HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Մեռելներու... եւ ողջերու մասին

Չ'ըսէք որ մեռելները կը պաշտեմ: Գիտեմ մեր ժողովուրդի հին սովորութիւնը:Մեր ժողովուրդը կ'ապրի իր մեռելներով: Պարզ այն պատճառով որ մեռելները աւելորդ հոգածութեան արժանի չեն ոչ ալ ուշադրութեան: Պատմական մեռելներ եւ պատմական հայրենիք: Ամէն բան նօսրացումի կը տանինք:

Մեր մեռելները սփռուած են ամէն դի, Երկրին մէջ քնացող մեծ մեռելներէն զատ, զօրեղ ու հզօր մեռելներ ունինք ամէն դի: Կիսով չափ մոռցուած մեռելներ, յայտնի, նուազ յայտնի ու անյայտ մեռելներ ունինք, անգերեզման, անփոս, անշիրիմ մեռելներ ունինք: Պէյրութ, Հալէպ, Իսթանպուլ, Գահիրէ, Դամասկոս, Փարիզ ու շատ ուրիշ  տեղեր:

Ճիշդ պիտի ըլլա՞ր արդեօք այդ մեռելները կտրել իրենց հողէն, հանել ոսկորներն անոնց, վերցնել նշխարներն անոնց, կտրել զանոնք իրենց արմատներէն ու տանիլ թաղելու կամ խառնելու մայր հողին:

Ո՞վ է յանցաւորը այս ամէն ինչին առընթեր,  կամ պայման է  յանցաւոր գտնել:Մենք այդպիսին ենք, մեր պատմութիւնն այդպէս է, խճողուած, հանգոյցներով, սեւ ու մոխրագոյն պատկերներու համակ պատմութիւն:Մարդիկ ապրած են, ստեղծած են իրենց գործը, ստեղծած են իրենց ժամանակը եւ յետոյ խառնուած են հողին:

Կ'ըսենք սեւ հողին, օտար հողին...

Ու կ'աւելցնենք որ մեռելները կրնան մսիլ, կրնան սառիլ օտար հողին տակ:

Դատարկութեան փաստին առջեւ կը  կանգնինք երբ կը խօսինք օտարումի մասին:

Կը յայտնենք աշխարհին որ նօսր ենք, յետոյ  կը պարպենք մեր երկիրը, կուզենք աւելի ապահով տեղեր ճախրել, կուզենք ուրիշներուն երկիրները կառուցել ու կը յաջողինք ատոր մէջ:

Կ'երգենք ղարիպին երգը, մեր փոքր ածուն,մեր ընտանիքը եւ մեր երդիքի շերտը կը դարձնենք կտոր- կտոր, կը կոտորակենք որ յետոյ խօսինք օտարութեան մասին:  Օդին մէջ ճօճուող բաժակով մը խօսինք մեր բացակայ  ընկերներուն, հարազտներուն, մեզմէ առյաւէտ հեռացածներուն եւ մեր բացակայող ճակատագրին մասին:

Զարմանալի ենք մենք:

....

Վահան Տէրեանը հոգեւոր հայրենիք երազեց ու մեռաւ այդ ճամբուն վրայ: Յակոբ Օշականը հայրենիքի մայթեր յօրինեց Հալէպ, Գահիրէ ու Պէյրութ ու փակեց իր աչքերը այդ երազին հասնելու պէս, այդ երազին  հասնելու համար...Վահան Թէքէեանը, մեր մեծ բանաստեղծներէն մին  հայրենիք գտնել ձեւացուց Գահիրէի   արաբախօս, նեղ ու տամուկ թաղերուն մէջ: Ան հայրենիք  տեսաւ փարաւոններու թանձր սեւ չայի կլոր ու թափանցիկ բաժակներուն, Նիկոսիոյ Մելգոնեանի  բարձրուղէշ սօսեաց անտառներուն մէջ ու այդպէս դարձաւ լուռ արձան ու օրհնուած մեռել:

Եղերաբախտ ուրիշ մը՝ յեղափոխութեան ծիրանէ գօտին իր մէջքին կապած ՝ Վազգէն Շուշանեան թափառեցաւ Պաթումէն, Նոր Եորք, ամէնուրէք փնտռեց իր ցաւին դարմանը ու չգտաւ: Անգամ պատերազմ յայտարարեց  իւրայիններուն դէմ, որով մաքուր էր մաքրամաքուր- բառը փոխ կ'առնեմ Քլաշին Պօղոսէն- փակեց իր աչքերը 1941-ին Փարիզի մէջ, առանց շիրիմ մ'ունենալու, այդպէս անշուք, մարած լոյսի պէս, առանց իմանալու որ իր գիրքերով նորէն պիտի ապրէր մեր հոգիներուն մէջ: Ուրիշ մը՝ Պետրոս Դուրեան  որ այսօր վեհ հասակով կը քնանայ Սկիւտարի մէջ,  անխօս հեռացաւ  կեանքէն, մուրազն աչքերուն ու լեզուին տուաւ նոր հրդեհ, նոր տրտունջք ու աղերսեց որ չմոռնանք զինք...

Այս բոլորը .... այս մեծ մեռելները կը պատկանին մեզի:

Ի՞նչ ըսին այս մեռելները, ի՞նչ պատուիրեցին այս ապրող մեռելները: Վերադարձան սեւ հողին, անոնց բերանին մէջ եղող հազարան պլպուլը եւ հոգիի ադամանդ խօսքը դրին մեր բարձերուն տակ, մեր կղմիտրէ  տանիքներուն վրայ:

Իսկ մենք ընդամէնը նկարեցինք աքսորի պատկերներ, գաղթին  հինցած փայտով քալեցինք այդ պատկերներուն վրայէն, մեր սերունդները աճեցան ու բազմացան այդ պատկերներուն դիմաց, մեր պատմութիւնները դարձան անգիր ու անպատկեր պատմութիւններ, չսիրեցինք մեր եսը ու երբ եսը արժէք էր, տրուելիք խօսք կամ պատգամ բարձրաձայն ըսինք  որ այդ մէկը պէտք չէր մեզի ...

Ըսինք մարդը թռցուցեր է, ըսինք մարդը մեր ժամանակէն դուրս է,հին է, ժամանակավրէպ է ու  կը պատկանի անցեալին, կը պատկանի անցնող աշխարհին եւ  այլեւս  մեզի տալիք չունի:

Նախընտրեցինք, հին բազմադարեայ գորգ մը դնել մեր ոտքերուն տակ, բայց չուզեցինք գուրգուրալ այն հիներուն որ ապրեցան մեր  հետ, որ մեծցան մեր աչքերուն առջեւ որ դարձան ձայն, այս գունաւոր անապատին, այս թափուր պարտէզին մէջ:

.....

Այս ապրող մեծերէն մէկն է իմ ուսուցիչս որն  այս օրերուն տեղափոխուած է՝  Պէյրութի ազգային ծերանոց եւ որ կը գտնուի բաւական տխուր եւ դժուարին պայմաններու մէջ:

Իսթանպուլահայ՝ Գէորգ Միքայէլեանը այն մեծերէն է որուն խօսքը դեռ երկար պիտի կրեմ երակներուս մէջ: Պոլսէն իր հետ Երուխանի եւ Գրիգոր Զոհրապի շունչը բերած այս մարդը այսօր ապրող, մեր հետ ապրող  յուշարձանի հսկայութիւն ունի, իր թեւերուն տակէն անցած են Կիլիկիյ կաթողոիկոսութեան Պիքֆայայի  դպրեվանքի սաներէն շատեր ու ազգային Սուրէն Խանամիրեան գոլէճի  աշակերտներէն անթիւ անյամար աշակերտներ: Ան արժանի է միայն ջերմ ուշադրութեան,  ան  արժանի է հոգատար ձեռքերու: Գէորգ Միքայէլեան մեծ մըն որուն անունը փորագրուած պիտի մնայ յիշողութեանս, գիրի ճանապարհիս եւ  սփիւռքի այս անդէմ, ապերախտ օրերուս արահետներուն մէջ:

Ապերախտութիւնը մեր ապրելու թոյնն է, սփիւռքը ատիկա տուաւ մեզի: Մոռացում մեծ մեռելներու անտեսանելի ու տեսանելի պարտէզներուն դիմաց  ...

Թափուր պարտէզ է այս սփիւռքը:

Կը մնայ արձանագրել այս բառերը. Կը մնայ աղաղակը բարձրաձայնել ...

....

Պիտի գայ սակայն  ողջերու ժամանակը, ու պիտի սորվինք մենք մեր մեծ մեռելներու կողքին մեծարել ու լսել ապրողներուն ձայնը:

Միայն եթէ կարենանք լսել  անոնց ձայնը:Պիտի հաւատալ որ աւելի ամբողջական պիտի ըլլայ մեր կեանքը ու աւելի ազդեցիկ մեր ուղին:

Մեռելները մեզի աւիշ կուտան ապրելու, շարունակելու մեր ընթացքը, մեր պայքարը մեր ճամբան ... Մեռելներուն շատ բան կը պարտինք գիտեմ:

Բայց ողջերուն մէջ ալ պիտի փնտռենք մեր ժամանակը, մեր ճակատագիրը, մեր խօսքը:

Ողջերուն հետ պիտի քալենք երկրային մեր ժամանակէն:

Ողջերուն հետ պիտի կիսենք մեր խօսքը, մեր տրիտուր հացը, մեր սրբագոյն մասը, մեր հաւատքն ու պայքարելու տրամը:

Առանց այդ պայքարին մենք չկանք, առանց կեանքի այդ պայքարին մենք կը վերանանք: Կը դառնանք անդէմ ու անխօս հասարակ թափօններ:

Որպէսզի երկարենք մեր կեանքը սփիւռքի այս ափերուն վրայ:

Քանի դեռ Հայաստանը կուշանայ մենք ստիպուած ենք քալել այս ճամբաներէն, չկորսուինք միայն, չմսինք ու այս շէները, այս դարաւոր կամարները պահենք:

Որով անձրեւին, երբ հոգնին մեր ուսերը, այդ կամարներուն տակ պիտի պահենք մեր թաց գլուխները:

.....

Մեռելներուն համար գրեցի այսօր, մեռելներով ապրելու, մեռելներով երթը շարունակելու համար գրեցի....

Մեռելապաշտութիւնը սակայն մեր ուղին կը վիրաւորէ, մեզ կը դարձնէ մոլիներ, մեզ  կը դարձնէ  ծոյլեր: Մենք մեռելներուն մէջ կը տեսնենք, պիտի տեսնենք վսեմը ու ատոր վրայ շարուանկենք մեր բառը, ատոր վրայ շարուակենք քառ մըն ալ դնել այս մեծ գմբէթին վրայ ...

Այնքան ատեն որ Հայաստանը կուշանայ, մենք ստիպուած ենք քալել այս ճանապարհներէն:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter