Կարօտ, մորմոք ու զղջում որ մեր ամբողջ կեանքը, մեր հետ պիտի տանինք:
Շատեր կ'ուզեն պարզապէս կառչիլ դրական օրինակէ մը եւ թերեւս ատոր համար իմ միջոցաւս կը փնտռեն իրենց սիրելի ՀՀ ազգային հերոս Մոնթէ Մելքոնեանէն պատառիկ մը: Պատասխաններ գտնելու համար դարձեալ կը դիմեմ Մոնթէին նամակներուն:
Շատերու համար իրականութիւնը առաքինութիւն է որ կը խթանէ ազնւութիւն եւ արդարամտութիւն: Մոնթէին պէս մարդիկ յարմարաւէտ սուտի փոխարէն միշտ նախընտրած են ցաւոտ իրականութիւնը ըլլա՛յ անձնական, ըլլա՛յ ազգային կեանքի մէջ:
Մօտիկ նստած գեղադէմ Վարդան Բախշեանը կը ժպտի։ Այդ օրերուն մեր միտքէն չէր անցներ որ քանի մը տարի ետք ազգովին պիտի կանգնէինք Արցախի մեր հայրենակիցներուն ինքնորոշման իրաւունքը պահանջելու։
12 յունիս 1993-ի երեկոյեան, երբ բազմաթիւ ընկերներ ու ծանօթներ մերժած էին ամուսնուս՝ Մոնթէին զոհուելուն գոյժը տալ ինծի, վերջապէս ոտքէն վիրաւոր Զօրավար Հարոյեան համաձայնած էր այդ պարտականութիւնը ստանձնել:
Երկար տարիներէ ի վեր ամէն յունիսի 12-ին եւ նոյեմբերի 25-ին Մոնթէին նուիրուած գրութիւն մը կը ղրկեմ Հետք-ին: Յաճախ այս գրութիւններուն մէջ հատուած մը կը դնեմ Մոնթէին նամակներէն:
Լուռ ենք: Ինքնաշարժերու ժխորին մէջ կը սպասենք, տեղ-տեղ կամաց կը յառաջանանք, աջ ու ձախ կը մտնենք: Կը թեքուինք: Բլուրին վրայ եռագոյն դրօշակներու բանակ մը կը ծածանի: Հին օրերուն, միայն բացառիկ առիթներու դրօշակներ կը յայտնուէին:
30 տարի առաջ զոհվեց Մոնթե Մելքոնյանը։
Կը յուսամ ամէնքս կը հասկնանք թէ կա՛յ տեղ մը, ուր բոլորս պարտաւոր ենք մեր տարակարծութիւններն ու անգամ հակասութիւնները մէկ կողմ հրելու եւ մեր ճիգերը համատեղելու։