HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

«Կը Փորձեմ Շիտակ Աշխատիլ»

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան

Հայրենատենչ ամէն մէկ սփիւռքահայի նման, կը սեղմեմ համակարգիչիս ու հեռատեսիլիս կոճակները ու Հայաստանի լուրերու տարափ մը կը յայտնուի։ Երբեմն լուրերը իրենք զիս կը գտնեն ընկերներու յղումներով։ Յաճախ, ուղղակի կամ անուղղակիօրէն Մոնթէն կ՚երեւի այդ տեղեկութեանց մէջ։ Եւ ամէն երեւելուն, սիրտս պահ մը վեր կ՚ելլէ մտորելով, թէ ա՛յս անգամ ի՞նչ պիտի փակցնեն Մոնթէին։

Կը հասկնամ։ Մոնթէն այլեւս հայ ժողովուրդին համար բանահիւսական կերպար է։ Իսկ բանահիւսութիւն բառն ինքնին յօրինում կ՚ենթադրէ։ Սակայն միեւնոյնն է, այնքան ատեն որ կամ, կը փորձեմ կրցածիս չափ վաւերագրութիւն մտցնել այդ հէքիաթին մէջ։ Մոնթէին իրականութիւնը, մաքուր եւ արտասովոր, յօրինումի պէտք չունի։

Հայաստան հասնելէ անմիջապէս ետք Մոնթէն կ՚ուզէր օրինապէս ամուսնանալ։ Մտահոգութիւնը մէկն էր։ Եթէ բաներ փոխուէին եւ ինք բռնի ղրկուէր իր հպատակութեան երկիրը՝ Ամերիկա, կրնար պահանջել, որ ես որպէս իր օրինական կինը հետեւիմ իրեն։ Լաւ գիտէր, որ առանց այդ թուղթին,  մենք որպէս զոյգ ոչ մէկ արտօնութիւն կ՚ունենայինք։ Իսկ Ամերիկան առաջատար էր երբ հարցը կու գար նման «պատիժ»-ներու։

Արեւոտ օր մը Մոնթէն ու ես ձեռք-ձեռքի Մաշտոցի պողոտայէն ուղղուեցանք դէպի Կորիւնի փողոց, թեքուեցանք ձախ Տերեան փողոցով դէպի Պոլիթեքնիք ինստիտուտ եւ կարճեցնելով մեր ճամբան աստիճաններով բարձրացանք այդ ժամանակուան Երիտասարդական Պալատ պանթոկը։ Երկար ճերմակ անվերջանալի աստիճանները մագլցելով դարձանք շէնքին աջ կողմը եւ մտանք ԶԱԳՍ-ի գրասենեակ։

Ես Լիբանանեան անձնագիրս դրի բարեհամբոյր աշխատաւորուհիին առջեւ։ Ապա բացատրեցինք, որ Մոնթէին անձնագիրը կորսուած էր։ Մոնթէն իր մաշած ծննդյան վկայականի պատճէնին ծալքերը բացաւ։ Սեւ ֆոնի վրայ ճերմակ անգլերէն գիրերը ոչինչ կը նշանակէին այս գրասենեակին համար։ Կինը ժպիտով բացատրեց, որ այդ թուղթը բաւարար չէր մեզ ամուսնացնելու համար։ Կռնակնիս նայելով ետ դարձանք։

Մոնթէն արդէն հանդիպած էր երկրի այդ ժամանակուան ղեկավարներուն։ Վազգէն Սարգսեանին հետ սկսած էր մարտական պատրաստութիւններ քննարկել։ Գիտէր նաեւ ՀՀ Գլխաւոր դատախազ Հենրիկ Խաչատրեանին։ Այսինքն, մեր երկուքին հին ու նոր ծանօթներուն մէջ միջնորդ գտնելու հնարաւորութիւն չէր պակսեր։

Երիտասարդական պալատի աստիճաններէն իջնելու ժամանակ Մոնթէն լուր էր։ Կը զգայի, որ տխուր էր այս ելքին համար։ «Ի՞նչ կ՚ըսես, կ՚արժէ՞ Հենրիկ Խաչատրեանին կամ Վազգէնին օգնութեան դիմել,» ըսի յոյս մը ստեղծելու համար։ «Գէշ կը զգամ անձնական բան խնդրելու բայց կարծեմ ուրիշ տարբերակ չունինք,» ըսաւ։ Սակայն երբէք այդ ծառայութիւնը չխնդրեց ու մենք մնացինք «օրինապէս» անամուսնացած։

Մոնթէն իր նամակներուն մէջ քանիցս գրած էր մեր ամուսնութեան մասին։ Գիտէինք, որ այդ նաեւ մեր ընտանիքները տեսնելու հրաշալի պատրուակ էր։ Գեղարդավանքը ընտրեցի։  Հալէպ շինուած մեր ոսկեայ օղակները տեսնելով Մոնթէն ըսաւ, «ասիկա շատ բարակ է։ Վստահ չի դիմանար ինծի։ Իսկ ես մատէս չեմ ուզեր հանել մատանիս»։ Մատանիները տարինք ծանօթ ոսկերիչի մը, որ եւ աւելի հաստը պատրաստեց եւ մեր անունները մէջը գրեց։ Մոնթէին զոհուելէն ետք երբ ԱՄՆ ժամանեցի, Մոնթէին եւ իմ ամուսնութեան օղակները մատիս էին։ Ազգականներէս մէկը հարցուց, «նշանտուքի մատանիդ ո՞ւր է»։ Ես այդ ժամանակ չհասկցայ, թէ ի՞նչ կը նշանակէր նշանտուքի մատանի։ Միայն յետոյ սորվեցայ, որ ամերիկեան ֆիլմերուն պէս, ամուսնութեան առաջարկը ադամանդ մատանիով կ՚ըլլար։ Խնդուքս եկաւ երեւակայելով Մոնթէն ադամանդ մատանի մը երկարած ինծի։

Երբեմն աւելի դիւրին է խօսիլ Մոնթէին չըրած եւ չունեցած բաներուն մասին քան ըրած։ Օրինակ, զոհուելու ժամանակ Մոնթէն իր անուան տակ ոչ մէկ սեփականութիւն ունէր։ Կ՚ապրէր ԵՊՀ-ի Նայիրի հանրակացարանի իմ սենեակս, քանի որ ես ուսանող էի։ Չունէր դրամատնային հաշիւ եւ ոչ մէկ անգամ աշխատավարձ կամ պարգեւ ստացած էր կենդանութեան ժամանակ թէ հետմահու։ Անգամ անձնական զէնք եւ զինուորական գրքոյկ չունէր։ Բացի վերոնշեալ ծննդեան վկայականէն, Մոնթէն ոչ մէկ անձնագիր ունէր։ Մեր ամուսնութիւնը գրանցուած էր միայն եկեղեցուով։ Քանի որ Մոնթէն շա՜տ կ՚ուզէր այս վերջին երկուքը ունենալ, իր զոհուելէն ետք խնդրեցի, որ գոնէ այդ ցանկութիւնները ձեւով մը կատարուին։ Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ընդառաջեց խնդրանքիս։ Համալսարանի հին ընկերներէս Վահէ Գաբրիելեանը, որ այդ ժամանակ նախագահին գրասենեակը կ՚աշխատէր, այդ գործին լծուեցաւ։ Մեր ամուսնութիւնը քանի մը ժամուան ընթացքին հետին թուականով գրանցուեցաւ ԶԱԳՍ-ով։ Ու Մոնթէին իսկական անունով խորհդրային Հայաստանի անձնագիրը տրուեցաւ ինծի։

Մոնթէն եւ ես կ՚ապրէինք իմ թոշակովս եւ Միչիկանի համալսարանի ամառային դասընթացներու իմ աշխատավարձովս։ Մեր ընտանիքն ու ընկերները յաճախ տարբեր առիթներով կը ղրկէին մեզի դրամական նուէրներ։ Այդպէս հաւաքեցինք հինգ հազար տոլլար, որ բնակարան մը գնենք։ Մարտունի այցելութեան մը ընթացքին Մոնթէն օր մը ըսաւ, «եղեր ես պէտք է աշխատավարձ ստանամ։ Մինչեւ հիմա ես ուրիշներուն տուած եմ ատ դրամը։ Ինչպէ՞ս է մեր դրամական վիճակը։ Պէտք ունի՞նք»։

Մոնթէին եւ ինծի համար առաջնահերթութիւնները հստակ էին։ Այնքան ատեն որ մերկ եւ անօթի չէինք ու տանիք կար մեր գլխուն, ուրեմն դրամի պէտք չունէինք։ Գուցէ ենթագիտակցօրէն կար մտքի այն հանգստութիւնը, որ անհրաժեշտութեան պարագային մեր ընտանիքներն ու ընկերները օգնութեան ձեռք կը մեկնէին։ Բայց միւենոյնն է, դրամը մեր նպատակներուն մաս չէր կազմեր։

Այս անվերջանալի ծիծաղաշարժ պատմութիւնները պզտլիկ պատուհան մըն են Մոնթէին էութեան, ինչքի հանդէպ իր արհամարհանքին։ Իսկ աւելի կարեւոր գնահատականներէն է այն, ինչ օր մը իր ոչ համակիր մարտիկներէն մէկը ըսած էր հանրակացարանի իմ Հնչակեան ընկերներէս մէկուն. «կապ չունի թէ ի՞նչ կը մտածեմ ես իր մասին բայց մէկ բան կրնամ վստահ ըսել։ Եթէ իմ ետիս կռուողը Մոնթէն է, ես թիկունքէս չեմ վախնար»։  

Մարտունիէն գրուած ներքոբերեալ երկու նամակները կ՚ամփոփեն Մոնթէին ունեցած շատ հատկանիշներ։ Բայց անոր ամէնակարեւոր ձեռքբերումներէն է թերեւս ժողովուրդին վստահութիւնը շահիլը։ Իսկ ատոր համար շատ բան ընել պէտք չէ։ Այլ ըլլալ այն, ինչ էութեամբ ես։
________________________________________________________________________________________________________________________

23.3.92

Սիրելի Սեդաս,

Ինչքա՜ն երկա՜ր ժամանակ է ոչ կրցած եմ գրել ոչ ալ ուրիշ ձեւով հետդ կապուիլ։ Վերջապէս 2 վայրկեան ունիմ բան մը գրելու։ Այստեղ իսկական պատերազմական վիճակ կայ եւ «ներքին» խանգարումներն ալ այնքան շատ, որ յաճախ բառի բուն իմաստով գլուխ քերելու ժամանակ չեմ ունենար։ Իսկ քեզ շատ-շատ-շատ կարօտցած եմ …

Լաւ, գործնական հարցերուն գամ։ Վերջին կարճ նամակդ ստացայ ինչպէս նաեւ անկէ առաջ եկող աւելի երկար նամակը եւ անկէ առաջուան կէս անգլերէն կէս հայերէն նամակը։ Նաեւ Վազգէնը ինծի որոշ բաներ բացատրեց։ Կ՚ուզեմ որ լաւ հասկնաս եւ պէտք եղած պարագային (եթէ օգնութեան պէտք ունին) բացատրես պէտք եղած մարդկանց որպէս զի ամէնակարգապահ անձերը, որոնք ոչ մէկ մեղք ունին կարենան ապագային նորէն այստեղ գալ եթէ պէտք ըլլայ։ Այսինքն Հրայրը, Էդօ Բաղտասարեանը շնորհքով են։

Շատ լաւ կ՚ըլլայ եթէ գաս գոնէ կարճ ժամանակով։ Պիտի տեսնես թէ այստեղ ի՞նչ կը կատարուի, ժողովուրդը ի՞նչ մտայնութիւն ունի եւայլն։ Կը փորձեմ շիտակ աշխատիլ բայց այդ պատճառով թշնամիներ պիտի շահիմ։ Ոչինչ, կ՚աշխատիմ։

Հոս AKM եւ Քարապինի փամփուշտ քիչ կայ, բայց ամէնաշատ գնդաձիրներ պէտք են (KnBT, Տեշեքա, Շիլքա)։ Սեւակը պէտք է իր գործը արագացնէ։ Եթէ շուտով արդիւնք չի բերէ մեր բոլոր դրամները պէտք է ետ առնենք։ Կը բաւէ։ Այլեւս վստահութիւնս կորսնցուցած եմ։ Նաեւ 82 եւ 120 մմ-նոց ականակետեր պէտք են։

Եթէ գաս (կամ գոնէ ուրիշ մէկու հետ ղրկէ) պէտք է հետեւեալ բաները բերես՝

  1. «Սքօչ» (Scotch Tape)
  2. Պետքարանի թուղթ
  3. Չամիչ (Մարտոն եւ Անդրանիկը գիտեն ուրկէ)
  4. Դեղորայք ( “        “       “)
  5. Փակցնելիք (Glue)
  6. Պարզ թուղթ (գրելու թուղթ բայց ոչ շատ)։

Լաւ, այս տեղը պիտի փակեմ քանի որ ժամանակ չէ մնացած։ Բոլորին բարեւ ըրէ, Մարտոյին, Մանուկին, … ա՜խ կարելի չէ բոլորին անունները նշել։ Բոլորին։ Ի՞նչ եղաւ Լուսիկին, Աբոյին։ Իրեն համար բան մը պէտք է ընենք։

Շատ, շատ կը սիրեմ քեզ,

Մոնթէդ

____________________________________________________________________________________________________________________

9.4.92

Սիրելի Սեդաս,

Շատ ուրախութեամբ ստացայ քու վերջին նամակդ (20.3.92 եւ 5.4.92 թուական)։ Սակայն անգամ մը եւս քիչ ժամանակ ունիմ պատասխանելու։ Գործերը շատ ծանր են եւ չի վերջանար։ Շա՜տ կարօտցած եմ քեզ։ Նաեւ շա՜տ շնորհակալ եմ ղրկած բաներուդ համար։

Տղաքը քիչ մը տեսան թէ ի՞նչ է վիճակը եւ կը յուսամ որ պիտի կարենան քիչ մը բացատրել։ Մարտոյին հետ իմ զէնքս կը ղրկեմ որպէս զի ան Վազգէնին տայ եւ գոնէ այդ հաշիւը մաքրեմ։

Կը փորձեմ այստեղի գործերս շուտ վերջացնել բայց գիտեմ որ այն «շուտը» նուազագոյնը 2 ամիս եւս պիտի տեւէ։ Ուրեմն կը խնդրեմ, որ գաս։ Այո։ Եկուր։ Գոնէ մէկ-երկու շաբաթով։ Չեմ կրնար հոն երթալ։ Դուն եկուր։ Անհամբեր կը սպասեմ։

Հազար պաչիկ,

Մոնթէդ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter