HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Պիտի Հասանինք Կատարիդ...

Դեկտեմբեր 11 2014-ին, Երեւանի մէջ ելոյթ ունեցաւ Հասան Ճեմալը, Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր երեք հեղինակներից մէկին, Ահմատ Ճեմալ փաշայի թոռը, ներկայացնելու համար «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» խորագրով իր գրած գիրքը:

Ձեռնարկի ընթացքին եւ վերջաւորութեան, այլազան պատճառներով, տեղի ունեցան իրարանցումներ, լարուածութիւն,  հանդիսատեսների բողոք: Մի քանի անձիք նոյնիսկ գանգատելով դուրս ելան ձեռնարկի ընթացքին: Քիչ թէ շատ նոյնանման կացութիւն գոյացաւ Երեւանում Հասան Ճեմալի երկրորդ ելոյթի ընթացքին, յաջորդ օրը:

Սփիւռքի կարգ մը հայեր կը պարծենան թէ իրենք են իսկական եւ թունդ ազգասէրները, մինչ «Հայաստանի հայերը» (արդէն ինքնին մի ահեթեթ յղացք) հակում ունեն կակուղ լինելու այդ ուղղութեամբ, յօժար՝ էջը դարձնելու, գրկախառնուելու թուրքերի հետ, եւայլն., եւայլն.

Սակայն ահա, երբ Մսագործ Ճեմալի թոռը այսպիսի ելոյթներ կու տայ Սփիւռքում, լայնատարած ծափահարութիւններ կը ստանայ միայն, գովք եւ գովասանք, մինչեւ իսկ՝ շնորհակալութիւններ… Ներառեալ - նոյնիսկ երբեմն՝սկսեալ - անձերու կողմէ որոնք կը պատկանին տակաւին ազգայնական նկատուող կազմակերպութեանց, կամ մինչեւ իսկ  կը ներկայացնեն զանոնք, հանգամանաւոր կերպով:

Այստեղ ընդգծենք որ էֆենտիմ Հասանը, ի միջի այլ քստմնելի յերիւրանքների (որոնց կարգին` Արցախի մասին գրածները յատկապէս անհանդուրժելի են), իր մեծ-պապուկին տեռորի ենթարկողները... «աւազակախումբ» կը կոչէ:

 Այլեւս տիպային դարձած էական հակասութեամբ մը, սոյն «աւազակախումբի» այժմու դէմքերից մին Հասանի պաշտօնական խօսակիցն էր մինչդեռ, անոր Երեւանեան ուղեւորութեան այս առիթով, մինչ մնացեալները երեւի բան չունէին ասելիք այս ամէնի մասին... Շշշշ, չխանգարենք զիրենք, զբաղած ըլլալու են աւելի կարեւոր նիւթերով...

Սակայն ինք, Հասան Ճեմալ, հակասութիւն չունի: Վստահաբար ոչ՝ այս յատուկ նիւթով: Քանզի անոր բացայայտ նպատակներէն մին (չխօսելու համար թաքունների մասին), իր պապիկի անունը սրբել, մաքրել ու վերականգնել է:

Այդ ուղղութեամբ, ըստ պատմական խեղաթիւրիչ վերատեսութեան (revisionism) ընթացիկ բանաձեւումին, իրականութեան մէջ, Ճեմալ փաշան ջանքեր է թափել՝ շատ մը հայեր... փրկելու համար ցեղասպանութիւնից:  Յատկապէս երեխաներ, որոնց որպէս ապահով ապաստան՝ տեղադրել է Միջին Արեւելքի որբանոցներում:

Ահա այս տրամաբանութեամբ է որ Հասան Ճեմալ «աւազակախումբ» կը յորջորջէ Ահմատ Ճեմալը մահապատիժի ենթարկողներին:  (Ի դէպ, յատկապէս զարմանալի մօտեցում, մինչ անոնք իրողապէս գործադրեցին թրքական դատարանի մը իսկ բառացի վճիռը...)

Յիշեալ վերաքննական վարկածը իսկապէս շշմեցուցիչ է (մինչ շատ մը հայեր իսկ յօժար են զայն կուլ տալու), երբ որ հաստատուած է թէ Ճեմալ փաշան հայոց Ցեղասպանութեան գերագոյն ճարտարապետներից եւ գործադիրներից ամենավարպետն ու ամէնաազդուն հանդիսացած է:  Իսկ այդ - տակաւին օսմանեան տարածքաշրջանում գտնուող - որբանոցների նպատակը՝ կանոնաւորապէս թրքացնել էր հայ փոքրիկ երեխաները, անասելի մարտիրոսութեան ենթարկելէ ետք անոնց ծնողները, մեծ-ծնողները եւ չափահաս քոյր ու եղբայրները: Այսպէսով, իր հրեշային մոլուցքին մէջ, Հասանի մեծ-պապան, անձնապէս, թրքական տարածքներու մինչեւ ծայրամասերը հալածեց Ցեղասպանութեան որբերը, որպէսզի տակաւին այդտեղ ջնջէ եւ անէացնէ անոնց ինքնութիւնը, եւ այդպէսով շարունակէ ու իր ծայրագոյն լրումին հասցնէ հայոց ցեղասպանութիւնը:

 Բայց, ի՜ւֆ.. այս ամէնը, ի՞նչ կարեւոր... Այս օրերին, բաւ է որ թուրք մը «ցեղասպանութիւն» մոգական բառը գործածէ, եւ անկէ ետք՝ ի՜նչ որ ուզում է, կարող է ըսել: Հայերուն մէկ մասը, ի մասնաւորի Սփիւռքի մէջ, ուրիշ բան ոչ կը լսէ, ոչ կը կարդայ, ոչ կը տեսնէ:  Ըսա՛ւ, ըսա՜՜ւ, «ցե-ղաս-պա-նու-թիւն» ըսաւ, վե՛րջ: Կեցցէ եւ պրավօ, յոտնկայս ծափահարութիւն, մնացեալը կարեւոր չէ, խնդիրը լուծուած է:

Նիւթի այս հակիրճ ներկայացումը եզրափակելէ առաջ, նշենք նաեւ որ Հասան Ճեմալը Երեւան հրաւիրողը Սիվիլիթաս կոչուած, Ամընըյի հետ սերտ կապեր ունեցող խմբակցութիւն մըն է, որու յայտարարուած առաքելութեան մաս կը կազմէ քաջալերել հայ-թրքական շփումները: Այս մասին դեռ շատ բաներ կարելի է ասել, սակայն նախընտրելի է չասել, քանի որ ազգային անվտանգութեան վերաբերող այսպիսի նիւթերով կը զբաղին Հայաստանի պատկան իշխանութիւնները, եւ չենք ուզեր անոնց գործին խառնուիլ (ստորագրեալը աղբար է, առանց բարդոյթի): Վոլթէրի իմաստուն պատգամով, ամէն մարդ թող իր պարտէզը մշակէ...

Երեւանի վերոյիշեալ առաջին ձեռնարկի աւարտին, հասուն ու հանդարտ տիկին մը լրագրողի մը յայտնեց թէ, եթէ Հարիւրամեակի առիթով այսպիսի ձեռնարկներ է որ տեղի են ունենալու, ուրեմն նախընտրելի է Հարիւրամեակ չոգեկոչել...

Մի խօսքով՝ ի տարբերութիւն Սփիւռքի կեցուածքին եւ վերաբերմունքին, ցարդ Հայաստանում է միայն որ Հասան Ճեմալ ստացաւ իրեն արժանի ընդունելութիւն, յստակատես եւ պատուախնդիր հայորդիների կողմէ:  Ոչինչ, որ սահմանափակ էր անոնց թիւը, մինչ մնացեալները իրենք ալ երկու ոտքերով ինկան ծուղակը: (Նեռարեալ՝ մեծ-պապա Ճեմալը զգետնած արդարադատ գործիչներէն մէկուն թոռը... Որ ըստ երեւոյթին խնդիր չունի աւազակի ժառանգորդ կոչուելու... Իրօք սքանչելի ժամանակներ է որ կ'ապրինք...)

Յամենայն դէպս, երեւի դեռ յոյս կայ, Հայութեան համար: Շնորհիւ Մայր Հայրենիքին:

Մ. Հայդուկ Շամլեան, Գանատա

 13 Դեկտեմբեր 2014

Լուսանկարը` armenpress.am-ի

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter