Կեանքը պիտի ըլլայ մեծ, դժուար, հիանալի ամբողջութիւն մը
Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան
Յաճախ կը մտորեմ թէ արդեօք Մոնթէ Մելքոնեանը ի՞նչ պիտի մտածէր ի տես այս օրերուն մեր մոլորակին վրայ տեղի ունեցող բնապահպանական եւ քաղաքական հսկայական փոփոխութիւններուն: Ամէն մէկ մայրցամաք լեցուն է աղէտներով ու քաղակաքան ապստամբութիւններով:
Երբ պատերազմի դաշտին վրայ չէր, Մոնթէն ամէն օր կ'ունկնդրէր լուրերը: Սովորաբար ինձմէ կանուխ կ'արթննար: Աչքերս կը բանայի իր խանդավառ «բարի լոյս»-ով: Կիսապառկած, ձեռքը կ'երկնցնէր կողապահարանին ու կը հենուէր բարձին: Պզտիկ, սեւ Սոնի մակնիշի ձայնասփիւռը կ'օրօրուէր ձեռքերուն մէջ ու ան դուրս կը քաշէր ալեհաւաքը ու կամաց կը դարձնէր կայաններուն կոճակը Պի Պի Սի միջազգային կայանը փնտռելու կարճ ալիքի վրայ: Ուիիիի՜ուաաա՜ուուու՜ եւ բառերու մասնիկներ կը տեղային երկինքէն թափուող կտորտանքներու պէս, բարկացնելով մեզ: Վերջապէս գերիշխող աղմուկին ետին կը լսուէր հաղորդավարին ձայնը: Մոնթէն կեդրոնացած մտիկ կ'ընէր կարծես ամէն մէկ բառ ամէնակարեւոր տեղեկութիւնը կը բովանդակէր: Այդ պզտիկ ձայնասփիւռը Մոնթէին հետ ամէն տեղ կ'երթար, ներառեալ պատերազմի գօտի: Հիմա այդ կը հանգչի իմ արխիւի տուփիս մէջ բժշկական ժապաւէնով միացած կտրուած ալեհաւաքը՝ զինուորի վէրքի նման: Տարօրինակ է յիշել, թէ Մոնթէն ապրեցաւ ժամանակաշրջան մը՝ առանց համակարգիչի, առանց զգացական անդրադարձերու տարափի: Սակայն իր կեցուածքը շատ յստակ էր այդ հարցին շուրջ:
19 նոյեմբեր 1988-ին ան բանտէն կը գրէր. «Ուրիշ հարց մը միտքս ինկաւ՝ զգացականութեան եւ լուրջ աշխատանքի խնդիրը: Գիտես, ես իրօք լի եմ զգացումներով. սէր քեզի հանդէպ, մեր ժողովրդին, մեր հայրենիքին, մեր ընտանիքին, ամբողջ մարդկութեան, բնութեան ու գիտելիքի հանդէպ իսկ ատելութիւն կը զգամ վերը նշուածներուն բոլոր թշնամիներուն հանդէպ: Հաւատա՛, իմ զգացումներս շատ բուռն են: Բայց միեւնոյն ժամանակ ես կը գիտակցիմ, որ որեւէ կառուցողական եւ լաւ բան ընելու համար պէտք է զսպեմ իմ զգացումներս: Ատիկա բնաւ դիւրին չէ, եւ միշտ չէ որ կը յաջողիմ ... Սակայն, որքան որ կարելի է, ես կը փորձեմ վերահսկել բաները, քանի որ գիտեմ այդ իսկապէս անհրաժեշտ է որեւէ լուրջ գործի մէջ: Երբեմն չարչարանքի պէս է, բայց մենք պէտք է այդպես ընենք ամէն պարագայի: Ես տեսած եմ հայեր (եւ ոչ հայեր) կուրցած իրենց զգացականութեամբ, որ զիրենք առաջնորդած է շատ անտրամաբանական գործողութիւններու: Մենք պէտք է սորվինք խելացի, մտածող, տրամաբանական մարդ արարածներ ըլլալ: Մենք պէտք է սովինք վերահսկել մեր զգացումները եւ երբ կարելի է ձեւը գտնենք, որ այդ զգացումները մեզ ապակողմնորոշելու կամ շփոթելու փոխարէն, գործածենք մեր աշխատանքը զօրացնելու համար: Մենք պէտք է ասիկա ընենք քանի որ մենք պէտք է մենք մեզի լուրջի առնենք: Սեդա, դուն եւ ես շատ բան ունինք իրարու տալու: Մենք նաեւ շատ բան ունինք մեր ժողովուրդին տալու (թերեւս նոյնիսկ այլ ժողովուրդներու) .... Մեր կեանքը պիտի ըլլայ մեծ, դժուար, հիանալի ամբողջութիւն մը: Մենք պետք է ստեղծենք»:
Հայաստանը զերծ չէ նոր մարտահրաւէրներէ ու շփոթէ: Ան իր դռները ամբողջութեամբ բացաւ արտաքին աշխարհին, բայց դեռ շատեր իրենց հաշուին եկածը կ'ընտրեն միջազգային զարգացումներէն: Աւելին, միտում կը նկատուի վերադառնալու նախասովետական կամ նոյնիսկ հին ժամանակներու, երբ ազգայնամոլութիւն եւ անհանդուրժողութիւն քարոզելը ընդունուած բաներ էին: 18 նոյեմբեր1988-ին Մոնթէն կը գրէր ինծի, «... Ահռելի մեծ թիւով մարդիկ շատ գէշ բաներ կ'ընեն (բաներ, որոնք դէմ են մեր ժողովուրդի իսկական շահերուն) առանց իսկ գիտնալու: Անոնցմէ շատեր նոյնիսկ համոզուած են, որ լաւ եւ անհրաժեշտ բան է ըրածնին: ... Առանց քաղաքական յստակ մտածողութեան, բարի մտադրութեամբ մարդիկ կրնան մեծ վնասներ պատճառել»:
Հաւասար իրաւունքներն ու զիրար յարգելը շատ կարեւոր բաներ էին Մոնթէին համար բոլոր իրավիճակներու մէջ, սկսած իր իսկ ընտանիքէն: 24 նոյեմբեր 1988-ին ան կը գրէր ինծի, «Բոլորը մեզ հաւասար պէտք է նկատեն: Դուն ինծի հաւասար ես, դուն զգօն չափահաս մըն ես, ով ունակ է հասկնալու իրավիճակները եւ լուծելու զանոնք: Երբեմն այնպիսի տպաւորութիւն ունիմ, որ որոշ մարդիկ կը կարծեն, թէ բոլոր խնդիրները պէտք է ինծի ուղղեն: Ես միշտ պատրաստ եմ եւ յօժարակամ միջամտելու քեզի վերաբերող իւրաքանչիւր պզտիկ (կամ մեծ) խնդրի: Իսկապէս, որպէս քու ամուսինդ, ես պէտք է օգնեմ որքան կարելի է: Բայց, մարդիկ պէտք է ճանչնան նաեւ քու կարողութիւններդ. անոնք պէտք է գնահատեն քեզի որպէս այն խելացի, հասուն անձնաւորութիւնը որ դո՛ւն ես: Թերեւս անոնք արդեն իսկ այդպէս կ'ընեն, եւ ես պարզապէս սխալ տպաւորութիւն ստացած եմ տեղեկութեան պակասի պատճառով եւ իմ զգայունութեան՝ այն ամէնուն հանդէպ ինչ քեզի կը վերաբերի»:
Մոնթէն հաւատարիմ մնաց իր սկզբունքներուն, որոնք կիրառեց իր ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Ան հպարտ պիտի զգար մաս կազմելով ազգի մը, ուր բոլոր էակները, մարդիկ, կենդանական աշխարհը թէ բնութիւնը, յարգուած ըլլան եւ ունենան հաւասար իրաւունքներ՝ բնականոն կեանք վարելու: Ան պիտի ուզէր երկիր մը, ուր երիտասարդութիւնը չէ՛ր շահագործուեր մաս կազմելով շարժումներու, որոնք մեր գեղեցիկ երկիրը առաջ տանելու փոխարէն քանի մը քայլ ետ կ'առաջնորդեն: Ան պիտի ուզէր երկիր մը, ուր մարդկային արժանապատուութիւնը չի զոհաբերուիր դրամական եւ քաղաքական շահերու համար:
Մեկնաբանություններ (2)
Մեկնաբանել