HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Անի Ասատրյանի խօսքի ազատութիւնը

Դէպքերն այնքան արագ կը զարգանան որ մերթ չես հասցներ- բռնելու դիպաշարի թելէն: Արագ է ամէն բան: Երէկ գիշեր էր որ պարզ կը Դառնար որ Երեւանցի մշակութաբան Անի Ասատրյանի հասցէին ուղղուած են բաւական վիրաւորական խօսքեր: Պատճառն այն էր, որ Անին հանդէս էր եկած յօդուածով մը ուր ի շարս այլ թեմաներու խօսած էր ԱՍԱԼԱ-ի հերոսներէն՝ Վարուժան Կարապետեանի մասին ու փորձած էր մեղմ ասած հասարակ յայտարար մը գտնել, Ազրպէյճան-Հունգարիա մեղսակից զոյգին Սաֆարով կոչուած պաշըպոզուքին ցուցաբերուած «խնամատար» վերաբերմունքին եւ Հայաստանի այդ օրուան իշխանութիւններուն ունեցած՝ Վ. Կարապետեանի հանդէպ ցուցաբերած ուշադրութեան միջեւ:

Մեղմ ասած կ'ըսեմ, որովհետեւ կուզեմ հոս թեման փակել:

Անիին հետ ունեցայ անշառ զրոյց, որտեղ կը յայտնէր թէ որոշ մարդիկ նեղած են զինք: Անին ճարահատեալ ուզած էր բացատրել թէ մարդկային կեանքը ինչքան էր թանկ ու կարեւոր իր համար: Խոսած էր Օրլիէն, իր խօսքերէն պարզ հասկնալի է որ ան ոչ թէ Թիւրքերու շահերը կը պաշտպանէ, այլ մարդկային հոգիներու արժէքին մասին կը խօսի: Մարդկային կեանքին դատը եւ արժանապատուութիւնը կը պաշտպանէ:

Ընդունելի կրնան չըլլալ Անիին գրածները, հասարակութեան մը համար որ մեծ ապտակ ստացած ըլլալու, շուարած ըլլալու բոլոր արդարանալի պատճառներն ունի: Բաց վէրքին մասին նորէն չեմ ուզեր խօսիլ: Ինչեւէ, իմ առաջ քաշած թէզս կ ը վերաբերի Անիին ազատ գրելու մասին: Ու եթէ ես եւ ուրիշներ-ի գին ամէն զոհողութեան դէմ չդնենք ազատ խօսք խաբանելու կոչուած մարդկանց անհանդուրժողութեան, ապա կրնանք դէմ յանդիման գտնուիլ, շատ աւելի տխուր նախադէպերու:

Այսօր Երեւանի գրական շրջանակները, չեն խօսիր Յովհաննէս Իշխանեանին գրական երկը արգիլել փորձողներուն մասին,որովհետեւ Իշխանեանը իր էութեամբ, զիլ գրիչով ու գրական իմոցիաներով յաղթնակով պսակեց ու այդ դատը, ու մեր ճակատներուն ու ուսերուն երեւաց որպէս աստղ:

Բառը աստղ է, Զահրատին ըսելով մենք սակայն զգոյշ պիտի ըլլանք, որ մենք զմեզ աստղերուն տեղ չդնենք. աստղերը հոս եւ մենք մեզ հոն չկարծենք:

Ահա ամբողջ ոգիին պարունակը: Մեր բառերը աստղերու պիտի նմանին:

Ու այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ մեզի համար գերագոյն արժէքը պիտի ըլլայ խօսքի բացարձակ ազատութիւնը:

Վախենալու խնդիր չկայ:

Գրողը գրիչ կը շաժէ, աստղ կը տեղադրէ մեր ուսերուն եւ մեր ճակտին միայն մէկ նպատակով, որպէսզի աւելի լաւ ըլլայ եւ մեր երկիրը եւ մենք որպէս քաղաքացիներ լիարժէքօրէն մասնակցինք կատարուող գործընթացներուն:

Անի Ասատրյանը ազատ է իր խօսքը լսցնելու, խօսելու թէզին ու հակաթէզին մասին:

Այդ իր խնդիրն է եթէ կ'ընդունի հերոսութիւնը կամ ոչ: Կրնայ չընդունիլ աչք խփել անցեալին պատկանող ու կարմիր մելանով գրուած հերոսութիւններուն մասին. բայց պարտաւոր է յարգել ու իր մօտ կայ այդ յարգանքը:

Ես կը վկայեմ:

Մէկ խնդիր միայն Անիին ու առհասարակ այն մարդոց որ ելած են Անին լռեցնելու՝ այն է որ մենք սփիւռքի խուլ ու անտէր մայթերուն վրայ հասակ առնողներս, զինեալ պայքարի եղանակը ընտրուած գտանք, խնճոյքի, շոյի կամ երեւնալու համար չէր եղած ատիկա:

Զինեալ պայքարը, կուտակումներու, արիւնահոսութեան ու բռնադատման իբրեւ հակազդեցութիւն էր. ոչ հակառակը:

Ստիպում մը կար, գաղթին հոտը կար մեր հացին ու գինիին մէջ: Մեզի համար զզուելի պիտի ըլլար այդ հացը եթէ այդ տղաքն ու աղջիկները կե՜ցցէ ՀԱՅԱՍՏԱՆ գոռալով արկ մը, ական մը,ռումբ մը չլարէին թուրքին աչքերուն, անոր ողնայարին կամ ձեռքերուն մէջ:

Այդպէս էր, առանց այդ վեհութեան մենք ստրուկի պէս պիտի քալէինք աշխարհի լուսաւոր պողոտաներէն:

Ասիկա փաստ է պարոնայք,բայց այս մէկը չի նշանակեր որ Անին ու Անիները պիտի չունենան ազատ խօսքի տեղ, ազատ խօսքի օրրան այս հզօր Հաասատանին մէջ:

Վարուժանը, Լիզպոնի տղաքը, Մոնթէն եւ Մհերները այդ ուրուագիծը ունէին իբր պաշտամունք:

Այդ կտոր մը ազատութիւնը, այդ նշխար մը ազատութիւնը թանկ էր իրենց համար:

Ու այսօր, վստահ եմ իրենք ալ նոյն ոգիով պիտի մօտենան այս խնդրին:

Ազատութիւն ամէն բանէ, ամէն անունէ, ամէն պատահարէ, ամէն արիւնէ, ամէն նռնակէ ու ամէն ինչէ վեր:

Մեկնաբանություններ (1)

Նարե
Դուք լիովին ճիշտ եք, Անիին ազատ գրելու իրավունք ունի, ինչպես բոլորը: Բայց նա իրավունք չունի նման ծաղրական տոնով ազգի ամենացավալի ու տխուր էջերին անդրադառնալ:Դա ինչպես իրեն,այնպես էլ մեզ պատիվ չի բերում: Հույս ունեմ սա նրա համար մեծ դաս կլինի` ազգային ցավոտ խնդիրները վերլուծելու նրբանկատություն պահպանելու համար:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter