HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հալէպի մէջ առեւանգում, պայթում եւ փրոփականտա

Մինչ կը շարունակուի Հալէպի հետ կապ հաստատելու դժուարութիւնը, հասած տեղեկութիւնները գլխաւորապէս կարճ դէպքերու բացատրութիւններ են աւելի շատ քան պարագաներու ամբողջական պատկերացումներ:

Կ'ըսուի թէ քաղաքին մէջ սուր կերպով աճած են առեւանգումները, եւ գլխաւոր դրդապատճառները փրկագիներու միջոցաւ նիւթական շահ ապահովել: Այս միջոցին ընդհանրապէս կը դիմեն խմբաւորումները երբ դրամական միջոցներու պակասը ըլլայ, ինչ որ է պարագան Սուրիոյ մէջ յեղափոխականներու ըստ երեւոյթին: Անշուշտ առեւանգումներէն զերծ չեն մնացած նաեւ հայեր, որոնք ճանչցուած են իրենց նիւթական պարագաներու լաւ ըլլալով: Մէկ պարագայի փրկագին հաստատուած էր երկու միլիոն սուրիական լիրա, որ համազօր է գրեթէ 30 հազար Ամերիկեան Տոլարի:

Առեւանգումները համատարած են սուրիական խնդրին շուրջ, եւ միայն փրկագինի համար չեն: Լիբանանցի տասնմէկ ուխտաւորները որոնք առեւանգուած էին երեք ամիս առաջ կը մնան անյայտ ձեռքերու մէջ, հակառակ որ կասկածները ուղղուած են դէպի Թուրքիայ, զոր կ'ուզէ ճնշում բանեցնել Հիպուլլային վրայ, նկատելի առնելով որ տասնմէկ հոգին շիիթ են, եւ անոնց բարեկեցութեան անմիջական պատասխանատուն կը նկատուի Հիզպուլլան: Իսկ Հիզպուլլային մօտիկ Ալ Միքտատ աւատախումբը, վերջին ընթացքին առեւանգեց աւելի քան քառասուն սուրիացիներ եւ երկու թուրքիացի, փոխանակելու համար տասնմէկին հետ:

Նման աւատախումբեր, ընդհանրապէս նաեւ տոհմախումբեր, միշտ պատրաստ են քաղաքական դեր խաղալ եթէ իրենց առիթը տրուի աւելի բարձր հեղինակութիւններէ: Սուրիոյ մէջ ալ, նման խմբաւորմներ են որ ողնայարը կը կազմեն յեղափոխութեան... ճիշդ է որ Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ կռուողները մեծ մասամբ օտար վարձկաններ են, բայց գիւղերուն տէրերը, եւ փոքր քաղաքներուն պահակները նման խումբերն են, որ ի յայտ եկած են, եւ զօրացած են կենդրոնական իշխանութեան նուազեցումով, իսկ Լիբանանի մէջ, ուր կեդրոնական իշխանութիւնը միշտ տկար է, նման խմբաւորումներ միշտ վայելած են իրենց երազած դրախտի պայմանները:

Առեւանգումի լեզուէն զատ, կողմերը կը խօսին նաեւ պայթումներու լեզուով: Եթէ ուղղակի պայթում մը կը միտի անմիջական հարուած հասցնել տուեալ կողմին, ապա մօտակայ պայթում մը կրնայ զգուշացման ազդանշան ըլլալ: Երեւի ճիշդ այս իմաստով է որ պէտք է հասկնալ Հալէպի չորս եկեղեցիներու մօտ, Հայ Առաքելական, Լատին, Յոյն Առաքելական եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներէն հարիւրական մեթրով հեռաւորութիւններու վրայ պայթած ռումբերը: Թերեւս այս ռումբերը ըլլան վարչակարգին կողմէ զետեղուած քրիստոնեաներուն վախցնելու համար, թերեւս ալ ապստամբներուն կողմէ դրուած ըլլան խուճապ յառաջացնելու համար, ո՞վ կրնայ ճիշդ գիտնալ թէ ինչը ինչ կը նշանակէ:

Խուճապը որո՞ւն գործին կը ծառայէ: Եթէ մէկ կողմէն վարչակարգը կ'ուզէ քաղաքականացնել ժողովուրդը, քառասուն տարի ապաքաղաքականացնելէն ետք, միւս կողմէն ալ ուշադիր է որ այս քաղաքականացումը իր դէմը չլարուի յանկարծ, ինչպէս որ ապստամբները ուշադիր են որ ժողովուրդին ատելութիւնը չլարեն իրենց դէմ, եւ այդ տպաւորութիւնը չստեղծեն որ պատերազմին բոլոր չարիքներուն մեղաւորը իրենք են:

Վարչակարգը կը փորձէ դիմացիներուն խաղը խաղալ արեւմտեան լրագրողները հրաւիրելով կանոնաւոր բանակի գիծերուն մէջ, ինչպէս Ռոպէրթ Ֆիսքը, եւ միւս կողմէն ժողովուրդին կը փորձէ համոզել թէ ինքն է տակաւին տէրն ու տիրականը երկրին: Ապստամբները կը փորձեն Արեւմտեան երկիրներու նեցուկն ու նիւթական օժանդակութիւնը շահիլ գետնի վրայ յառաջխաղացք ցոյց տալով, յայտարարելով որ Հալէպի վաթսուն տոկոսը իրենց հակակշռին տակ է, եւ միւս կողմէն կը փորձեն իրենց նետածը բռնել ու գոնէ այդ «վաթսուն»-ը ձեւականօրէն պահել:

Մէկ խօսքով, սակաւ տեղեկատուութեան պայմաններու տակ, առեւանգումի, պայթումներու եւ փրօփականտայի լեզուն է որ ծանր կը կշռէ, ժամանակի խաղն է որ կը խաղան կողմերը, ո՞վ պիտի մեռնի արիւնահոսութենէն:

Վահագն Քէշիշեան

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter