HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հայոց ցեղասպանութիւնը չսկսաւ, ոչ ալ վերջ գտաւ, 1915-ին

Հայդուկ Շամլյան

Ըստ Օրէնքի, ըստ օրինական ամէնահիմնական ըմբռնողութեան, քաղաքակրթութեան մէջ, ոճիր առանց հետեւաքի գոյութիւն չունի, չի կրնար ունենալ: 

Քրէական Օրէնքը կը կիրարկուի հետեւեալ բաղադրիչներով ու հանգրուանային գործընթացով՝ ոճիրի հաստատում, ամբաստանեալի դատապարտութիւն, դատավճիռ:  

Քրէական դատավճիռը կը բովանդակէ երկու հիմանական բաղադրիչներ՝ պատիժ եւ հատուցում: 

Պատիժը իր կարգին կը ներառէ երկու երեսներ ՝ արդարութիւն  (զորս հանրութիւնը յաճախ կը շփոթէ վրէժի հետ, մինչ այդ յղացքը խորթ է քաղաքակիրթ աշխարհի արդի Օրէնքի մէջ) եւ տարհամոզանք:

Արդարութիւնը կը միտի Ընկերութեան դատապարտումը արտայատելու դատապարտուած ոճրագործին դէմ, եւ սոյն Ընկերութեան եւ անոր օրինական համակարգի կարեկցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնաբերելու զոհ կողմի նկատմամբ: Իսկ տարհամոզանքի չափանիշի կը վերաբերի պատիժի չափին ու տարողութեան, նպատակ ունենալով կանխել նմանօրինակ ոճիրներու կրկնութիւնը: 

Պատիժի չափին կամ աստիճանին կապակցութեամբ, նկատելի տուեալներ են ոճիրի ծանրութիւնը, ոճիրի գործադրութեան պարագաները,  եւ ոճիրի գործադրումէն անմիջապէս ետք ու մինչեւ դատավարութիւնը - նեդառեալ- ՝ ոճրագործի հոգեվիճակն, վերաբերմունքն ու կեցուածքը: 

Իսկ պատիժին առընթեր, որպէս ոչ թէ այլընտրանք այլ յաւելեալ եւ կուտակելի հետեւանք« քրէական ոճիրը օրինապէս կը յանգի դատապարտուած ոճրագործի կողմէ իր գործած ոճրային արարքի նկատմամբ հատուցման պարտաւորութեան: 

Քրէական Օրէնքի հիման վրայ հատուցումը կը միտի սրբագրելու եւ յեղաշրջելու ոճիրի հետեւանքները, որքան որ առարկայականօրէն կարելի ըլլայ այդ: Սրբագրելի հետեւանքներու նկատմամբ դրամական հատուցումը կը վերաբերի Քաղաքացիական Օրէնքի: Իսկ  քրէական մակարդակի վրայ դրամական դատավճիռը, ըստ սահմանումի, կը հանդիսանայ պատիժ, տուգանք, վճարելի - Պետութեան ճամբով - Ընկերութեան, եւ ոչ թէ զոհին: 

Քաղաքացիական Օրէնքը կը կիրարկուի հետեւեալ հիմնական բաղադրիչներով ու հանգրուանային գործընթացով՝ ոչ-քրէական յանցանքի կամ սխալի մը հաստատում, անոր հեղինակի կամ պատասխանատուի ինքնութեան ճշտում, անոր ու անոր հետեւանքներուն միջեւ պատճառային կապի հաստատում, այդ հետեւանքներուն արժեւորում եւ հատուցման դատապարտութիւն: 

Քաղաքացիական Օրէնքի համեմատ դատուող վնասաբեր արարքի մը օրինական յանգումը կը միտի հիմնականօրէն դարմանելու, յեղաշրջելու խնդրոյ առարկայ վնասները: 

* * *

Վերեւ պարզուած օրինական սկզբունքները, գործնականօրէն ու այժմէականօրէն, կը վերաբերին, իրօք, Պետութիւններու ներքին համակարգին: Սակայն այդ պարագային իսկ. անոնք միայն անհատներու նկատմամբ չէ որ կը կիրակուին: Հաստատուած Օրէնսդրութեամբ, անոնք ի զօրու են նաեւ դատելու համար բազմատեսակ ընկերակցութիւններ, խմբաւորումներ, օրինապէս հաւաքական ինքնութեան տէր զանազան ու այլազան էութիւններ: Աւելին, երկիրներու ներքին դրութեամբ, օրինական նոյն կարգերուն եւ սկզբունքներուն ենթարկուած են նաեւ պաշտօնական կառոյցները, պետական իշխանութիւնները: 

Արդարեւ, Հայ Դատի օրինական հիմունքները կը վերաբերին Միջազգային Օրէնքի: Ներկայ իրականութեան մէջ, նկատի ունենալով որ, գոնէ առաջին հերթին ու մակերեսաբար - որովհետեւ աւելի վար պիտի տեսնենք թէ խորքին մէջ, օրինական գետնի վրայ, ճիշտ չէ այս հաստատումը - Ցեղասպանութեան ուղղակի հեղինակները ոչ եւս են, խնդիրը կը վերաբերի Պետութեան մը դէմ օրինական հետապնդումի: 

Սակայն Միջազգային Օրէնքը, խնդրոյ առարկայ նիւթին մէջ, ընդհանուր տեսութեան եւ էական հիմունքներու մակարդակի վրայ, տարբեր չէ վերեւ ներկայացուած եւ տարրալուծուած օրինական էական դրոյթէն: Իսկ Միջազգային Օրէնքի տառացի Օրէնսդրութիւնը լրացուցիչ կերպով չէ գոյացած երբեք: Ան կը հաստատուի պարագայ առ պարագայ, տնօրինելու համար Միջազգային Կարգն ու Կանոնը, եւ մինչեւ օրս աշխարհի վիճակը լաւագոյն ապացոյցն է թէ Միջացգային Օրէնքը տակաւին շատ հեռու է լիովին ու բաւարար կերպով բանաձեւուած, խմբագրուած ըլլալէ: 

Կարելի էր անշուշտ այս գրութեան նիւթը զետեղել նաեւ Միջազգային Օրէնքի արդէն իսկ բանաձեւուած օրէնսդրութեան հիման վրայ, կամ օրինական բնոյթ կրող միջազգային զանազան վաւերաթուղթերու համեմատ: Այդ գործը կը կատարեն ուրիշներ, որոնցմէ ոմանք լաւապէս, մինչ այս գրութիւնը կը միտի նիւթը քննարկել շատ աւելի նախնական, ակունքային մակարդակի մը վրայ:

Շարունակությունը՝ այստեղ:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter