HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ապտօն, Եուսէֆը եւ Հայերը

Վահագն Քէշիշեան

Ապտօն, կ'ապրի Սքքարի շրջանին մէջ, այս փողոցին անունը վերջին երկու շաբթուան ընթացքին աւելի յաճախ է որ կը լսուի, փողոց մը որուն անունը իր բնակիչներէն զատ ոչ ոք լսած էր մինչեւ դէպքերու սկսիլը Սուրիոյ մէջ: Սքքարին կը թուի ըլլալ յաջորդ թիրախ ընդիմադիր զինեալ ուժերուն, որոնք կորսնցուցած ըլլալով իրենց դիրքերը Սալահըտտինի մէջ, կը փնտրեն նոր լծակներ ճնշելու համար վարչակազմին վրայ: Ապտօն կ'աճապարէ տուն, հասնելու համար իր ընտանիքի միւս ութը անդամներուն: Կը լսէ թէ բանակը պիտի մտնէ Սքքարի: Բանակը այսօր առտու կանուխ կը քաշուի Սալահ Ատտին շրջանէն եւ կ'ուղղուի դէպի Սքքարի, քաղաքին մէջ ոչ ոք մանրամասն տեղեկութիւն ունի թէ ով ուր է, բանակը ուր է, ընդիմադիր բանակը ուր է, ոչ մէկ տեղեկութիւն, միակ պտտող խօսքերը որպէս հիմք ունին պայթումներու եւ հրաձգութիւններու ձայներուն աղբիւրները, անոնք որ կը յուշեն թէ ինչ կը պատահի քաղաքին մէջ, ձայներէն հետեւցնելով մարդիկ կը փախին իրենց տունէն, եւ կամ կը վերադառնան իրենց տուները, ձայներուն հետեւելով բանակը կը հալածէ ընդիմութեան, իսկ ընդիմութիւնը ձայներուն համեմատ ռազմավարական որոշումներ կ'առնէ:

Այսօր առտու լուրը առած էր թէ ինչպէս Հալէպի բերդը (Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի ամէնէն  մեծ բերդը) գրաւուած է բանակին կողմէ, մի քանի օր շարունակ յարձակումներու ենթարկուելէ ետք: Հազարամեայ բերդը տակաւին կը շարունակէ մնալ քաղաքին ամէնէն ռազմավարական դիրքը, ուրկէ կարելի է ռմբակոծել ամբողջ քաղաքը, ըլլալով կեդրոն, եւ բլրակի մը վրայ հաստատուած:

Զօրաւար Սուպհի բերդէն կը խօսի «ահաբեկիչներու» շարքերուն մէջ հասցուած վնասներուն մասին, եւ կը բացատրէ թէ օրինական բանակն է գերակշռողը քաղաքի տարածքին: Բայց չի խօսիր քաղաքէն դուրսի մասին, բոլոր Հալէպցիները գիտեն որ քաղաքէն դուրս իշխանութիւնը ձեռքն է ընդիմութեան խմբաւորումներուն, որոնք թեէւ միակամ եւ միացեալ չեն, բայց միացած են հակա-բանակ ըլլալու իրենց դիրքորոշման մէջ, զանազան շրջաններ զանազան խումբերու ուժին տակ է, Ազատ Բանակ կոչուածը իրականութեան մէջ ապակենդրոնացուած վերնագիր մըն է որ կը տրուի զանազան պատերազմող խմբաւորումներուն, որոնք ունին զանազան անուանումները՝ «Իսլամի Յաղթանակ», «Երկրպաքուներու Միաւորում», եւայլն:

Այս խումբերէն ոմանք միջազգային կապեր ունին, եւ զէնքերէն զատ նաեւ մարդուժ կը ստանան դուրսէն, իսկ միւսները ամբողջովին տեղայնական ուժերու, եւ տեղայնական թեթեւ զէնքերով խմբաւորումներ են, յաճախ գիւղ մը կամ շրջան  մը անվտանգութեան տակ պահելու համար: Բնականաբար, այն տեղը որ ընդիմութիւնը տեղական է, եւ կը վայելէ ժողովուրդին նեցուկը, հոն ոչ մէկ հրասայլ եւ ոչ մէկ ուղղաթիռ չի կրնար կոտրել ընդիմութեան շարքերը, իսկ հոն որ դուրսէն եկած են կռուողներուն զէնքերը, եւ արտաքին երկիրներու շահերը կը հետապնդեն, հոն վարչակազմը իր բոլոր կրակն ու թոյնը կրնայ թափել քաղաքներուն ու գիւղերուն վրայ:

Ապտօին ընտանիքը կը որոշէ ձգել Սքքարին եւ երթալ մերձակայ հիւսիսային Հալէպի գիւղերէն մէկը: Մեծ հայրը արդեն ամիսէ մը ի վեր կը փորձէր համոզել զիրենք որ երթային գիւղ, բայց քանի որ իրենց  ընտանիքը բազմանդամ է, եւ քանի դեռ կարելի էր որոշ չափով գոյատեւել Սքքարիի մէջ, ուրեմն փորձած էին դիմանալ, բայց այսօր որոշած են մեկնիլ, փամփուշտներու ու ռումբերու ձայները այդքան սաստկացած են որ անտանելի է այլեւս վայրկեան մը իսկ դիմանալ:

Եուսէֆը կ'աշխատի Տէր Զօրի մէջ, փռապանի մը մօտ: Ինքը բուն քաղաքէն չէ, եւ ընտանիքը  կը պատկանին մեծ տոհմի մը, եւ ըտնանիքին մեծ մասը գիւղերը կը բնակին: Քաղաքի կեդրոնէն քսան հինգ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող այս գիւղը ունի հինգ հազար բնակչութիւն, եւ գիւղացիներէն մօտաւորապէս հարիւր հոգի զինուած են, ու կը փորձեն պաշտպանել գիւղը, զինեալները իրենց հրամանը կ'առնեն տոհմապետէն, որ կը բնակի յիսուն քիլօմէթր հարաւ արեւելք, դէպի Իրաքեան սահման:

Զինեալները մեծ քաղաքականութեան չեն խառնուիր, տոհմապետին հրամանով այս օր կամ մեծ խումբ մը այլ զինիալներու թոյլ կու տան որ անցնին իրենց շրջանէն, իսկ յաջորդ օրը կրնան իրենց շրջանը հաստատուած փնտռուած անձերու յանձնել օրինական Բանակին: Զինիլներէն մէկը, որ այս ամբողջը պատմած է Եուսէֆին, առաջարկ ստացած է Հալէպ երթալ կռուելու, նիւթական փոխհատուցման փոխարէն, բայց մերժած է, քանի որ տոհմապետը չէ արտօնած:

Ապտօն Հալէպէն, Եուսէֆը Տէր Զօրէն, երկուքն ալ լաւ գիտեն հայերուն մասին: Ապտօն կ'ըսէ թէ հայերը շատ առնջուած չեն անց ու դարձին հետ, թէ իրենց համար դիւրին է ձգել երկիրը եթէ պէտք ըլլայ: Պէտք է փակագիծ մը բանալ, եւ ըսել թէ քանի մը շաբաթ առաջ, դէպի Հայաստան գացող հանրակառք մը, Թրքական սահմանէն քանի մը քիլօմէթր առաջ կանգնեցուած էր, եւ զինեալները բարձրացած էին, եւ ազատ ձգած էին մարդոց որ իրենց ճամբան շարունակեն երբ գիտցած էին որ դէպի Հայաստան կ'ուղղուին, սակայն իջնելու ժամանակ անոնցմէ մէկը ըսած էր «փախուստը տղամարդկութեան կէսն է»:

Հիմա ի՞նչ ընեն հայերը, փախչի՞ն, մնա՞ն, Հայաստա՞ն երթան, Լիբանա՞ն, Հալէպ մնան ի՞նչ ընեն, զինուի՞ն, ո՞րն է «տղամարդկութիւնը»: Թեպէտ որ զանազան հայկական հեղինակութիւններ իրենց կեցուածքները վերի վարոյ արդեն ճշդած են, ոմանք դէմ են Հալէպը հայերէն պարպելու, ուրիշներ կը փորձեն լաւագոյնս շահագործել առիթը քաղաքականութիւն վարելու համար, բայց վերջին հաշուով Միջին Արեւելքը շատ փոքր է իրարմէ պահուըտելու համար, ո՞վ ո՞ւր պիտի երթայ:

Եուսէֆը կ'ըսէ թէ մեծ թիւով հայ ընկերներ ունի, կը խոստովանի որ մինչեւ դպրոցը աւարտէ հայերու մասին չէր լսած, բայց յետոյ կամաց  կամաց հասկցած է թէ հայերը քրիստոնեայ են, եւ որ ցեղասպանութեան ենթարկուած են, Եուսէֆը չի գիտեր հայերուն քաղաքական կեցուածքը, կը հարցնէ «Պաշշարին հե՞տ են թէ դէմ»:

Մեկնաբանություններ (3)

ghitiya ghrériani
Either you are Syrian or something else (Armenian)
Samer
that they were subjected to genocide means that they should flee? and for the guy who refused to fight for money just because the village head said no???? was he serious or something? and what was the alternative for not fighting .. what did the chief offer in return? does this seem like nonsensical!
Edgar
It is good to know how thinking another nations living in Syria. This is more than information, thank you.

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter