HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Դպրոցները

Վահագն Քէշիշեան

Սուրիահայ դպրոցները պիտի բացուին երկու շաբաթէն: Անելանելի դրութեան պիտի մատնուին անոնք, որովհետեւ շատ-շատերը անկարող պիտի ըլլան կրթաթոշակները վճարելու: Անցեալ տարեշրջանին եւ ընդհանրապէս հայկական դպրոցներու աշակերտութեան հարիւրէն տասնհինգը սաներ եղած են:

Դպրոցները միշտ բացի մէջ եղած են, զոր փակած են անհատ բարերարներու, նպատակաուղղուած ձեռնարկներու եւ միութիւններու օգնութեան շնորհիւ: Բոլոր հայկական վարժարաններուն մեծապէս օգնած է  Գ. Կիւլպէնկեան հաստատութիւնը.. հիմա պիտի շարունակէ՞ օգնել, թէ՞ որոշում կայ Արեւելքէն եւ յատկապէս Սուրիայէն հեռու մնալ...

Ըստ Կրթական նախարարութեան յայտարարութեան վերամուտը պիտի սկսի Սեպտեմբեր 16-ին: Այս թուականը կը մնայ մեծ հարցականի տակ նկատի ունենալով որ Հալէպի 100 դպրոցներ այսօր բնակեցուած են պատերազմական դաշտի վերածուած թաղամասերու բնակիչներով: Միւս կողմէ նաեւ ապահովական ընդհանուր վիճակը այնքան ալ չ'արտօներ 2012-2013 ուսումնական շրջանի վերամուտը:

Բազմաթիւ մտահոգիչ հարցեր կան վերամուտի շէմին: Հարիւրաւոր ընտանիքներ կարօտ են օրուայ հացին, եթէ աւելի քան մէկ տարիէ մարդիկ գրեթէ անգործ են, իսկ վերջին մէկ ամիսը պարզապէս եթէ խանութները բացուին, պարզապէս տունէն քիչ մը հեռանալու եւ զիրար տեսնելու, իրար հետ խօսելու համար  կը բացուին: Մարդիկ պիտի չկարենան վճարել դպրոցական կրթաթոշակները, իսկ վճարունակ մարդիկ արդէն իրենց զաւակները տարած են այլ երկիրներ առայժմ մէկ տարուան համար... գացողներուն մէջ շատ են նաեւ  այնպիսիները, որոնք ոչ միայն իրենց զաւակներուն համար կը վճարէին այլ նաեւ մէկ կամ աւելի կարօտեալներու կրթաթոշակները կը հոգային...

Կան նաեւ ապահովական հարցեր: Մասնագէտներ կը պնդեն թէ դպրոցի մը մէջ հաւաքուած երեխաները դիւրին թիրախ պիտի ըլլան ահաբեկչական գործողութեան մը համար, եւ ճիշդ այս պատճառով է որ ծնողները չեն գիտեր ինչ ընել: Ոմանք արդեն փոխադրուած են դրացի Լիբանան, եւ կը փորձեն իրենց զաւակները հոն արձանագրել այս տարեշրջանին համար, «մինչեւ նայինք ինչ կ'ըլլայ»:

Գաղթականները կը փորձեն նիւթական դիւրութիւններ ապահովել դպրոցներէն, բայց այդ ալ խնդրականի տակ է, իսկ համալսարանականներ կրթաթոշակի համար դուռ չեն ձգեր որ չթակեն: Լիբանանահայ կազմակերպութիւններ կը փորձեն օգնել, գոնէ ծառայողական աշխատանքով եթէ ոչ նիւթական, բայց անշուշտ բուն խնդիրը կը մնայ նիւթականը: Եթէ մէկ երկու ամիս առաջ առաջնակարգը անվտանգութիւնն էր, այսօր առաջնակարգը նիւթականն է, եւ Լիբանանահայ գաղութը իր կազմակերպութիւններով ի վիճակի չէ նիւթապէս սատարելու սուրիահայ գաղութին, կամ հոնկէ հոս գաղթողներուն:

Լուսանկարը՝ BBC-ի

Մեկնաբանություններ (1)

ARSEN
ASDVAC OGNE BALES.

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter