HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Մեծերու ժամանակը

Խոպան չէ արտը հայոց գիրի տաճարներուն: Անաղմուկ եւ լուռ, ծուէն-ծուէն կը բարձրանայ աղօթքը յաւիտենական բառին, եւ այդ տաղասացներուն մէջ անոնք, որոնք լուսաւոր բեմերէն հեռու կը տքնին, կը կերտեն յաղթանակը յաւիտենական բառին: Գրականութիւնը ժամանց չէ, ոչ ալ՝ ստրկութեան գօտի, գրականութիւնը տրտունջ չէ, այլ՝ առաքելատիպ աղաւնի, որ կը հանգչի գրող - առաքեալի ուսերուն՝ տալու համար դարու մեծ պոռթկումներուն պատասխանը կամ ցաւին իմաստը: Ահա գիրը, վաւերական նետի մը պէս, որ կը խրուի ժամանակի խորքին մէջ՝ իր դրոշմը դնելով, իր աչքը նկարելով, կերտելով իր ինքնուրոյն տեղը մարդկային յարաշարժ եւ անհանգիստ դարձած մեր ժամանակներուն: Ժամանակներ, որոնք ծանր են լեցուն արեան հեղեղներով, ստրկացումներով եւ հոգեկան զրկանքներով:

Այսօրուան գրականութեան մասին խօսելու պահուն, անկարելի է չխօսիլ Լեւոն Խեչոյեանի մասին, որ մեր գրական այսօրը կերտողներուն մէջ ամէնէն փայլուն ու տաղանդաւոր ձայներէն մէկն է: Մէկը, որ ունի ըսելիք ու արժանի է ամէն գուրգուրանքի, սիրոյ եւ ակնածութեան: Թէկուզեւ այդ բոլորը ոչինչ կրնան ըսել իրեն, բայց շնչող հաւաքականութեան պարտքը կը սեպուին վստահաբար: Ի վերջոյ, մեզմէ ո՞վ չէ համոզուած տակաւին, որ գրողին համար կենսական են հոգածութիւնն ու բարի կամեցողութիւնը: Շատ մը տխրահռչակ անուններ, տիտանի դերը վերցնելով, փրկարարի դերը կը խաղան: Խեչոյեանը անոնցմէ չէ եւ չի կրնայ այդպիսին ըլլայ:

Տարբեր է անոր աշխարհը՝ գրական մեկնակէտը, լիացման ընթացքը եւ ողջ ճանապարհը: Ան մեր խորքերուն մէջ ապրող եւ կենսաւորուող խիղճի ձայնն է, որ մեր ընթացքին, մեր էութեան եւ ապագայ ընելիքներուն առջեւ ունի իր խօսքը: Ամէն քայլափոխի հետ, ամէն մաքառումի եւ անկումի հետ մեր հետը կը քալեն Չարենցը, Սարոյեանը կամ Հրանդ Մաթեւոսեանը. նոյնն է պարագան Լեւոն Խեոյեանի, որ Հայաստանի ամէնէն մութ օրերուն յանձնուողի լուսնոտ գրականութիւն չստեղծեց, այլ լոյս տեսաւ ամէն պայթումէ, ամէն մահէ եւ փորձութենէ ետք: Իր «Սեւ գիրք, ծանր բզէզ» գործին մէջ, որ արժանացաւ պետական մրցանակի, այդ բոլորը տեսանելի են, երբ կը խօսի ղարաբաղեան մարտնչումներուն մասին եւ յոյսով կը դիմաւորէ իր ժողովուրդի յաւիտենաքայլ մարտնչումներուն՝ յանուն արդարութեան, եւ մանաւանդ՝ յանուն խաղաղութեան:

Այսօր Մոսկուան իր գրական զարկերակներով ոտքի ելած է պատուելու համար զինք. Հայաստանի թերթերէն քաղելով մեր տեղեկութիւնները, կ՚իմանանք, որ արձակագիր Լեւոն Խեչոյեանի գործերէն հատընտիր մը՝ ռուսերէն թարգմանութեամբ, վերջերս հրատարակուած է՝ Մոսկուայի մէջ: Գիրքը կը կոչուի «Շոգ ամառ», եւ կը բաղկանայ 23 պատմուածքներէ: Հեղինակը ծանօթացման գործին մէջ մեծ ներդրում ունի ռուս գրող եւ թարգմանիչ Գալինա Փետրովան որ միաժամանակ գիրքի յառաջաբանը ստորագրած է: Ան տարիներէ ի վեր մաս կը կազմէ ռուսական «Նովի Միր» («Նոր Աշխարհ») գրական թերթի խմբագրութեան: Փետրովան, ըլլալով հայ ժողովուրդի մօտիկ բարեկամ, իր խօսքին մէջ վեր կ՚առնէ՝ Խեչոյեանի գրական ունակութիւնները՝ նշելով միաժամանակ, որ վերջին տասը տարիներուն ռուս գրական մամուլը յատուկ վերաբերմունք ցուցաբերած է հայ գրողի այնքան թարմ եւ իւրայատուկ ստեղծագործութեանց նկատմամբ: Գործին թարգմանութիւնը յաջողցուցած են Արուս Ահարոնեան եւ Լեւոն Օսէփեան. յիշատակելի է, որ առաջինը մօտիկ անցեալին հայերէնէ ռուսերէն թարգմանած է նաեւ Հրանդ Մաթեւոսեանի գործերէն բաժիններ:

Հետաքրքրական պատահումով մը, ռուս գրողը Հայաստանի հողին վրայ կը ծանօթանայ Խեչոյեանին ու առաջին հանդիպման տպաւորութեան տակ, կ՚երեւին ապագայ ծրագիրներուն առաջին նշոյլները: Ան խորիմաստ կերպով ձուլուած է Խեչոյեանի արծարծած նիւթերուն եւ գեղարուեստական դիպաշարին մէջ, այնպէս մը, որ ազդու յայտնութիւններ կը կատարէ եւ Խեչոյեանի ստեղծածը կը բարձրացնէ արժանավայել պատուանդանի: Դէպքը չի կարեւորուիր սոսկական գիրքի մը լոյս ընծայումով, այլ անոր կը միախառնուի գրողի մը յայտնագործութեան իսկական բխումը, որ կենսական է եւ կարեւոր թէ՛ ռուսական եւ թէ հայկական գրական շրջանակներուն համար: Ահա այսպէս կ՚արտայայտուի ռուսազգի Փետրովան իր նախաբանին մէջ. «Ինձ թւում է, որ Լեւոն Խեչոյեանի արձակի ընթերցումը պահանջում է առանձնայատուկ կենտրոնացում եւ անպայմանօրէն ներքին ստեղծագործական մասնակցութիւն: Դրա համար էլ տարբեր մարդիկ այն կ՚ընկալեն տարբեր ձեւով: Այսօրուան մեր կեանքը լի է ողբերգութիւններով, բնական եւ հրաւիրուած աղէտներով ու ողբերգութիւններով: Ուրիշի ցաւը չտեսնելու, ուրիշի ողբերգութիւնը յետին գիծ մղելու իր յամառ ձգտումի մէջ մարդը դառնում է անհոգի, կարեկցանքից եւ գթասրտութիւնից զուրկ էակ եւ աւերւում է: Գրողին մշտապէս տանջում, կեղեքում են այդ արիւնահոսող եւ երբեք իրենց վերջը չգտնող հարցերն ու խնդիրները»:

Անկեղծ եւ անմիջական խօսքով, Փետրովա կը պարզէ այսօրուան աշխարհի խնդիրները եւ հեղինակի ոճին ու աշխարհընկալման եղանակին մասին մտածելու պահուն, կը խորհի գրողի տագնապին մասին: Տագնապ, որ ինքնեկ է, տագնապ, որ կը բխի մարդու խորքերէն եւ կը պարզէ գրողին իսկական խնդիրները, անոր առաքելականութիւնը, ինչպէս վերը նշեցինք, բան մը, որ օրէ օր կը պակսի, երբ գրականութիւն ստեղծելը յաճախ կը շփոթուի փուճ եւ մաղձով լեցուն գռեհկութիւններու հետ: Յուսալի է, որ Խեչոյեան ու իր նմանները մնայուն ներկայութիւն դառնան մեր գրական առօրեային մէջ, բերելու համար իսկական մաքրութիւն եւ ազնուութիւն: Որպէսզի ցորենը հաւաքենք մառանին մէջ եւ չամչնանք մեր բառերէն կը բառերուն հետ կեղծ հրավառութիւն ընելու ճամարտակութիւններէն: Խօսքը կը վերաբերի յատկապէս անոնց, որոնք տակաւին չեն ընդունած, որ գրականութիւնը համազօր է առաքելութեան եւ տակաւին ոտաբոպիկ կը համարձակին մտնել գիրի ասպարէզ:

Եզրակացնելու համար, գոհունակ աչքերով կը նայինք այսպիսի նուաճումներու, եւ կը հաւատանք, որ տակաւին երկար է աշխատանքի շղթային երթը. վայրերը կամ անունները, լեզուները կամ հեղինակները կրնան փոխուիլ, էականը կը մնայ նոյնը, հայոց ոգիին անձնուիրաբար մօտենալու քաջութիւնը, որ ի վերուստ տրուած առաքինութիւն է շատ քիչերու մօտ:

Լեւոն Խեչոյեանը ի պատուի է այսօր, եւ ինչ լաւ պիտի ըլլար, որ մեծերը ներկայացուին իրենց ժամանակին, սրբելու համար մարդկութեան մուր կապած ճակատը ջլատիչ աւերներէն, ժամանակի սեւէն եւ թախիծէն:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter