HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ի՞նչ կը նշանակէ Մոնթէ ըլլալ

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան

Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Հայաստանի երկու դպրոցներ միջոցառումներու առիթով խնդրած էին իրենց ուղերձ մը ղրկել։ Դպրոցներէն մին օրուան կարգախօս ընտրած էր «ես Մոնթէ եմ»։

Սակայն ի՞նչ կը նշանակէ Մոնթէ ըլլալ։ Կ՚ուզեմ շեշտել, որ նման յայտարարութեան հետ կու գայ  նաեւ պատասխանատութիւն։ Այն՝ որ Մոնթէ ըլլալու ցանկութեան հետ պէտք է ունենալ արժանիքներ, որոնք յարիր են այդ անուան։ Վստահաբար կան մարդիկ, որոնք պիտի ուզեն իրենց պատկերացուցած Մոնթէն պարտադրել ու բոլորին համոզել, որ Մոնթէի ա՛յդ տարբերակն է ճիշդ։

Քանիցս կրկնած եմ, որ ի տես Մոնթէի համեմատութիւններուն սկիզբը վրդովուած եմ ապա տարիներու ընթացքին սորված՝ ներողամտօրէն նայիլ այդ զեղումներուն։ Մոնթէէն խնդրած եմ, որ ինծի ուղիներ ցոյց տայ իսկական Մոնթէն պահպանելու համար։ Իր նամակները կ՚ընեն ատիկա։

25 օգոստոս 1984-ի նամակով մը Մոնթէն կը բացատրէր ինծի թէ ի՞նչն է իրեն համար կարեւոր։

«Հաւանաբար արդէն յստակ է քեզի համար որ իմ սկզբունքներս, աշխատանքս և համոզումներս կը սիրեմ գործադրել և գործնական ձևով արտադրել։ Նաև հաւանաբար յստակ է քեզի համար որ կը փորձեմ այս ամէն ինչը գործադրել հայկական ազատագրական պայքարի սահմաններուն մէջ կամ ալ գոնէ հայութեան ի նպաստ ըստ իմ հասկացողութեանս (նաև ըսեմ որ լրջօրէն միշտ փորձած եմ գիտական ձևով մօտենալ այս հարցին և համոզուած եմ որ եթէ մօտեցումս 100-էն 100 ճիշդ չէ գոնէ շատ անկեղծ և իրապաշտ մօտեցում մըն է»։

Արդ, Մոնթէ կը նշանակէ ազգային նուիրում, պարկեշտութիւն ու աշխատասիրութիւն։

1990-ին գրուած յօդուածի մը մէջ Մոնթէն կը ներկայացնէր իր պատկերացուցած անկախ Հայաստանը։

«Մեր ժողովուրդին օգտաւէտ եւ ազգային ինքնորոշման համապատասխան ըլլալու համար անկախութիւնը պէտք է միջոցներ ապահովէ այնպիսի քաղաքականութիւն մը վարելու որ ժողովուրդի բոլոր անդամներուն կողմէ ընդունուած ըլլայ։ Աս կը նշանակէ, ուրիշ բաներու կողքին, ժողովուրդը պէտք է միջոցներ ունենայ իր տեղական տնտեսութիւնը զարգացնելու առանց արտաքին ազդեցութիւններու խաղերուն։ Իր տնտեսութիւնը ազատօրէն զարգացնելու համար սակայն արտաքին կապերը պէտք է հաւասարակշռուած ըլլան, քիչ թէ շատ կայուն ներքին քաղաքականութիւն ապահովելու համար։

...Աղքատ հայկական ազգային պետութիւն մը պիտի առաջնորդէ արտագաղթի։ Ինչպէս ուրիշ «ոչ զարգացած պետութիւններու» պարագային, գաղթողներէն առաջինները պիտի ըլլան ժողովուրդի ամէնազարգացած եւ ուսեալ խաւը։ Ասիկա պիտի տանի դէպի անկում ինչպէս այլ նման երկիրներու պարագային. աղքատութիւն-արտագաղթ-աւելի աղքատութիւն-աւելի արտագաղթ։

…Անշուշտ կազմակերպչական աշխատանքի ընթացքին անկարելի է սխալներէ խուսափիլը, նոյնիսկ մեծ սխալներէ։ Մեզմէ անոնք որոնք տեղեակ են 1980-ականներու ՀԱՀԳԲ-ին կատարած բազմաթիւ սխալներուն շատ լաւ գիտեն ասիկա։ Կարեւորը սխալները սրբագրելն է եւ վստահեցնելը որ այդ սխալները չկրկնուին։ 1988-ի փետրուարէն յստակ է, որ մեր ժողովուրդը համոզուած է որ անցեալի սխալները պէտք է սրբագրուին։» («Պայքարելու Իրաւունքը» 1990)

Մոնթէ ըլլալ կը նշանակէ դժուարութենէ չվախնալ եւ խստապահանջ ըլլալ։ «…Դժուարութիւններու դիմաց ես կը տոկամ եթէ զգամ որ իմ սկզբունքներուս և համոզումներուս համապատասխան կ՚աշխատիմ։ Ինծի համար իրական հանգիստութիւնը կու գայ միտքէն և սիրտէն»։

Մոնթէ ըլլալ կը նշանակէ սխալներէ սորվիլ ու զատորոշել առաջնահերթութիւնները։ «Շատ դասեր սորված եմ (սորված ենք) այս վերջին տարիներէն, և հաւատա՛ որ գործնականին   մէջ սորված եմ. այսինքն շատ մակարդակներու վրայ փոխած եմ իմ խնդիրներուն մօտենալու ձևը»։

Մոնթէ ըլլալ կը նշանակէ իրապաշտ եւ անաչառ ըլլալ։ «Ես կը սիրեմ սորվիլ, կը սիրեմ դէպի առաջ երթալ, դէպի լաւ փոխուիլ։ Առաջուընէ աւելի զգացումներով լեցուած եմ, բայց իսկապէս սորված եմ ինչպէս իմ զգացումներս մէկ կողմ դնել երբ որ որոշում մը պիտի առնեմ։ Ամէնքս պէտք է իրականութիւնը ընդունինք, պէտք է իրապաշտ ըլլանք, պէտք է իրականութեան վրայ հիմնենք մեր ամէն մէկ քայլ։ Ես կը սիրեմ իրականութեան դիմաց գալ, կը սիրեմ իրականութիւնը հասկնալ, կը սիրեմ իրապաշտ ըլլալ և կը սիրեմ գործնական քայլեր առնել։ Այսպէս պիտի շարունակեմ գործերս»։

Մոնթէ կը նշանակէ  սկզբունքային ըլլալ, սիրել ընտանիքը, հայրենիքն ու մարդկութիւնը։

«Ես կապուած եմ սկզբունքներուս, համոզումներուս և գործիս։ Կը յուսամ որ այս բանը հասկնաս։ Կը յուսամ որ հասկնաս որ մարդուն արժէքը իր գաղափարներուն և աշխատանքին մէջն է»։

Մոնթէ ըլլալ կը նշանակէ մտահոգուիլ համաշխարհային խնդիրներով եւ անոնց ազդեցութեամբ՝ Հայաստանի վրայ։ Մոնթէ ըլլալ կը նշանակէ ճանչնալ բոլոր մարդոց, բնութեան եւ էակներու իրաւունքները։ 24 սեպտեմբեր 1990-ին գրուած անտիպ յօդուածի մը մէջ Մոնթէն կը գրէ.

«Ամբողջ աշխարհի մէջ բնապահպանական խնդիրները արագօրէն սկսած են առաջնահերթութիւն դառնալ: Շրջակայ միջավայրին առնչուող հանրային գիտակցութիւնը շատ ուշացած է, եւ հակառակ զգալի առաջընթացին, իր կարեւորութեան համեմատ կը շարունակէ մնալ շատ ցած մակարդակի վրայ։ Հսկայական, համատարած եւ անդառնալի վնաս հասցուած է մեր մոլորակի ջուրերուն մեծ մասին, ցամաքին եւ մթնոլորտին: Միայն վերջին 30 տարիներուն ընթացքին հարիւրաւոր (եթէ ոչ հազարաւոր) տեսակի բոյսեր եւ կենդանիներ անհետացած են ու բազմաթիւ գիտնականներ կը նախատեսեն, որ օրական բոյսերու առնուազն երկու տեսականի պիտի շարունակէ անհետանալ։ Օզոնային շերտի, ջերմոցային ազդեցության, ասիտային անձրեւներու, աշխարհատարած օդի աղտոտուածութեան (դեռ չըսելու համար տեղային աղտոտման եւ թունաւորման ձեւերը), ինչպէս նաեւ արեւադարձային եւ ոչ արեւադարձային անտառներու ոչնչացման համադրությունը պատճառ դարձած է այնպիսի մեծ աղետի, ինչպէս աստիճանաբար միջուկային եւ քիմիական համաշխարհային պատերազմ մը պիտի ընէր։ Աշխարհի բնապահպանական համակարգերու բարդ փոխկապակցութիւնը կը միտի ունենալ  մարդկության ապագայի համար ահաւոր հետեւանքներ։

Երկրի միջավայրի այս արագընթաց շարունակուող անկման համար պատասխանատու է երկար եւ բարդ փոխկապակցուած գործօններու շարք մը»:

Մոնթէն կը նշէ այդ գործօնները. դրամատիրութիւն, կեդրոնապէս կառավարուող տնտեսութիւն եւ ժողովրդագրութիւն։

Պատմութեան այս ժամանակահատուածին Մոնթէին գործը շարունակել պիտի նշանակէր գիտակցիլ մեր քաղաքացիական պարտականութիւններուն, անտարբեր չըլլալ անարդարութեանց նկատմամբ։ Միայն արդարամտութեան պահանջով կարելի է կառուցել երկիր մը, ուր հասարակութեան բոլոր անդամները, անկախ իրենց գոյնէն, սեռէն ու կրօնքէն, կրնան ունենալ հաւասար իրաւունքներ եւ կ՚ապրին մարդավարի կեանքով։

Պահ մը մտաբերենք թէ ինչպիսի՞ երկիր կը ցանկար Մոնթէն։ Բոլորս գիտենք հանրայայտ մէջբերումը. «Արդար երկիր առանց կաշառակերութեան»։

Այդ արդար երկիրը կառուցելու համար Մոնթէն պատրաստ էր ամէն ինչ նուիրելու։ Հիմա ամէն մէկուս պարտքն է աշխատիլ, որ այդ արդար երկիրը վերջապէս կայանայ եւ մեր երկրին մէջ մարդիկ ապրին արժանավայել կեանքով։

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter