HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սուրիոյ քիւրտերը ճակատագրական են վարչակարգին համար

Քիւրտերը Միջին Արեւելքի մէջ միշտ օգտագործուած են պետութիւններու կողմէ այլ պետութիւններու սահմաններէն ներս քաղաքական ազեդցութիւն բանեցնելու նպատակով: Միշտ Սուրիան եւ Թուրքիան իրար դէմ կրցած են գործածել «քրտական քարտը»: Ամէնէն փախտաւորն են այս օրուայ դրութեամբ Իրաքի քիւրտերը, որոնք որոշ չափով անկախութիւն կը վայելեն, եւ Քրտական Շրջանային Կառավարութիւնը կարելի է ըսել կը վայելէ ամէնէն հեղինակաւոր դիրքը քիւրտերուն համար:

Սակայն Թուրքիոյ մէջ ալ, այլեւս այդքան ալ տկար չեն քրտական կուսակցութիւնները, քաղաքապետարանները որոնք քրտական հակազդեցութեան տակ են, ինչպէս օրինակ Տիարպեքիրինը, եւ վերջապէս անշուշտ Քրտական Բանւորական Կուսակցութիւնը, (ՓՔՔ), որ ըլլալով զինիալ ապստամբ շարժում մը, տարիներ շարունակ եղած էր եւ կը մնայ Թուրքիոյ բաց վերքը:

Հոս պէտք է փակագիծ բանալ եւ յիշեցնել որ իինսունական թուականներուն երբ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները սրուած էին եւ երկու կողմերը առօրիա ճակատումի մէջ էին, Սուրիան միշտ կ'օգտագործեր ՓՔՔ-ն որ Թուրքիոյ խորքին մէջ ռազմական գործողութիւններ իրականացնէ, հարցը վերջացաւ անով որ Սուրիա եւ Թուրքիա համաձայնութեան հասան եւ օրուան նախագահ Հաֆէզ Էլ Ասատը ՓՔՔ-ի ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանին յանձնեց Թուրքիոյ... այտեղ անշուշտ յարմար չէ պատմելու ամբողջ պատմութիւնը, սակայն իրականութիւնը այն է որ այսօր, դարձեալ, երբ յարաբերութիւնները դարձեալ ալեկոծուած են, Սուրիա պատրաստ է ՓՔՔ-ին զնելու Թուրքիոյ դէմ:

Ռամզին, որ իր եղբայրը կորսնցուցած է 1997-ին գործողութեան մը ընթացքին, կը բացատրէ թէ այսօր եթէ հարկադրուի, կրնայ զէնք բարձրացնել իր գիւղը պաշտպանելու համար թրքական հարցակումէ, Ռամզի կը բնակի Հալէպի հիւսիսը գտնուող հարիւրաւոր քրտական գիւղերէն մէկու մէջ, եւ հոսկէ մինչեւ թրքակապ սահման քառորդ ժամ է ինքնաշարժով:

Ռամզի կը մտաբերէ թէ ինչպէս 1998-ին թրքական թանկերու հանած փոշին երեւելի էր իրենց գիւղէն, երբ Թուրքիան Սուրիոյ սպառնացած էր ներխուժումով: Ռամզիի համար սուրիական որեւէ իշխանութիւն նախընտրելի է քան թրքականը, թեկուզ իր բոլոր լեզուական, ազգային եւ մշակութային իրաւունքները զանց առնուած են Սուրիոյ մէջ, բայց տակաւին կը նախընտրէ Սուրիան քան Թուրքիան:

Սակայն այլեւս իննսունական թուականները չեն, եւ Սուրիոյ քիւրտերուն վրայ ազդեցութիւն ունեցող միակ ուժը ՓՔՔ-ն չէ, Իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահ Մասուտ Պարզանին, որ կրցաւ Սուրիոյ մէջի քրտական զանազան կուսակցութիւնները հաւագել Քրտական Ազգային Խորհուրդ անուան տակ, իրականութեան մէջ ՓՔՔ-ի հետ այդքան ալ համաձայն չէ, եւ քրտական դաշտի վրայ ներքին պայքարի մէջ են այս երկուքը, մանաւանդ ՓՔՔ-ի քաղաքական թեւին՝ Ժողովրդավարական Միասնութիւն Կուսակցութեան (ՓԵՏ)-ի հետ:

Պարզանին քաղաքական դաշինքի մէջ է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, յանձինս վարչապետ Էրտողանի հետ, պատրաստ է ամբողջութեաբ տապալել ՓՔՔ-ն եթէ հարկ ըլլայ: Էրտողան վերջին տարիներու իր քաղաքականութեամբ կրցած է բաժնել իր ներքին քրտական քաղաքականութիւնը, իր արտագին յարաբերութենէն Պարզանիի հետ:

Այսօր գետնի վրայ իրականութիւն է որ քրտական շրջանները քրտական հակազդեցութեան տակ են Սուրիոյ մէջ, նոյնիսկ մեծ քաղաքաներու քրտական շրջանները, օրինակ Հալէպի Աշրաֆիյէ եւ Շէխ Մաքսուտ շրջանները, նոնյպէս քրտական զինիալ միաւորներու յսկողութեան տակ են, եւ այս իրողութիւնը յատկապէս կարեւոր է նաեւ քաղաքի հայ բնակչութեան համար, որոնց բուն բնակավայրերը շատ մօտ են քրտական շրջաններուն, եւ ռազմավարական դիրքերը այնպէս մը դասաւորուած են որ իրարմէ կախեալ են հայերը եւ քիւրտերը Հալէպի մէջ:

Սակայն հարցը այսքանով չի վերջանար: Կարեւոր է որ ռազմավարական դիրքերը քաղաքականի փոխել: Այսինքն այսօր եթէ Ռամզին կռուի թուրքիոյ դէմ, ապագայ վարդագոյն Սուրիոյ մէջ ի՞նչ քաղաքական շահ ապահոված պիտի ըլլայ, հապա եթէ իրեն ըսեն «շատ շնորհակալութիւն, հիմա վերադարձին ձիթենիիդ»: Ասկէ է որ Ռամզի կը վախնայ, եւ իր ամբողջական նուիրումին մէջ, որոշ վերապահութիւն մը կ'արձանագրէ:

Քիւրտերը այսպիսով յայտնուած են բարդ աշխարհաքաղաքական դիրքի մը վրայ, մէկ կողմէն Սուրիայէն անկախանալու իրենց միտումները թափ առած են սուրիական կեդրոնական վարչակազմի տկարանալով, միւս կողմէն ստիպուած են այս վարչակազմը պաշտպանել եթէ չեն ուզեր թրքամետ իշխանութիւններ հաստատուին Սուրիոյ մէջ:

Մէկ կողմէն պէտք է խաղան սուրիական վարչակազմին խաղը Թուրքիոյ դէմ, թրքական սահմաններէն ներս, միւս կողմէն պէտք է ապահովեն թրքական հաւանութիւն եթէ կ'ուզեն անկախանալ Սուրիայէն: Կը մնան մի քանի բաց հարցումներ: Էրտօղան պիտի կարենա՞յ իր քրտական քաղաքականութիւները իրարմէ անջատ պահելով, Սուրիոյ քիւրտերուն ալ նեցուկ կ'անգնիլ, մինչ ախորժակները չգռգռելի թուրքիացի քիւրտերուն:

Ասատը պիտի կարենա՞յ քիւրտերուն այնքան մը ազատութիւն տալ որ շահի իրենց իր կողմը, սակայն ոչ այնքան որ ապագային ամբողջովին ազատութիւն տալու ստպուած ըլլայ: Իրենք քիւրտերը պիտի կարենա՞ն միակամ քաղաքականութիւն դրսեւորել, ուժ դառնալ:

Վահագն Քէշիշեան

Լուսանկարը՝ www.ft.com-ից

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter