Այսօր Հալէպի մէջ ներքին փախստականներու թիւը հասած է 120 հազարի, որոնցմէ 40 հազարը կը մնան 153 դպրոցներու մէջ, 30 հազարը մզկիթներու եւ հանրային պարտէզներու, 15 հազարը Հալէպի պետական համալսարանի հանրակացարաններուն մէջ, իսկ մնացածը իրենց ազգականներուն մօտ:...
Երբ Հալէպի կռիւները սկսան, մարդիկ ուտեստեղէնի պաշար հաւաքեցին. Աւելի հեռատես եւ զգուշաւոր մարդիկ մինչ այդ ալ որոշ պաշար ամբարած էին, բոլորին սառնարանները քիչ-շատ լեցուն էին եւ այդ բոլորը ... աղբի վերածուեցան ու սեւ տոպրակներու մէջ լեցուելով թափուեցան,...
Սուրիահայ դպրոցները պիտի բացուին երկու շաբաթէն: Անելանելի դրութեան պիտի մատնուին անոնք, որովհետեւ շատ-շատերը անկարող պիտի ըլլան կրթաթոշակները վճարելու: Անցեալ տարեշրջանին եւ ընդհանրապէս հայկական դպրոցներու աշակերտութեան հարիւրէն տասնհինգը...
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, զանազան կեդրոններ կը գործեն բարեսիրական նպատակներով: Կեդրոնական Մարմինին կողքին, կը գործէ նաեւ Հայ Բաեգործական Ընդհանուր Միութիւնը: Ընտանիքներու անդամներ կուգան դիմումնագիր մը կը լրացնեն որուն մէջ կը նշեն իրենց անունը,...
Անցեալ շաբաթավերջին ընդդիմադիր զինեալ ուժերը հասած էին հին քաղաքի Ճիտէտիէ շրջանը եւ գրաւած՝ Սահէթ Հաթթապը։ Պատմական այդ շրջանի նեղ թաղերուն մէջ եւ հրապարակներուն վրայ 3-4 օր տաք կռիւ էր:
Երեքշաբթի երկու փոքր օդանաւերով Հայաստան գնաց պատանիներու վերջին խումբը, որմէ դուրս մնացին պատսպարանի փոքրիկները, որոնք չկրցան անցագիր ստանալ տիրող իրավիխակին պատճառով: Հալէպի ազգային պատսպարանը այն կառոյցն է որ տարիներ շարունակ տուն դարձած...
Մինչ կը շարունակուի Հալէպի հետ կապ հաստատելու դժուարութիւնը, հասած տեղեկութիւնները գլխաւորապէս կարճ դէպքերու բացատրութիւններ են աւելի շատ քան պարագաներու ամբողջական պատկերացումներ:
Քիւրտերը Միջին Արեւելքի մէջ միշտ օգտագործուած են պետութիւններու կողմէ այլ պետութիւններու սահմաններէն ներս քաղաքական ազեդցութիւն բանեցնելու նպատակով: Միշտ Սուրիան եւ Թուրքիան իրար դէմ կրցած են գործածել «քրտական քարտը»: Ամէնէն փախտաւորն են այս օրուայ...
Այսօր առտու լուրը առած էր թէ ինչպէս Հալէպի բերդը (Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի ամէնէն մեծ բերդը) գրաւուած է բանակին կողմէ, մի քանի օր շարունակ յարձակումներու ենթարկուելէ ետք: Հազարամեայ բերդը տակաւին կը շարունակէ մնալ քաղաքին ամէնէն ռազմավարական...