HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ի՞նչ կը մտածեն Հալէպահայերը Հայաստան հոգեփոխութեան համար գացած Հալէպահայ պատանիներուն մասին

Վահագն Քէշիշեան 

«Գացող պատանիներուն ծնողներուն մեծ մասը երկմատանքի մէջ էր՝ հապա եթէ չկարենա՞ն վերադառնալ: Վերջապէս եկան այն համոզման, թէ չկարենալ վերադառնալու պարագային գոնէ ապահով վայր մը կը գտնուին...» 

Երեքշաբթի երկու փոքր օդանաւերով Հայաստան գնաց պատանիներու վերջին խումբը, որմէ դուրս մնացին պատսպարանի փոքրիկները, որոնք չկրցան անցագիր ստանալ տիրող իրավիխակին պատճառով: Հալէպի ազգային պատսպարանը այն կառոյցն է որ տարիներ շարունակ տուն դարձած է բաժնուած ընտանիքներու զաւակներուն, կամ շատ աղքատներուն, եւ կամ մահացած ծնողներուն զաւակներուն, մէկ խօսքով անուն մնացածներուն, արդեօք ձեւ մը չկա՞յ որ Հայաստանը կ'արենայ անցագիր տդրամադրել այս երեխաներուն եւ առաջին կարգին իրենց փոխադրէ: Անոնց պէս այս ճամբորդութենէն նոյն պատճառով զրկուեցան նաեւ բազմաթիւ այլ պատանիներ: Անցագիր տրամադրող պետական մարմինը ամբողջովին դադրած է գործելէ Հալէպի մէջ, քանի որ անոր աշխահագրական դիրքը ամէնէն թեժ կռիւներուն ականատես եղող շրջաններուն մէջ է: 

«Օդակայան հասնիլը Ոդիսեւսեան ճամբորդութիւն մը. պատանիները կը հաւաքուին հայկական մէկ-երկու կեդրոններու առջեւ եւ օթօպիւսերով կ'երթան օդակայան, որոնք կը շարժին թռիչքէն քանի մը ժամ առաջ: Սովորաբար քաժաքէն օդակայան 10-15 րոպէի ճանապարհը կրնայ շատ աւելի երկար ժամանակ խլել: Վարպետ վարորդները կը կողմնորոշուին եւ ապահով վայրերէ անցնելով կ'երթան օդակայան. կարեւորը զինեալ բախումներու չհանդիպելն է. ճամբան կրնան երկու կողմի զինեալներու հանդիպիլ, որոնք պարզապէս քանի մը հարցումներ կը հարցնեն եւ կը թոյլատրեն խամբան շարունակել: Տունէն մինչեւ օդանաւին թռիչքը, աւելին մինչեւ օդանաւին Երեւան էջքը հարիւրաւոր բջիջային հեռաձայներ անընդհատ կապի մէջ կը մնան»: 

Յաճախ օդակայանի ճամբուն վրայ տեղի կ'ունենան զինեալ բախումներ, կամ կը հանդիպին երկու կողմի զինեալ բանակներէն ինմնաշարժերը կանգնեցնող եւ ճամբորդները հարցուփորձ ընող խումբերու, որոնք մինչեւ հիմա ոչ մէկուն վնաս հասցուցած են:

Ոչ ոք չի գիտեր դէպքերու հետագայ զարգացումը, բայց բազմաթիւ հայեր կը ցանկան պետական զօրքի յաղթանակը վախնալով անորոշութենէ եւ ծայրայեղ իսլամութենէ, եւ այդ ցանկութիւնը կը յայտնեն որպէս կարծիք, որպէս հաւաստիացում պետական զօրքի յաղթանակին:  

Լուսանկարը՝ cbc.ca-ի

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter