«Հայզաւակ» յստակօրէն հայկական անուն է: Իսկ «Պզտիկեան»ը մականունն է այն բազմանդամ ընտանիքին, որ Իսքանտարոնի սանճաքի հիւսիսը գտնուող Տորթ Եօլ գիւղաքաղաքէն աքսորուեցաւ հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն: