HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Նոր Գիւղի վիճակը ալ աւելի վատթարացած է

Վահագն Քէշիշեան 

Երբ Հալէպի կռիւները սկսան, մարդիկ ուտեստեղէնի պաշար հաւաքեցին. Աւելի հեռատես եւ զգուշաւոր մարդիկ մինչ այդ ալ որոշ պաշար ամբարած էին, բոլորին սառնարանները քիչ-շատ լեցուն էին եւ այդ բոլորը ... աղբի վերածուեցան ու սեւ տոպրակներու մէջ լեցուելով թափուեցան, ելեկտրականութեան երկարատեւ չգոյութեան հետեւանքով:

Աղբ բառը յիշելով, պէտք է անպայման նշել, որ նորգիւղցի երիտասարդ տղաքը քաղաքին մէջ միակն էին որ ձեռնոցներ դնելով իջան փողոց եւ հաւաքեցին կուտակուած-բլրացած աղբը, մաքուր պահելու իրենց հարազատ թաղը:

Նորգիւղցի երիտասարդին կարելի է վստահիլ, հաւատալ՝ հաւատալ բոլոր պարագաներուն: Ինչպէս ամէն Հալէպի, Նոր Գիւղի ալ խանութները փակ են, սակայն նորգիւղցիները ցերեկուայ քանի մը ժամը կ'անցնեն գործատեղին, կը հաւաքուին եւ նարտի, երբեմն ալ պլոթ կը խաղան. Կը խօսին, մեկնաբանեն իրավիճակը, իրարու ճիշդ-սխալ տեղեկութիւններ կը հաղորդեն. ականատեսի պէս կը պատմեն չպատահած «իրողութիւններ», օրինակ տարաձայնուած էր, որ Նոր Գիւղի առաջին պիստակավաճառ՝ լէպլէպիճի Սէթոյի կիսայիմար զաւակը՝ Դաւիթը սպաննուած է եւ պատմողը (պատմողները) տեսած է (են), թէ ինչպէս ան մօտեցած է կրակի գիծին, զինուորները փորձած են արգիլել իր աւելի յառաջանալը, սակայն անվեհեր Դաւիթ ձեռքով հռելով արգելք  հանդիսացողները մը քայլ ալ առաջ գացած է եւ...  փամփուշտ մը զինք տապալած է գետին:

Նորգիւղցիները շատ տխրած էին խեւ Դաւիթին մահուան լուրով, սակայն երկու օր ետք Դաւիթը դարձեալ յայտնուեցաւ... հիմա անոր գլխաւոր զբաղմունքը ոստիկանութեան բացարձակ չգոյութեան՝ իր խելքին,  ինք իր համար, առանց ուրիշին վնաս հասցնելու «տուգանել» օրինազանց ինքնաշարժները:

Այդպիսի լուրերէն մէկն ալ Ազգային Առաջնորդարանին ետեւի փողոցին մէջ (Պաուուապէթ էլԱսապ) պատահականօրէն ինկած եւ պայթած ռումբին պատճառած վնասներուն չափազանցութիւնն էր, ըստ ոմանց լաւատեղեակութեան, Առաջնորդարանի պաշտօնեաներէն վիրաւորեալներ կային. պարզուեցաւ որ նիւթական ոչ մեծ կորուստներ կան միայն՝ ապակիներու կտրուիլ, air condition-ի խողովակներու վնասուիլ եւայլն:

Վերջին մի քանի օրերուն սակայն, Նոր Գիւղի վիճակը ալ աւելի վատթարացած է: Յայտնի Այվազեան անցքին մէջ նկարուած իւթիւպի վիտէօները ցոյց կու տան թէ ինչպէս զինեալներ կը կրակեն օդ տօնելով իրենց յաղթանակը: Իսկ Նոր Գիւղի միւս կողմը, դէպի Պոստան Փաշա, օրեր շարունակ կռիւներ էին, ներառեալ Սբ. Վարդանանց Վանքի մօտ, կ'ըսուի թէ հայեր ալ կռուած են փողոցը: Ոչ շատ հեռու հայկական Ալ Արուպէ մարզական համալիրը ենթարկուած է ռմբակոծութեան, յայտնի դառնալէ ետք թէ ընդդիմադիր ուժերու կեդրոնի վերածուած էր: Սուլէյմանիէ թաղամասը իր կարգին ենթարկուած է ականահարումի եւ ռմբակոծութեան:

Լուսանկարը՝ cbc.ca-ի

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter