HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Յօնքը շտկելու համար աչքը հանելու հայոց ինքնասպան ռազմավարութիւնը

Վերջերս, երբ առիթով մը անգամ մը եւս կը ծաղրէի հայութեան մէջ հետզհետէ տարածուող յոռետեսութեան համաճարակը, լալկանութեան աւանդոյթը եւ գանգատի մշակոյթը, անձ մը որ յատկապէս կը սիրեմ ու կը յարգեմ, ուշադրութեանս յանձնեց հետեւեալը՝ «ըսածդ շիտակ է, պէտք է լաւատես ըլլալ, բայց նաև պէտք է միշտ ճնշումը պահել,  որնէսզի կարելի եղածին չափ լաւանայ ներքին մթնոլորտը»: 

Ինքնին տրամաբանական, առողջ եւ կառուցողական դիտողութիւն մըն է այս, զորս  հետեւաբար արժանի է պատասխանի:  Պարզենք ուրեմն հետեւեալ կէտերը՝ 

ա)   Սփիւռքի այդ կարծեցեալ «ճնշումը» շա՜տ նուազ կշիռ կամ ազդեցութիւն ունի, քան ինչ որ Սփիւռքը կ'ուզէ յաճախ կարծել: 

Այն օրերը անցան, երբ Հայաստանը կարիքը ունէր Սփիւռքին: 

Այսօր, դրամականօրէն, Սփիւռքի ներդրումը Հայրենիքում, այնտեղի մեծահարուստներուն համար, գրպանի կոպէկ է: 

Իսկ քաղաքական-գաղափարական գետնի վրայ, Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ ընտրանին ոչ միայն ականջ չեն կախեր դուրսի հայերուն  (բացի Ռուսիոյ գաղութի պարագայէն, որ նոյն իմաստով «դուրս» չի սեպուիր, Հայաստանի համար), այլ - իրաւացիօրէն - կասկածանքով կը դատեն Սփիւռքի այդպիսի ոտնձգութեան հակումները, քանզի Հայաստանը հակաարեւմտեան քաղաքական ոլորտի մէջ կը գտնուի եւ, տակաւին երկար ժամանակի համար, բառացիօրէն կենսական է՝ որ դուրս չգայ անկէ... 

բ)   Վերոյիշեալ կէտի լոյսին տակ, վերեւ նշուած ռազմավարութեան հիման վրայ, ի՞նչ է որ  կ'ընենք ուրեմն այսօր մենք, Սփիւռքս: Օտար ափերու վրայ տեւապէս կը նսեմացնենք, կը վարկաբեկենք Հայաստանը, անոր վատ կողմերը միայն կ'ընդգծենք, յուսախաբութիւն եւ մինչեւ իսկ զայրոյթ կը յայտնենք անոր նկատմամբ, եւայլն.   

Ասոր հիմնական հետեւանքը այն է թէ՝ ներազգային – գերեզմանանման – խրամատը կը լայնացնենք ու կը խորացնենք, եւ Սփիւռքի մասսայական բաժինը կը հեռացնենք Մայր Հայրենիքէն: 

Սփիւռքը միայն Կլէնտէյլը չէ: Սփիւռքը նաեւ միայն այդ սակաւաթիւ ու սահմանափակ շրջանակներու «անբուժելի » հայերը չեն, որոնց համար, ինչ որ ալ ըլլայ, հայրենասիրութիւնը չի մարիր, եւ Մայր Հայրենիքը կը մնայ պաշտելի: 

Մնացեալ ամբողջ Սփիւռքը ծանր անկումի մէջ է, գոյութենական իսկական ճգնաժամի մէջ, տարրական հայապահպանման ու գոյատեւման գետնի վրայ իսկ: Անվերջ Հայաստանը քննադատելով, եւ այդ ալ՝ միշտ ծանր կերպով, այդ հսկայ մեծամասնութիւնը կը մղենք դէպի յօժարակամ օտարացում, իրենց համար փրկարար այլասեռում: Մէկ ոտքը արդէն միշտ հայութենէն դուրս՝ այդ մասսային համար, Հայաստանի հանդէպ հիասթափումը վերջին գամն է իրենց հայու ինքնութեան դագաղին: Արդէն անոնցմէ շատեր, թէկուզ անգիտակցաբար, պատրուակ կը փնտռեն լիովին կռնակ դարձնելու հայութեան, ու երբ անոնք տեւաբար կը լսեն թէ որքան «գէշ» է եղեր Հայաստանը, պարզապէս կը դադրին կառչելէ իրենց մէջ հայութեան վերջին նշոյլին, կը հեռանան, երթալու համար դէպի... նորմալ կեանք: 

Հայոց այս սփիւռքեան արտագաղթը աւելի մտահոգիչ է քան թէ Հայաստանի բնակչութեան աշխարհագրական - ժամանակաւոր - շարժումները: Որովհետեւ, լուրջ խօսելու համար, Հայաստանի գոյութիւնը խնդրոյ առարկայ չէ երկրորդ երեւոյթի պարագային, մինչ առաջինի ողբերգական հետեւանքները իրօք անյեղաշրջելի են: 

Ուրեմն ահա, տուեալ պայմաններուն մէջ, Հայաստանը սրբագրելու միտումով, ոչ միայն, լաւագոյն պարագային, Սփիւռքը շատ չնչին ազդեցութիւն կրնայ ունենալ, այլ աքսորի մէջ արտայայտուող մեր ծայրայեղ գանգատները համազօր են ուղղակի ինքնափճացման, հաւաքական ազգային ինքնաքայքայման: 

գ)   Այս ամէնուն վրայ դեռ կայ մէկ ահաւոր տուեալ՝ Սփիւռքի մէջ կան կարգ մը անձիք, այլազան դիրքերու վրայ, որոնք շահ ունին, անձնական շահ՝ Սփիւռքը հեռացնելու, հեռու պահելու Հայաստանէն: Որովհետեւ անոնք կը ջանան պահպանել իրենց «հանգամանքը», իրենց «աթոռները»... Հակասականօրէն, այդ մի քանի կարճատես ջոջերուն համար շատ հեշտ է շահագործածել Սփիւռքի հայութեան ամէնէն ազգասէր հատուածը, այս անգամ խաղալով «արդէն ասիկա չէ իսկական, մեր ամբողջական Հայրենիք»ի քստմնելի թելին վրայ: Այդ բարակ թելը որու վրայ կ'ուզեն քաշել ժողովուրդը, մինչ տակը, այս պահուս եւ տակաւին երկար ժամանակի համար,  անդունդ կայ միայն: 

Ի դէպ, ծայրագոյն վտանգն ու վնասը այն է թէ, Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրման տեսլականը անմիտ կերպով շահագործող այդ անձիքը, խորքին մէջ կը հնարեն «մնայուն Սփիւռքի» ցնորական պատրանքը, կատարեալ անհեթեթութիւնը, որ լաւագոյն ձեւն է վերջնականապէս խորտակելու ու թաղելու յիշեալ տեսլականը: Որովհետեւ անոր միակ ճամբան կ'անցնի այժմու Հայաստանէն:

Հայդուկ Շամլեան

Գանատա, 18 Յունիս 2013

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter