HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Քեսապ, Շուշի, նոյն Պայքա՞րը...

Այժմու Սուրիոյ կամ մեր Կիլիկիոյ ծայրամասը կազմող (դիտանկիւնի հարց) Քեսապի անկումը ցնցում պատճառեց աշխարհի համայն Հայութեան:

Բաւարարաչափ – կամ բաւարարօրէն ճշգրիտ – տեղեկութիւններ չունենալով, զուր է   ջանալ հասկնալ թէ հիմա ճիշդ ինչ կը կատարուի այդտեղ:

Սակայն մէկ տուեալ գոնէ ստոյգ է՝ այս տողերը գրուած պահուն, քաղաքը տակաւին ճիհատականներու ձեռքն է, որոնք այդտեղ հաւաքուեցան այլազան երկիրներէ, եւ յաջողութեամբ ներխուժեցին, այս ցայտուն գործողութեան մէջ վայելելով Թուրքիոյ անմիջական զօրակցութիւնը:

Բոլորս մեր պարտականութիւնը կատարեցինք, եւ կը շարունակենք կատարել, բարոյական, մարդասիրական եւ քաղաքական մակարդակներու վրայ աջակցելու համար Քեսապին եւ անոր հայ բնակչութեան: Որքան որ հնարաւոր է այդ, նկատի ունենալով կացութիւնը... Արդարեւ, այս խնդրին մէջ քաղաքականօրէն կը գտնուինք մասնաւորապէս... խորթ գետնի վրայ, եւ այս անգամ այդպէս է ոչ միայն արեւմտեան աշխարհի Սփիւռքի մէջ, այլ նոյնիսկ Միջին Արեւելքի մէջ:

Իսկ Հայաստանն ու Արցախը այս նիւթով եւս ցուցաբերեցին նշանակելի հոգածութիւն, ազգային միասնականութիւն եւ պատասխնատւութեան ըմբռնողութիւն , անթերի յանձնառութիւն, այն նոյն տրամաբանութեամբ որ կը բնորոշէ ամէն բան որ Մայր Հայրենիքն ու Հայոց Պետութիւնը կը կատարեն, իրողապէս եւ ժրաջան կերպով, շօշափելի օգնութիւն ընծայելով Սուրիոյ բոլոր այն հայերուն որոնք յօժար են զայն ստանալու, այդ երկրին վիճակուած օրհասական տագնապի սկզբնական օրերէն սկսեալ:

Այս ամէնը ըսելէ - եւ մանաւան կատարել ետք -, օգտակար կ'ըլլայ որ այս նիւթը քննարկուի նաեւ այլ տեսանկիւնէ մը:

Վերջին հաշուով, մենք, հայերս, արդեօք թերացա՞նք Քեսապի նկատմամբ: Արդեօք պէտք չէ՞ր որ մենք պաշտպանէինք Կիլիկիոյ այս ծայրագոյն ու յետին մասնիկը, անոր արժանի՝ մարտական համահայկական զօրաշարժով:

Այս ուղղութեամբ բաղդատականը բնականօրէն հանդիսանալու է Արցախի ազատագրման նախնական եւ ճակատագրական հանգրուանը, որ իր գագաթնակէտին հասաւ Շուշիի յաղթանակով:  Առանց որու, կարելի չէր ըլլար այդ հայկական շրջանը ազատագրել (թէկուզ դեռ անաւարտ կերպով) :

Ուրեմն այսպէս, Քեսապ, Շուշի՝ նոյն Պայքա՞րը: Գոնէ որպէս անմիջական հանգրուան,  եթէ ոչ, տակաւին, որպէս մեր ազգային ձգտումներու ամբողջական իրականացում...

Գաղափարական մակարդակի վրայ, մօտեցումը արդարեւ հիմնաւորուած է: Սակայն ան չի դիմանար իրականութեան եւ իրողութիւններու տարրական քննութեան:

Ներկայիս, ի տարբերութիւն՝ անցած ու վերջացած ժամանակաշրջաններու, Սփիւռքը չունի նշանակալից «մարտական ուժեր»:

Երբ որ ճիհատականները, Թուրքիոյ զօրակցութեամբ, յարձակեցան Քեսապի վրայ, Հայոց Սփիւռքը պարզապէս ու տառացիօրէն անկարող էր այդտեղ կռիւ մղելու, առաջին գիծի վրայ՝ Սուրիոյ հայերով: Ինչպէս որ լիովին տեղի ունեցաւ Արցախի պարագային:

Ի դէպ, այն ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ հայերու զինեալ պայքարի կարողականութեան, այդ մէկը բնաջնջուած էր շատ շատոնց, ներկայ Ասատ վարչակարգի իսկ նախնիներուն կողմէ, եւ այդ ալ՝ անասելիօրէն կատաղի միջոցներով:

Ոեւէ մէկը որ համաձայն չէ կացութեան վերոյիշեալ ներկայացման հետ, եւ որ պիտի բողոքէ հետեւաբար թէ ո՜չ, այս ի՞նչ խօսքեր են, ճիշդ չէ՛, Սփիւռքը տակաւին ունի՛ մարտական կարողականութիւն, եւայլն, պէտք է որ բարեհաճի պատասխանել հետեւեալ հարցումներուն ՝ ո՞ւր էին ուրեմն սփիւռքահայութեան զինեալ ուժերը, երբ որ, երկու տարիէ աւելի երկար նախանշաններէ ետք, վերջի վերջոյ - թրքական զօրակցութեամբ - յարձակում եւ ներխուժում տեղի ունեցաւ Կիլիկեան հողաշերտին վրայ: Ինչո՞ւ տեղի ունեցաւ միայն փախուստ, առանց ոչ մէկ, նուազագոյն իսկ դիմադրութեան:  Իսկ ո՞ւր են այդպիսի ուժեր անկէ ի վեր, Քեսապի ազատագրման համար տեղի ունեցող կռիւներուն մէջ...

Լայնօրէն նուազ ցաւագին է որդեգրել վերեւ պարզուած իրապաշտ հաստատումը, սփիւռքահայութեան այդպիսի կարծեցեալ ուժերու վերաբերեալ, քան թէ ուղղամտօրէն պատասխանել վերոյիշեալ հարցումներուն...

Հայաստանի եւ Արցախի կողմէ Քեսապի մէջ զինեալ միջամտութեան մը վարկածը նոյնպէս կը պատկանի մակերեսային վիպապաշտութեան: Արդարեւ, այլեւս գործօն մարտականներ չկան Մայր Հայրենիքի մէջ – Փառք Աստուծոյ -: Այնտեղ կան զինուորներ: Կայ ազգային բանակ: Հետեւաբար, Հայաստանի կողմէ զինուորական արշաւ մը Քեսապի վրայ, այնտեղ սուրիական բանակի կողքին կռուելու համար թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուած ուժերու դէմ, այս ամէնը՝ մինչ բառացիօրէն ամէն օր ծանր բախումներ տեղի կ'ունենան ոչ միայն Արցախի այլ նաեւ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան ռազմաճակատներուն վրայ, եւ դեռ այս ամէնը՝ խիստ պայթուցիկ ժամանակամիջոցի մը երբ սաստկացած է Պաղ կոչուող Պատերազմը ուքրանական ճակատին վրայ... Բացայայտ է որ այս մէկն ալ լուրջ այլընտրանք չէ:

Սակայն պահ մը դարձեալ վերադառնանք Սփիւռքին: Նկատի առնելով որ ան միջոցները չունէր մարտական պայքար մղելու Քեսապի մէջ, արդեօք պարտաւոր չէ՞ր ուրեմն գոնէ նահանջը կազմակերպելու, քաղաքի կանոնաւոր պարպումը կատարելու: Մինչ ամէն բան որ լսեցինք այդ մասին կը ներկայացնէ շփոթի եւ մոլորման ամբողջական վիճակ մը այդ գետնի վրայ եւս, մօտաւոր սարսաբի եւ փախողը-կ'ազատի՜-ի մէջտեղ, որու հետեւանքով քաղաքի ամէնախոցելի բնակիչներն է որ մնացին ներխուժողներու ձեռքին տակ: Այսպէս, մինչեւ իսկ երկու մամիկներ յանկարծ իրենք զիրենք Թուրքիա՛ գտան: Եւ թող այստեղ պատշաճութիւնը ունենանք չպատճառաբանելու որեւէ անակընկալի ազդակ, որովհետեւ այս դէպքը լիովին նախատեսելի էր, նոյնիսկ հաւանական էր, երկու տարիներէ ի վեր:

Սակայն խնդիրը ասով ալ չի վերջանար, ափսոս... Ոչ միայն Սփիւռքը անզօր էր ստանձնելու Քեսապի հայերու ապահովութիւնը, ոչ միայն ան չկարողացաւ նոյնիսկ կազմակերպել անոնց փախուստը, այլ որպէս այս ամէնուն պսակումը՝ մինչեւ օրս տակաւին ի զօրու է որոշ Հ.Յ.Դ.-ի մը կարգախօսը, ըստ որու՝ Սուրիոյ Հայերը պէտք է որ մնան Սուրիոյ մէջ...

Այս կեցուածքը ոչ միայն շշմեցուցիչ է, նկատի ունենալով սոյն կուսակցութեան  անկարողութիւնը՝ երաշխաւորելու խնդրոյ առարկայ մեր ազգակիցներու անվտանգութիւնը, այլ նաեւ անհասկնալի շեղում մը կը հանդիսանայ անոր գաղափարական էական հիմունքներէն:  Որովհետեւ երբ ան կոչ կ'ուղղէ հայերու մնալ ու մեռնիլ Սուրիոյ մէջ (վասն ինչի՞, յանուն որու՞...), նոյն պահուն, Մայր Հայրենիքը իր ծոցն ու թեւերը լայն բացած է, դիմաւորելու համար այդ հայերը, ապահովելու համար անոնց մարմնային գոյատեւումը, եւ անոնց գոնէ ապագայ մը ընծայելու:

Սակայն դեռ ուշ չէ, եւ վերոյիշեալ գայթակղեցուցիչ կարգախօսը կարելի է պարզապէս յեղաշրջել, վերահաստատել աւելի նախնական, վայել ու հարազատ կարգախօս մը, եւ այդպէսով՝ նիւթի առարկայ կազմակերպութիւնը իր յատուկ կառոյցն ու հնարաւորութիւնները կարող է ի գործ դնել, Հայաստանի Պետութեան եւ Արցախի իշխանութիւներու հետ միասնաբար, իրագործելու համար Սուրիոյ հայութեան կանոնաւոր եւ պատշաճ հայրենադարձութիւնը, Դէպի Երկիր:

Խորհրդածութեան այս հանգրուանին, հարկաւոր է նաեւ ընդգծել թէ Պաշար Ըլ Ասատ, ինք, նաեւ ծանր պատասխանատուութիւն ունի այս կացութեան մէջ, հայութեան նկատմամբ: Յանցանքի կարեւոր բաժին մը, որ չի սահմանափակուիր հայերը «խելոք դարձնելու» ու «բարի պահելու» այն բիրտ ու վայրագ քաղաքականութեամբ, զորս կիրարկեցին այն վարչակարգերը որոնց վերջին ժառանգորդն է յիշեալ Պաշարը, եւ որու պատճառով Քեսապի բնիկ հայերը - ինչպէս նաեւ Սուրիոյ միւս  ու մնացեալ հայերը - բաւարար զէնք կամ մարտական պատրաստութիւն չունէին, առաջին հերթին իրենք պաշտպանելու համար Քեսապը:

Այս ուղղութեամբ, յիշենք/նշենք միայն հետեւեալ մի քանի իրականութիւնները՝

 -    վերջերս է միայն որ յանկարծ Սուրիական պետութիւնը եւ Թուրքիան դարձան թշնամիներ...

