HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սիրիա. Առաջնորդարանը փոխադրուած է Վիլլաներ

Վահագն Քէշիշեան 

Անցեալ շաբաթավերջին ընդդիմադիր զինեալ ուժերը հասած էին հին քաղաքի Ճիտէտիէ շրջանը եւ գրաւած՝ Սահէթ Հաթթապը։ Պատմական այդ շրջանի նեղ թաղերուն մէջ եւ հրապարակներուն վրայ 3-4 օր տաք կռիւ էր: Հալէպի հին քաղաքը գիտցողը գիտէ, թէ ինչպէս այս շրջանին մէջ կը գտնուին Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի եւ Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ պատմական կառոյցները: Նշուած վերջին դէպքերէն առաջ ալ, Հալէպի դէպքերուն սկիզբէն ի վեր արդէն Ճիտէտիէին մօտակայ Պապ Ալ-Հատիտ շրջանին մէջ բուռն կռիւ էր, եւ մօտ երկու շաբաթ առաջ Ազգ․ Առաջնորդարանի շէնքը վնասուած էր կից շէնքի մը վրայ ձգուած հրթիռին բեկորներով:

Առաջնորդարանը արդեն փոխադրուած է Վիլլաներ, քաղաքին ամէնէն հայահոծ թաղերէն մէկը, այսպիսով 500 տարեկան Սբ. Քառասնից Մանկաց եկեղեցին կը դադրի աթոռանիստ ըլլալէ, եւ տեղը կ'առնէ Սբ. Աստուածածին եկեղեցին:

Պէտք է ըսել որ նոյնը եղած էր Պէյրութի մէջ, երբ պատերազմի տարիներուն Ազգային առաջնորդարանը փոխադրուած էր բախումներու վայր քաղաքի կեդրոնէն դէպի հայահոծ Պուրճ Համուտ, եւ մինչեւ օրս իր նոր տեղն է որ կը մնայ: Վիլլաներ նաեւ փոխադրուած է Հայաստանի հիւպատոսարանը, որուն բուն տեղը կը գտնուի շատ մօտ արդեն համաշխարհային համբաւ վայելող Սալահ Ալ Տին թաղամասին, ուր ամէնէն թեժ կռիւներն են որ կ'ընդանան տագնապին Հալէպ հասնելէն ի վեր: Երեքշաբթի 21/8-ին, պետական ուժերը յայտարարեցին, թէ վերատիրացած են Ճիտէտիէի գրաւուած մասերուն եւ հոն ձերբակալուած ազատ բանակի զինուորները բերին Սիւլէյմանիէի «Սիասիէ»ն։

Սիւլէյմանիէի այդ բաժինը խճողուած էր նախագահին կողմ եղող բազմութեամբ, ամէն կողմէ նախագահը փառաբանող կանչեր եւ կրակոցներ կը լսուէին։ Կ՚ըսէին, թէ այս յաղթանակը պէտք է տօնել։ Կը կրակէին զինուորները, նաեւ հասարակ մարդիկ։ Մինչեւ ուշ գիշեր մօտակայ թաղերը կը թնդային յաղթանակի կրակոցներով: Ճիշդ այս եկեղեցիին դիմացն է որ կը գտնուի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատկանող Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, քովի նեղ թաղէն ներս է որ կը գտնուէր Ազգային առաջնորդարանը, Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը եւ Հալէպի քրիստօնեայ համայնքներէն շատերուն առաջնորդարանները... իրականութեան մէջ շրջանը անպաշտօն կերպով կը կոչուի «Սալիպէ», իսկ «սալիպ» կը նշանակէ «խաչ»:

Յաջորդ առտու, 22/8-ին, Ճիտէտիէն ուրիշ տեսք ունէր արդէն։ Նեղ թաղերու պատերը ծակծկած էին։ Սահէթ Ֆարհաթի Մարունիներու եկեղեցիին մէկ պատը «հաուն»ով մասամբ փլած էր։ Իսկ կէսօրուան մօտ պարզուեցաւ, որ շրջանին մէջ ազատ բանակէն զինուորներ դեռ կան։ Անոնց կապարներով վիրաւորուեցան պետ․ ուժերէն քանի մը զինուոր, որոնք թաղամասը ապահով կարծելով, երեւի անզգոյշօրէն մտած էին հոն։

 

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter