HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սփի՞ւռք, ի՞նչ Սփիւռք...

Թոյլ տուէք որ ստորագրեալը այս գրութեամբ – իսկապէս՝ տարրական չափով միայն – հակազդէ հետեւեալ հարցազրոյցին:

Տիկին Թալին Սուջյանի վերլուծման հիմունքը էապէս սխալ է, ինչպէս նաեւ - եւ հետեւաբար - իր մնացեալ արտայայտութիւնները:

Պարզ ու յստակ խօսինք, որպէսզի ջանանք լաւ հասկնալ, լաւ հասկցուիլ:

Նախ եւ առաջ, «Մէկ Ազգ, Մէկ Հայրենիք» կարգախօսի-ի լաւատեղեակ հաւատացողներուն - եւ գործիչներուն - համար, այն երբեւիցէ չի համապատասխաներ, ցարդ, հաստատուած իրականութեան: Այդ բանախօսը չի վերաբերիր ոչ մեր ներկայի ոչ ալ - նոյնիսկ ու մանաւանդ - անցեալի կացութեան:

«Մէկ Ազգ, Մէկ Հայրենիք»-ը Հայութեան համար էական ձգտում մըն է, ազգային կենսական դիտաւորութիւն մը: Վերապրումի եւ գոյատեւման ծրագիր մը, որու թէական գործադրութիւնը տակաւին ընթացքի մէջ է:

Այդ ընբռնողութիւնը ծայր տուաւ տասնըիներորդ դարու սկիզբները, որպէս դաւանանք, գաղափարախօսութիւն: Այդ ժամանակներուն, հայութեան համար, ոչ միայն տեսականօրէն իսկ գոյութիւն չունէր «Մէկ Ազգ, Մէկ Հայրենիք», այլ իրողապէս եւս ՝չկար ոչ մի Ազգ եւ ոչ մի Հայրենիք:

Արդարեւ, նիւթի առարկայ Ազգը կը վերաբերի ազգային ամբողջական գիտակցութեան, հաւաքական զարթօնքին, ինքնաճանաչման եւ միացեալ վերելքին, իսկ Հայրենիքը՝ պետական գերիշխանութեան:

Երբ ստեղծուեցաւ «Մէկ Ազգ, Մէկ Հայրենիք» տեսլականը, մարդկութեան ծագումէն ի վեր տակաւին երբեք գոյութիւն չէր ունեցած, բառին էական եւ արդիական առումով՝ Հայ Ագգ,  ոչ ալ անոր առընչուող համահայկական, միասնական Հայրենիք (իսկ ամէն պարագայի, որեւէ տեսակի Հայոց պետականութիւն բառացիօրէն անհետացած էր, դադրած էր գոյութիւն ունենալէ, հինգ ու կէս դարերէ ի վեր) :

Սակայն յիշեալ գաղափարախօսութիւնը վերածուեցաւ գործի եւ գործունէութեան: Եւ, շնորհիւ ծայրագոյն ջանքերու եւ զոհաբերութեան, արտադրեց իսկական, յատկանշական արդիւնքներ: Որոնցմէ մէկը, ի դէպ՝ այժմու Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնն է...

Այս տեսական բացատրութիւնները կարելի է շարունակել երկարօրէն, սակայն եկէք խօսինք գործնականօրէն, անմիջականօրէն:

Այսօրուայ Հայաստանի հանրապետութեան բնակչութեան մէջ նշանակելի համեմատութիւն կը կազմեն այսպէս կոչուած «Արեւմտահայերը»: Հիմնականօրէն, զաւակներն ու թոռները՝ Ցեղասպանութեան վերապրողներուն (որոնց մեծ-ծնողները այդտեղ առաջնորդուեցան կարծէք թէ մի քիչ ծանօթ «Արեւմտահայի» մը կողմէ, յանձինս Զօրավար Անդրանիկի...), եւ 1947-49-ի հայրենադարձերն ու իրենց յաջորդող սերունդները - որոնք եկան փոխարինելու Համաշխարհային Բ. Պատերազմին նահատակուած, մեծամասնօրէն «կովկասահայ», մասսայական բնակչութեան... - : Այստեղ չ'արժեր նկատի առնել իսկ 1990-ականներէն ի վեր, հիմակուց հիմա Հայաստանի մէջ ապրող Սփիւռքահայերու պարագան, քանզի գոնէ թուաբանականօրէն (ոմանց պարագային, աւելին չըսելու համար... այդ էջն ալ օր մը բանալու ենք...)՝ այդ տուեալը տակաւին աննշան է:

Վերեւ պարզուած տարրական իրողութիւններու հիման վրայ, Տիկին Սուջյանի արտայայտած կարծիքները կը հանդիսանան Արտասահմանի հայերու այն սովորական հանկերգը որ կը ջանայ «արդարացնել» իրենց ափսոսալի այլասեռումը, կամաւոր օտարացումը, եւ հոգեկան ու գործնական անջատումը՝ Մայր Հայրենիքէն եւ իրենց այնտեղի ազգակիցներէն:

Այո, ճիշտ է, «Մէկ Ազգ, Մէկ Հայրենիք» ըմբռնողութիւնը չէ վերածուած տակաւին ամբողջական իրականութեան: Սակայն զայն հերքելը, ուրանալը, լաւագոյն միջոցն է երաշխաւորելու որ ան երբեք չդառնայ իրականութիւն:

Եւ յանուն ինչի՞, այս կեցուածքը... Յանուն որու ՞...

«Հայոց Սփիւռքը» այսօր պատրանք մըն է միայն: Աչքի փոշի, դատարկ աղմուկ, ձեւակերպութիւն,  ինքնախաբէութիւն:

Օտարութեան մէջ ապրող հայերու լայն մեծամասնութեան մէջ անհետացած են հայ ինքնութեան տարրական բաղադրիչները, եւ դեռ այս գոյութենական ջարդը կը շարունակուի: Անոնք որ ատակ կամ յօժար չեն տեսնելու այս ցաւագին իրականութիւնը, կամ դեռ անոնք՝ որոնք ուղղակի շա՛հ ունին, շահագրգռուած են պահպանելու Սփիւռքի յղացքը, չեն գիտեր դեռ ինչ պիտի փորձեն հնարել, բնորոշելու համար «նոր հայ» մը...

Եթէ տակաւին այսօր մնացած է  հայ ազգային գիտակցութեան կառչող նշոյլ մը Սփիւռքահայութիւն, այդ ալ կը պարտինք միայն Հայաստանի վերանկախացման եւ Արցախի ազատագրման:

Շա՜տ հեշտ է տարբերութիւններ տեսնել հայութեան այս կամ այն հատուածներուն միջեւ: Ոչ միայն Հայաստանի եւ Արտասահմանի հայերու միջեւ, այլ նաեւ Հայաստանի այլազան շրջաններու միջեւ, Սփիւռքի զանազան երկիրներու տարբեր գաղութներու միջեւ, միշտ կան անձիք որոնք օրնիբուն կը հաշուարկեն իրարու միջեւ տարբերութիւնները: Այսօր մէկ քաղաքի մէջ իսկ - ներառեալ կամաւոր աքսորի այն վայրը ուր կ'ապրի ստորագրեալը -, ան որ ուզէ - կամ որ ուրիշ բան չունի ընելիք - , կարող է թաղամասերո՛ւ միջեւ իսկ նկատել միջ-հայկական տարբերութիւններ...

Հայաստանը Հայաստանն է: Ուրիշը այժմ չկայ, եւ դեռ, լաւագոյն պարագային, երկար ժամանակուայ  համար՝ չի լինելու: Սփիւռքի այն հայերը որոնք գոհ չեն «այս» Մայր Հայրենիքէն, թող բարեհաճին յստակատեսութիւնը կամ պարկեշտութիւնը ունենալ լիովին դիմագրաւելու իրենց օտարացունը: Փոխանակ  պատճառաբանութիւններ երեւակայելու այն բացայայտ իրողութեան որ, ձեւական ու մակերեսային երեւոյթներէ անդին, իրենց համար անհրար դարձած է այլեւս հաղորդուիլ Հայոց Հայրենիքի թէ՛ շօշափելի իրականութեան հետ եւ թէ՛ ազգային գերագոյն ձգտումը նկատմամբ:

Այսօր, ու այսուհետեւ յաւերժապէս, Հայաստանը արդէն պէտք չունի «Սփիւռքահայութեան»: Մինչ, այլ երկիրներու մէջ ապրող հայերը, եթէ կ'ուզեն պահպանել ու պահել իրենց հայկական ինքնութիւնը, անպայման պէտք ունին, սուր ու կենսական կարիքը ունին Հայաստանին, Հայրենիքին: Եւ այդ ձեւով թերեւս, օր մը, ո՞վ գիտէ, կը յաջողինք նաեւ դառնալ Ազգ:

Հնարաւոր է տակաւին շատ բաներ արտայայտել այս նիւթով, սակայն այս պահուս զսպուինք ու կանգ առնենք այստեղ, չվատթարացնելու համար ներքին պառակտումի այն հակումն ու վտանգը որ տեւապէս կը սպառնայ մեզի, եւ որու դէմ նուազագոյն հակազդեցութիւն մըն է միայն այս գրութիւնը...

Ոչ մեծ խելացութիւն կ'ուզէ, ոչ ալ ուսումնական բարձր վկայականներ, ոչ ալ արտակարգ վերլուծական միտք կամ հմտութիւն, տեսնելու եւ ընդգծելու համար հայերու միջեւ այլազան տեսակի ու բազմաթիւ տարբերութիւններ:

Մարիֆեթ-ը, յարգելի ազգակից՝Տիկին Սուջյան, նմանութիւնները նշմարել ու զարգացնել է:

Մ. Հայդուկ Շամլեան
Գանատա

Լուսանկարը՝ himnakan.mskh.am-ից:

Մեկնաբանություններ (6)

H.C.
For the purposes of clarification - and also, due credit -, it has to be noted that the original version of this article is written in Armenian. It is subsequently translated to English, by the dynamic and devoted staff of Hetq. As it could happen in any translation, in case of any possible discrepancy, the original version prevails. Re: http://hetq.am/arm/news/31951/diaspora?what-diaspora?.html
Vahe
I sense real anger and hostility towards the Diaspora in this article, not to mention a fair amount of chauvinism. I am not surprised. You know, isn't it interesting that the Diaspora, which supposedly has very little Armenian identity, has been able to keep itself together for 100+ years, establish thousands of institutions, and shovel billions of dollars into independent Armenia? Also, how interesting that Armenians emigrate from Armenia and thereby become part of the Diaspora in the West. Are they bad people? Are they now Western Armenians?
Gevorg
Again with the conspiracy theories. And the biggest one in Avetis's opinion is that democracy is a Western ploy to weaken Armenia. What a boob! or should I say boobooshka.....
Ara Kassabian
This request is coming from New Zealand. Please stop this poisonous debate, it is not healthy and you all know that. Diaspora or no diaspora, Armenians are one, they were, are and will always be. Those who do not agree, can take a hike.
Հ.Շ.
Մինչ իր հարցազրոյցի ներածականը այլ բան ենթադրել կու տայ, իրականութեան մէջ, Թալին Սուջյանը ծնած է, դաստիարակուած եւ դպրոց յաճախած Թուրքիայում: --- Ասոնկ առարկայական իրողութիւններ են (որոնք պէտք է որ գոնէ նշուէին հարցազրոյցը վարողին կողմէ) : --- Այդ հիման վրայ, հետաքրքրական կ'ըլլայ լսել թէ ան ինչպէս կը վերլուծէ իր յարաբերութիւնը յիշեալ երկրի հետ, բաղդատելով Հայաստանի նկատմամբ այն կեցուածքին հետ զորս ան կը յայտնէ խնդրոյ առարկայ հարցազրոյցին մէջ: --- Հարցադրանքը վստահաբար տեղին է, որովհետեւ այնքան տարբեր տեսակներու «սփիւռքահայեր» կան որքան տարբեր երկիրներ ուր հայեր կը ծնին, հասակ կ'առնեն եւ դպրոցական ուսում կը ստանան: --- Նաեւ՝ որպէսզի ամէն ոք իր ամբողջական պատասխանատւութիւնը ստանձնէ իր արտայայտած կարծիքների համար: --- Հ.Շ.
Վահան
Միջ-հայկական տարբերութիւններ միշդ եղած են ու կը մնան: Թող ըլլան մշակութային, մտածելակերպի, քաղակական, եւ նոյնիսկ լեզուական տարբերութիւններ: Ի՞նչ վնաս մեզի: Մեր հայրենակիցները թող տեղափոխուին Հայաստան: Թող խօսին արեւմտահայերէն: Թող ուտեն Խարբերտ քուֆթա եւ իմրիկ հալվայ...Բազմազանութիւնը՝ հարստութիւն է: Ես արեւմտահայ արմատներ ունիմ: Տասը տարի Հայաստան կը բնակիմ: Չեմ եկած մաշած պատրանքներով, որ իբր պիտի վերգտնեմ երազեալ Արեւմտահայաստան մը հոս: Իրօք՝ ներկայ ՀՀ-ը հետզհետէ կյ դառնայ խառնուրդ մը արեւնտահայ եւ արեւելահայ իրականութեանց: Բազմամշակութային Նոր Հայաստան մը: Մի թողէ՛ք որ հաղթահարելի տարբերութիւնները ծառային որպես պատրուակ նոր Հայաստանի կերտմանը չմասնակցելու:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter