HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հալէպի մէջ փախստականներու վիճակը այսօր

Այսօր Հալէպի մէջ ներքին փախստականներու թիւը հասած է 120 հազարի, որոնցմէ 40 հազարը կը մնան 153 դպրոցներու մէջ, 30 հազարը մզկիթներու եւ հանրային պարտէզներու, 15 հազարը Հալէպի պետական համալսարանի հանրակացարաններուն մէջ, իսկ մնացածը իրենց ազգականներուն մօտ: Այս թիւերը ստոյգ չըլլալով հանդերձ կու տան ընդհանուր պատկեր մը: Կան 40 հայ ընտանիքներ որոնց տուները կամ քանդուած են եւ յարմար չեն բնակելու համար, եւ կամ շատ վտանգաւոր գոտիի վրայ են, ուստի ապաստանած են զանազան հաստատութիւններու մէջ, անոնց կարգին Ուրֆայի Հայրենակցական Միութեան ակումբին մէջ, ըստ տեղական հայկական աղբիւրներու:

Հալէպի մէջ այսօրուայ դրութեամբ կը գործեն զանազան բարեգործական միութիւնները, որոնք բոլորն ալ նախապէս գործունեայ կազմակերպութիւններ էին: Իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն կը ստանձնէ որոշ դպրոցներ, որոնց համար կ'ապահովէ օրական ճաշը, եւ կամաւորներու միջոցաւ կը կազմակերպէ
դպրոցներուն առօրեան: Կազմակերպութիւն կայ օրական 4000 ճաշ կը բաժնէ, ուրիշ մը 11000, եւ այսպէս: 11 հազար ճաշ բաժնող Ալ Իհսան կազմակերպութեան օրական պիւտճէն կը հասնի 400 հազար Սուրիական լիրայի, որը հաւասար է գրեթէ 6 հազար տոլարի: Պէտք է նշել որ ամէնէն շատ ուզուած սնունդը կը մնայ փոշի կաթը, որուն մէկ քիլոկրամին գինը հասած է 1000 Սուրիական լիրայի, այսինքն 15 տոլարի: Կազմակերպութիւններու շարքին է նաեւ Առաջին կնոչ Ասմա Ալ Ասատի ղեկավարած Սուրիոյ զարգացման հիմնադրամը, որը գլխաւորաբար ստանձնած է Պետական համալսարանի փախստականներուն: 

Սուրիոյ հասարակութեան իսլամական տուրքային համակարգին շնորհիւ է որ կը տոկան այս կազմակերպութիւնները օրական ծախսերուն դէմ: Մեծ ընտանիքներ, որոնց տարեկան Ալ Զաքաթ կրօնական տուրքը կը հասնի 30 միլիոն Սուրիական լիրայի, այսինքն գրեթէ կէս միլիոն տոլարի, անոնք է որ իրենց նուիրատուութիւններով կը սատարեն դպրոցներու մէջ աշխատող կազմակերպութիւններուն: Դուրսէն ալ կու գայ օգնութիւններ, նոյն Ալ Զաքաթի գումարներու միջոցաւ Եւրոպայէն, Ամերիկայէն եւ Ծոցի երկիրներէն, բայց եւ այնպէս կը մնան անձնական մակարդակի վրայ, եւ կը կազմեն չնչին տոկոս մը ընդհանուր պիւճճէյէն, ըստ կազմակերպութիւններուն մէջ աշխատող
աղբիւրներուն: 

Նախապէս արդեն նշած էինք որ կը գործեն նաեւ երեք հայկական բարեսիրական հաստատութիւնները՝ Կեդրոնական մարմինը, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը եւ Աւետարանական եկեղեցին: Հայկական կազմակերպութիւններուն մօտ նշուած են 2000 հայ ընտանիքներու անուններ, որոնք ստացած են կամ պիտի ստանան նպաստներ, բայց ոչ թէ դպրոցներուն նման օրական ճաշի ձեւով: Այս պարագային նպաստները ծրարներ են, որոնք կը պարունակեն տարրական սնունդներ:

Վահագն Քէշիշեան

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter