Յաճախ կը մտորեմ թէ արդեօք Մոնթէ Մելքոնեանը ի՞նչ պիտի մտածէր ի տես այս օրերուն մեր մոլորակին վրայ տեղի ունեցող բնապահպանական եւ քաղաքական հսկայական փոփոխութիւններուն:
Մոնթէն այլեւս հայ ժողովուրդին համար բանահիւսական կերպար է։ Իսկ բանահիւսութիւն բառն ինքնին յօրինում կ՚ենթադրէ։ Սակայն միեւնոյնն է, այնքան ատեն որ կամ, կը փորձեմ կրցածիս չափ վաւերագրութիւն մտցնել այդ հէքիաթին մէջ։
Արդ, Մոնթէ կը նշանակէ ազգային նուիրում, պարկեշտութիւն ու աշխատասիրութիւն։
Մոնթէ, հրաշքդ պարզութեանդ մէջ է ու հաւատարմութեանդ՝ քու սկզբունքներուդ։ Անկեղծութեանդ մէջ է եւ նուիրումիդ։ Քու հմայքդ կեանքը լիովին ըմբոշխնելու կենսունակութեանդ մէջ է ու լաւատեսութեանդ։
Քանի մը օր առաջ ընդոստ կ՚արթննամ։ Մոնթէն տխուր է, կը մտածեմ։ Ժամացոյցիս կանաչ լոյսը 6։18 կը գրէ։
Գլուխս յենած ուսին մտիկ կ՚ընեմ լատինատառին ու հայերէնին խառնուած ճափոներէն գրառումներուն թարգմանութիւնը։ Ձեռքին գինեգոյն կազմով իր բանտային օրագիրն է։
Դարձեալ Մոնթէին տարեդարձն է: Դարձեալ մեր ըրածին ու չըրածին անդրադառնալու և մենք մեզի հաշիւ տալու ժամանակն է:
-Մոնթէն հոսկէ անցած է, ժպտա՛յ:
Հեղինակ՝ Էդիկ Բաղդասարյան