 -   Ասատներու վարչակարգն էր որ - եթէ կարելի է ըսել... - խաչ մը քաշեց Ալեքսանտրէթի Սանճաքին վրայ, եւ այդպէսով նուազեցուց Քեսապի իրապաշտ արժէքն ու անմիջական կարեւորութիւնը՝ հատուցման վերաբերեալ հայոց ձգտումներու կապակցութեամբ. միաժամանակ քաջալերելով Անքարայի ոտնձգութիւնները, յանուն այլեւս անվիճելիօրէն «իր» Սանճաքի «հողային ամբողջականութեան»:  Ինչ որ կարելի է բաղդատել – սակայն ոչ նոյն մտահոգութեամբ – Ալիէվի մը կեցուածքին Արցախի նկատմամբ...

 -   Ասատները հայր ու զաւակ լաւ աշխատեցան, որպէսզի Քեսապի նախնական բնակչութիւնը «նօսրանայ»: 1974-ին, երբ որ Քեսապը տակաւին մեծ գիւղ մըն էր շրջապատուած փոքր գիւղակներով, եւ այդ ամբողջ շրջանը բացառապէս բնակուած էր հայերով, ստորագրեալը, պատանի, խռովեցաւ երբ այնտեղ հասնելով առաջին կառոյցը որ տեսաւ... խոշոր մզկիթ մըն էր, դիտմամբ տնկուած այցելուն դիմաւորող մայր պողոտայի ճիշդ մուտքին: Յետագային, անշուշտ Տամասկոսի տէրերու քաջալերանքով եւ հովանաւորութեամբ,  հայերը աստիճանաբար իրենց տեղերը յանձնեցին այլազգներու, մինչեւ որ դարձան միայն համեմատութիւն մը - այդ ալ դեռ շարունակուող մաշումի ընթացքի մէջ -՝ ոչ միայն քաղաքի բնակչութեան համեմատ, այլ նոյնիսկ որպէս հողերու եւ անշարժ գոյքի սեփականատէրեր:

Պարկեշտութիւնը ունենանք նաեւ այստեղ անդրադառնալու թէ մենք ու մերիններն ալ յարաբերական սխալներ գործեցինք այս նիւթին մէջ, Քեսապի ֆիզիքական դատարկումի իմաստով: Անընդհատ արտագաղթը – կամ տեղափութիւնը դէպի Սուրիոյ այլ քաղաքներ – տեղի կ'ունենար տեւապէս, վերջին տարիներու իրադարձութիւններէն  շատ, շատ առաջ, երբ որ տակաւին լիովին Փաքս Սիրիանա էր, եւ ոչ մէկը կրնար երեւակայել իսկ թէ օր մը կը հասնինք ներկայ կացութեան: Այս կէտը կրնայ յատկապէս անախորժ ըլլալ, սակայն քանի որ այստեղ կը բաղդատենք Քեսապը Արցախի հետ, Հարաւային Կովկասի մեր ազգակիցներուն նկատմամբ անարդար պիտը ըլլայ որ այս զանազանութիւնը չնշենք, երբ որ լաւ գիտենք թէ ինչ տեսակի եւ ինչ աստիճանի ահաւոր ու անասելի պայմաններու մէջ, դիմադրողական աննշան միջոցներով՝ անոնք կառչեցան իրենց պապենական հողին, եւ շնորհիւ ատոր յաջողեցան զայն պահպանել ու ազատագրել:

Վերեւ պարզուած բոլոր նկատողութիւններու լոյսին տակ, պէտք է ուրեմն գիտակցիլ թէ այժմ միակ աշխատանքը որ կրնանք մղել Քեսապը փրկելու համար, կրնայ զետեղուիլ միայն քաղաքական մակարդակի վրայ:

Անհնար է չստանձնել այս պարտաւորութիւնը, ծայրագոյն վճռակամութեամբ: Սակայն շօշափելի արդիւնքներու իմաստով, պէտք է որ մեր ակընկալութիւնները յարմարեցնենք իրականութեան:

Այս բնոյթի եւ այս տարողութեամբ զինեալ բախումի մը պարագային, քաղաքական սովորական քայլերը ամէն պարագայի սահմանափակ են: Իսկ այս նիւթին մէջ, Սփիւռքի գաղութներու մեծամասնութիւնը Քեսապի օգնութեան համար կը դիմէ ու կոչ կ'ուղղէ անոնց որոնք ուղղակի մեղսակիցներն են կատարուածին, կը բախենք դուռը անոնց՝ որոնք իրենք դուռը բացին եւ զայն յոտնկայս ամուր բռնեցին, որպէսզի թուրքիան եւ ճիհատականները մոլեգնօրէն մտնեն Քեսապ:

Բացի եթէ, Պաշար Ըլ Ասատի՛ հաւանութեամբ, շրջանին վիճակուած է դառնալ պաֆըր զօն մը (իրողապէս ոչ ոքի պատկանող եւ երկու թշնամի երկիրներու միջեւ առկախ տարածքաշրջան),  Քեսապը տակաւին կրնայ ազատագրուիլ: Այսինքն... Վերադառնալ Սուրիոյ... Սակայն կարելի է մտածել որ Պաշար Էլ Ասատը շատ ալ պիտի չաճապարէ, այդտեղէն դուրս հանելու համար ներխուժողները, նկատի ունենալով որ այս իրադարձութեան շնորհիւ, անուղղակիօրէն իրեն կը ծառայէ՝ անսովոր միասնականութեամբ եւ համադրումով ոտքի ելած միջազգային սփիւռք մը, յատկապէս երկիրներու մէջ ուր ինք այլեւս երբեք ոտք չի կրնար դնել անգամ...

Յետին վերլուծումով, ինչպէս որ է պարագան Արցախի, Քեսապի ճակատագիրը նոյնպէս կախեալ է Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ տեղի ունեցող տիտանական բախումի ընթացքէն: Աւելի յստակօրէն՝ Վլատիմիր Փութինի ծրագիրներէն:

Եւ այս է, վերջին հաշուով, միակ իսկական հասարակաց կէտը Քեսապի եւ Շուշիի միջեւ: Հայկական այս հողերուն բախտը կախեալ է Ռուսիայէն:  Ի դէպ՝ ոչ միայն այս հողերուն...

Բան մը որ մեզ, հայ ծագումով՝արեւմտեան պետութիւններու քաղաքացիներ, կը տեղաւորէ շատ դժուար կացութեան մը մէջ: Աւելին չըսելու համար...

Մ. Հայդուկ Շամլեան, Գանատա, 04 Ապրիլ 2014


Մեկնաբանություններ (7)

Անահիտ
Հարգելի Էդիկ Բաղադասրյան, չգիտեմ գիտակցված եք անում թե ոչ, բայց ձեր կայքի բոլոր հոդվածերը գրվում են հակաասադակնների կողմից , որոնք բացահայտ թուրքական իշխանությունների ազդեցության տակ են: Կամ ինքներդ վարձատրվում եք այդ ուժերի կողմից կամ ուղղակի չեք տիրապետում իրավիճակին եւ ծուղակն եք ընկել: Ցավալի է /մեղմ ասած/:
Հ.Շ.
Անհրաժեշտ չէր որ պատասխանեմ անշուշտ, սակայն ուզում եմ առիթը օգտագործել հաւելեալ պարզաբանումներ կատարելու համար: --- Նախ ասեմ թէ իսկապէս, բառացիօրէն ծիծաղեցայ, «թուրքական իշխանությունների ազդեցության տակ» լինելու մեղադրանքը լսելով: Բնաւ չէի կարող երեւակայել որ կեանքումս լսելու էի այդպիսի մի բան, ուղղուած ինծի: Հետաքրքիր է, որովհետեւ շատ աւելի յաճախ՝ թունդ ու արմատական, «անբուժելի» ազգայնապաշտ կը նկատուիմ... --- Իսկ այն ինչ կը վերաբերի Էդիկին, կ'երեւի շատերու անծանօթ է նաեւ անոր վաստակը... --- Ոչինչ... Անցնինք ... --- Ըստ էութեան եւ աւելի լրջօրէն՝ խնդիրը այն է թէ այս նիւթին մէջ, որովհետեւ կայ թուրքի մատը, շատերս ամէն ուրիշ բան անտեսում կամ մոռանում ենք, եւ մակերեսային կերպով հակազդում կացութեան: --- Ուրեմն, ահա մի քանի բացատրութիւններ եւս, նուազ «նրբօրէն» բանաձեւուած ՝
Հ.Շ.
Ընդհանրապէս Միջին Արեւելքում, եւ յատկապէս Սուրիայում, հայերը, որպէս հայ, երբեւիցէ ապագայ չեն ունեցել: --- Այնտեղ սկզբնապէս ապաստանեցանք որպէս Ցեղասպանութիւնից ճողոպրածներ: Յետոյ, ապրեցանք այդ տարածքաշրջանում որպէս կամաւոր աքսորեալներ, որովհետեւ չկար անկախ Հայաստան: --- Արդարեւ, Սփիւռքը նաեւ շատ հիմնական իրագործումներ կատարեց, շնորհիւ խնդրոյ առարկայ գաղութներուն: Յատկապէս՝ հայապահպանման եւ Հայ Դատի կապակցութեամբ: --- Սակայն այդ ամէնը, այդ ամէն ինչը որ նշում եմ՝ ներկայիս ժամանակավրէպ է, անհիմն է, զուր ու անիմաստ է այլեւս: --- Նուազագոյնը Սուրիոյ պարագային - թէկուզ նիւթը կարելի է աւելի ընդլայնել...-, ներկայ կացութեան մէջ, բացարձակ անհեթեթութիւն է գործածել այն միջոցները զորս գործածում ենք, հայերը պահելու համար երկրի մը մէջ ուր երբեք չեն եղել իսկապէս ու լիովին ազատ, եւ ուր այլեւս, ամէն պարագայի, չունեն ապագայ: --- Նոյն միջոցները եւ զօրակցական նշանակալից ջանքերը պէտք է որ ուրեմն տրամադրենք անոնց հայրենադարձութեան, դէպի Մայր Հայրենիք: --- Ինչ որ անպայման նպաստաւոր ու շահեկան է լինելու թէ իրենց համար, թէ Հայաստանին ու Արցախին, եւ թէ համայն Հայութեան: ---
Հ.Շ.
Հայոց Պետութիւնը եւ Արցախի իշխանութիւնները ըմբռնում են այս ամէնը, եւ նաեւ ըստ այնմ գործում են, իրենց հնարաւորութեանց սահմաննների մէջ: --- Որոշ Սփիւռքն մըն է որ տակաւին չի հասկանում... --- Կամ չի ուզում հասկանալ: --- Հ.Շ.
Hayk
Anahit jan! SHat lav el gitakcvats e ays amen@. Edik Baxdasaryan@ bolorics lav e haskanum da, bayc ,mievnuynn e, sharunakum e. I dep, Edik@ miak@ che, kardaceq myus terter@. Uremn, da mitumnavor arvum e hatuk texic ekox cucumov! Spopum e miayn ayn, vor joxovurd@ metsamasamb chi havatum, qani vor ka internet u bazmativ ayl axbyurner informaciayi. Sa tox mna irenc xxjin! Tox Astvats voroshi inchpes varvel.
Hayk
2 or araj el haytni radiokayan@ patmum er, te davutoxlun iiiinch srtajmlik xosqer e asel Qesabic irenc erkir paxats mi tserunu masin(((( Qich mna, kasen Turqian hayeri miak barekamn e((((. Dranov uzum en ardaracnel Arevmutqi lur ajakcutyun@ irenc barekam Turqiayi koxmic arvox hertakan cexaspanutyan@.
Sarkis Balkhian
Mr. Haytoug Shamlian, How may I correspond with you via email, social media, etc? I'd like to ask you a few questions. Thank you. Sarkis Balkhian

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter