HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Օգնութիւնները

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, զանազան կեդրոններ կը գործեն բարեսիրական նպատակներով: Կեդրոնական Մարմինին կողքին, կը գործէ նաեւ Հայ Բաեգործական Ընդհանուր Միութիւնը: Ընտանիքներու անդամներ կուգան դիմումնագիր մը կը լրացնեն  որուն մէջ կը նշեն իրենց անունը, ամուսնացած կամ ամուրի ըլլալը, ընտանիքի անդամներուն թիւը, համայնքը, տան եւ գործատեղիի հասցէներն ու հեռայայնի թիւը:

Նպաստներու սնտուկ-տուփը կը պարունակէ շաքար, ձաւար ձէթ, իւղ պահածոյ մսեղէններ եւայլն, մօտաւորապէս 2500 ս.ո. ($ 35):

Տխուր իրականութեան մէջ ուրախալի էր տեսնել, Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Ե.Ը.ի ղեկավարներն ու այլ պատասխանատուներ «ձեռքով-ոտքով» կ'աշխատէին: երիտասարդ տղաքն ու սկաուտները սնտուկները կը տեղաւորէին Լ.Ն.-Գ.Կ. վարժարանի օթօքարներուն մէջ որոնք նպաստն, ու նպաստընկալները կը հասցնէին իրենց տուները, բան մը որ նպաստ տրամադրելու չափ կարեւոր է ներկայ իրավիճակին մէջ:

-Իսկ եթէ այս վիճակը շարունակուի պիտի շարունակէ՞ք ձեր նպաստը:

-Բարեգործականը միշտ պատրաստ պիտի ըլլայ հասնելու մեր հայրենակիցներուն,- պատասխանեցին:

-Իսկ արաբներո՞ւն:

-Եթէ ուզող ըլլայ, այո՛:

Ուրեմն այսօր Հալէպի մէջ արդէն հարիւրաւոր ընտանիքներ կան որոնք այսպիսի օգնութեան կարիք ունին: Այս թիւերը կարելի է կրկնապատկել, որովհետեւ համարեայ նոյն քանակութեամբ նպաստներ տրամադրուած են այլ ճակատ ներկայացնող միութիւններու կողմէ...

Այդքան շա՞տ է արդէն կարիքաւորներու թիւը: Մարդիկ անմիջական օգնութեան կարիք ունին որովհետեւ չեն աշխատիր, գործատէրերը իրենց գործաւորներուն աշխատավարձ չեն տար:

Մէկ շաբաթ ետք Օգնութեան Կեդրոնական մարմինի մօտ Նպաստընկալ կարօտեալներու թիւը անցած է իննը հարիւրը, եթէ այս թիւին գումարենք Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եօթհարիւր յիսունը... կրնանք սոսկալ-  թէեւ նպաստընկալները կրնան արձանագրուած ըլլալ երկու կողմերուն մօտ ալ որովհետեւ համակարգուած չէ նպաստներ բաշխելու աշխատանքը:  Ասոնց կարելի է գումարել նաեւ Հայ կաթողիկէ համայնքի բարեսիրական յանձնախումբը, նաեւ Հայ աւետարանականներու նպաստները:

Այստեղ պէտք է նշել որ Կեդրոնական մարմնի մօտ հաւաքուած գումարը նպատակային էր, ծախսել համայն գաղութին համար եթէ արտակարգ վիճակի հասներ իրադրութիւնը, այսինքն այն պարագային երբ հայերը կամ հայերէն մաս մը , ստիպուած ըլլային իրենց տուները լքելով ապաստանիլ, հայկական դպրոցներ կամ եկեղեցիներ, ակումբներ եւայլն: Իրականութեան մէջ հայկական կազմակերպութիւններու նեդրած գումարը ոչինչ է (հինգ-վեց հարիւր հազար)... Ինքը Կեդրոնական մարմինը կը խոստովանի իր անփորձ ըլլալը...: 

Վահագն Քէշիշեան

Մեկնաբանություններ (2)

Mihran Lepejian
AGBU-parekordzaganin pajnadz basharu,,4 hokianots undaniki hamar 20-25 or gusht gu bahe. minchev ays or parekordzaganu 1200 bashari duper pajnets,yev ter 300 bashari duper yevs bidi pajne harachiga orerun
Edgar
Bravo Baregortsakan!

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter