HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հայկական Պետականութիւնը

Ռազմիկ Շիրինեան

Հայատանը այսօր կը գտնուի քաղաքական անկախ եւ ինքնորոշման աննախադէպ միջավայրի մը մէջ: Պետականութեան հաստատման ու արդիականացման ընթացք մը նոր թափ եւ ուղղութիւն կ'առնէ՝ Սարգիսեան-Փաշինեան իշխանափոխութենէն ետք: Քաղաքական բանական արդիականացման եւ պետականութեան կառուցման այս նոր ընթացքին մէջ հայրենի ժողովուրդը դէմ հանդիման կը գտնուի հիմնական այն հարցերուն, որոնք պետականութեան հաստատման անհրաժեշտ խարիսխը կը կազմեն պատմական այս նոր փուլին: Այդ հարցերուն նկատմամբ՝ թէ' հայ քաղաքական միտքը իր քննարկումներով եւ թէ հայ ժողովուրդը իր առօրեայ կենցաղով հաւասարապէս ներդրում բերելու ու մասնակից դառնալու պարտաւորութեան առջեւ կը գտնուին: Քաղաքական բանականութեան ու պետականութեան զարգացման տեսական մեկնաբանութիւնն է ասիկա, որ այժմէական ու անյետաձգելի հրամայականն է մեր կեանքին: Այդ մեկնաբանութիւնը, իր ամփոփ պարունակին մէջ, կարելի է ներկայացնել հետեւեալ հինգ հիմնական կէտերու մէջ:

Առաջին, հայկական ինքնութեան վերանորոգումն ու հաստատումը եւ ազգային նկարագրի վերակերտումը: Այս միտքը կ'ընդարձակէ պատկանելիութեան գործուն գիտակցութիւնը  ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մէջ: Հայ անհատը իր մասնակի (յատկապէս կուսակցական) պատկանելիութենէն անդին՝ ազգային պատկանելիութեան կը գիտակցի ու կ'ապրի իբրեւ հաւաքական կեանքի գերագոյն պատկանելիութիւն: Յատկանշականօրէն, պատկանելիութեան այս գիտակցութիւնը` պետականութիւնը ազգին համարկող հիմնական երաշխիքը կը մեկնաբանէ: Ազգային ինքնութեան հաստատման ընթացքին մէջ, երբ պետականութիւնը (կառոյցը) կը նոյնանայ ժողովուրդին (ենթակառոյցին) հետ՝ ազգային գաղափարախօսութիւնը քաղաքական ամբողջական իմաստ կը ստանայ:

Երկրորդ, պետական հեղինակութեան օրինականացումը, որ կ'ապահովէ ժողովուրդին անվերապահ հաւատարմութիւնն ու յօժարակամ հաւանութիւնը պետական կառոյցներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ ՝ երկրին մէջ տեղ գտած առօրեայ քաղաքական կիրարկումներուն եւ օրինաւորութիւններուն հանդէպ: Նման հարցի մը քննարկումը կ'ենթադրէ ուղղահայեաց շաղկապուածութեամբ մը ժողովրդային պահանջներուն ամբողջական արտայայտութիւնը պետական մշակոյթին մէջ: Այլ խօսքով, որքան ժողովրդային շարժումներն ու ընտրանիի մշակոյթը միակցուին, այնքան բանականացուած ընթացք կ'առնեն ազգ-պետութեան գոյառումն ու արդիականացումը:

Երրորդ, մասնակցութիւնը ժողովրդային բոլոր խաւերուն երկրի քաղաքական կեանքին՝ քուէարկութեամբ թէ քաղաքական տարբեր կուսակցութիւններու միջոցաւ: Խնդրոյ առարկայ հարցը այս կէտին մէջ ժողովրդավարութիւնն է, որ անհատի քուէի իրաւունքով չ'երաշխաւորուիր միայն, այլ նոյնքան կը պայմանաւորուի իշխանութեան եւ կազմակերպութիւններու միջեւ գործուն յարաբերութիւններով: Հարցերու տրամախոհական զարգացումն է, որ կ'առաջնորդէ իշխանութիւն-ժողովուրդ եւ իշխանութիւն-կազմակերպութիւններ յարաբերութիւնները: Հետեւաբար, թէ' անհատի քուէի իրաւունքը եւ թէ իշխանութիւն-կազմակերպութիւններ գործուն յարաբերութիւնը հաւասարապէս կ'րաշխաւորեն ժողովուրդին մասնակցութիւնը քաղաքական կեանքին:

Չորրորդ, իրաւահաւասար բաշխումը արտադրութեան, բնական հարստութեանց, ինչպէս նաեւ՝ ընկերային զարգացող արժէքներու՝ իբրեւ կեանքի շարունակական բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան կայուն գործընթաց: Անհրաժեշտ է մէջբերել, որ ազատական ազգայնականութիւնը, իր զուտ շահարկման ու մասնակի բաշխման արդարացումով, կը ներկայանայ իբրեւ ներհակ միտք արդիականացման այս կէտին: Ազատական ազգայնականութեամբ ինքզինք արդարացուցած ընտրանին՝ ինքն իր շահերը ապահովող եւ իր առանձնաշնորհումները պաշտպանող օրինաւորութիւններով հեռու կը մնայ զանգուածային իրաւահաւասար բաշխումէն: Հետեւաբար, բաշխումը հայ իրականութեան մէջ կ'իմաստաւորուի ազատական ազգայնականութենէն անկախ՝ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի պատմական (ներառեալ կրօնական), մշակութային ու բնատուր բազմաթիւ հարստութեամբ բաղադրուած ու համահաշտ ազգայնականութեան մէջ:

Հինգերորդ, պետական արժէքներու եւ գործընթացի թափանցումը երկրի ամբողջ տարածքին եւ ծայրամասերուն, որպէսզի պետական համակարգն ու գործունէութիւնը իր ազդեցութեամբ եւ արդիւնքով հասնի բոլորին: Յատկանշականօրէն, երկիր-պետութիւններու աշխարհագրական սահմանումը իր նպաստաւոր ազդեցութիւնը ունի ազգային արդիականացման ներկայ գործընթացին մէջ, երբ տակաւին աշխարհաքաղաքական միտքը տիրական ներկայութիւն է քաղաքական ներքին թէ արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ: Պետական արժէքներու թափանցումը ազգային աշխարհամասի ամբողջ տարածքին կ'ենթադրէ հաստատումը անհրաժեշտ այն ենթակառոյցներուն, որոնց վրայ կ'ամրապնդուի պետականութիւնը:

Վերոյիշեալ իւրաքանչիւր կէտ ուսոմնասիրութեան նիւթ է Հայաստանի իրականութեան մէջ եւ անյապաղ պէտք է ձեռնարկուի թէ' համալսարաններու եւ թէ պետականօրէն հովանաւորուած գիտական հիմնարկներու կողմէ:

Իր կեանքի բանական արդիականացման հոլովութին մէջ հայ ազգը տարրերայնօրէն սկսած է արդէն համարկել մտային-ճանաչողական կարողութիւնները պետական հաստատութիւններուն հետ՝ իբրեւ լուծման լաւագոյն մօտեցում ներկայ ժամանակներու բանական արդիականացման վերոյիշեալ հինգ հարցերուն: Կարծես նկարագրային յատուկ իրողութիւն է հայ ժողովուրդին մօտ այն երեւոյթը, որ պետական հաստատութիւնները դժուար թէ յաջողին գործել ու իմաստաւորուիլ առանց հայ զանգուածի մտային-կանաչողական ներդրումին: Պետական հաստատութիւններու եւ զանգուածային ճանաչողութեան համարկման այս միտքը մօտէն կապուած է ազգային գաղափարախօսութեան հետ, որ ի վերջոյ բանական ամբողջացումն է ազգ-պետութիւն յղացքին թէ' ընտրանիի եւ թէ զանգուածի տեսանկիւնէն:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter