HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Պայթումներու շարան Հալէպում

Այս առաւօտ Հալէպը ցնցեց չորս հսկայ պայթումներ քաղաքի ամէնէն կեդրոնական մասին մէջ: Սաատալլա Ճապրի կոչուող հրապարակը, ուր տեղակայուած են յայտնի հիւրանոցներ եւ պետական շէնքեր, ականատեսը եղաւ երկու պայթումի, որոնք յատկապէս թիրախ առած էին հրապարակին վրայ գտնուող Սուրիական բանակի սպաներու ակումբը: Պէտք է նշել որ նման ակումբներ ամբողջ քաղաքի տարածքին միշտ կը գործէին, ուր բարձրաստիճան սպաներ կը հաւաքուէին տարբեր առիթներով:

Այս պայթումներու շարանը կու գայ մէկ օր վերջ Պաշար Ասատի անձամբ Հալէպ այցելութենէն: Նախագահը երեկ Հալէպ այցելութեան ժամանակ հրամանած էր 30 հազար զինուոր ուղղարկել դէպի Հալէպ, քաղաքի մէջ պետութեան դիրքերը զօրացնելու նպատակով: Առաջին հաշուարկներով 40 զոհի պատճառ դարցած պայթումը, կ'ըսուի թէ եղած է
ինքնաշարժներու պատճառով, բայց այս գծով կասկածներ կան, քանի որ պայթումին հետքերը շատ մեծ են: Հ

իմնայատակ փլուզուած է Սպաներու ակումբին կից եղող պատմական շէնք մը, որ տարիներէ ի վեր որպէս ճաշարան
կ'օգտագործուէր: Իսկ կողքի Ալ Սիյահի հիւրանոցը կրած է ծանր վնասներ, ամբողջովին անօգտագործելի վիճակի մէջ ըլլալով: Հրապարակին կից եղող Հալէպի Քաղաքապետարանի շէնքն ալ երկու օր առաջ հրթիռային յարձակումի մը ենթարկուած էր, սակայն այս մակարդակի հուժկու պայթումներով կեդրոնական Հալէպը երբեք չէր ցնցուած: Մինչայդ ընթացքին կը շարունակուի վիրաւորներուն հիւանդանոց հասցնելու գործընթացը, անոնց թիւը կը մնայ 90ի շուրջ:

Քաղաքին այս կեդրոնական շրջանին մէջ է Ալ Ռազի հիւանդանոցը, ուր կը փոխադրուին վիրաւորներուն մեծ մասը: Միւս կողմէն կառավարական ուժերը յայտարարած են թէ կրցած են սպաննել անձնասպանական գործողութեան պատրաստուող քանի մը անձերու, իսկ Սուրիական Ազատ Բանակի Ճապհաթ ուլ Նասրա միաւորը յայտարարած է թէ սպանած է քսան կանոնաւոր զինուորներ: Ճապհաթ ուլ Նասրա միաւորումը կ'ըսուի թէ ամէնէն
շատ երկրին դուրսէն զինեալներ ունեցողն է, եւ որ Ալ Քաիտային մօտիկ է, ըլլալով Սալաֆական գաղափարախօսութեան տէր: 

Մէկ շաբաթ է ի վեր Հալէպի մէջ դէպքերու զարգացումը կը հաստատէ այն պատկերը որ Սուրիական յեղափոխութիւնը կեդրոնացած է այս քաղաքին վրայ, եւ այժմ քաղաքին կեդրոնական մասերը, սկսեալ կեդրոնական բերդէն, անցնելով փակ «ներսի» շուկաներէն, հասնելով մինչեւ Ճապրի հրապարակ, ամբողջ յստակ գիծով մը քաղաքը կը ճեղքէ հարաւէն հիւսիս:

Վահագն Քէշիշեան

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter