառայութիւններէն, զոր, ի դէպ, երբեք չեն վարձատրած։

Չենք մեկնաբաներ այլեւս այն առաջարկն ալ, որ հաշտեցումը եւ ծուխին բնականոն աշխատանքներու վերադարձը կը կապէր ծուխին պատկանող հողերուն հետ անշարժ գոյքի գործառնութեան մը իրականացման։

2011 Դեկտեմբեր 19ին, Հայաստանի մէջ հրատարակուող «Հրապարակ» օրաթերթին մէջ, յօդուած մը լոյս տեսաւ, որ Ֆրանսայի Հայոց Թեմին եւ Նիսի ծուխին միջեւ առկայ հակամարտութեան առընչուող՝ կամայականօրէն աղաւաղուած տարատեսակ տեղեկատւութիւն կը պարունակէր։ Անոր ի պատասխան՝ Պ. Փաթրիս Ճօլօլեանի գրութեան մէջ իբրեւ եզրայանգում տարակուսանք կը յայտնուէր՝ թէ արդեօ՞ք այդ ստայօդ յօդուածի նպատակը Հայ Առաքելական եկեղեցին վարկաբեկելը չէ (պատասխանը չէ հրապարակուած «Հրապարակ»ի կողմէ)։

Ի վերջոյ, 2011 Դեկտեմբեր 28ին, Թեմական Խորհուրդի նախագահը նամակով մը դիմած է ՊՊ. Միշէլ Ճարպիկեանին եւ Արամ Քարթունին, որպէսզի 2012 Յունուար 7ի թուականով ամրագրէ նախապէս յիշատակուած պաշտօնական ժողովը։

Դեկտեմբեր 30ին, Նիսի ծխական ընկերակցութեան անդամները կը ստանան ընտրութիւններու կոչ մը, որ դժբախտաբար պէտք է տեղի ունենայ աշխատանքային օր մը՝ ժամը 14ին, հաւանաբար լիազօրագրերու ձեռքբերումը դիւրացնելու եւ բազմապատկելու համար…

Մենք մինչեւ այս պահը, դատական վարչարար՝ Պարոն Ոէրթասի հսկողութեան ներքոյ, մշտապէս ջանացած ենք խաղաղ կերպով հարթելու այս գործը, որ այժմ ակնյայտօրէն կը միտի մեր Սուրբ Եկեղեցին ապակայունացնելու եւ զայն իր հաւատացեալներէն հեռացնելու։

Մեզի կը մնայ միայն որոշում կայացնել՝ Նիսի ծխական համայնքի ընդհանուր ժողով մը կազմակերպելու մասին՝ յատուկ Ծխական Խորհուրդի ընտրութեան նախաձեռնելու նպատակով։

Այսուհետեւ, հանգամանօրէն ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք հետեւեալը՝ ինչ ալ ըլլան այս ընտրութիւններուն արդիւնքները, ո՛չ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գերագոյն Առաջնորդութիւնը՝ հիմնուած 301ին Էջմիածնի մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ, ո՛չ ալ, հետեւաբար, Ֆրանսայի Թեմը պիտի ճանչնան կրօնական ընկերակցութեան Ծխական խորհուրդի նորընտիր անդամները՝ իբրեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծուխի իսկական ներկայացուցիչներ։ Աւելի քան տարիէ մը ի վեր, Նիսի Ծխական Խորհուրդի նախկին անդամները այլեւս միասնական չեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ եւ ընդհանրապէս՝ Հայց. Եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգին։

1905 Դեկտեմբեր 9ի օրէնքի տրամադրութիւններուն համապատասխան գործելու մտահոգութեամբ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին հարկադրուած է Նիսի տարածքին հաւատացեալներուն համար ստեղծելու կրօնական նոր ընկերակցութիւն, ատկէ բխելիք եկեղեցական, վարչական եւ իրաւական պարտադիր բոլոր հետեւանքներով միասին։

Ցաւալի է նոր տարին սկսիլ նման պայմաններու մէջ։ Այնուամենայնիւ, ձեզի կը յղենք երջանկութեան՝ մեր անկեղծ եւ ջերմ բարեմաղթանքները, յուրախութիւն Տիրոջ։

Մեր ամենայն աղօթքով եւ օրհնութեամբ՝

Նորվան արք. Զաքարեան

Առաջնորդ Ֆրանսայի Հայոց Թեմի 

Փարիզ, 2012 Յունուար 4  

«Նոր Յառաջ», Յունուար 7, թիւ 310

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter