HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

«Հայաստանի Խորհրդարանը կը մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումին»

24 Մարտ 2015-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը, խանդավառութեամբ եւ միաձայնութեամբ, որդեգրեց՝ «1915-1923 թթ Օսմանյան Թուրքիայում հույների եւ ասորիների ցեղասպանությունը դատապարտելու մասին» բանաձեւը: 

Քուէարկութենէն ետք, միացեալ խոր յուզումի եւ սրտերու հաւաքական թրթռացման արտասովոր պահ մը ապրեցան նոյնիսկ հայ խորհրդարանականները, երբ յոտնկայս՝ ծափահարեցին եւ շնորհաւորեցին զմիմեանց: Հաւանական է նոյնիսկ որ մի քանի թաց աչքեր ալ կային, ո՞վ գիտէ ...

ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներուն իրարու հանդէպ ցուցաբերած այդ արտակարգ վերաբերմունքի շնորհիւ է միայն որ պատմական նշանակալից իրադարձութիւն կրնայ հանդիսանալ այդ բանաձեւի որդեգրումը... Որովհետեւ մնացեալը՝ պարզապէս ցաւալի է:

Արդարեւ, Խորհրդարանի այս քայլը ոչ միայն ապարդիւն է, այլ մանաւանդ՝ անխոհեմ եւ վնասակար է, հակա-արտադրողական է, Հայոց Ցեղասպանութեան հաստատման եւ անոր առընչուող Հայկական Հարցին, Հայ Դատին նկատմամբ:

Ահա թէ ինչու՝

 - Սոյն բանաձեւի լուրջ հիմունքները, Խորհրդարանի նիւթի առարկայ գործընթացի ծիրին մէջ, կարելի է ըսել՝ չեղեալ են, փաստօրէն անգոյ:

Ազգային Ժողովի «աշխատանքները» այս ուղղութեամբ - ինչպէս յաճախ, այլ նիւթերու կապակցութեամբ եւս, ափսոս - կը սահմանափակուին մի քանի պատգամաւորների միջեւ անտեղի պոռչտուքներով, փոխադարձ վիրաւորանքներով, գունագեղ յերիւրանքներով, մի խօսքով՝ այդ շրջանակներում սովորաբար տիրող բանաւոր բրտութեամբ եւ անպատշաճ բախումներով:

Ահա, ստորեւ, խորհրդակցական հիմնական նիստ մը, քննարկման բարձրաստիճան ասուլիս եւ մասնագիտական հեղինակաւոր ատեան, որ կը բնորոշէ այն գործընթացը որ յանգեցաւ այդ բանաձեւի որդեգրման (եթէ շփոթի մատնուիք, մի մտահոգուիք, բնական է... որովհետեւ այդ ամբողջ աղմուկը կապ իսկ չունի ցեղասպանութեան սահմանումին հետ, այլ, ի սկզբանէ մեկնելով արդէն այդ ինքնաբուխ եւ կամայական հաստատումէն, հիմնական վիճաբանութիւնը այն է թէ՝ իսկ, հապա Եզիտի քիւրտերու վիճակուած դէպքերը... անոնք ալ պէտք չէ՞ մը աւելցնենք ցեղասպանութիւններու մեր ցանկին մէջ....) ՝

 

Իսկ բանաձեւի քուէարկման վերաբերող վերջին նիստին, այս հարցով զբաղող երկու հիմնական պատգամաւորների միջեւ վիճաբանութեան ամենացայտուն նիւթն էր թէ ո՞րմէկը միւսէն առաջ մտածեր է այս յայտարարութեան մասին... Չնշելու համար այդ խորաթափանց բանավէճին միւս զգլխիչ կէտը, թէ ՝ ո՞վ միւսէն աւելի խիղճ ունի: Ինչ-որ... ստորոգելիներու խոշորութեան չափին վերաբերող տղայական դասական վիճաբանութեան տարօրինակ տարբերակ մը (յատկապէս այս պարագային, սեռային տեխնիկական նկատառումներով...), որ անշուշտ լաւագոյն եւ ամենաարժանի հիմնաւորումը չէ ցեղասպանութիւն հաստատող բանաձեւի մը որդեգրման, նամանաւանդ երբ որ չկայ ուրիշ հիմնաւորում:

Այս ամէնուն լոյսին տակ, Հայաստանի Խորհրդարանի այս քայլը կը նպաստէ մանաւանդ հիմնաւորելու եւ ամրապնդելու Թուրքիոյ ուրացողական այն առարկութիւնը, թէ «ցեղասպանութեան» վերաբերող պետական այսպիսի յայտարարութիւններ՝ մակերեսային, անհիմն եւ անիմաստ են, եւ կը հետապնդեն քաղաքական գետնաքարշ դիտաւորութիւններ, որոնց կապը ճշմարտութեան հետ ընդհանրապէս... նիւթէ դուրս է:

-Եթէ Հայաստանի այս խորհրդարանական բանաձեւին նպատակը Թուրքիոյ դէմ «միացեալ ճակատ» գոյացնել է Յունաստանի եւ Ասորիների հետ, նոյնպէս անմիտ եւ անհեթեթ բան է կատարուածը:

Յունաստանը ինք, մէկ դարէ ի վեր (բացի պետական մէկ հատիկ, հեռաւոր, դատարկ, խորհրդանշական եւ նուազագոյն յիշատակումէ մը), ոչ միայն, այս նիւթով, որեւէ իսկական դիրքորոշում, որեւէ գործօն կեցուածք կամ որեւէ պահանջք չունի Թուրքիոյ նկատմամբ, այլ ընդհակառակն, մի քանի տասնամեակներէ ի վեր, ան, միակողմանի ու հաստատ կերպով՝ որոշած է ամէն պարագայի անցեալի էջը դարձնել, խօսիլ ու բանակցիլ այլ նիւթերի մասին, եւ հաշտուիլ Թուրքիոյ հետ:

Ահա Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութեան եզրափակումը, յոյն-թրքական յարաբերութիւնների մասին՝

«Յունաստանի հաստատ դիտաւորութիւնն է յոյն-թրքական այս հակամարտական յարաբերութիւնները վերածել համագործակցութեան յարաբերութիւններու: Ահա ինչու ան ընկերութեան ձեռք կ'երկարէ Թուրքիոյ, միաժամանակ զայն հրաւիրելով համագործակցելու կառուցողական եւ համախոհական ոգիով մը, ինչպէս որ պատշաճ է հարեւան երկիրներու միջեւ, որպէսզի բարելաւուին յոյն-թրքական յարաբերութիւնները եւ բնականոն դառնան ներշփման կէտերը»:

Այս պայմաններու մէջ, Զորպայէն աւելի յոյն ըլլալու (Պապը եւ պապականները հանգիստ թողենք...) ի՞նչ պէտք ունէին Հայաստանի խորհրդարանականները: Կարելի է նոյնիսկ մտածել որ Յունաստանը գոհ ըլլալու չէ այս նախաձեռնութեամբ, եւ յուսանք ուրեմն որ գալիք օրերուն այդ երկրի կողմէ դիւանագիտական-պաշտօնական յայտարարութիւններ չենք լսեր, յիշեալ բանաձեւին... դէմ:

Իսկ եթէ հայ խորհրդարանականները որոշած են նախաձեռնօրէն փոփոխութեան ենթարկել Յունաստանի վերոյիշեալ պետական հաստատ վարքագիծը, նախընտրելի կ'ըլլայ որ անկէ առաջ անոնք նախ լուծեն «Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններու» տակաւին առկախ հարցը:

(Ասորիներու պարագային, դեռ աւելի արտառոց է պատահածը, քանզի անոնք ոչ միայն ոչ մէկ ձեւով, բնաւ չեն հետապնդեր իրենց անցեալի վերաբերող նիւթի առարկայ դէպքերը, այլ այս օրերուն յաճախ, ըստ երեւոյթին ամաչելով իրենց նախնական ինքնութենէն, հակում ունին խօսելու աւելի իրենց... թրքական արմատներու մասին: )

- Սակայն այս ամէնէն անդին իսկ, ըստ խորքի եւ ըստ էութեան, որքանո՞վ հիմնաւորուած է սոյն բանաձեւը:

«Ցեղասպանութիւն» բառը յատուկ եւ մասնայատուկ իմաստ կրող բառ է, խորապէս բարդ յղացք է, եւ անոր սահմանումին եւ բովանդակութեան կ'առընչուին լուրջ եւ ծանր նկատողութիւններ, իսկական ազդեցութիւն եւ հետեւանքներ, յատկապէս միջազգային օրէնքի գետնի վրայ- եւ հետեւաբար, պետութիւններու արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող իսկական ծրագրումի եւ հիմնական դիրքորոշումներու կապակցութեամբ - :

50-ից 60 տարիներէ ի վեր՝ Հայութեան վիճակուած դէպքերու պարագային, այդ բառի գործածութիւնը ապահովելու համար է որ վերապրող Հայութիւնը տեւապէս կը պայքարի, մինչ անկէ խուսափելու համար է որ Թուրքիան շարունակաբար կը մերժէ ընդունիլ ճշմարտութիւնը:

Կէս դարէ աւելի տեւողութեամբ, կանոնաւոր, մանրակրկիտ, առարկայական եւ մասնագիտական կերպով, անդադար, կուտակուած են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող թղթածրարի յորդառատ բովանդակութեան անթիւ տարրերն ու տուեալները:

Եւ ահա որ մի քանի շաբաթներու սահմանափակ, խառնաշփոթ եւ մակերեսային փոխանակումներէ ետք, ինչ-ինչ պատճառներով, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը, պարզապէս իր խելապատիկէն՝ յանկարծ «կը վճռէ» թէ խնդրոյ առարկայ բառը կը վերաբերի նաեւ յոյներին եւ ասորիներին....

«Ցեղասպանութիւն» բառին վերաբերեալ այս անպատասխանատու, անխոհեմ եւ թեթեւսոլիկ մօտեցումը կը դատարկէ, կ'իմաստազրկէ այդ մինչդեռ ծանրակշիռ բառը, կը նօսրացնէ եւ կը չեզոքացնէ անոր խորքի նշանակութիւնը, եւ ի դերեւ կը հանէ այդ ամբողջ երկարատեւ, դժնդակ եւ տաժանակիր ճանապարհը որ ցարդ կտրած է Հայ Դատը:

Այս ուղղութեամբ, ՀՀ Ազգային Ժողովի այստեղ դատապարտուող պաշտօնական քայլը պսակումն է արդէն հայութեան մէջ լայնատարած սովորութեան մը, «ցեղասպանութիւն» բառը աջ ու ձախ, աժանօրէն եւ անմտօրէն գործածելու, մինչեւ որ ան այլեւս մաշի, ցնդի, պարպուի իր արժէքէն, դատարկուի իր իմաստէն:

Քեսապի ցեղասպանութենէն մինչեւ Հայաստանի օրուայ վարչակարգի կատարած ցեղասպանութիւնը երկրի բնակչութեան դէմ, անցնելով սպիտակ, մոխրագոյն եւ բազմագոյն (ինչ-որ «դրօշ»ի մը ակնարկելով...) ցեղասպանութիւններէն, չմոռանալով անշուշտ մշակութային ցեղասպանութիւնը, բարոյական ցեղասպանութիւնը, մտաւորական ցեղասպանութիւնը, խոհարարական ցեղասպանութիւնը եւ դեռ տակաւին չգիտեմ ի՛նչ տեսակի այլազան, զանազան ու զարմանազան ցեղասպանութիւնները, այլեւս երեւի հայերը ամէն ձեւով, բոլոր մակարդակներու վրայ եւ ամէն կողմէ ենթարկուած են ցեղասպանութեան, վստահօրէն եւ հաստատ, բացի՝ որեւէ տեղ եւ երբեւիցէ, թուրքերուն կողմէ...

Եթէ այսքան անհեթեթ եւ աժան կերպով գործածելու ենք խնդրոյ առարկայ բառը, կարելի է նիւթը վերջնականապէս փակել, հնարելով միայն վերջին արտայայտութիւն մը եւս՝

Հայոց Ինքնացեղասպանութիւն: Ու վե՛րջ:

Ուրեմն այսպէս, Հարիւրամեակի սեմին,

. Հայաստանի մէջ,

- մի բեւեռից՝ ապազգային եւ այլասեռած մոլորեալների գերագոյն եւ մնայուն մարմնաւորում, Տիար Առաջին-Նախագահը, բառացիօրէն մինչեւ իր վերջին շունչը, կը շարունակէ իր տիպական զառանցանքները սփռել ամէն առիթով,

- միւս բեւեռից՝ ազգային գիտակցութեան տէր այլազան խմբակներ եւ կազմակերպութիւններ, թէկուզ յաճախ լաւ միտումներով, այսուհանդերձ ձախաւեր բաներ կ'ընեն անդադար (ռուսատեաց հակումների պատճառով կոյր եւ վտանգաւոր ապաւինում արեւմտեան կեղծ յենարանների, Ցեղասպանութեան նիւթի անվայել շահագործում ներքաղաքական նպատակներով, Նժդեհեան դաւանանքի հապճեպ ու խակ փորձարկումներ, Արցախի եւ Արեւմտեան Հայաստանի հիմնախնդիրների անքակտելի միութեան եւ շաղկապման վերաբերեալ՝ ըմբռնողութեան պակաս, եւայլն, եւայլն),

. իսկ Սփիւռքի մէջ՝

- հայերը կը ջանան կատարել ինչ որ կրնան կատարել, այսինքն՝ ոչ շատ բան, նկատի ունենալով օտար երկիրներու այլազան հարկադրանքները,

եթէ այս ընթացքով պիտի շարունակուի Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Ոգեկոչումը, թուրքերը շատ պատճառ չունին մտահոգուելու:

Հետեւաբար, կրնանք գոնէ եզրակացնել լաւ լուրով մը՝ էական խնդիրը Հարիւրամեակով չի վերջանար...

Մ. Հայդուկ Շամլեան

Գանատա, 24 Մարտ 2015

http://www.shoushisummercamp.org/

Մեկնաբանություններ (1)

hrach
Եթե ցեղասպանություն եղել է հույների եվ ասորիների, ապա բնական է վոր Հայաստանը դա պետք է ընդուներ: Չի կարող մի ազգ վորը ենթարկվել ե ցեղասպանության նույն տարացքում, հարեվան ջողովուրդի հետ միասին չնդունի հարեվանի վիշտը:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter